Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 75

Չորս երիտասարդներ Բաբելոնի մէջ

Չորս երիտասարդներ Բաբելոնի մէջ

ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ Թագաւոր բոլոր լաւագոյն ուսում ունեցող Իսրայելացիները կը տանի Բաբելոն։ Անկէ ետք, թագաւորը անոնց մէջէն կ’ընտրէ ամենէն վայելուչ եւ խելացի երիտասարդները։ Անոնցմէ չորսը՝ այս պատկերին մէջ կը տեսնէք։ Մէկը Դանիէլն է, իսկ մնացեալ երեքը՝ Բաբելոնացիները կը կոչեն՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով։

Նաբուգոդոնոսոր կը ծրագրէ մարզել երիտասարդները պալատին մէջ ծառայելու համար։ Երեք տարի մարզելէ ետք, անոնց մէջէն ամենէն խելացիները պիտի ընտրէ որպէսզի խնդիրները լուծելու մէջ իրեն օգնեն։ Թագաւորը կ’ուզէ որ տղաքները առողջ եւ զօրաւոր ըլլան իրենց մարզումի շրջանին։ Ուստի ան կը պատուիրէ իր ծառաներուն որ անոնց տրուի իր եւ իր ընտանիքին ճաշակած նոյն սննդարար ուտեստեղէնները եւ գինին։

Երիտասարդ Դանիէլին նայեցէք։ Գիտէ՞ք ան ի՛նչ կ’ըսէ Նաբուգոդոնոսորի ներքինապետին՝ Ասփանէզին։ Դանիէլ անոր կ’ըսէ թէ ինք չուզեր ուտել թագաւորին սեղանին ճոխ ուտելիքներէն։ Բայց Ասփանէզ կը մտահոգուի։ ‘Թագաւորը որոշած է որ դուք անոնցմէ ուտէք եւ խմէք’, կ’ըսէ ան։ ‘Եթէ դուք միւս տղոց պէս առողջ եւ կայտառ չերեւնաք, ան թերեւս զիս սպաննէ’։

Ուստի Դանիէլ կ’երթայ այն տնտեսին քով զոր Ասփանէզ իր եւ իր երեք ընկերներուն վրայ պատասխանատու դրած է։ ‘Հաճիս՝ մեզի 10 օր փորձէ’, կ’ըսէ ան։ ‘Մեզի բանջարեղէն տուր ուտելու եւ ջուր՝ խմելու’։ Յետոյ մեզ բաղդատէ միւս երիտասարդներուն հետ, որոնք թագաւորին կերակուրէն կ’ուտեն եւ տես թէ որո՛նք աւելի առողջ կ’երեւնան’։

Տնտեսը կը համաձայնի այսպէս ընել։ Երբ 10 օրերը կ’անցնին, Դանիէլ եւ իր ընկերները շատ աւելի առողջ երեւոյթ մը ունին քան միւս երիտասարդները։ Ուստի տնտեսը թոյլ կու տայ որ փոխանակ թագաւորին կերակուրէն ուտելու, անոնք շարունակեն բանջարեղէն ուտել։

Երեք տարի վերջ, բոլոր երիտասարդները Նաբուգոդոնոսորին կը տարուին։ Անոնց հետ խօսելէ ետք, թագաւորը անոնց մէջէն ամենէն խելացիները՝ Դանիէլը եւ իր երեք ընկերները՝ կ’ընտրէ։ Ուստի զանոնք պալատին մէջ իր քով կը պահէ։ Երբ թագաւորը Դանիէլի, Սեդրաքի, Միսաքի եւ Աբեդնագովի հարցումներ կ’ընէ կամ դժուար հարցեր կու տայ, անոնք իր քահանաներէն ու իմաստուններէն 10 անգամ աւելի լաւ կը գիտնան։