Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ամուսնացած զոյգը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլալ։

Ամուսնութեան Հիմնադիրը՝ Եհովա Աստուած, Սուրբ Գիրքին միջոցաւ ուրախ ամուսնութեան մասին գործնական խրատներ կու տայ։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ որ զարգացնենք այնպիսի յատկութիւններ, որոնք կրնան ամուսնութիւնը երջանիկ դարձնել, եւ կը զգուշացնէ թէ որոշ կեցուածքներ կրնան ամուսնութիւնը քանդել։ Ատիկա նաեւ կը սորվեցնէ հաղորդակցութեան հմտութիւններ, որոնք կրնան ուրախ ամուսնութեան նպաստել (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8-10, 12-14

Ամուսիններ եւ կիներ պէտք է զիրար պատուեն ու յարգեն։ Երբ երկուքը ամուսնութեան մէջ իրենց աստուածատուր դերը ընդունին, կրնան ուրախ ըլլալ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։18, 19

Ի՞նչ բան ամուսնութիւնը մնայուն կը դարձնէ։

Ամուսնացած զոյգեր կրնան միասին մնալ, եթէ զիրար կը սիրեն։ Աստուած մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս սիրել։ Ան եւ իր Որդին՝ Յիսուս, անձնազոհ սիրոյ կատարեալ օրինակներ են (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7, 8, 19

Երբ ամուսիններ եւ կիներ յարգեն ամուսնութիւնը որպէս Աստուծոյ կարգադրութիւնը, մի՛շտ միասին պիտի մնան։ Աստուած ամուսնութիւնը ստեղծեց, որ տղամարդուն եւ կնոջ միջեւ մնայուն կապ ըլլայ,– այսպէս, ընտանիքը ապահով ու պաշտպանուած կը մնայ։ Կարելի՛ է որ ամուսնութիւնը մնայուն մնայ, քանի որ Աստուած տղամարդուն ու կնոջ տուաւ զիրար ամբողջացնելու կարողութիւնը,– թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական գետնի վրայ։ Ինչպէս նաեւ ան զիրենք ի՛ր պատկերով ստեղծեց՝ իր սէրը ընդօրինակելու կարողութեամբ (կարդա՛ Ծննդոց 1։27. 2։18, 24