Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախահայրերուս որեւէ յոյս կա՞յ

Նախահայրերուս որեւէ յոյս կա՞յ

ԱՏԵՆ մը առաջ, հետաքրքրաշարժ վերնագիր մը երեւցաւ քորէական լրագիրի մը մէջ (The Chosun Ilbo)։ Անիկա հարցում մըն էր՝ «‘Հիանալի Շիմ Չոնկ’, որ Յիսուսի մասին բան մը չէր գիտեր, արդեօք դժոխք գնա՞ց»։

Վերնագիրը գրգռիչ էր, քանի որ Շիմ Չոնկ քորէական պատմուածքի մը մէջ սիրուած երիտասարդուհի մըն է, որ զոհողութիւններ կ’ընէ իր կոյր հօր օգնելու համար։ Տարիներու ընթացքին, ան շատ գովասանքի արժանացած է։ Իրականութեան մէջ, Քորէայի մէջ «Շիմ Չոնկ» անձնազոհ աղջիկ զաւակի տիպարը կը նկատուի։

Շատերու համար, այն գաղափարը թէ այսպիսի անձ մը դժոխքի կրակի մէջ պիտի պատժուէր, պարզապէս քանի որ մկրտուած քրիստոնեայ մը չէր, անարդար եւ նոյնիսկ վիրաւորական կը թուէր։ Վերջ ի վերջոյ, հեքիաթը կը խօսի ժամանակի մը մասին, որ Քրիստոսի ծնունդէն շա՜տ առաջ էր։

Յօդուածը կը պարփակէր հարցազրոյց կղերականի մը հետ։ Անոր հարցուեցաւ, թէ արդեօք բոլոր անոնք որոնք մեռած են առանց Յիսուսի մասին սորվելու պատեհութիւնը ունենալու, դժոխքի կրակին մէջ կ’այրի՛ն։ Ան պատասխանեց. «Չենք գիտեր։ Պարզապէս կ’ենթադրենք թէ [այսպիսի մարդոց համար] աստուածային նախասահմանում մը ըլլալու է»։

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՀԱՆՋ ՄԸ

Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը նշէ. «Փրկութեան համար մկրտութիւնը անհրաժեշտ է։ Ինչպէս Քրիստոս ինք ըսաւ, որ եթէ անհատ մը ջուրէն ու Սուրբ Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել (Յովհ. 3։5)»։ Ասոր համար, ոմանք կը հաւատան թէ առանց մկրտուելու մեռնողները դժոխքի կրակը կը նետուին կամ այլ կերպով կը չարչարուին։

Սակայն, շատեր այս հաւատալիքը անտրամաբանական կը նկատեն։ Միլիոնաւորներ մեռած են՝ առանց Աստուածաշունչին մասին գիտնալու։ Անոնք յաւիտենական չարչարանքի արժանի՞ են։ Այս հարցին շուրջ Աստուածաշունչին տեսակէտը ի՞նչ է։

ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ՅՈՅՍ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ

Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Աստուած զանց չ’ըներ այն մարդիկը, որոնք ապրեցան առանց իր պահանջները գիտնալու։ Գործք 17։30–ը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած տգիտութեան ատենները անտես [ըրած է]»։ Ուստի, Աստուածաշունչը ի՞նչ յոյս կը վերապահէ անոնց, որոնք մեռան առանց Աստուծոյ մասին սորվելու պատեհութիւն ունենալու։

Ի՞նչ կը նշանակէ Յիսուսի խոստումը. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»

Պատասխանը կը գտնենք այն խօսքին մէջ, որ Յիսուս ըսաւ իր կողքին ցցահարուած ոճրագործներէն մէկուն։ Մարդը Յիսուսին ըսաւ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Ի՞նչ էր Յիսուսի պատասխանը։ «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» (Ղուկաս 23։39-43

Արդեօք Յիսուս մարդուն կը խոստանա՞ր թէ ան երկինք պիտի ելլէր։ Ո՛չ։ Մարդը ‘նորէն չէր ծնած’ ջուրէն ու հոգիէն, ինչ որ պայման էր երկնքի Թագաւորութիւնը մտնելու (Յովհաննէս 3։3-6)։ Փոխարէն, Յիսուս կը խոստանար թէ ոճրագործը դարձեալ պիտի ապրէր դրախտին մէջ։ Հրեայ ըլլալով, մարդը հաւանաբար քաջածանօթ էր երկրային Դրախտին,– Եդեմի պարտէզին,– որ նկարագրուած է Աստուածաշունչի առաջին գրքին մէջ (Ծննդոց 2։8)։ Յիսուսի խոստումը ստոյգ յոյս տուաւ անոր, թէ վերահաստատուած երկրային Դրախտին մէջ պիտի յարուցանուէր։

Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը խոստանայ թէ «յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ «Մեղաւորներ»ը անոնք են, որոնք Աստուծոյ կամքը չգիտնալով՝ իր արդար չափանիշներուն գոհացում չտուին։ Յիսուս պիտի յարուցանէ այդ մեղաւոր ոճրագործը, ինչպէս նաեւ միլիոնաւորներ, թերեւս միլիառաւորներ, որոնք տգէտ վիճակի մէջ մահացան։ Ապա, դրախտային երկրին մէջ անոնք Աստուծոյ պահանջներուն մասին պիտի սորվին, եւ պատեհութիւնը պիտի ունենան փաստելու թէ Աստուած կը սիրեն՝ իր պատուէրներուն հնազանդելով։

ԵՐԲ ՄԵՂԱՒՈՐՆԵՐԸ ՅԱՐՈՒՑԱՆՈՒԻՆ

Երբ մեղաւորները յարուցանուին, իրենց անցեալի գործերուն համաձայն պիտի դատուի՞ն։ Ո՛չ. Հռովմայեցիս 6։7–ն կ’ըսէ. «Ան որ. . . մեռած է, մեղքէ արդարացած է»։ Մեղաւորները իրենց մահով, իրենց մեղքերուն հատուցումը տուած պիտի ըլլան։ Ուստի, անոնք պիտի դատուին ըստ այն արարքներուն, որ յարութենէ ետք պիտի գործեն։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի օգտուին։

Յարութենէն ետք, մեղաւորները պատեհութիւնը պիտի ունենան սորվելու Աստուծոյ օրէնքները, որոնք պիտի յայտնուին երբ այլաբանական գրքեր բացուին։ Այն ատեն անոնք պիտի դատուին «իրենց գործերուն համեմատ», այսինքն այն հիման վրայ որ Աստուծոյ օրէնքներուն կը հնազանդի՛ն կամ ոչ (Յայտնութիւն 20։12, 13)։ Բազմաթիւ մեղաւորներու համար, ասիկա ոչ թէ երկրորդ առիթ մը պիտի ըլլայ, այլ առաջին իսկական առիթը՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու, Աստուծոյ կամքը սորվելով եւ կատարելով։

Աստուածաշնչական այս ուսուցումը շատերու օգնած է, որ Աստուծոյ հանդէպ վերստին հաւատք ունենան։ Եոնկ Սուկ անոնցմէ մէկն էր։ Ան մեծցաւ որպէս մոլեռանդ կաթողիկէ, եւ իր ընտանիքի անդամներէն ոմանք քահանաներ էին։ Ուզելով մայրապետ ըլլալ, ան վանք գնաց, բայց յետագային ձգեց, քանի որ հոն իր տեսած բաներէն յուսախաբ եղաւ։ Ասկէ աւելին, ան չկրցաւ ընդունիլ դժոխքի կրակի վարդապետութիւնը, քանի որ կը խորհէր թէ մարդիկը դժոխքի կրակով չարչարելը ո՛չ արդար, ոչ ալ սիրալիր պիտի ըլլար։

Ապա, Եհովայի վկայ մը Եոնկ Սուկի ցոյց տուաւ Աստուածաշունչի սա խօսքերը. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ» (Ժողովող 9։5)։ Վկան իրեն օգնեց գիտակցելու թէ իր նախահայրերը դժոխքի կրակին մէջ չեն տանջուիր, հապա մահուան քունին մէջ են, յարութեան սպասելով։

Գիտնալով թէ շատեր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բնաւ չեն լսած, Եոնկ Սուկ լուրջի առաւ Մատթէոս 24։14–ի մէջ գրուած Յիսուսի խօսքերը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Ան այժմ բարի լուրը կը քարոզէ եւ աստուածաշնչական իր հոյակապ յոյսը ուրիշներուն հետ կը բաժնէ։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔՈՎ ԱՉԱՌՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Ասիկա այն կատարեալ արդարութիւնն է որ կ’ակնկալե՛նք Աստուծմէ, որ «արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ» (Սաղմոս 33։5