ՍԱՂՄՈՍ 33։1-22

33  Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք։Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել։   Գովեցէ՛ք Տէրը քնարով։Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէ՛ք անոր։   Նոր երգ մը երգեցէ՛ք անոր,Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք ցնծութեան ձայնով,   Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ էՈւ անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։   Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է։   Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւՈւ իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։   Ծովուն ջուրերը դէզի մը պէս* կը հաւաքէ,Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։   Ամէն երկիր թող Տէրոջմէն վախնայՈւ անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։   Վասն զի անիկա ըսաւ ու եղաւ։Ինք հրամայեց ու հաստատուեցաւ։ 10  Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները,Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։ 11  Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայՈւ անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ 12  Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն էՈւ այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։ 13  Տէրը երկնքէն կը նայիԵւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։ 14  Իր բնակութեանը տեղէնԱշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։ 15  Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։ 16  Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնով չ’ազատիր,Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։ 17  Ձին ազատութեան համար պարապ բան էՈւ իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։ 18  Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներունՈւ իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է, 19  Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելուԵւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։ 20  Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է, 21  Վասն զի մեր սրտերը անով կ’ուրախանան,Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։ 22  Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ,Ինչպէս քեզի կը յուսանք։

Ստորանիշներ

33։6 Կամ, որպէս թէ տիկի մը մէջ