Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ինչո՞ւ համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուար եղած է։

Միայն այն կառավարութիւնը, որ կրնայ մարդոց սրտերը փոխել, համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ

Աստուածաշունչը կը նշէ երկու պատճառ։ Նախ, թէեւ մարդիկ հոյակապ բաներ իրագործած են, բայց իրենց քայլերը ուղղելու կարողութեամբ չեն ստեղծուած։ Երկրորդ, մարդկային ծրագիրները ձախողած են, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», այսինքն՝ Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան տակ է։ Հետեւաբար, մարդկային ջանքերը չեն կրցած համաշխարհային խաղաղութիւն բերել (կարդա՛ Երեմիա 10։23. Ա. Յովհաննէս 5։19

Շահասիրութիւնը եւ փառասիրութիւնը ե՛ւս համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուարացուցած են։ Միայն համաշխարհային կառավարութիւն մը, որ կրնայ մարդոց սորվեցնել ճիշդը սիրել ե՛ւ իրարու հոգ տանիլ, համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ (կարդա՛ Եսայի 32։17. 48։18, 22

Ո՞վ երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ։

Ամենակալ Աստուած խոստացած է մէջտեղ բերել մէկ կառավարութիւն, որ ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ։ Ատիկա պիտի փոխարինէ մարդկային կառավարութիւնները (Դանիէլ 2։44)։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, պիտի իշխէ որպէս խաղաղութեան Իշխան։ Ան չարիքը երկրագունդէն պիտի վերացնէ եւ խաղաղութեան ճամբան մարդոց պիտի սորվեցնէ (կարդա՛ Եսայի 9։6, 7. 11։4, 9

Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ, արդէն աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կը գործածեն մարդոց սորվեցնելու թէ ինչպէ՛ս ուրիշներու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Մօտ օրէն, համաշխարհային խաղաղութիւնը իրողութիւն մը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Եսայի 2։3, 4. 54։13