ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Նոյեմբեր 2013

Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի համբերութիւնը գնահատել, մինչ կը սպասենք որ այս չար աշխարհին դէմ գործէ։ Ներկայիս, Եհովան ու Յիսուսը ինչպէ՞ս իրենց երկրային հօտը կը հովուեն։

«Աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»

Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է շարունակ աղօթեն։ Երբ ուրիշներուն համար աղօթես, ո՞վ կ’օգտուի։

Ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն կարիքները հոգալու օգնել

Տես թէ ինչպէ՛ս Եհովայի վկաներուն համաշխարհային գործին համար եղած նուիրատուութիւնները, եղբայրներուն ֆիզիքական եւ հոգեւոր պէտքերը կը հոգան։

Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութեամբ սպասել’

Ո՞ր միջադէպերը պիտի նշեն թէ Աստուած պիտի սկսի այս չար աշխարհը մէջտեղէն վերցնել։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ համբերութեան հանդէպ գնահատանք ցուցաբերել։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ ծառայելը իր դեղն է

Օնէսմըսը ի ծնէ անկատար ոսկրածնութեան հիւանդութիւնը ունի։ Աստուծոյ խոստումները ինչպէ՞ս զինք քաջալերած են։

«Եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»

Եզեկիան, Եսային, Միքիան եւ Երուսաղէմի իշխանները ինչպէ՞ս ցոյց տուին թէ լաւ հովիւներ են։ Ներկայիս, «եօթը հովիւ եւ ութ իշխաններ»ը որո՞նք են։

Եհովայի հովիւներուն հնազանդէ

Քրիստոնեայ տեսուչները սուրբ հոգիով նշանակուած են Աստուծոյ ժողովքը հովուելու։ Ոչխարները ինչո՞ւ պէտք է անոնց մտիկ ընեն։

Ո՛վ ենթահովիւներ, մեծագոյն Հովիւները ընդօրինակեցէք

Երբ ժողովքի անդամ մը հոգեւոր օգնութեան պէտք ունի, երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Կրիայի մը նման, տունս միշտ ինծի հետ էր»

1929–ի վերջերը, աշխարհը տնտեսական մեծ ձախորդութեան մատնուեցաւ։ Լիաժամ քարոզիչները ինչպէ՞ս այս տագնապին հետ կրցան գլուխ ելլել։