Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ. ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԵՐՋԷՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ՎԱԽՆԱՍ

Աշխարհին վերջը. վախ, հետաքրքրութիւն եւ յուսախաբութիւն

Աշխարհին վերջը. վախ, հետաքրքրութիւն եւ յուսախաբութիւն

Ի՞նչ կը խորհիս 21 դեկտեմբեր 2012–ի մասին,– մայաներու օրացոյցի այն թուականը, որուն մասին շատեր կ’ըսէին թէ համաշխարհային փոփոխութիւն մը պիտի բերէ։ Նայած թէ ի՛նչ կ’ակնկալէիր, թերեւս հանգստացար, կամ յուսախաբ եղար, կամ ալ անտարբեր մնացիր։ Պարզապէս ա՛յլ սխալ ենթադրութի՞ւն մըն էր աշխարհի վերջին մասին։

Ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուածաշունչի՛ն մէջ նկարագրուած «աշխարհիս վերջին» մասին (Մատթէոս 24։3)։ Ոմանք կը վախնան, թէ երկիրը կրակով պիտի այրի։ Ուրիշներ հետաքրքրութեամբ կը սպասեն տեսնել, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ աշխարհին վերջը գայ։ Շատեր ալ պարզապէս ձանձրացած են աշխարհի վերջին սպասելէն։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ այդ հակազդեցութիւնները հիմնուած ըլլան առասպելներու քան իրողութեան վրայ։

Թերեւս զարմանաս, երբ գիտնաս թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ աշխարհի վերջին մասին։ Սուրբ Գիրքը ոչ միայն պատճառներ կու տայ որ ակնկալութեամբ վերջին սպասենք, այլ նաեւ կը բացատրէ թէ ոմանք կրնան յուսախաբ ըլլալ, եթէ իրենց թուի թէ վերջը կ’ուշանայ։ Նկատի առ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պատասխանէ կարգ մը ընդհանրացած հարցումներու՝ աշխարհի վերջին մասին։

Արդեօք երկիրը պիտի այրի՞։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. «[Աստուած] հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի» (ՍԱՂՄՈՍ 104։5

Երկիրը պիտի չկործանի, ո՛չ կրակով, ոչ ալ ուրիշ որեւէ բանով։ Փոխարէն, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ այս մոլորակը մարդկութեան յաւիտենական բնակավայրն է։ Սաղմոս 37։29–ն կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 115։16. Եսայի 45։18

Երկիրը ստեղծելէն ետք, Աստուած անոր մասին ըսաւ որ «շատ բարի էր». ան տակաւին այդպէս կը զգայ (Ծննդոց 1։31)։ Ան ոչ թէ կը ծրագրէ երկիրը կործանել, այլ կը խոստանայ որ ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ եւ պիտի չարտօնէ որ երկիրը մնայուն կերպով վնասուի (Յայտնութիւն 11։18

Սակայն, թերեւս հարց տաս Բ. Պետրոս 3։7–ի մասին, որ կ’ըսէ. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար»։ Այս համարը ցոյց կու տա՞յ թէ երկիրը պիտի այրի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը «երկինք», «երկիր» եւ «կրակ» բառերը երբեմն փոխաբերական իմաստով կը գործածէ։ Օրինակ, երբ Ծննդոց 11։1–ը կ’ըսէ թէ «բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր», հոս «երկիր» բառը մարդկութեան կ’ակնարկէ եւ ոչ թէ երկրագունդին։

Բ. Պետրոս 3։7–ի բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հոն նշուած երկինքը, երկիրն ու կրակը նո՛յնպէս փոխաբերական են։ 5 եւ 6–րդ համարները այս դէպքը կը համեմատեն Նոյի ժամանակուան Ջրհեղեղին հետ։ Այդ ատեն, վաղեմի աշխարհը կորսուեցաւ, բայց մեր մոլորակը տակաւին առկայ է։ Ուստի «երկիր» բառով կը հասկնանք, թէ Ջրհեղեղը չար ու վայրագ ժողովո՛ւրդը կորսնցուց։ Անիկա նաեւ «երկինք»ը կորսնցուց, որը կը պատկերացնէ այն անհատները, որոնք այդ ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին (Ծննդոց 6։11)։ Նմանապէս, Բ. Պետրոս 3։7–ն կը նախագուշակէ, թէ չար մարդկութիւնն ու փտած կառավարութիւնները կրակով այրուելու պէս՝ վերջնակա՛նօրէն պիտի կործանին։

Ի՞նչ պիտի պատահի երբ աշխարհին վերջը գայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 2։17

«Աշխարհս» որ պիտի անցնի, երկիր մոլորակը չէ, հապա այն բոլոր մարդիկը, որոնք Աստուծոյ կամքին համաձայն չեն ապրիր։ Ճիշդ ինչպէս որ վիրաբոյժ մը մարմնէն կը հեռացնէ քաղցկեղով զարնուած մաս մը, որպէսզի հիւանդին կեանքը ազատէ, նոյնպէս Աստուած պիտի ‘կորսնցնէ’ չարերը, որպէսզի բարիները կարենան երկրի վրայ կեանքը ի՛րապէս վայելել (Սաղմոս 37։9)։ Ուստի այս առումով, «աշխարհին վերջը» լաւ բան է։

Քանի որ թէ՛ մարդկութիւնը եւ թէ երկրագունդը աշխարհի վերջէն պիտի վերապրին, տրամաբանական չէ՞ մտածել թէ նոր աշխարհ մը պիտի յաջորդէ։ Աստուածաշունչը այո՛ կը պատասխանէ, որովհետեւ կը խօսի «գալիք աշխարհին» մասին (Ղուկաս 18։30

Յիսուս այդ ապագան «վերաստեղծման ժամանակ» կոչեց։ Այդ ժամանակ, ան մարդկութիւնը պիտի վերադարձնէ այն վիճակին, որ Աստուած սկիզբը նպատակադրած էր (Մատթէոս 19։28, ՆԱ)։ Այն ատեն. . .

Եթէ կատարենք «Աստուծոյ կամքը», այսինքն՝ ինչ որ ան մեզի կը պատուիրէ, աշխարհի վերջէն վախնալու որեւէ պատճառ չենք ունենար։ Ընդհակառակը, կրնանք անոր անձկութեամբ սպասել։

Աշխարհին վերջը իրապէս մօ՞տ է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (ՂՈՒԿԱՍ 21։31

Գիրքի մը մէջ, փրոֆէսոր Ռիչըրտ Քայլ կը գրէ, թէ «յանկարծակի փոփոխութիւնը եւ ընկերային քաոսը պատճառ կ’ըլլան, որ մարդիկ աշխարհի վերջին մասին սկսին նախագուշակութիւններ ընել»։ Պարագան այս է, մա՛նաւանդ՝ եթէ փոփոխութեան կամ քաոսին պատճառը ակնյայտ չըլլայ (The Last Days Are Here Again

Սակայն, Աստուածաշունչի մարգարէները վերջին մասին գրեցին ոչ թէ պարզապէս որպէսզի իրենց չորս կողմի խառնաշփոթութիւնը բացատրեն, հապա՝ Աստուծմէ ներշնչուեցան, որպէսզի մարգարէանան դէպքեր, որոնք պիտի մատնանշէին աշխարհին մօտալուտ վերջը։ Այդ մարգարէութիւններէն ոմանք նկատի առ եւ ի՛նքդ որոշէ եթէ ատոնք մեր օրերուն կը կատարուին կամ ոչ։

Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «այս ամէն բաները» տեսնելով կը գիտնանք թէ աշխարհին վերջը մօտ է (Մատթէոս 24։33)։ Եհովայի վկաները կը հաւատան, որ ապացոյցը համոզիչ է եւ իրենց հաւատքին մասին կը խօսին՝ 236 երկիրներու մէջ քարոզելով։

Սխալ ակնկալութիւնները ցոյց կու տա՞ն, թէ վերջը բնաւ պիտի չգայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին» (Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 5։3

Աստուածաշունչը աշխարհի կործանումը կը նմանցնէ ծննդաբերութեան ցաւերուն, որոնք անխուսափելի եւ յանկարծակի կ’ըլլան։ Աշխարհի վերջին առաջնորդող ժամանակը նաեւ կը նմանի յղութեան, քանի որ յղի կինը տեղեակ կ’ըլլայ ծննդաբերութեան նշաններուն, որոնք հետզհետէ կ’աւելնան։ Անոր բժիշկը, թերեւս ծննդեան մօտաւոր թուական մը նշէ, բայց նո՛յնիսկ եթէ օրը ուշանայ, մայրը տակաւին վստահ կ’ըլլայ որ իր մանուկը շուտով պիտի ծնի։ Նմանապէս, վերջին մասին որեւէ սխալ ակնկալութիւն չի փոխեր այն իրողութիւնը, թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ ենք (Բ. Տիմոթէոս 3։1

Բայց, թերեւս հարց տաս. «Եթէ վերջին մօտ ըլլալը ցոյց տուող նշանը այսքան ակնյայտ է, ապա ինչո՞ւ բազմաթիւ անհատներ զայն չեն զատորոշեր»։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ երբ վերջը մօտենայ, շատեր ապացոյցը պիտի մեղմացնեն։ Անոնք պիտի չհաւատան թէ աշխարհին վիճակը աւելի գէշ է եւ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրին։ Փոխարէն, անոնք հաւատացողները պիտի ծաղրեն՝ ըսելով. «Թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր» (Բ. Պետրոս 3։3, 4)։ Ուրիշ խօսքով, վերջին օրերուն նշանը յստակ է, բայց շատեր պիտի անտեսեն զայն (Մատթէոս 24։38, 39

Այս յօդուածը, միայն քանի մը աստուածաշնչական փաստեր քննարկեց աշխարհին վերջին մօտ ըլլալուն մասին *։ Կ’ուզե՞ս աւելին գիտնալ։ Եթէ այո՛, ուրեմն Եհովայի վկաներէն ընդունէ՝ հետդ ձրիօրէն Աստուածաշունչը սերտելու իրենց առաջարկը։ Ուսումնասիրութիւնը կարելի է կատարել տանդ մէջ, կամ քեզի յարմար եղող ա՛յլ վայր մը, կամ նոյնիսկ՝ հեռաձայնի միջոցով։ Ժամանակէդ քիչ մը տուր եւ արժէքաւոր օգուտներ պիտի քաղես։

^ պարբ. 39 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք» նիւթը, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։