Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը

Մեր ընտանիքի բոլոր անդամները անձնական անուն մը ունին։ Նոյնիսկ ընտանի անասուններ անուններ ունին։ Տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած ալ անուն մը ունենայ։ Սուրբ Գիրքին մէջ, Աստուած բազմաթիւ տիտղոսներ ունի, ինչպէս՝ ամենակարող Աստուած, զօրքերու Տէր եւ Ստեղծիչ. բայց ան նաեւ անձնական անուն մը ունի (կարդա՛ Եսայի 42։8

Աստուածաշունչի բազմաթիւ թարգմանութիւններ կը բովանդակեն Աստուծոյ անձնական անունը Սաղմոս 83։18–ին մէջ։ Օրինակ, Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութեան մէջ այդ համարը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։

Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ անունը գործածենք

Աստուած կ’ուզէ՛ որ իր անձնական անունը գործածենք։ Մենք անձնական անուններ կը գործածենք, երբ կը խօսինք մեր սիրելիներուն հետ, ինչպէս մեր մօտիկ բարեկամները,– մա՛նաւանդ երբ իրենք մեզմէ խնդրեն այս մէկը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Աստուծոյ, պարագան տարբեր պէտք չէ ըլլայ։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս քաջալերեց որ Աստուծոյ անունը գործածենք (կարդա՛ Մատթէոս 6։9. Յովհաննէս 17։26

Բայց Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, իր անունին կողքին ա՛յլ բաներ ալ պէտք է գիտնանք։ Օրինակ, Աստուած ինչպիսի՞ մէկն է։ Իրապէս կարելի՞ է Աստուծոյ մօտենալ։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնաս գտնել Աստուածաշունչին մէջ։