ԱՌԱԿԱՑ 3։1-35

3  Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս,Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ.   Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներԵւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։   Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն.Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ,Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։   Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւՇնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։  Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէԵւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։   Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիրՈւ անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։   Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար,Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։   Ասիկա քու ջիղերուդ* առողջութիւնԵւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։   Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով 10  Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուինՈւ հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։ 11  Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգերՈւ անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. 12  Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ,Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։ 13  Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէՈւ այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. 14  Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ էՈւ անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ 15  Անիկա գոհարներէն* պատուական էԵւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ 16  Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւնԵւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։ 17  Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ ենԵւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ 18  Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ էՈւ զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։ 19  Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրըԵւ հանճարով հաստատեց երկինքը։ 20  Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռինՈւ ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։ 21  Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան,Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ 22  Եւ քու հոգիիդ՝ կեանքՈւ քու պարանոցիդ զարդ* թող ըլլան։ 23  Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալեսԵւ քու ոտքդ պիտի չսահի։ 24  Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնասՈւ եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։ 25  Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն,Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն*, երբ գայ, 26  Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայԵւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։ 27  Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ,Կարօտ եղողէն* մի՛ խնայեր զանիկա։ 28  Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւրԵւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։ 29  Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր,Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։ 30  Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր,Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։ 31  Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիրՈւ անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր, 32  Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է,Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։ 33  Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ,Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։ 34  Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ,Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ 35  Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն,Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։

Ստորանիշներ

3։8 Կամ, պորտիդ
3։15 Կամ, բուստերէն
3։22 Եբր., շնորհք
3։25 Կամ, արշաւանքէն
3։27 Եբր., Անոր տէրերէն