Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 88

Յովհաննէս Յիսուսը կը մկրտէ

Յովհաննէս Յիսուսը կը մկրտէ

ՆԱՅԵՑԷՔ, աղաւնին կ’իջնէ մարդուն գլխուն վրայ։ Այս մարդը Յիսուսն է։ Ան շուրջ 30 տարեկան է հիմա։ Իսկ իրեն հետ եղող մարդը Յովհաննէսն է։ Արդէն իր մասին որոշ բաներ սորվեցանք։ Կը յիշէ՞ք երբ Մարիամ այցելութեան գնաց իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին եւ անոր արգանդին մէջ եղող մանուկը ցատկեց ուրախութենէն։ Տակաւին այդ չծնած մանուկը Յովհաննէսն էր։ Բայց հիմա Յովհաննէս եւ Յիսուս ի՞նչ կ’ընեն։

Յովհաննէս տակաւին նոր մխրճած է Յիսուսը Յորդանան Գետի ջուրերուն մէջ։ Այսպէս է որ անհատ մը կը մկրտուի։ Նախ, ան կը խորասուզուի ջուրին մէջ եւ ապա վեր կը հանուի։ Քանի որ Յովհաննէս այսպէս կ’ընէ մարդոց, ան կը կոչուի Յովհաննէս Մկրտիչ։ Բայց Յովհաննէս ինչո՞ւ մկրտեց Յիսուսը։

Յովհաննէս Յիսուսը մկրտեց, քանի որ Յիսուս եկաւ եւ Յովհաննէսէ խնդրեց որ զինք մկրտէ։ Յովհաննէս կը մկրտէ այն անհատները որոնք իրենց ըրած չար բաներուն համար կ’ուզեն զղջում ցոյց տալ։ Բայց արդեօք Յիսուս չար բան մը ըրա՞ւ, որու համար պէտք էր զղջար։ Ո՛չ, Յիսուս բնաւ չարութիւն չըրաւ, քանի որ ան երկնքէն եկած Աստուծոյ Որդին է։ Ուստի ան Յովհաննէսէն խնդրեց որ զինք մկրտէ ուրիշ պատճառով։ Տեսնենք թէ ի՛նչ էր այդ պատճառը։

Յիսուս Յովհաննէսի քով գալէն առաջ, ան ատաղձագործ մըն էր։ Ատաղձագործ մը փայտէ իրեր շինող մըն է, ինչպէս սեղաններ, աթոռներ եւ նստարաններ։ Մարիամի ամուսինը՝ Յովսէփ ատաղձագործ մըն էր եւ ան Յիսուսի ալ սորվեցուց իր արհեստը։ Բայց Եհովա իր Որդին երկիր չղրկեց ատաղձագործ մը ըլլալու համար։ Ան կատարելիք մասնաւոր գործ մը ունէր եւ հիմա ժամանակը եկած է որ Յիսուս սկսի զանիկա կատարել։ Ուստի ցոյց տալու համար որ եկած է հիմա իր Հօր կամքը ընելու, Յիսուս կը խնդրէ Յովհաննէսէ որ զինք մկրտէ։ Աստուած կը հաւնի՞ այս քայլը։

Այո, կը հաւնի, քանի որ Յիսուս ջուրէն դուրս գալէն ետք, երկնքէն ձայն մը կ’ըսէ. ‘Ասիկա իմ Որդիս է, որուն կը հաւնիմ’։ Նաեւ, այնպէս կը թուի թէ երկինքը կը բացուի եւ այս աղաւնին կ’իջնէ Յիսուսի վրայ։ Բայց ասիկա իրական աղաւնի մը չէ։ Անիկա միայն աղաւնիի մը կը նմանի, բայց իրապէս Աստուծոյ սուրբ հոգին է։

Արդ Յիսուս խորհելիք շատ բան ունի։ Ուստի ան առանձին տեղ մը կ’երթայ 40 օր։ Հոն Սատանան իրեն կը մօտենայ եւ երեք անգամ Յիսուսը կը փորձէ որ Աստուծոյ օրէնքներուն հակառակ բան մը ընէ։ Բայց Յիսուս անոր մտիկ չըներ։

Անկէ ետք, Յիսուս կը վերադառնայ եւ կը հանդիպի կարգ մը մարդոց որոնք իր առաջին հետեւորդները կամ աշակերտները կ’ըլլան։ Անոնցմէ ոմանց անուններն են՝ Անդրէաս, Պետրոս (որ նաեւ կը կոչուի Սիմոն), Փիլիպպոս եւ Նաթանայէլ (որ նաեւ կը կոչուի Բարթողիմէոս)։ Յիսուս եւ այս նոր աշակերտները կ’երթան Գալիլիոյ նահանգը։ Գալիլիոյ մէջ անոնք Նաթանայէլի ծննդավայրը Կանա կը կենան։ Հոն Յիսուս մեծ հարսանեկան խնճոյքի մը ներկայ կ’ըլլայ եւ կը կատարէ իր առաջին հրաշքը։ Գիտէ՞ք ինչ է իր առաջին հրաշքը։ Ան ջուրը գինիի կը վերածէ։