Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Իսկական յաջողութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։

Իսկական յաջողութիւնը կախեալ է Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութենէն, եւ իւրաքանչիւրս կրնանք իրեն հաւատարիմ մնալ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան։ Մեր հաւատարմութիւնը կապ չունի թէ մենք որքա՛ն համբաւաւոր ենք, որքա՛ն ուսում առած ենք կամ որքա՛ն դրամ ունինք։ Ոչ ալ կապ ունի մեր ուշիմութեան, ձիրքերուն կամ կարողութիւններուն հետ (12/1, էջ 16

Ի՞նչ է այն «աշխարհ»ը որ պիտի անցնի։

Անցնող «աշխարհ»ը կը ներկայացնէ այն բոլոր մարդիկը, որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն չեն ապրիր (Ա. Յովհ. 2։17)։ Թէ՛ երկրագունդը եւ թէ հաւատարիմ մարդիկը պիտի վերապրին (1/1, էջ 5-7

Մեռած ըլլալով հանդերձ, Աբէլ ինչպէ՞ս տակաւին մեզի կը խօսի (Եբ. 11։4

Աբէլ հաւատքո՛վ կը խօսի։ Կրնանք իր հաւատքէն սորվիլ եւ զայն ընդօրինակել։ Իր օրինակը տակաւին ազդու է (1/1, էջ 12

Ո՞ր մարզերուն մէջ պէտք է ուշադիր ըլլանք որ Աստուծմէ չհեռանանք։

Կարգ մը մարզերն են. մեր աշխարհիկ գործը, մեր ընտրած զբօսանքը կամ ժամանցը, վտարուած ազգականի մը հետ ընկերակցիլ, արդի արուեստագիտութեան օգտագործութիւնը, մեր առողջութեան հանդէպ մտահոգութիւն, դրամի հանդէպ սխալ տեսակէտ եւ մեր կարծիքին կամ դիրքին մեծ արժէք տալ (1/15, էջ 12-21

Մովսէսի խոնարհութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Մովսէս թոյլ չտուաւ, որ հեղինակութիւն ունենալը զինք հպարտացնէ։ Փոխարէն, ան Աստուծոյ վստահեցաւ եւ ոչ թէ իր անձին։ Բնաւ չենք ուզեր թոյլ տալ հեղինակութեան կամ մեր բնածին կարողութիւններուն, որ մեզ հպարտացնեն. հապա կ’ուզենք Եհովայի վստահիլ (Առ. 3։5, 6. 2/1, էջ 5

Յարութիւն առնողները ո՞ւր պիտի ապրին։

Սահմանափակ թիւ մը՝ 144,000, երկնքի մէջ պիտի ապրին։ Սակայն մեռելներուն մեծամասնութիւնը յարութիւն պիտի առնէ երկրի վրայ, հոս յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունենալով (3/1, էջ 6

Ի՞նչ կը նշանակէր թէ իսրայէլացիները «սրտով անթլփատ» էին (Եր. 9։26

Անոնք յամառօրէն ըմբոստ գտնուեցան եւ պէտք է ձերբազատուէին որեւէ բանէ, որ իրենց սիրտը անզգամ կը դարձնէր,– խորհուրդներ, ցանկութիւններ կամ մղումներ, որոնք աստուածահաճոյ չէին (Եր. 5։23, 24. 3/15, էջ 9-10

Յիսուս ինչպէ՞ս իմաստալից կեանք վարելուն մէջ օրինակելի էր։

Ան կեանքի մէջ նպատակ ունէր, որ էր՝ Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ան իր Հայրը եւ մարդիկը շատ կը սիրէր։ Այսպէս, ան գիտէր թէ իր Հօր սէրն ու հաճութիւնը կը վայելէր։ Ասոնք իմաստալից կեանքի բանալիներն են (4/1, էջ 4-5

Աստուծոյ կազմակերպութեան երկրային մասը ի՞նչ կը պարփակէ։

Ատիկա կը պարփակէ՝ Կառավարիչ մարմինը, մասնաճիւղի յանձնախումբը, շրջագայող տեսուչները, երէցներու մարմինը, ժողովքները եւ իւրաքանչիւր Վկայ (4/15, էջ 29

Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ աստուածային դատաստանները անգութ չէին։

Ամբարշտին մահը Եհովան չ’ուրախացներ (Եզեկ. 33։11)։ Աստուծոյ անցեալի արարքները ցոյց կու տան, թէ դատաստան ի գործ դնելէ առաջ, սիրալիրօրէն ժողովուրդը կը զգուշացնէ։ Ասիկա ապագայ դատաստաններէ վերապրելու յոյս կու տայ մեզի (5/1, էջ 5-6

Իսրայէլացիները ոճրագործները մահապատիժի կ’ենթարկէին ցիցէ՞ մը կախելով։

Ո՛չ։ Վաղեմի ա՛յլ ազգեր այդպէս կ’ընէին, բայց իսրայէլացիները այս մեթոտը չէին գործածեր։ Առնուազն Եբրայերէն Գրութիւններուն ժամանակ, չարագործները նախ մահուան կ’ենթարկուէին, զոր օրինակ՝ քարկոծուելով (Ղեւ. 20։2, 27)։ Եւ ապա անոնց դիակը ցիցէն կը կախուէր, ուրիշները զգուշացնելու համար (5/15, էջ 13

Ինչո՞ւ համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուար եղած է։

Թէեւ մարդիկ հոյակապ բաներ իրագործած են, բայց իրենց քայլերը ուղղելու կարողութեամբ չեն ստեղծուած (Եր. 10։23)։ Սատանան աշխարհին կ’իշխէ, ուստի մարդիկ պիտի չկարենան խաղաղութիւն բերել (Ա. Յովհ. 5։19. 6/1, էջ 16