Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Գտանք Մեսիան»

«Գտանք Մեսիան»

Աստուածաշունչի եբրայերէն բաժինին վերջին գիրքը գրուելէ շուրջ չորս դար ետք, Մեսիային առնչուող Միքիայի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ. Յիսուս ծնաւ Բեթլեհէմի մէջ։ Շուրջ 30 տարի ետք, Ք.Ե. 29–ին, Մեսիայի գալուստին նկատմամբ Դանիէլի մարգարէութեան առաջին մասը կատարուեցաւ։ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ Աստուած զինք սուրբ հոգիով օծեց։ Ճիշդ ժամանակին, երկար ատենէ սպասուած Մեսիան՝ Սերունդը՝ եկա՛ւ։

Յիսուս անմիջապէս իր ծառայութիւնը սկսաւ՝ ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը աւետարանելով’ (Ղուկաս 8։1)։ Ճիշդ ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Յիսուս ազնիւ ու քաղցր էր, եւ ուրիշներուն հանդէպ հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։ Անոր ուսուցումը գործնական եւ սիրալիր էր։ Եւ ան «ամէն կերպ ցաւեր» ունեցողները բժշկեց, ցոյց տալով որ Աստուած իրեն հետ էր (Մատթէոս 4։23)։ Ամէն տարիքի պատկանող մարդիկ Յիսուսի շուրջ խմբուեցան եւ եզրակացուցին. «Գտանք Մեսիան» (Յովհաննէս 1։41

Յիսուս կանխագուշակեց, թէ իր Թագաւորութիւնը ամբողջովին իշխելէ քիչ առաջ, երկրի վրայ պիտի ըլլային պատերազմներ, երկրաշարժներ եւ ա՛յլ նեղութիւններ։ Ան բոլորը յորդորեց. «Արթո՛ւն կեցէք» (Մարկոս 13։37

Յիսուս կատարեալ մարդ մըն էր, որ միշտ Աստուծոյ հնազանդ գտնուեցաւ։ Բայց ան ունէր թշնամիներ, որոնք ի վերջոյ զինք սպաննեցին։ Այսպէս, իր մահը կատարեալ զոհ հայթայթեց, որպէսզի ունենանք այն ինչ որ Ադամն ու Եւան կորսնցուցին. Դրախտի մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը։

Յիսուսի մահէն երեք օր ետք, Աստուած ա՛յլ մարգարէութիւն մը կատարեց՝ զինք յարուցանելով որպէս զօրեղ հոգեղէն արարած։ Ապա, Յիսուս երեւցաւ աւելի քան 500 աշակերտներու։ Երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց, որ իր եւ իր Թագաւորութեան մասին բարի լուրը հաղորդեն «բոլոր ազգեր»ուն (Մատթէոս 28։19)։ Անոնք այս նշանակումը ո՞ր տարողութեամբ կատարեցին։

(Աղբիւր՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս, Ա. Կորնթացիս)