Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԷ ԿԸ ՓՐԿԷ

Յիսուսի մահն ու յարութիւնը ի՛նչ կրնան նշանակել քեզի համար

Յիսուսի մահն ու յարութիւնը ի՛նչ կրնան նշանակել քեզի համար

«Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք» (Գործք 16։31

Այս յիշարժան խօսքերը Պօղոս առաքեալի եւ Շիղայի կողմէ ուղղուած էին մակեդոնական Փիլիպպէ քաղաքի մէկ բանտապահին։ Անոնք ի՞նչ ըսել ուզեցին։ Որպէսզի հասկնանք թէ Յիսուսին հաւատալը ինչպէ՛ս կապուած է մահուընէ փրկուելուն հետ, նախ պէտք է գիտնանք թէ ինչո՛ւ կը մեռնինք։ Նկատի առ ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։

Մարդը չէ ստեղծուած մահանալու։

«Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ։ Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. ‘Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս’» (Ծննդոց 2։15-17

Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը, դրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ,– անասուններով եւ գեղեցիկ բուսականութեամբ լի երկրային դրախտ մը։ Կային պտղատու ծառեր, որոնցմէ Ադամ կրնար ազատօրէն ուտել։ Բայց Եհովա Աստուած յատկապէս նշեց ծառ մը, եւ Ադամին ըսաւ որ անկէ չուտէ, զգուշացնելով որ եթէ ուտէ, պիտի մեռնի։

Ադամ այդ պատուէրը հասկցա՞ւ։ Ան գիտէր թէ մահը ի՛նչ է. անասուններուն մահը տեսած էր։ Եթէ Ադամ ստեղծուած ըլլար ատեն մը ետք մահանալու, ուրեմն Աստուծոյ ազդարարութիւնը իմաստ մը պիտի չունենար։ Բայց Ադամ ըմբռնեց, որ եթէ Աստուծոյ մտիկ ընելով այդ ծառէն չուտէր, յաւիտեան պիտի ապրէր,– պիտի չմեռնէր։

Ոմանք կը խորհին թէ ծառին պտուղը սեռային յարաբերութիւնը կը խորհրդանշէր։ Բայց ասիկա չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ Եհովա Ադամին եւ անոր կնոջ՝ Եւային, այս պատուէրը տուաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28)։ Խօսքը իսկական ծառի մը մասին էր։ Աստուած զայն «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ» կոչեց, որովհետեւ ծառը կը խորհրդանշէր իր իրաւունքը՝ բարին ու չարը որոշելու մարդոց համար։ Եթէ Ադամ այդ ծառին պտուղէն չուտէր, ոչ միայն հնազանդած պիտի ըլլար, այլեւ՝ գնահատած պիտի ըլլար այն Անձը, որ զինք ստեղծեց եւ առատապէս օրհնեց։

Ադամ մեռաւ, քանի որ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ

«[Աստուած] Ադամին ըսաւ. ‘Որովհետեւ դուն. . . այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի. . . երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս’» (Ծննդոց 3։17, 19

Ադամ իրեն արգիլուած ծառէն կերաւ։ Անհնազանդութեան այդ արարքը շատ լուրջ էր։ Ըմբոստութի՛ւն էր, ակնյայտ արհամարհանք այն բոլոր բարիքներուն նկատմամբ, որ Եհովան տուած էր իրեն։ Այդ պտուղէն ուտելով, Ադամ մերժեց Եհովան, բռնելով անկախութեան ուղի մը, որ աղէտալի հետեւանքներ պիտի բերէր։

Ինչպէս որ Եհովա Աստուած կանխաւ նշած էր, Ադամ ի վերջոյ մեռաւ։ Արարիչը զինք ‘գետնին հողէն շինած էր’ եւ անոր ըսած էր որ ‘գետինը պիտի դառնար’։ Ադամ իր մահէն ետք չշարունակեց ուրիշ մարմնի կամ ոլորտի մը մէջ ապրիլ։ Ան նոյնքան անկենդան եղաւ, որքան այն հողը, որմէ ստեղծուեցաւ (Ծննդոց 2։7. Ժողովող 9։5, 10

Մենք կը մեռնինք, որովհետեւ Ադամէն եկած ենք։

«Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12

Ադամին անհնազանդութիւնը, կամ մեղքը, հեռահաս հետեւանքներ ունեցաւ։ Երբ Ադամ մեղանչեց, ոչ թէ սովորական 70 կամ 80 ամեայ կեանք մը կորսնցուց, հապա՝ յաւիտենական կեանք։ Ան նաեւ իր կատարելութիւնը կորսնցուց, իր սերունդին միմիայն անկատարութիւն փոխանցելով։

Բոլորս ալ Ադամէն սերած ենք։ Առանց մեր ուզելուն, իրմէ ժառանգած ենք անկատար մարմին մը, որ ենթակայ է մեղքի ու մահուան։ Պօղոս առաքեալ մեր վիճակը յստակօրէն նկարագրեց, ըսելով. «Ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։ Ապա, առաքեալը ինքն իր հարցումին պատասխանեց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 7։14, 24, 25

Յիսուս իր կեանքը զոհեց, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ։

«Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու» (Ա. Յովհաննէս 4։14

Եհովա Աստուած մեզ մեղքին ազդեցութենէն եւ յաւերժական մահէն ազատելու միջոց մը կարգադրեց։ Ինչպէ՞ս։ Ան երկինքէն իր սիրելի Որդին ղրկեց երկիր, որ ծնի իբրեւ կատարեալ մարդ, Ադամին նման։ Բայց ի տարբերութիւն Ադամի, Յիսուս «մեղք չգործեց» (Ա. Պետրոս 2։22)։ Կատարեալ ըլլալով, ան մահուան ազդեցութեան ներքեւ չէր եւ կրնար յաւիտեան ապրիլ որպէս կատարեալ մարդ։

Բայց Եհովան թոյլատրեց որ Յիսուսին թշնամիները զինք սպաննեն։ Երեք օր ետք, Եհովա Աստուած Յիսուսը հոգեղէն մարմնով յարուցանեց, որպէսզի ան կարենար ժամանակ մը ետք երկինք վերադառնալ։ Երբ վերադարձաւ, ան իր կատարեալ մարդկային կեանքին արժէքը Աստուծոյ ներկայացուց, որպէսզի փրկագնէր ինչ որ Ադամ եւ հետեւաբար անոր սերունդը կորսնցուցած էին։ Եհովան այդ զոհաբերութիւնը ընդունեց, յաւիտենական կեանքը կարելի դարձնելով բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Յիսուսին (Հռովմայեցիս 3։23, 24. Ա. Յովհաննէս 2։2

Այսպէս, Յիսուս Ադամին կորսնցուցածին փոխարէն փրկագին մը վճարեց, մեզի համար մահ ճաշակեց, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յիսուս. . . մահուան չարչարանքը յանձն առ[աւ]. . . որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով բոլոր մարդոց փոխարէն մահը ճաշակէ» (Եբրայեցիս 2։9, ՆԹ

Այս կարգադրութիւնը շատ բան կը յայտնէ Աստուծոյ մասին։ Քանի որ Եհովա Աստուած արդարութեան բարձր չափանիշ ունի, անկարելի էր որ անկատար մարդ մը ինքզինք փրկագնէր։ Սակայն, Եհովայի սէրն ու ողորմութիւնը զինք մղեցին, որ իր իսկ պահանջներուն գոհացում տալու համար չափազանց սուղ գին մը վճարէ, փրկագին հայթայթելու համար իր իսկ Որդին զոհելով (Հռովմայեցիս 5։6-9ա

Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ. ուրիշներ ալ պիտի յարուցանուին։

«Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 15։20-22

Կասկած չկայ որ Յիսուս ապրեցաւ ու մեռաւ. բայց ի՞նչ փաստ կայ որ ան յարութիւն առաւ։ Ամէնէն մեծ փաստերէն մէկն է, որ Յիսուս իր յարութենէն ետք շատերուն երեւցաւ տարբեր առիթներով եւ զանազան տեղեր։ Օր մը, ան աւելի քան 500 հոգիի երեւցաւ։ Պօղոս առաքեալ այս մասին տեղեկագրեց կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, եւ նշեց որ այդ ականատեսներէն ոմանք տակաւին կ’ապրէին, հասկցնելով որ կրնային իրենց տեսածին ու լսածին մասին վկայել (Ա. Կորնթացիս 15։3-8

Յատկանշական է որ երբ Պօղոս գրեց թէ Քրիստոս յարութիւն առնողներուն «առաջին պտուղն» է, ըսել ուզեց որ ուրիշներ ալ յետագային պիտի յարուցանուէին։ Նոյնինքն Յիսուս ըսաւ, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները. . . դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29

Յաւիտեան ապրելու համար, պէտք է հաւատա՛նք Յիսուսին։

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16

Աստուածաշունչին առաջին էջերը կը խօսին ժամանակի մը մասին, երբ մահը գոյացաւ եւ մարդ արարածը Դրախտը կորսնցուց։ Իսկ վերջին էջերուն մէջ կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ մահը պիտի խափանուի եւ Աստուած երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ։ Այդ ատեն, մարդիկ պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ երջանիկ եւ արդիւնաբեր կեանք մը։ Յայտնութիւն 21։4–ը կ’ըսէ. «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։ Այդ խոստումը հաստատելու համար, 5–րդ համարը կ’ըսէ. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Եհովա Աստուած լիովին կրնա՛յ կատարել ինչ որ կը խոստանայ։

Կը հաւատա՞ս որ «այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Եթէ Յիսուս Քրիստոսին մասին աւելին գիտնաս եւ հաւատաս իրեն, Եհովա Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի շահիս։ Դուն ոչ միայն իր ճոխ օրհնութիւնները պիտի վայելես հիմա, այլեւ՝ յոյսը պիտի ունենաս յաւիտեան ապրելու երկրային Դրախտին մէջ, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։