Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Աստուած կրնայ ցաւիլ. ինչպէ՛ս կրնանք զինք ուրախացնել

Աստուած կրնայ ցաւիլ. ինչպէ՛ս կրնանք զինք ուրախացնել

Երբեք մէկը քեզ խորապէս ցաւցուցա՞ծ է, այն աստիճան որ լացած ես *։— Հաւանաբար բոլորիս հետ ասիկա կը պատահի։ Ատեններ սակայն, մեր տխրութենէն կու լանք։ Կրնայ ըլլալ որ մէկը մեր մասին սխալ բաներ պատմէ։ Ատիկա մեզ կը վիրաւորէ, այնպէս չէ՞։— Աստուած ալ կը ցաւի երբ իրեն մասին սուտ բաներ ըսուին։ Լաւ, խօսինք այս նիւթին շուրջ եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուած ցաւցնելու փոխարէն զինք ուրախացնել։

Աստուածաշունչը կը պատմէ, թէ կարգ մը մարդիկ, որոնք ըսին թէ Աստուած կը սիրեն, զինք «նեղացուցին» եւ ցաւցուցին։ Անշուշտ ո՛չ ոք կրնայ Եհովա Աստուծոյ մարմինը ցաւցնել։ Ան ամենակալ է։ Ուրեմն, տեսնենք թէ Եհովա ինչո՛ւ կը ցաւի, երբ իր խօսքը մտիկ չընենք։

Առաջին մարդն ու կինը Եհովայի սիրտը շա՛տ նեղացուցին։ Անոնք կ’ապրէին Դրախտին մէջ, որ կը կոչուէր «Եդեմի պարտէզ»։ Որո՞նք էին անոնք։— Այո՛, Ադամն ու Եւան։ Տեսնենք թէ անոնք ինչպէ՛ս Եհովան ցաւցուցին։

Եհովան անոնց ըսած էր որ պարտէզին հոգ տանին։ Ան նաեւ ըսած էր որ կրնային զաւակներ բերել եւ միասնաբար ապրիլ այդ պարտէզին մէջ առանց մեռնելու։ Բայց Ադամն ու Եւան զաւակներ ունենալէ առաջ, շատ գէշ բան մը պատահեցաւ։ Գիտե՞ս ինչ։— Հրեշտակ մը մղեց Եւան ապա Ադամը որ Եհովային դէմ ըմբոստանան։ Տեսնենք թէ ասիկա ինչպէ՛ս պատահեցաւ։

Հրեշտակը պատճառ դարձաւ որ օձ մը թուի թէ կը խօսի։ Եւան իր լսածը սիրեց. օձը ըսաւ թէ ան «աստուածներու պէս» պիտի ըլլայ։ Ուստի, օձին ըսածը ըրաւ։ Գիտե՞ս թէ ան ի՛նչ ըրաւ։

Եւան կերաւ այն ծառէն, որ Եհովան Ադամին ըսած էր որ անկէ չուտեն։ Ան Եւան ստեղծելէ առաջ, Ադամի ըսած էր. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։

Եւան այդ օրէնքը գիտէր։ Բայց եւ այնպէս ան շարունակեց նայիլ եւ «տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն. . . առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ», յետոյ Ադամին տուաւ եւ «անիկա ալ կերաւ»։ Ադամ ինչո՞ւ այդպէս վարուեցաւ։— Քանի որ ան սկսած էր Եւան Եհովայէն աւելի՛ սիրել։ Ան նախընտրեց իր կինը հաճեցնել, քան Եհովան։ Բայց Եհովային հնազանդիլը աւելի կարեւոր է, քան ուրիշներուն հնազանդիլը։

Դարձեալ նկատի առնենք օձը։ Ան ինչպէ՞ս խօսեցաւ։ Ճիշդ ինչպէս որ անհատ մը կրնայ ձեւացնել թէ խամաճիկ մը կը խօսի, մէկը պատճառ դարձաւ որ այդ օձը թուի թէ կը խօսի։ Լսուած ձայնը որո՞ւն ձայնն էր։— «Առաջուան օձ»ին ձայնն էր, որ «Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի»։

Գիտե՞ս թէ ինչպէս կրնաս Եհովան ուրախացնել։— Ան կ’ուրախանայ երբ տեսնէ թէ միշտ ջանք կը թափես որ զինք հաճեցնես։ Սատանան կ’ըսէ որ կրնայ մղել ոեւէ մարդ որ ի՛ր ուզածը ընէ։ Անոր համար, Եհովան մեզի կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ [կամ՝ Աղջի՛կս], իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ Սատանան կ’անարգէ կամ կը ծաղրէ Եհովան։ Ան կ’ըսէ թէ կրնայ բոլորս Եհովայէն հեռացնել։ Ուստի, Եհովան ուրախացո՛ւր՝ իրեն հնազանդելով եւ ծառայելով։ Ասիկա ընելու համար ամէն ջանքդ պիտի թափե՞ս։

^ պարբ. 3 Եթէ պզտիկի մը հետ կը կարդաս, ամէն անգամ որ գծիկը տեսնես, կանգ առ եւ պզտիկը քաջալերէ որ արտայայտուի։