Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսնալուծումէ ետք չջախջախուիլ

Ամուսնալուծումէ ետք չջախջախուիլ

«Զգացի թէ բարձր ժայռէ մը վար ինկած էի։ Կեանքս լաւ կ’ընթանար, ապա՝ մէկ վայրկեանուան մէջ, ամէն բան կորսնցուցի» (ՄԱՐՔ *, մէկ տարիէ ամուսնալուծուած)։

«Ամուսինս անբարոյութիւն գործեց կնոջ մը հետ, որ մեր աղջկան տարիքէն էր։ Երբ ամուսնալուծուեցանք, հանգստացայ որ իր ջղայնութենէն ազատեցայ, բայց եւ այնպէս նուաստացած եւ անարժէք զգացի» (ԷՄՄԸԼԻՆ, 17 տարիէ ամուսնալուծուած)։

Ոմանք կ’ամուսնալուծուին այն յոյսով որ իրենց կեանքը պիտի բարելաւեն, մինչդեռ ուրիշներ կ’ուզեն ամուսնացած մնալ, բայց չեն կրնար իրենց կողակիցը ստիպել որ իրենց հետ մնայ։ Իսկ ամուսնալուծուողներուն մեծամասնութիւնը կը նկատէ, թէ ամուսնալուծումէն ետք կեանքը իրենց ակնկալածէն աւելի՛ դժուար է։ Իրականութեան մէջ, եթէ վերջերս ամուսնալուծուած ես, թերեւս կը զգաս թէ ասիկա կեանքիդ ամէնէն ճնշիչ մէկ միջադէպն է։ Ուստի, լաւ պիտի ըլլայ որ Աստուածաշունչէն նկատի առնես կարգ մը գործնական խրատներ, որոնք կրնան քեզի օգնել ամուսնալուծումի մարտահրաւէրներուն հետ յաջողապէս գլուխ ելլելու։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 1. ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ։

Նիւթական հարցերու, ծնողական հոգատարութեան եւ մինակութեան վերաբերող ճնշումները կրնան ծանր ըլլալ, եւ բացասական զգացումներու հետ գլուխ ելլելը միշտ դիւրին չ’ըլլար։ Հոգեբան Ճուտիթ Ուալլըրսդին դիտել տուաւ, թէ ամուսնալուծուելէ տարիներ ետք, ոմանք տակաւին դաւաճանուած եւ լքուած կը զգան, այն գաղափարը ունենալով որ «կեանքը անարդար, յուսախաբիչ եւ տրտմեցուցիչ է»։

ԻՆՉ ՈՐ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

  • Կորսնցուցած բաներուդ համար ողբա՛։ Թերեւս կարօտնաս կողակիցդ, որ տակաւին կը սիրես։ Նոյնիսկ եթէ անոր հետ թշուառ կեանք կը վարէիր, իրաւունքդ է վիշտ ու ցաւ զգալ, քանի որ ձեռք չձգեցիր այն ուրախութիւնը, որ ամուսնութենէն կը յուսայիր (Առակաց 5։18)։ Ուստի, մի՛ ամչնար «լալու ժամանակ» տրամադրելու (Ժողովող 3։1, 4

  • Մի՛ մեկուսանար։ Թէեւ ողբալու համար պէտք ունենաս առանձնանալու, երկարատեւ մեկուսացումը իմաստութիւն չէ (Առակաց 18։1)։ Բարեկամներուդ հետ շինիչ խօսակցութիւն ունեցիր, քանի որ առաջուան կողակիցիդ դէմ յաճախ տրտնջալը,– նոյնիսկ երբ իրաւունքով ըլլաս,– կրնայ ուրիշները քեզմէ հեռացնել։ Եթէ ամուսնալուծումէն անմիջապէս ետք կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնես, վստահելի անհատի մը օգնութիւնը հայցէ։

  • Առողջութեանդ հոգ տար։ Ամուսնալուծման ճնշումը յաճախ կը պատճառէ ֆիզիքական խնդիրներ, ինչպէս՝ արեան գերճնշումը կամ անգար (migraine)։ Լաւ ճաշէ, մարզանք ըրէ եւ բաւարար չափով քնացիր (Եփեսացիս 5։29

  • Վերցուր բոլոր այն բաները, որոնք առաջուան կողակիցիդ դէմ բարկութիւնդ կ’արթնցնեն կամ որոնց պէտք չունիս, բայց կարեւոր փաստաթուղթերը պահէ։ Եթէ որոշ պիտոյքներ ցաւ կը պատճառեն, ինչպէս՝ հարսանիքի նկարները, զանոնք սնտուկներու մէջ դիր եւ զաւակներուդ համար պահէ։

  • Բացասական մտածելակերպին դէմ դիր։ Օլկան, որ իր շնացող ամուսինէն ամուսնալուծուեցաւ, ըսաւ. «Շարունակ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ‘այդ կինը ի՞նչ ունի, որ ե՛ս չունիմ’»։ Սակայն յետագային Օլկան գիտակցեցաւ, թէ անդադար բացասական կերպով մտածելը կրնայ «վիրաւորուած հոգի» յառաջ բերել (Առակաց 18։14

    Շատեր նկատած են, թէ իրենց մտածումները գրելը կ’օգնէ զանոնք պարզելու եւ հակակշռի տակ առնելու։ Եթէ ասիկա ընես, փորձէ հին բացասական խորհուրդը փոխարինել նոր եւ դրական մտածումով մը (Եփեսացիս 4։23)։ Նկատի առ երկու օրինակ.

    Հին։ Կողակիցիս անհաւատարմութեան պատճառը ե՛ս եմ։

    Նոր։ Իմ թերութիւններս իրաւասութիւն չեն տար կողակիցիս, որ ինծի դաւաճանէ։

    Հին։ Լաւագոյն տարիներս սխալ անհատին հետ կորսնցուցի։

    Նոր։ Աւելի ուրախ պիտի ըլլամ եթէ ապագա՛ս ծրագրեմ, եւ ոչ թէ անցեալին մէջ ընկղմիմ։

  • Քեզ վիրաւորող խօսքերը անտեսէ։ Կրնայ ըլլալ որ բարենպատակ բարեկամներ եւ ազգականներ վիրաւորիչ կամ անտեղի խօսքեր ըսեն, ինչպէս՝ ‘Արդէն քեզի յարմար չէր’, կամ, ‘Աստուած ամուսնալուծումը կ’ատէ’ *։ Այս ուղղութեամբ, Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար» (Ժողովող 7։21)։ Մարթինան, որ երկու տարիէ ամուսնալուծուած է, կ’ըսէ. «Փոխանակ վիրաւորիչ խօսքերու վրայ կեդրոնանալու, կը ջանամ հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտել։ Անոր խորհուրդները մերինէն բարձր են» (Եսայի 55։8, 9

  • Աստուծոյ աղօթէ։ Ան իր երկրպագուները կը քաջալերէ, որ ‘իրենց ամէն հոգը իր վրայ ձգեն’, մանաւանդ երբ մեծ նեղութիւն կը քաշեն (Ա. Պետրոս 5։7

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Գրի առ Աստուածաշունչի համարներ, որոնք օգտակար կը գտնես, եւ անոնք տեսանելի տեղ մը դիր։ Այս յօդուածին մէջ նշուած համարներուն կողքին, բազմաթիւ ամուսնալուծուած անհատներ օգտուած են հետեւեալ համարներէն. Սաղմոս 27։10. 34։18. Եսայի 41։10. եւ Հռովմայեցիս 8։38, 39։

Դժուար ժամանակներուն, թող Աստուծոյ Խօսքը քեզ կազդուրէ

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 2. ԱՌԱՋՈՒԱՆ ԿՈՂԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ։

Ճուլիանան, որ 11 տարի ամուսնացած էր, կ’ըսէ. «Ամուսինիս աղաչեցի որ ինծի հետ մնայ։ Բայց երբ տունը ձգեց, բարկացայ անոր եւ այն կնոջ դէմ, որուն հետ կենակցեցաւ»։ Ամուսնալուծուողներէն շատեր տարիներ շարունակ իրենց առաջուան կողակիցին հանդէպ բուռն բարկութիւն կ’ունենան։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը պարագաներուն, զոր օրինակ՝ երբ զաւակներ ունին, անոնք կը ստիպուին իրարու հետ կապի մէջ մնալ։

ԻՆՉ ՈՐ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

  • Առաջուան կողակիցիդ հետ քաղաքավարօրէն վարուէ։ Կեդրոնացիր անհրաժեշտ նիւթերու վրայ եւ հակիրճ եղիր։ Շատեր նկատած են թէ այս մօտեցումը խաղաղութեան կը նպաստէ (Հռովմայեցիս 12։18

  • Վիրաւորական խօսակցութենէ խուսափէ։ Մանաւանդ երբ զգաս, թէ առաջուան կողակիցդ յարձակողական ոճով քեզի հետ կը խօսի, Աստուածաշունչի սա իմաստուն խրատը կիրարկէ. «Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է» (Առակաց 17։27)։ Եթէ չկարենաս անոր հետ շինիչ խօսակցութիւն վարել, կրնաս ըսել. «Ըսածիդ մասին պէտք է մտածեմ, ապա կը խօսինք»։

  • Կրցածիդ չափ առաջուան կողակիցիդ հետ հասարակաց գործառնութիւններ մի՛ ունենար։ Ուստի, անջատէ քու եւ իր օրինական, ֆինանսական եւ ապահովագրութեան փաստաթուղթերը։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Յաջորդ անգամ երբ առաջուան կողակիցիդ հետ պիտի խօսիս, զատորոշէ այն նշանները, որոնք ցոյց կու տան թէ ձեզմէ մէկը պաշտպանողական կամ անթեք դառնալու վրայ է։ Եթէ անհրաժեշտ նկատես, դադար խնդրէ կամ համաձայնեցէք ել–մակով հարցը քննարկել (Առակաց 17։14

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ 3. ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼ ՈՐ ՅԱՐՄԱՐԻՆ։

Մարիան կը պատմէ, թէ ի՛նչ եղաւ ամուսնալուծուելէ անմիջապէս ետք. «Պզտիկ աղջիկս ամէն ատեն կու լար եւ վերսկսաւ անկողինին մէջ միզել։ Իսկ երիցագոյն աղջիկս ջանաց իր զգացումները ծածկել, բայց կը նկատէի թէ ան ալ փոխուած էր»։ Ցաւօք սրտի, թերեւս զգաս թէ չունիս ժամանակ կամ զգացական ոյժ, որպէսզի օգնես զաւակներուդ երբ ամէնէն շատ քեզի պէտք ունին։

ԻՆՉ ՈՐ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

  • Քաջալերէ զաւակներդ, որ իրենց զգացումները արտայայտեն, նոյնիսկ եթէ թուի թէ այս մէկը անսանձ խօսակցութեան դուռ պիտի բանայ (Յոբ 6։2, 3

  • Պատշաճ դերդ պահպանէ։ Թէեւ զգացական աջակցութեան տենչաս եւ այնպէս թուի թէ զաւակդ կ’ուզէ այդ աջակցութիւնը տալ, բայց անարդար եւ վնասակար է զաւակի մը օգնութիւնը խնդրել՝ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլելու համար (Ա. Կորնթացիս 13։11)։ Խուսափէ զաւակդ քու մտերիմ բարեկամդ ու գաղտնեկիցդ ընելէ կամ թոյլ տալէ որ ան որպէս միջնորդ գործէ քու եւ առաջուան կողակիցիդ միջեւ։

  • Զաւակիդ կեանքը կազմակերպուած պահէ։ Նոյն տունը եւ յայտագիրը պահելը օգտակար է, բայց աւելի կարեւոր է հոգեւոր լաւ սովորամոլութիւն պահպանելը, ներառեալ՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ ընտանեկան պաշտամունքը (Բ. Օրինաց 6։6-9

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Այս շաբթուան ընթացքին զաւակներուդ ըսէ թէ զիրենք կը սիրես եւ թէ իրենք ամուսնալուծման պատճառը չեն։ Անոնց հարցումներուն պատասխանէ, առանց միւս ծնողը մեղադրելու։

Ամուսնալուծումէն ետք կրնա՛ս ջախջախուած չզգալ։ Մէլիսան, որ 16 տարի ամուսնացած էր, կ’ըսէ. «Երբ ամուսնալուծուեցայ, մտածեցի. ‘Կեանքս ա՛յսպէս չէի ծրագրած’»։ Սակայն այժմ, հակառակ իր պարագաներուն, ան գոհունակութիւն գտած է։ Մէլիսա կ’ըսէ. «Մէյ մը որ անցեալս փոխել ջանալէ դադրեցայ, շատ հանգստացայ»։

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 18 Աստուած կ’ատէ խորամանկութեամբ ու նենգամտութեամբ կատարուած ամուսնալուծումը։ Բայց եթէ մէկու մը կողակիցը պոռնկութիւն գործէ, Աստուած անմեղին իրաւունք կու տայ, որոշելու որ ամուսնալուծման դիմէ կամ ոչ (Մաղաքիա 2։16. Մատթէոս 19։9)։ Տե՛ս Զարթի՛ր–ի 8 փետրուար 1994 թիւին «Աստուածաշունչի տեսակէտը. Աստուած ինչպիսի՞ ամուսնալուծում կ’ատէ» յօդուածը (անգլերէնով), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

  • Իրապէս ես ինծի ժամանակ տուի՞ որ լամ ու ցաւ զգամ ամուսնութեանս ձախողութեան պատճառաւ։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ դադրիլ առաջուան կողակիցիս դէմ բարկացած մնալէ։