Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք

Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք

«Քրիստոս. . . ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք» (Ա. ՊԵՏ. 2։21

1, 2. ա) Երբ ոչխարները լաւ հոգատարութիւն ստանան, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ բ) Յիսուսի օրերուն, ինչո՞ւ շատեր «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» էին։

ՈՉԽԱՐՆԵՐԸ լաւ վիճակի մէջ կ’ըլլան միայն երբ հոգատար հովիւ ունենան։ Ոչխարներ բուծելու վերաբերեալ գիրք մը կ’ըսէ, որ եթէ հովիւ մը պարզապէս ոչխարները դաշտ կը տանի զանոնք կերակրելու, բայց անոնց միւս կարիքները չի հոգար, քանի մը տարի ետք անոնք պիտի տկարանան ու հիւանդանան։ Սակայն, երբ հովիւը իւրաքանչիւր ոչխար հոգայ, ամբողջ հօտը կայտառ ու առողջ կ’ըլլայ։

2 Նոյնն է պարագան ժողովքին մէջ։ Երբ ենթահովիւները Աստուծոյ հօտը հոգան եւ իրենց վստահուած իւրաքանչիւր ոչխարի կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայեն, ամբողջ ժողովքին հոգեւոր առողջութիւնը դրականօրէն պիտի ազդուի։ Թերեւս կը մտաբերես թէ Յիսուս ինչպէ՛ս ամբոխին վրայ խղճաց, քանի որ «յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս» (Մատ. 9։36)։ Անոնք ինչո՞ւ այս ցաւալի վիճակին մատնուած էին։ Քանի որ Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնելու պատասխանատուութիւն ունեցողները, կոշտ, պահանջկոտ եւ կեղծաւոր էին։ Փոխանակ իրենց հօտին անդամներուն օգնելու եւ սնուցանելու, իսրայէլի հոգեւոր առաջնորդները ‘ծանր բեռներ’ դրին անոնց ուսերուն վրայ (Մատ. 23։4

3. Որպէս հոգեւոր ենթահովիւներ, ժողովքի երէցները ի՞նչ բան պէտք է յիշեն։

3 Ուստի, այժմու ենթահովիւները՝ նշանակուած երէցները՝ լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին։ Իրենց վստահուած հօտը կը պատկանի Եհովային եւ Յիսուսին, որ ինքզինք բնորոշեց որպէս «բարի հովիւ» (Յովհ. 10։11)։ Յիսուսի «պատուական արիւնով» ոչխարները ‘ծախու առնուած են’ (Ա. Կոր. 6։20. Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Ան ոչխարները ա՛յնքան կը սիրէ որ կամովին իր կեանքը տուաւ անոնց համար։ Երէցները միշտ պէտք է յիշեն թէ իրենք ենթահովիւներ են եւ Յիսուսի՝ «ոչխարներուն մեծ Հովիւ»ին վերատեսչութեան ներքեւ են (Եբ. 13։20

4. Այս յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

4 Ուրեմն, ենթահովիւները ոչխարներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Ժողովքի անդամներուն յորդոր կը տրուի. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք»։ Միւս կողմէ, երէցներուն ուղղութիւն կը տրուի որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն’ (Եբ. 13։17. կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2, 3)։ Ուստի, երէցները ինչպէ՞ս կրնան առաջնորդութիւնը առնել առանց հօտին վրայ տիրելու։ Ուրիշ խօսքով, երէցները ինչպէ՞ս կրնան ոչխարներուն կարիքները հոգալ առանց իրենց աստուածատուր հեղինակութեան սահմաններէն անդին երթալու։

«ԶԱՆՈՆՔ ԻՐ ԳՐԿԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿՐԷ»

5. Եսայի 40։11–ը Եհովայի մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ։

5 Եհովայի մասին Եսայի մարգարէն գրեց. «Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ» (Եսա. 40։11)։ Այս համարը կը նկարագրէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս տկարներուն եւ պաշտպանութեան կարիք ունեցողներուն պէտքերը կը հոգայ։ Ճիշդ ինչպէս որ հովիւը հօտին իւրաքանչիւր ոչխարի մասնայատուկ կարիքներուն տեղեակ է եւ պատրաստ է անոնց օգնելու, նոյնպէս Եհովան ժողովքի անդամներուն կարիքները գիտէ եւ ուրախութեամբ զանոնք կը հոգայ։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ հովիւը գառնուկը կը շալկէ, երբ անհրաժեշտ ըլլայ, նոյնպէս Եհովան՝ «գթութեան Հայրը»՝ դժուար ժամանակներուն մեզ պիտի գրկէ։ Ան մեզ պիտի մխիթարէ, երբ խիստ փորձութեան մը առջեւ գտնուինք կամ մասնայատուկ կարիք մը ունենանք (Բ. Կոր. 1։3, 4

6. Հոգեւոր հովիւ մը ըլլալով, երէցը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովայի օրինակին հետեւիլ։

6 Հոգեւոր հովիւը մեր երկնաւոր Հօրմէն ի՜նչ հոյակապ դաս կրնայ սորվիլ։ Եհովային նման, ան պէտք է ոչխարներուն կարիքներուն տեղեակ ըլլայ։ Եթէ երէցը գիտնայ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, պիտի գիտնայ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս քաջալերել ու աջակցիլ (Առ. 27։23)։ Յստակ է որ երէցը իր հաւատակիցներուն հետ լաւ հաղորդակցութիւն պէտք է ունենայ։ Թէեւ ան անոնց անձնական հարցերուն չի խառնուիր, սակայն ուշադրութիւն կ’ընծայէ այն բաներուն, որոնք ժողովքին մէջ կը լսէ ու կը տեսնէ, եւ սիրալիրօրէն ժամանակ կը տրամադրէ, որ ‘տկարներուն օգնէ’ (Գործք 20։35. Ա. Թես. 4։11

7. ա) Եզեկիէլի եւ Երեմիայի օրերուն, հովիւները Աստուծոյ հօտին հետ ինչպէ՞ս կը վարուէին։ բ) Անհաւատարիմ հովիւներուն դատապարտութենէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։

7 Նկատի առ Եզեկիէլի եւ Երեմիայի ժամանակակից հովիւներուն կեցուածքը։ Եհովան զանոնք մերժեց, քանի որ պատշաճ կերպով ոչխարներուն հոգ չէին տաներ։ Երբ ո՛չ ոք ոչխարներուն վրայ կը հսկէր, հօտը յարձակումի ենթարկուեցաւ եւ ցրուեցաւ։ Փոխանակ ոչխարները կերակրելու, հովիւները զանոնք շահագործեցին եւ «ինքզինքնին արածեցին» (Եզեկ. 34։7-10. Եր. 23։1)։ Նոյնանման պատճառներու համար, Աստուած քրիստոնէական աշխարհի առաջնորդները մերժած է։ Անհաւատարիմ հովիւներուն դատապարտուիլը նաեւ կը շեշտէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ երէցները Եհովայի հօտին պատշաճ եւ սիրալիր ուշադրութիւն ընծայեն։

«ՁԵԶԻ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ ՏՈՒԻ»

8. Երբ իրենց եղբայրները պիտի խրատեն, երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսի հոյակապ օրինակին հետեւիլ։

8 Մարդկային անկատարութեան պատճառաւ, Աստուծոյ ոչխարներէն ոմանք թերեւս յստակ կերպով չհասկնան թէ իրենցմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։ Անոնք թերեւս սուրբ գրային խրատի մը համաձայն չգործեն կամ ցոյց տան թէ դեռ հոգեւորապէս հասուն չեն։ Երէցները ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն։ Անոնք պէտք է ընդօրինակեն այն համբերութիւնը, որ Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ ցուցաբերեց։ Աշակերտները յաճախ կը վիճաբանէին թէ Թագաւորութեան մէջ իրենցմէ ո՛վ մեծը պիտի ըլլար։ Փոխանակ անհամբեր գտնուելու, Յիսուս շարունակեց իր աշակերտներուն սորվեցնել եւ խոնարհութեան մասին սիրալիր խրատ տուաւ (Ղուկ. 9։46-48. 22։24-27)։ Իսկ իրենց ոտքերը լուալով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ խոնարհ ըլլալ,– յատկութիւն մը՝ որ այժմու երէցներն ալ պէտք է ցուցաբերեն (կարդա՛ Յովհաննէս 13։12-15. Ա. Պետ. 2։21

9. Առաքեալները ի՞նչ կեցուածք պէտք է ճշդէին։

9 Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները խորհեցան, թէ հովիւ ըլլալ կը նշանակէ՝ ուրիշներուն վրայ տիրել։ Անոնք ջանացին Թագաւորութեան մէջ երեւելի դիրք ունենալ։ Բայց Յիսուս անոնց կեցուածքը ճշդեց, ըսելով. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ» (Մատ. 20։25, 26)։ Հարկ էր որ առաքեալները դէմ դնէին իրենց հակումին, որ ուրիշներուն վրայ «տիրեն» կամ անոնց հրամաններ տան։

10. ա) Յիսուս կ’ուզէ որ երէցները ինչպէ՞ս վարուին հօտին հետ։ բ) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

10 Յիսուս կ’ակնկալէ որ երէցները հօտին հետ վարուին այնպէս՝ ինչպէս ինք վարուեցաւ։ Անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց հաւատակիցներուն ծառայելու. եւ ոչ թէ անոնց վրայ տիրեն։ Պօղոս առաքեալ այդ խոնարհ կեցուածքը ունէր։ Ան Եփեսոսի երէցներուն ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով»։ Ան կը փափաքէր, որ երէցները անկեղծութեամբ եւ խոնարհութեամբ ուրիշներուն օգնեն։ Ան ըսաւ. «Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել» (Գործք 20։18, 19, 35)։ Իսկ կորնթացիներուն ան ըսաւ որ իրենց հաւատքին վրայ չէր տիրապետեր, հապա խոնարհ գործակից էր եւ իրենց ուրախութեան կը նպաստէր (Բ. Կոր. 1։23)։ Պօղոս այժմու երէցներուն համար խոնարհութեան ու ջանասիրութեան լաւ օրինակ է։

‘ՀԱՍՏԱՏ ԲՌՆԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԽՕՍՔԸ’

11, 12. Երէցը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել հաւատակիցի մը, որ որոշում կայացնէ։

11 Երէցը պէտք է ‘հաստատ բռնէ վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը’ (Տիտ. 1։9)։ Նաեւ, ան «հեզութեան հոգիով» պէտք է խրատէ (Գաղ. 6։1)։ Իր եղբայրներուն որոշ բան մը պարտադրելու փոխարէն, լաւ հովիւը կը ջանայ օգնել, որ անոնք Եհովային եւ Աստուածաշունչին հանդէպ իրենց ունեցած սիրոյն հիման վրայ անձնական որոշումներ կայացնեն։ Օրինակ, աստուածաշնչական սկզբունքներ կամ մեր հրատարակութիւններէն յօդուած մը քննարկելով, երէցը կրնայ եղբօր մը օգնել որ կարեւոր որոշում մը կայացնէ։ Ան կրնայ եղբօր ըսել որ մտածէ թէ ինչպէ՛ս տարբեր ընտրութիւնները կ’ազդեն Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութեան։ Ան նաեւ եղբօր կը յիշեցնէ, թէ որոշում մը կայացնելէ առաջ, շատ կարեւոր է աղօթքով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրել (Առ. 3։5, 6)։ Այսպիսի խօսակցութենէ ետք, երէցը թոյլ կու տայ որ եղբայրը իր անձնական որոշումը կայացնէ (Հռով. 14։1-4

12 Ուղղութիւն տալու միակ հիմը որ երէցները ունին՝ Սուրբ Գիրքն է։ Ուստի, կարեւոր է որ երէցները Աստուածաշունչը հմտութեամբ գործածեն եւ անոր ըսածին կառչին։ Ասիկա ընելը երէցներուն կ’օգնէ որ խուսափին իրենց հեղինակութիւնը շահագործելէ։ Ի վերջոյ, անոնք միայն ենթահովիւներ են, իսկ ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ Եհովային եւ Յիսուսին առջեւ պատասխանատու է իր առած որոշումներուն համար (Գաղ. 6։5, 7, 8

«ՀՕՏԻՆ ՕՐԻՆԱԿ ԸԼԼԱԼ»

Երէցը իր ընտանիքին կ’օգնէ ծառայութեան պատրաստուելու (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

13, 14. Ո՞ր մարզերուն մէջ երէցը պէտք է հօտին օրինակ հանդիսանայ։

13 Ժողովքի երէցները յորդորելէ ետք որ ‘վիճակներուն վրայ չտիրեն’, Պետրոս առաքեալ զանոնք խրատեց, որ ‘հօտին օրինակ ըլլան’ (Ա. Պետ. 5։3)։ Երէց մը ինչպէ՞ս կրնայ հօտին օրինակ ըլլալ։ Նկատի առ երկու որակումներ, որոնք տղամարդ մը պէտք է ունենայ, եթէ վերակացուի պարտականութեան կը ձգտի։ Ան պէտք է «խոհեմ» ըլլայ եւ «իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ»։ Երէցը իր ընտանիքին վրայ պէտք է օրինակելի կերպով վերահսկէ, քանի որ եթէ «իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ» (Ա. Տիմ. 3։1, 2, 4, 5)։ Երէց ըլլալու համար, տղամարդ մը խոհեմ պէտք է ըլլայ, այն առումով որ աստուածային սկզբունքները պէտք է յստակ կերպով հասկնայ եւ գիտնայ ինչպէ՛ս զանոնք իր անձնական կեանքին մէջ կիրարկել։ Ան տրամաբանող ու ողջամիտ է եւ որոշում կայացնելէ առաջ խորապէս կը մտածէ։ Երէցներուն մէջ այս յատկութիւնները տեսնելով՝ ժողովքի անդամները անոնց կը վստահին։

14 Դաշտի ծառայութեան մէջ առաջնորդութիւն առնելը ուրիշ մարզ մըն է, ուր երէցները իրենց հաւատակիցներուն լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Այս ուղղութեամբ, Յիսուս երէցներուն ընտիր օրինակ թողուց։ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը Յիսուսի երկրային գործունէութեան կարեւոր մէկ երեսակն էր։ Ան իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ ինչպէ՛ս քարոզել (Մար. 1։38. Ղուկ. 8։1)։ Մեր օրերուն, հրատարակիչներուն համար որքա՜ն քաջալերական է երէցներուն հետ ուս–ուսի վկայել, անոնց նախանձախնդրութիւնը տեսնել եւ աշակերտելու մեթոտէն սորվիլ։ Երբ երէցները կանոնաւորաբար ժամանակ եւ կորով կը տրամադրեն բարի լուրը քարոզելու, հակառակ անոր որ խճողուած յայտագիր ունին, ամբողջ ժողովքը կը քաջալերուի որ համանման նախանձախնդրութիւն ցուցաբերէ։ Երէցները նաեւ լաւ օրինակ կը հանդիսանան իրենց եղբայրներուն, ժողովներուն համար նախապատրաստուելով ու մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով, եւ մասնակցելով ա՛յլ գործունէութիւններու, ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահը մաքրել եւ նորոգել (Եփ. 5։15, 16. կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7

Երէցները դաշտի ծառայութեան մէջ ընտիր օրինակ կը հանդիսանան (Տե՛ս պարբերութիւն 14)

«ՏԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՁԵՌՆՏՈՒ ԵՂԷ՛Ք»

15. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով երէցները հովուական այցելութիւններ կ’ընեն։

15 Լաւ հովիւը արագօրէն քայլեր կ’առնէ, վիրաւորուած կամ հիւանդ ոչխարին օգնելու համար։ Համանման կերպով, երէցները անմիջական ուշադրութիւն կ’ընծայեն ժողովքի այն անդամներուն, որոնք կը տառապին կամ հոգեւոր աջակցութեան պէտք ունին։ Տարեցները եւ հիւանդները թերեւս ֆիզիքական գետնի վրայ օգնութեան պէտք ունենան, բայց անոնք մասնաւորաբար հոգեւոր աջակցութեան եւ քաջալերութեան կարիք ունին (Ա. Թես. 5։14)։ Ժողովքի պատանիները թերեւս մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, ինչպէս՝ ‘երիտասարդական ցանկութիւններուն’ դէմ դնել (Բ. Տիմ. 2։22)։ Արդ, հովուելը կը պարփակէ՝ կանոնաւորաբար ժողովքի անդամներուն այցելել, անոնց պարագաները հասկնալու եւ աստուածաշնչական խրատներով զիրենք քաջալերելու համար։ Երբ երէցները շուտով հարկ եղած օգնութիւնը տան իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն, բազմաթիւ լուրջ խնդիրներու առաջքը կ’առնեն։

16. Երբ ժողովքի անդամ մը հոգեւոր օգնութեան կարիք ունի, երէցները ի՞նչ կրնան ընել։

16 Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ անհատի մը խնդիրները զարգանան այն աստիճան որ իր հոգեւոր առողջութիւնը վտանգի տակ ըլլայ։ Յակոբոս նշեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր» (Յակ. 5։14, 15)։ Նոյնիսկ եթէ հոգեւորապէս հիւանդը ‘երէցները չկանչէ’, անոնք իր օգնութեան պէտք է հասնին, անմիջապէս որ պարագային տեղեակ ըլլան։ Երբ եղբայրներուն հետ եւ անոնց համար աղօթեն եւ նեղութեան ժամանակ անոնց աջակցին, երէցները ցոյց կու տան թէ իրենց հոգատարութեան տակ եղողները հոգեւորապէս կը թարմացնեն եւ կը քաջալերեն (կարդա՛ Եսայի 32։1, 2

17. Երբ երէցները «մեծ Հովիւը» ընդօրինակեն, ժողովքը ինչպէ՞ս կ’օգտուի։

17 Ինչ որ ալ ընեն Եհովայի կազմակերպութեան մէջ, քրիստոնեայ հովիւները կը ջանան ամէն բանի մէջ ընդօրինակել Յիսուս Քրիստոսը՝ «մեծ Հովիւը»։ Այսպիսի պատասխանատու տղամարդոց հոգեւոր աջակցութեամբ, հօտը կը շարունակէ զօրանալ եւ Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայել։ Արդարեւ, երախտապարտ ենք որ սիրալիր հովիւներ ունինք եւ կը մղուինք փառաբանելու մեր անբաղդատելի Հովիւը՝ Եհովան։