Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 10

Հսկայ Ջրհեղեղը

Հսկայ Ջրհեղեղը

ՏԱՊԱՆԷՆ դուրս, մարդիկ իրենց բնականոն կեանքը կը շարունակէին։ Անոնք տակաւին չէին հաւատար որ Ջրհեղեղ մը տեղի պիտի ունենար։ Հաւանաբար, սկսան շատ աւելի խնդալ եւ ծաղրել, սակայն անոնց խնդուքը շուտով խեղդուեցաւ։

Յանկարծ սկսաւ անձրեւել։ Երկինքէն ջուր կը տեղար, կարծես թէ դոյլով կը թափուէր ջուրը։ Նոյ շիտակ խօսած էր։ Սակայն ոեւէ մէկու մը համար այլեւս շատ ուշ էր տապան մտնել։ Դուռը ամուր գոցուած էր Եհովայի կողմէ։

Անմիջապէս գետինը ջուրով ծածկուեցաւ։ Ջուրերը, հսկայ գետերու նման, իրենց ճամբուն վրայ խլեցին ծառերը, տապալեցին հսկայ քարերը եւ ահռելի աղմուկ հանեցին։ Մարդիկ վախի մէջ էին։ Անոնք աւելի բարձր տեղեր մագլցեցան։ Այո, հիմա որքա՜ն կը զղջային որ նախապէս Նոյի մտիկ ըրած եւ տապան մտած չէին, երբ տակաւին անոր դուռը բաց էր իրենց առջեւ։ Բայց այլեւս շա՜տ ուշ էր։

Ջուրը երթալով աւելի կը բարձրանար։ 40 օր եւ 40 գիշեր երկինքէն ջուր տեղաց։ Ջուրը բարձրացաւ մինչեւ լեռներուն լանջքերը եւ ապա ծածկեց նոյնիսկ ամենէն բարձր լեռները։ Ուստի, ինչպէս Աստուած ըսած էր, տապանէն դուրս եղող բոլոր մարդիկը եւ անասունները մեռան։ Բայց տապանէն ներս եղողները՝ փրկուեցան։

Նոյ եւ իր որդիները լաւ կերպով շինած էին տապանը։ Ջուրը զանիկա վեր բարձրացուց եւ ան ջուրերուն վրայ սկսաւ ծփալ։ Ապա օր մը, անձրեւը դադրելէ ետք, արեւը սկսաւ շողալ։ Ի՜նչ փառաշուք տեսարան մըն էր։ Ամենուրէք ովկիանոս մըն էր։ Միակ բանը որ կը տեսնուէր՝ ծփացող տապանն էր։

Հսկաները կորսուեցան։ Այլեւս անոնք չէին կրնար մարդոց վնասել։ Բոլորն ալ մեռած էին իրենց մայրերուն եւ մնացեալ չար մարդոց հետ։ Բայց անոնց հայրերը ի՞նչ եղան։

Հսկաներուն հայրերը իրապէս մեզի նման մարդկայիններ չէին։ Անոնք հրեշտակներ էին, որոնք երկրի վրայ եկած էին որպէս մարդ բնակելու համար։ Ուստի երբ Ջրհեղեղը եկաւ, անոնք մնացեալ մարդոց պէս չմեռան։ Անոնք իրենց հագած մարդկային մարմինները գործածելէ դադրեցան եւ երկինք վերադարձան որպէս հրեշտակներ։ Բայց այլեւս անոնց թոյլ չտրուեցաւ որ Աստուծոյ հրեշտակային ընտանիքին մաս կազմեն։ Ուստի անոնք Սատանայի հրեշտակները եղան։ Աստուածաշունչին մէջ անոնք դեւեր կոչուած են։

Աստուած այնպէս ըրաւ որ հով մը փչէ եւ ջրհեղեղի ջուրերը սկսան նուազիլ։ Հինգ ամիս ետք, տապանը լերան մը գագաթը հանգչեցաւ։ Շատ օրեր անցան եւ վերջապէս տապանին մէջ եղողները սկսան տեսնել լեռներուն գագաթները։ Ջուրերը երթալով կը շարունակէին նուազիլ։

Յետոյ Նոյ ագռաւ կոչուող սեւ թռչուն մը արձակեց տապանէն դուրս։ Թռչունը թռաւ եւ սակայն ժամանակ մը ետք տապան վերադարձաւ, քանի որ թառելու տեղ մը գտած չէր։ Նոյ շարունակեց արձակել թռչունը, սակայն ան ամէն անգամ կը վերադառնար եւ տապանին վրայ կը հանգչէր։

Նոյ կ’ուզէր գիտնալ թէ ջուրերը ցամքա՞ծ էին թէ ոչ, ուստի այս անգամ աղաւնի մը արձակեց։ Բայց աղաւնին ալ վերադարձաւ, քանի որ կենալիք տեղ մը չէր գտած։ Նոյ երկրորդ անգամ արձակեց զայն եւ այս անգամ ան վերադարձաւ իր կտուցին մէջ ձիթենիի տերեւով մը։ Ուստի Նոյ հասկցաւ որ ջուրերը ցամքած էին։ Նոյ երրորդ անգամ արձակեց աղաւնին եւ ան ցամաք տեղ մը գտնելով ալ չվերադարձաւ։

Արդ Աստուած խօսեցաւ Նոյի։ Ան ըսաւ. ‘Տապանէն դուրս ելիր։ Քեզի հետ առ քու բոլոր ընտանիքդ եւ անասունները’։ Անոնք տապանին մէջ մնացած էին տարիէ մը աւելի։ Ուստի կրնանք երեւակայել թէ որքա՜ն ուրախ էին ողջ եւ առողջ տապանէն դուրս գալով։