ՍԱՂՄՈՍ 77։1-20

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը 77  Աստուծոյ կ’աղաղակեմ.Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։   Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։   Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։)   Իմ աչքերս արթուն պահեցիր,Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։   Միտքս բերի նախկին օրերը,Հին ժամանակներուն տարիները։   Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս,Իմ սրտիս հետ կը խօսիմՈւ իմ հոգիս ալ կը քննեմ։   «Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։   Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւՈւ իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։   Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ,Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։) 10  Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որԲարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է*»։ 11  Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ.Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։ 12  Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմՈւ քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։ 13  Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։ 14  Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես.Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։ 15  Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։) 16  Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած,Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին,Անդունդներն ալ սարսափեցան։ 17  Ամպերը ջուր թափեցին.Երկինքները ձայն հանեցին.Նետերդ ալ գացին։ 18  Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։ 19  Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ էԵւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ էՈւ քու շաւիղներդ չեն երեւիր։ 20  Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիրՄովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։

Ստորանիշներ

77։10 Կամ, Սակայն Բարձրեալին աջ ձեռքին տարիները պիտի յիշեմ