Յիսուսի մահուան Յիշատակատօն
Երկուշաբթի, 22 մարտ 2027
Տարին անգամ մը, Եհովայի վկաները կը յիշատակեն Յիսուս Քրիստոսի մահը, ինչպէս որ ան պատուէր տուաւ, երբ ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19)։
Քեզ կը հրաւիրենք որ այս առիթին ներկայ ըլլաս։
Շատեր հարց կու տան
Ո՞վ կրնայ գալ։
Ամէն մարդ։ Կրնաս հրաւիրել բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը։
Յայտագիրը որքա՞ն կը տեւէ։
Մօտաւորապէս մէկ ժամ։
Յիշատակատօնը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ։
Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահէ, որ քեզի տեղեկութիւններ տան։
Մուտքը դրամո՞վ է։
Ո՛չ։
Յայտագիրին ժամանակ դրամ կը հաւաքուի՞։
Ո՛չ։ Եհովայի վկաները իրենց ժողովներուն ընթացքին բնաւ դրամ չեն հաւաքեր (Մատթէոս 10։8)։
Ի՞նչ պէտք է հագուիմ։
Եհովայի վկաները կը հագուին այնպիսի հագուստներ, որոնք յարգանք ցոյց կու տան այս սուրբ առիթին նկատմամբ։
Յիշատակատօնին ի՞նչ տեղի կ’ունենայ։
Քաջալերական դասախօսութիւն մը պիտի տրուի Յիսուսի մահուան կարեւորութեան մասին եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ մեզի համար Աստուծոյ եւ Յիսուսին ըրածէն։ Յայտագիրը պիտի սկսի եւ վերջանայ երգով եւ աղօթքով։
Եթէ կ’ուզես աւելի մանրամասնութիւններ ունենալ, կարդա՛ «Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Տէրոջ ընթրիքը միւս կրօնքներէն տարբեր կը տօնեն» յօդուածը։
Յառաջիկայ տարիներուն, ե՞րբ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ։
2027։ Երկուշաբթի, 22 մարտ
2028։ Կիրակի, 9 ապրիլ
2029։ Հինգշաբթի, 29 մարտ

