Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Նիւթապէս աղքատ բայց հոգեւորապէս հարուստ

Նիւթապէս աղքատ բայց հոգեւորապէս հարուստ

Մեծ հայրս եւ հայրս կ’ապրէին անշէն տան մը մէջ Քթեյզհանիի մէջ, որ գիւղ մըն է արդի Մոլտովիոյ հիւսիսը։ Ես հոն ծնայ դեկտեմբեր 1939–ին։ 1930–ական թուականներուն սկիզբը, անոնք Եհովայի վկաներ եղած էին։ Իսկ մայրս երբ անդրադարձաւ, թէ մեծ հայրս գիւղի քահանայէն աւելի Աստուածաշունչը գիտէր, ինքն ալ Վկայ եղաւ։

Երբ երեք տարեկան էի, հայրս, հօրեղբայրս եւ մեծ հայրս իրենց քրիստոնէական չէզոք կեցուածքին պատճառաւ տաժանակրութեան ճամբարներ տարագրուեցան։ Միայն հայրս վերապրեցաւ։ 1947–ին, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, ան վնասուած կռնակով տուն վերադարձաւ։ Թէեւ ֆիզիքական գետնի վրայ ան վատ վիճակի մէջ էր, բայց հաւատքին մէջ հաստատ մնաց։

ՇՇՄԵՑՈՒՑԻՉ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երբ ինը տարեկան էի, ընտանիքս ուրիշ հարիւրաւոր մոլտովիացի Վկաներու հետ Սիպերիա աքսորուեցաւ։ 6 յուլիս 1949–ին, մեզ արջառներու յատկացուած վակոններու մէջ դրին։ 12 օր ետք եւ աւելի քան 6400 քմ. անդադար կտրելէ ետք, շոգեկառքը կանգ առաւ Լէպեազհէի կայարանը։ Տեղական հեղինակութիւններ մեզի կը սպասէին։ Մեզ փոքր խումբերու բաժնեցին եւ ամբողջ շրջանին մէջ ցրուեցին։ Դատարկ պզտիկ դպրոց մը մեր խումբին տունը դարձաւ։ Յոգնած եւ յուսահատ էինք։ Տարեց կին մը՝ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին Վկաներու յօրինած մէկ երգը սկսաւ քիթին տակէն երգել։ Անմիջապէս, բոլորը սրտանց իրեն միացան, երգելով՝

«Քանի՜ եղբայրներ աքսորուեցան. . .

Հիւսիս եւ արեւելք տարուեցան։

Յանուն Աստուծոյ գործին սակայն, դաժան հալածանքին դիմացան»։

Ժամանակի ընթացքին, կրցանք ամէն կիրակի ժողովներու ներկայ գտնուիլ տան մը մէջ, որ մեր տունէն շուրջ 13 քմ. հեռու էր։ Ձմեռնային մութ առաւօտներուն, երբ ձիւնը մինչեւ մեր մէջքը կը հասնէր եւ ջերմաստիճանը -40°C կ’ըլլար, յաճախ տունէն կանուխ կ’ելլէինք։ Յիսուն կամ աւելի անհատներ կ’ըլլայինք սենեակի մը մէջ, որ 19 քառ. մեթր էր։ Յայտագիրը կը սկսէինք մէկ–երկու երգ երգելով։ Սրտագին աղօթք մը կը մատուցուէր եւ Աստուածաշունչէն հարցումներ կը քննարկուէին։ Շուրջ մէկ ժամ ետք, դարձեալ երգեր կ’երգէինք եւ յաւելեալ հարցումներ կը քննարկուէին։ Այդ պահերը որչա՜փ մեզ հոգեւորապէս կը զօրացնէին։

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Շուրջ 1974–ին, Ժէնքօյի շոգեկառքի կայարանը

1960–ի ատենները, աքսորուած Վկաներուն աւելի ազատութիւն տրուեցաւ։ Աղքատ ըլլալով հանդերձ, կրցայ այցելել Մոլտովիան, ուր ծանօթացայ Նինային, որուն ծնողքը, մեծ հայրն ու մեծ մայրը Վկաներ էին։ Ամուսնացանք եւ Սիպերիա փոխադրուեցանք, ուր մեր աղջիկը Տինան ծնաւ 1964–ին եւ մեր տղան Վիքթորը՝ 1966–ին։ Երկու տարի ետք, փոխադրուեցանք Ուքրանիա, ուր ապրեցանք փոքր տան մը մէջ Ժէնքօյ քաղաքը, որ Եալթայէն շուրջ 160 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։

Խրիմի մէջ Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնները արգիլուած էին, քանի որ տակաւին Խորհրդային Միութեան կը պատկանէր։ Բայց մեր աշխատանքը շատ խիստ կերպով չէր սահմանափակուած, ոչ ալ գործօն կերպով կը հալածուէինք։ Ուստի, կարգ մը Վկաներ սկսան ինքնագոհ հոգի զարգացնել։ Անոնք պատճառաբանեցին, թէ Սիպերիոյ մէջ ա՛յդքան տառապելէ ետք, այժմ նիւթապէս հանգստանալու համար ժրաջանօրէն աշխատիլը յարմար էր։

ՀԵՏԱՔՐՔՐԱՇԱՐԺ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

27 մարտ 1991–ին, Խորհրդային Միութեան մէջ մեր գործունէութիւնը օրինաւոր ճանաչում ստացաւ։ Անմիջապէս ծրագրուեցաւ եօթը երկօրեայ մասնաւոր համաժողովներ ընել ամբողջ երկրին մէջ։ Մենք ներկայ պիտի գտնուէինք այն համաժողովին, որ Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենար օգոստոս 24–ին։ Մէկ ամիս առաջ գացի այդ վայրը, որպէսզի օգնեմ ֆութպոլի մարզադաշտը համաժողովի յատուկ վայրի վերածելու։

Օրուան ընթացքին երկար ժամեր աշխատելով, յաճախ գիշերները մարզադաշտին մէջ կը քնանայինք։ Վկայ կիներ մարզադաշտը շրջապատող պարտէզը մաքրեցին, շուրջ 70 թոն աղբ հաւաքելով։ Իջեւանի բաժանմունքին մէջ աշխատողները քաղաքին մէջ փնտռեցին յարմար բնակարաններ շուրջ 15,000 պատուիրակներու համար։ Բայց յանկարծ ցնցի՛չ լուր մը առինք։

Համաժողովին առաջին օրէն միայն հինգ օր առաջ՝ օգոստոս 19–ին, Խորհրդային Միութեան նախագահը Միխայիլ Կորպաչով ձերբակալուեցաւ, մինչ արձակուրդի մէջ էր Եալթայի մօտ։ Համաժողով ընելու արտօնութիւնը չեղեալ եղաւ։ Պատուիրակները սկսան հեռաձայնել համաժողովի գրասենեակը՝ հարց տալով. «Ի՞նչ ընենք փոխադրամիջոցներու մեր ըրած վերապահումին»։ Ջերմեռանդ աղօթքներ մատուցանելէ ետք, համաժողովի պատասխանատուները անոնց ըսին. «Եկէ՛ք»։

Թէ՛ պատրաստութիւնները եւ թէ աղօթքները շարունակուեցան։ Փոխադրամիջոցի բաժանմունքը սկսաւ պատուիրակները ընդունիլ, որոնք Խորհրդային Միութեան բազմաթիւ շրջաններէն կու գային, եւ զանոնք իրենց որոշուած բնակարանները տանիլ։ Ամէն առաւօտ, Համաժողովի յանձնախումբին անդամները կը տեսակցէին քաղաքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ։ Եւ ամէն գիշեր ժխտական պատասխաններով կը վերադառնային։

ՄԵՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՒԻՆ

Համաժողովէն երկու օր առաջ, հինգշաբթի օգոստոս 22–ին, Համաժողովի յանձնախումբի անդամները ուրախ լուրով վերադարձան. համաժողով ընելու արտօնութիւն ստացանք։ Շաբաթ օրը երբ բացման երգը երգեցինք եւ բացման աղօթքը ըրինք, անսահմանօրէն ուրախացանք։ Իսկ յայտագիրը ամբողջանալէ ետք, մինչեւ ուշ ժամանակ մնացինք, խօսելով եւ բարեկամութիւններ վերահաստատելով։ Ահաւասի՛կ շրջապատուած էինք զօրաւոր հաւատքի տէր քրիստոնեաներով, որոնք ամէնէն դժուար պարագաներուն ներքեւ անխախտ մնացած էին։

1991–ի համաժողովը, Օտեսա

Այդ համաժողովին յաջորդող աւելի քան 22 տարիներուն ընթացքին, հոգեւոր հսկայ աճում մը եղաւ. Թագաւորութեան սրահներ կառուցուեցան ամբողջ Ուքրանիոյ տարածքին եւ հրատարակիչներուն թիւը բարձրացաւ 25,000–էն 1991–ին, աւելի քան 150,000–ի ներկայիս։

ՏԱԿԱՒԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՀԱՐՈՒՍՏ ԵՆՔ

Մեր ընտանիքը դեռ կ’ապրի այն նոյն տան մէջ Ժէնքօյ քաղաքը, որ այժմ շուրջ 40,000 բնակիչներ ունի։ Թէեւ միայն քանի մը Վկայ ընտանիքներ կային երբ Սիպերիայէն եկանք 1968–ին, բայց ներկայիս Ժէնքօյի մէջ վեց ժողովքներ կան։

Ընտանիքս ալ բազմացաւ։ Այժմ չորս սերունդ Եհովային կը ծառայէ. մեր զաւակները, մեր թոռները եւ մեր թոռներուն զաւակները։