Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսիննե՛ր, ձեր տունը ապահով միջավայր դարձուցէք

Ամուսիննե՛ր, ձեր տունը ապահով միջավայր դարձուցէք

ԱՄՈՒՍԻՆ մը իր կնոջ ինչպիսի՞ ապահովութիւն պէտք է հայթայթէ։ Շատեր մեծցած են հաւատալով որ ամուսինի մը գլխաւոր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ իր ընտանիքին նիւթական ապահովութիւն տալ։ Սակայն, կիներէն ոմանք, որոնք նիւթական լաւ պայմաններ ունին, տակաւին զգացականօրէն անապահով կը զգան,– նոյնիսկ կը սարսափին։ Օրինակ, Ռոզա անունով սպանացի կին մը իր ամուսինին մասին կ’ըսէ. «Տունէն դուրս մարդոց հետ շատ սիրալիր էր, բայց տան մէջ կոշտ ամուսին մըն էր»։ Ճոյ, որ Նիկերիայէն է, կ’ըսէ. «Երբ ամուսինիս հետ տարակարծիք ըլլամ, ինծի կ’ըսէ. ‘Պէտք է ըսածս ընե՛ս, քանի որ ես ամուսինդ եմ’»։

Տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր դերը որպէս ամուսին սիրալիր կերպով կատարել։ Ամուսինէ մը ի՞նչ կը պահանջուի, որպէսզի կարենայ իր տունը կնոջ համար ապահով եւ հանգիստ միջավայր մը դարձնել (Հռութ 1։9

ԱՄՈՒՍԻՆԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՛ՆՉ Կ’ԸՍԷ

Թէեւ ամուսինն ու կինը Աստուծոյ աչքին հաւասար են, բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր կողակից տարբեր դեր ունի ընտանիքէն ներս։ Հռովմայեցիս 7։2–ը կը նշէ թէ ամուսնացած կին մը իր «էրկանը կապուած է օրէնքով»։ Ճիշդ ինչպէս որ շատ մը հաստատութիւններ կը նշանակեն վերակացու մը, որ իրենց գործունէութիւններուն հոգ տանի, նոյնպէս ալ Աստուած ամուսինը նշանակած է որպէս իր կնոջ գլուխը (Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Ամուսիններ պէտք է իրենց ընտանիքին առաջնորդութիւնը առնեն։

Ամուսիննե՛ր, ձեր աստուածատուր հեղինակութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է ի գործ դնէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին» (Եփեսացիս 5։25)։ Ճիշդ է որ Յիսուս բնաւ չամուսնացաւ, բայց իր օրինակը կրնայ ձեզի օգնել որ լաւ ամուսիններ դառնաք։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸՆ Է

Յիսուս ջանաց ուրիշները թարմացնել եւ անոնց բեռը թեթեւցնել։ Յիսուս բոլոր ընկճուածներուն եւ անձնական խնդիրներով ծանրաբեռնուածներուն խոստացաւ. «Եկէ՛ք ինծի. . . եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (Մատթէոս 11։28, 29)։ Ան յաճախ իրենց ֆիզիքական տառապանքը մեղմացուց եւ իրենց օգնեց որ Եհովային մօտենան։ Զարմանալի չէ որ շատեր Յիսուսի մօտիկ զգացին, քանի որ վստահ էին որ ան իրենց բեռը պիտի թեթեւցնէր։

Ամուսինները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ Կնոջդ բեռը թեթեւցնելու կերպեր փնտռէ։ Շատ մը կիներ Ռոզայի նման կը զգան, որ ցաւով արտայայտուեցաւ. «Ես ամուսինիս սպասուհին դարձեր էի»։ Ասոր հակառակը, Քուեքու անունով տղամարդ մը, որ յաջող ամուսնութիւն մը ունի, կ’ըսէ. «Յաճախ կնոջս կը հարցնեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ իր բեռը թեթեւցնել։ Քանի՛ որ զինք կը սիրեմ, յաճախ նախաձեռնութիւնը կ’առնեմ որ առտնին գործերու մէջ իրեն օգնեմ»։

Յիսուս նկատառու եւ կարեկից էր։ Աղքատ կին մը 12 տարիէ ի վեր առողջապահական լուրջ խնդիրէ մը կը տառապէր։ Երբ ան լսեց թէ Յիսուս հրաշալի զօրութիւն ունի, ըսաւ. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Ան ճիշդ կռահեց։ Յիսուսի մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ անմիջապէս առողջացաւ։ Թէեւ ոմանք հաւանաբար եզրակացուցին որ այս կինը յանդգնօրէն վարուեցաւ, բայց Յիսուս հասկցաւ թէ ան յուսահատ էր *։ Ան ազնուութեամբ կնոջ ըսաւ «Ա՛ղջիկ. . . բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ Ան ոչ միայն զինք նեղ կացութեան չմատնեց եւ չյանդիմանեց, այլեւ՝ իր առողջապահական պարագան հասկցաւ։ Այսպիսով ան ցոյց տուաւ թէ կարեկից տղամարդ մըն էր (Մարկոս 5։25-34

Ամուսինները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ Երբ կինդ լաւ չզգայ, աւելի նկատառու եւ համբերող եղիր։ Փորձէ հարցերը իր տեսանկիւնէն դիտել եւ իր հակազդեցութիւնը հասկնալ։ Օրինակ, Ռիքարտոն կը բացատրէ. «Երբ նկատեմ թէ կինս դիւրաւ կը ջղագրգռուի, շատ ջանք կը թափեմ որ չըսեմ խօսքեր, որոնք զինք ա՛լ աւելի կ’անհանգստացնեն»։

Յիսուս իր աշակերտներուն հետ հաղորդակցեցաւ։ Յիսուս շատ յաճախ կը խօսակցէր իր բարեկամներուն հետ։ «Այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի», ըսաւ ան (Յովհաննէս 15։15)։ Ճիշդ է որ Յիսուս երբեմն խորհրդածելու եւ աղօթելու համար կ’ուզէր առանձնանալ, բայց շատ յաճախ իր ամէնէն խոր զգացումները բաժնեց իր աշակերտներուն հետ։ Որպէս ոճրագործ դատապարտուելէ եւ մահուան մատնուելէ գիշեր մը առաջ, ան անկեղծօրէն ըսաւ անոնց թէ «մեռնելու չափ տրտում է» (Մատթէոս 26։38)։ Նոյնիսկ երբ անոնց արարքները զինք յուսախաբ ըրին, ան բնաւ չդադրեցաւ իր բարեկամներուն հետ խօսակցելէ (Մատթէոս 26։40, 41

Երբ տղամարդ մը Յիսուսի օրինակին վրայ խոկայ, ասիկա իրեն կ’օգնէ որ աւելի լաւ ամուսին մը եւ հայր մը դառնայ

Ամուսինները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել։ Մտածումներդ եւ զգացումներդ կնոջդ յայտնէ։ Կին մը թերեւս գանգատի որ ամուսինը մարդոց հետ դիւրաւ կը խօսակցի, բայց տունը լուռ կը մնայ։ Միւս կողմէ, նկատէ թէ Անա ինչպէս կը զգայ երբ ամուսինը իր մտածումներն ու զգացումները կ’արտայայտէ. «Կը զգամ որ ան զիս իսկապէս կը սիրէ» կ’ըսէ ան, «ինչ որ զիս իրեն աւելի կը մօտեցնէ»։

Լուռ մնալը բնա՛ւ որպէս զէնք մի՛ գործածեր կինդ պատժելու համար։ Կին մը կ’ըսէ. «Անգամ մը, երբ ամուսինս ինձմէ նեղուած էր, օրերո՜վ ինծի հետ չխօսեցաւ։ Աւելի յանցաւոր եւ անարգուած զգացի»։ Միւս կողմէ, Էտուին կը փորձէ Յիսուսը ընդօրինակել։ «Երբ նեղանամ, անմիջապէս չեմ հակազդեր, այլ կը փնտռեմ յարմար ժամանակը՝ որ նստինք եւ խօսինք հարցին մասին»։

Վերոնշեալ Ճոյ իր ամուսինին մէջ փոփոխութիւններ տեսաւ այն օրէն որ ան սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել Եհովայի վկաներուն հետ։ Ճոյ կը պատմէ. «Ան բարելաւուած է եւ շատ ջանք կը թափէ որ սիրալիր ամուսին մը դառնայ՝ Յիսուսը ընդօրինակելով»։ Միլիոնաւոր ամուսնացած զոյգեր աստուածաշնչական միեւնոյն կրթութենէն կ’օգտուին։ Դուն ալ կ’ուզե՞ս օգտուիլ։ Կրնաս Աստուածաշունչի անվճար ուսումնասիրութիւն մը խնդրել Եհովայի վկայէ մը։

^ պարբ. 10 Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, այս կնոջ պարագան զինք կրօնական գետնի վրայ անմաքուր կը դարձնէր. հետեւաբար ան որու որ դպչէր, այդ անհատն ալ անմաքուր կը սեպուէր (Ղեւտացւոց 15։19, 25