Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Կրիայի մը նման, տունս միշտ ինծի հետ էր»

«Կրիայի մը նման, տունս միշտ ինծի հետ էր»

ՕԳՈՍՏՈՍ/ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1929–ին, ինը օրուան վկայութեան արշաւի մը ընթացքին, աւելի քան 10,000 քարոզիչներ Միացեալ Նահանգներու մէջ բաշխեցին շուրջ 250,000 գիրք եւ գրքոյկ։ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն մէջ կային մօտ 1000 աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխողներ։ Անոնց թիւը որքա՜ն բարձրացած էր։ Տեղեկագիր–ը * նշեց թէ 1927–էն 1929 ռահվիրաներու շարքին եռապատկուիլը «գրեթէ անհաւատալի» էր։

1929–ի վերջաւորութեան ֆինանսական անկում մը եղաւ։ Սեւ երեքշաբթի օրը՝ 29 հոկտեմբեր 1929–ին, Նիւ Եորքի արժեթուղթերու շուկային փլուզումը ճամբան հարթեց որ աշխարհը Տնտեսական մեծ ձախորդութեան մատնուի։ Հազարաւոր դրամատուներ սնանկացան, երկրագործութիւնը կանգ առաւ եւ հսկայ գործարաններ փակուեցան։ Այսպիսով, միլիոնաւորներ իրենց գործերը կորսնցուցին։ 1933–ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տուներու գրաւազրկութիւնը հասաւ 1000–ի՝ իւրաքանչիւր օր։

Լիաժամ քարոզիչները այսպիսի դժուար պարագաներու հետ ինչպէ՞ս կրնային գլուխ ելլել։ Լուծումներէն մէկը՝ տունի վերածուած ինքնաշարժ ունենալն էր։ Այսպէս, առանց վարձք տալու կամ տուրք վճարելու, բազմաթիւ ռահվիրաներ կրնային քիչ ծախսերով իրենց ծառայութիւնը շարունակել *։ Համաժողովներու ընթացքին, շարժական տունը կը ծառայէր որպէս ձրի պանդոկի սենեակ։ 1934–ին, Տեղեկագիր–ը հայթայթեց մանրամասն ծրագիրներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հանգստաւէտ շարժական տուն մը ունենալ, որ գործնական երեսակներ ունի, ինչպէս՝ ջուրի համակարգ, փուռ, ծալելիք անկողին եւ ջերմութեան դրութիւն։

Աշխարհի տարածքին քարոզիչներ սկսան իրենց շարժական տուները պատրաստել։ Վիքթոր Պլէքուէլ ըսաւ. «Նոյ տապան շինելու փորձառութիւն չունէր, իսկ ես շարժական տուն շինելու փորձառութիւնն ու գիտութիւնը չունէի»։ Այսուհանդերձ, ան շարժական տուն մը կրցաւ շինել։

Հնդկաստանի մէջ, անձրեւային եղանակին, շարժական տուն մը կը պատրաստուի գետը կտրելու

Էվըրի եւ Լովինիա Պրիսթօ շարժական տուն ունէին։ Էվըրի ըսաւ. «Կրիայի մը նման, տունս միշտ ինծի հետ էր»։ Անոնք ռահվիրայութեան ձեռնարկեցին Հարվի եւ Էն Քոնրոյի հետ, որոնց շարժական տունը կուպրի թուղթէ պատեր ունէր։ Ամէն անգամ որ անոնք փոխադրուէին, պատերէն թուղթի կտորներ կը թափէին։ Էվըրին ըսաւ. «Ո՛չ ոք ատոր նման շարժական տուն մը տեսած էր, ոչ ալ անկէ ետք մէկը այսպիսի տուն մը տեսաւ»։ Եւ ան աւելցուց, որ Քոնրօ ընտանիքը «ամէնէն ուրախ ընտանիքն էր»։ Հարվի Քոնրօ գրեց. «Բնաւ բանի մը պէտք չունեցանք, եւ Եհովային ծառայութեան մէջ ու իր սիրալիր հոգատարութեան ներքեւ բոլորովին ապահով զգացինք»։ Յետագային, Հարվի եւ Էն, ինչպէս նաեւ իրենց երկու տղաները, Գաղաադի դպրոցը յաճախեցին եւ Փերուի մէջ միսիոնարներ նշանակուեցան։

Ճիուսթօ եւ Վինչենցա Պադդայնօ եւս որպէս ընտանիք ռահվիրայութիւն ըրին։ Գիտնալէ ետք որ զաւակ պիտի ունենան, անոնք իրենց 1929–ի A Ford տիպի բեռնակառքը տունի վերածեցին, որ «լաւ պանդոկի նմանեցաւ» համեմատելով այն վրաններուն հետ, որոնց մէջ նախապէս ապրած էին։ Իրենց աղջնակին հետ, անոնք շարունակեցին կատարել իրենց սիրած նշանակումը,– Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող իտալացիներուն քարոզել։

Շատեր բարի լուրին մտիկ ըրին, բայց աղքատներն ու անգործ անհատները յաճախ չէին կրնար դրամ վճարել, որպէսզի աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ձեռք ձգեն։ Փոխարէն, անոնք ամէն տեսակ պիտոյքներ կու տային։ Երկու ռահվիրաներ թուեցին 64 առարկաներ, որոնք հետաքրքրուած անհատներու կողմէ իրենց տրուած էին։ Ցանկը «խանութի մը մթերագիրին նման» էր։

Ֆրէտ Էնտըրսըն հանդիպեցաւ հողագործի մը, որ մեր գրքերը առաւ եւ անոնց փոխարէն իր մօր ակնոցները տուաւ։ Քովի ագարակին մէջ, տղամարդ մը մեր հրատարակութիւններով հետաքրքրուեցաւ, բայց ըսաւ. «Կարդալու ակնոց չունիմ»։ Սակայն, իր դրացիին ակնոցներով կրցաւ կարդալ եւ ուրախութեամբ գրքերուն եւ ակնոցներուն համար գումար մը վճարեց։

Հէրպէրթ Էպըթ իր ինքնաշարժին մէջ հաւու դիւրատար վանդակ ունէր։ Երեք կամ չորս հաւ ստանալէ ետք, ան զանոնք շուկայ տանելով կը ծախէր, եւ իր ինքնաշարժը պենզին կը լեցնէր։ Ան գրեց. «Եղա՞ծ են ատեններ երբ մեր քով դրամ չենք ունեցած։ Այո՛։ Բայց թոյլ չենք տուած որ այս մէկը մեզ ետ կեցնէ։ Եթէ ինքնաշարժին մէջ պենզին կար, Եհովային հաւատք ընծայելով եւ վստահելով՝ մեր աշխատանքը կը շարունակէինք»։

Այդ տարիներուն, Եհովային ապաւինիլը եւ զօրաւոր վճռականութիւնը իր ժողովուրդին օգնեցին։ Փոթորիկի մը ընթացքին, Մէքսուէլ եւ Էմմի Լուիս իրենց շարժական տունէն ճիշդ ժամանակին դուրս փախչելով, տեսան թէ ինչպէ՛ս ծառ մը զայն երկուքի բաժնեց։ Մէքսուէլ կը պատմէ. «Այսպիսի բաներ մեզի արգելք չհանդիսացան։ Անոնք պարզապէս միջադէպեր էին եւ բնա՛ւ մեր մտքէն չանցաւ յանձնուիլ։ Ընելիք շատ գործ կար եւ վճռած էինք զայն կատարել»։ Առանց վախի եւ իրենց սիրալիր բարեկամներուն օգնութեամբ, Մէքսուէլն ու Էմմին իրենց անուաւոր տունը վերաշինեցին։

Ներկայ դժուար օրերուն մէջ, Եհովայի միլիոնաւոր նախանձախնդիր Վկաները նոյն անձնազոհ հոգին ունին։ Վերջ ի վերջոյ, այդ նախկին ռահվիրաներուն նման, վճռած ենք քարոզչութիւնը շարունակել մինչեւ որ Եհովան ըսէ թէ գործը ամբողջացաւ։

^ պարբ. 3 Այժմ կը կոչուի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը։

^ պարբ. 5 Այդ օրերուն, ռահվիրաներուն մեծամասնութիւնը աշխարհիկ գործ չունէր։ Անոնք աստուածաշնչական հրատարակութիւնները նուազ գինով կը ստանային եւ զանոնք բաշխելով ձեռք ձգուած նուիրատուութիւնները կը գործածէին իրենց ապրուստը ճարելու համար։