Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Աստուածաշունչը ի՞նչ իմաստով կը գործածէ «ներքինի» բառը։

Ասուրական ցայտաքանդակ, որ ցոյց կու տայ ներքինի մը

Այս բառը երբեմն կրնայ ակնարկել տղամարդու մը, որ ներքինացման ենթարկուած էր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, տղամարդոցմէ ոմանք ներքինացման կ’ենթարկուէին որպէս պատիժ, կամ երբ կը բռնուէին կամ գերի կը տարուէին։ Վստահելի տղամարդիկ, որոնք ներքինացուած էին, արքունական ընտանիքներու մէջ կանանոցներուն վրայ կը վերահսկէին։ Օրինակ, Հեգէ եւ Սաասգազ ներքինիները վերակացութիւն ըրին պարսիկ Ասուերոս (ենթադրեալ Քսերքսես Ա.) թագաւորին կիներուն ու հարճերուն (Եսթեր 2։3, 14

Բայց իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բոլոր «ներքինի» կոչուածները ներքինացուած չէին։ Կարգ մը ուսումնականներ կ’ըսեն, թէ այս արտայայտութիւնը աւելի ընդարձակ իմաստով ալ կը գործածուէր, ակնարկելու համար պաշտօնեայի մը, որուն պարտականութիւններ նշանակուած կ’ըլլային թագաւորին պալատին մէջ։ Այնպէս կը թուի թէ այս էր պարագան Աբդեմելէքին՝ Երեմիայի ընկերակիցին, եւ անանուն եթովպիացիին, որուն Փիլիպպոս աւետարանիչը քարոզեց։ Աբդեմելէք բացայայտօրէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն էր, քանի որ Սեդեկիա թագաւորին հետ կրնար ուղղակի հաղորդակցիլ (Երեմիա 38։7, 8)։ Իսկ եթովպիացին կը նկարագրուի որպէս արքունական գանձապահ, որ «Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու» (Գործք 8։27

Աստուածաշունչի օրերուն հովիւները ինչո՞ւ ոչխարները այծերէն կը զատէին։

Երբ դատաստանի ժամանակը կը նկարագրէր, Յիսուս ըսաւ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ. . . բոլոր ազգերը. . . իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ» (Մատթէոս 25։​31, 32)։ Հովիւները ինչո՞ւ այս անասունները իրարմէ կը զատէին։

Սովորաբար, ոչխարներն ու այծերը միասին կ’արածուէին, իսկ գիշերը հովիւները զանոնք կը հաւաքէին փակ փարախներու մէջ, որպէսզի գիշատիչ անասուններէ, գողերէ եւ պաղէն պաշտպանուէին (Ծննդոց 30։​32, 33. 31։​38-40)։ Ոչխարներն ու այծերը տարբեր փարախներու մէջ կը դրուէին, որպէսզի ոչխարները՝ մասնաւորաբար մաքիներն ու գառնուկները, պաշտպանուէին բնոյթով աւելի կռուազան եղող այծերէն։ Հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէր նաեւ երբ անոնք «կը ծննդաբերէին, կաթ կու տային եւ կը խուզուէին», կ’ըսէ գիրք մը (All Things in the Bible)։ Ուրեմն դատաստանի ժամանակը լուսաբանելու ատեն, Յիսուս մէջբերեց իսրայէլացիներուն առօրեայ կեանքէն առնուած վառ օրինակներ։