Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԷ ԿԸ ՓՐԿԷ

Ինչո՛ւ պէտք ունինք փրկուելու

Ինչո՛ւ պէտք ունինք փրկուելու

«Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է։ Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար» (Յոբ 14։1, 2

Վաղեմի օրերէն ի վեր, մարդիկ երազած են ապրիլ երիտասարդ, առողջ եւ յաւիտեան։ Բայց ցաւօք սրտի, իրողութիւնը այս է. մենք մահկանացու ենք։ Վերոնշեալ Յոբի խօսքերը, որոնց վրայ աւելի քան երեք հազար տարի անցած է, տակաւին ճշմարիտ են։

Անվերջ կեանք մը ունենալու փափաքը համատարած է եւ շատ ուժգին։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ Աստուած մեր մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրած է (Ժողովող 3։11)։ Հետեւաբար, ըստ քեզի, տրամաբանակա՞ն է որ սիրալիր Աստուած մը մեր մէջ դնէ տենչ մը, որուն հասնիլը անկարելի է։ Եթէ պատասխանդ ոչ է, ուրեմն ճիշդ ես։ Աստուածաշունչը մահը թշնամի կը կոչէ եւ կը խոստանայ որ մահը «պիտի խափանուի» (Ա. Կորնթացիս 15։26

Չկայ ողջամիտ անհատ մը, որ մահուան թշնամի ըլլալուն վրայ կասկածի։ Երբ վտանգ մը կը տեսնենք, կը պահուըտինք կամ կը փախչինք։ Երբ կը հիւանդանանք, առողջանալու կերպեր կը փնտռենք։ Մեր ձեռքէն եկածը կ’ընենք խոյս տալու որեւէ բանէ, որ կրնայ մահ պատճառել։

Որեւէ պատճառ կա՞յ հաւատալու, թէ այս հի՜ն թշնամին պիտի խափանուի։ Այո՛, կայ։ Արարիչը՝ Եհովա Աստուած, մարդ արարածը չստեղծեց որ միայն քանի մը տարի ապրի ու ետքը մեռնի։ Մարդկային մահը Աստուծոյ բուն նպատակին մէկ մասը չէր։ Ան մտադրեց որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին. եւ Աստուած ի՛նչ որ նպատակադրէ, կը կատարէ (Եսայի 55։11

Ուստի մահը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։ Պատմութեան բոլոր էջերուն մէջ, մարդ արարածը պայքարած է մահուան խնդիրը լուծելու, բայց որեւէ յաջողութիւն չէ գտած։ Պայքարը տակաւին կը շարունակուի։ Գիտնականներ հնարած են պատուաստներ եւ դեղեր, որոնց շնորհիւ յաղթահարած են կարգ մը հիւանդութիւններ։ Անոնք ապրող էակներու ծինային կառոյցը զննած են։ Կան շատ մը վայրեր, ուր այժմ մարդիկ միջին հաշուով աւելի երկար կ’ապրին քան հարիւր տարի առաջ։ Այսուհանդերձ, մահը տակաւին կ’իշխէ։ Աստուածաշունչի ըսածին պէս, «ամէն բան հող պիտի դառնայ» (Ժողովող 3։20

Ուրախ լուրը այն է, որ հարկ չունինք այս երկարատեւ խնդրի լուծման համար մարդկային հնարամտութեան ապաւինելու։ Եհովա Աստուած արդէն կարգադրութիւն մը ըրած է, որ մահէն փրկուինք կամ ազատուինք. եւ այդ կարգադրութեան գլխաւոր դերակատարը Յիսուս Քրիստոսն է։