Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը
Մեր աստուածաշնչական պարբերաթերթերը հարիւրաւոր լեզուներով են, մէջը ըլլալով՝ նշանային լեզուներով։ Դիտարան–ը գլխաւորաբար Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին վերաբերեալ նիւթերու շուրջ յօդուածներ կը պարփակէ եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատք կը զօրացնէ։ Իսկ Զարթի՛ր–ը ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ներկայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել եւ ինչպէ՛ս մեր վստահութիւնը զօրացնել խաղաղ եւ ապահով նոր աշխարհի մը մասին՝ մեր Ստեղծիչին ըրած խոստումին հանդէպ։

