Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 27

Եհովայի կողմը դիրք բռնէ

Եհովայի կողմը դիրք բռնէ

(Ելից 32։26)

1. Սուտ կրօնքի բաժակէն խմելով՝

մենք շատ ծարաւ էինք, լի խռովքով։

Բայց բարի լուրը սրտանց լսելով՝

մենք լեցուեցանք մեծ յոյսով։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Բերկրալի Աստուծոյ

կողմը դիրք բռնէ։

Դուն քալէ իր լոյսով.

ան քեզ չի լքեր։

Եւ լուրն ազատութեան

միշտ ծանուցանէ.

Հօր Թագաւորութեան

լոյսը տարածէ։

2. Այժմ կը ցանենք սերմերն ամէնուր,

կը ծառայենք ցնծութեամբ դռնէ դուռ։

Կը յորդորենք եւ կ’օգնենք իրարու,

Հօր անունը կը գովենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Բերկրալի Աստուծոյ

կողմը դիրք բռնէ։

Դուն քալէ իր լոյսով.

ան քեզ չի լքեր։

Եւ լուրն ազատութեան

միշտ ծանուցանէ.

Հօր Թագաւորութեան

լոյսը տարածէ։

3. Եահին վստահինք, ըլլանք համարձակ,

ի՛նչ ալ ընէ Բանսարկուն սանձարձակ։

Եահը կ’օգնէ իր ուժով բացարձակ,

սիրով մեզ կը պաշտպանէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Բերկրալի Աստուծոյ

կողմը դիրք բռնէ։

Դուն քալէ իր լոյսով.

ան քեզ չի լքեր։

Եւ լուրն ազատութեան

միշտ ծանուցանէ.

Հօր Թագաւորութեան

լոյսը տարածէ։