Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 61

Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ

(Բ. Պետրոս 3։11)

1. Ի՞նչ բան նուիրեմ, Տէ՛ր, որ հատուցանեմ.

բարիքներուդ համար շատ շնորհակալ եմ։

Գրաւոր Խօսքիդ միջոցով զիս կը քննեմ։

Օգնէ՛ որ տեսնեմ՝ ինչպիսին եմ, կը խնդրեմ։

Կեանքս քեզի սրտանց՝ ես նուիրած եմ.

ազատ կամքովս է որ այդ քայլն առած եմ։

Սրտանց մղուած եմ որ քեզի ծառայեմ

եւ քու սիրտդ, Հա՛յր, միշտ ուրախացնեմ։

2. Օգնէ որ քննեմ ու տեսնեմ՝ ո՛վ եմ ես,

թէ ի՜նչպիսի անձ մը կ’ուզես որ ըլլամ ես։

Ուղղամիտները գանձի պէս կը պահպանես.

թող ես ալ ըլլամ անոնց մէջ, հաճեցնեմ քեզ։