Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Մեր մեղքերը կրնա՞ն ներուիլ։

Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելը շատ դժուար բան չէ

Ըստ Աստուածաշունչին՝ բոլորս մեղաւոր ենք, քանի որ առաջին մարդէն՝ Ադամէն, մեղանչելու հակումը ժառանգած ենք։ Անոր համար է որ ատեններ գէշ բաներ կ’ընենք եւ յետոյ կը զղջանք։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ մեր մեղքերուն քաւութեան համար մեռաւ։ Անոր փրկանքի զոհը կարելի դարձուց որ մեղքերը ներուին։ Եւ ատիկա Աստուծմէ պարգեւ մըն է մեզի (կարդա՛ Հռովմայեցիս 3։23, 24

Ոմանք լուրջ մեղքեր գործած են եւ հարց կու տան, թէ արդեօք Աստուած իրենց կրնա՛յ ներել։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհաննէս 1։7)։ Եհովան կամովին կը ներէ նոյնիսկ լուրջ մեղքեր, եթէ մեղանչող անհատը պատշաճ ու զղջացող կեցուածք ցուցաբերէ (կարդա՛ Եսայի 1։18

Մեր մեղքերը ներուելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

Եթէ կ’ուզենք որ Եհովա Աստուած մեզի ներէ, պէտք է իր մասին սորվինք. այսինքն՝ հասկնանք իր ճամբաները, խրատներն ու պահանջները (Յովհաննէս 17։3)։ Եհովան առատօրէն կը ներէ անոնց՝ որոնք իրենց անցեալի վարքին համար կը զղջան եւ կը ջանան փոխուիլ (կարդա՛ Գործք 3։19

Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելը մեզի համար շատ դժուար բան չէ։ Եհովան կը հասկնայ մեր տկարութիւնները։ Ան ողորմած ու ազնիւ է։ Իր սիրառատ բարութիւնը քեզ չի՞ մղեր որ ուզես զինք հաճեցնելու կերպին մասին աւելի՛ն գիտնալ (կարդա՛ Սաղմոս 103։13, 14