ՍԱՂՄՈՍ 75։1-10

Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը 75  Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած,Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք,Քու հրաշքներդ կը պատմենք։   Երբ որոշուած ժամանակը գայ,Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։   Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան.Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)   Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարտանաք»Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։   Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։   Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն էԵւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,   Հապա դատաւորը Աստուած է։Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։   Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէԵւ երկրին բոլոր ամբարիշտներըԱնոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։   Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ,Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։ 10  Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին,Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

Ստորանիշներ