Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ պիտի վստահի՞ս

Աստուծոյ պիտի վստահի՞ս

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ ունիս բարեկամ մը՝ որ մեծապէս կ’արժեւորես, բայց ան կ’ընէ բան մը՝ որ չես կրնար հասկնալ։ Ուրիշներ անոր արարքը կը քննադատեն եւ անոր շարժառիթները կը դատեն, ըսելով որ բարեկամդ անգութ է։ Շուտով անոնց հետ համամիտ պիտի գտնուէի՞ր, թէ ոչ պիտի սպասէիր որ բարեկամէդ ալ լսես իր բացատրութիւնը։ Եթէ անձամբ չկարենաս զինք տեսնել, պիտի համբերես ու շարունակե՞ս անոր մասին դրականօրէն մտածել։

Պատասխանելէ առաջ, թերեւս ուզես աւելի՛ն գիտնալ։ Կրնաս հարց տալ. ‘Որքա՞ն լաւ կը ճանչնամ այս բարեկամս եւ ի՞նչ բանի համար է որ զինք կ’արժեւորեմ’։ Այժմ նկատի առ հետեւեալը. նոյն սկզբունքները չե՞նք կրնար կիրարկել այն հարցումին, թէ արդեօք Աստուած անգո՛ւթ է։

Թերեւս դժուար գտնես հասկնալ Աստուծոյ կարգ մը արարքները կամ քեզ շփոթեցնեն այն բաները, որոնք ան թոյլ կու տայ որ պատահին։ Շատեր քեզի պիտի ըսեն թէ Աստուած անգութ է ու քեզ պիտի մղեն իր շարժառիթները դատելու։ Արդեօք պիտի շարունակե՞ս Անոր մասին դրականօրէն մտածել, մինչեւ որ աւելի՛ն գիտնաս։ Պատասխանդ կախեալ է այն բանէն՝ թէ որքան լաւ կը ճանչնաս Աստուած։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Աստուած ինչպիսի՞ բարեկամ մը եղած է ինծի’։

Եթէ դժուար կեանք կը վարես, թերեւս փորձուիս ըսելու թէ Աստուած բնա՛ւ բարեկամ չէ եղած։ Բայց պահ մը մտածէ՛. Աստուած պատասխանատու եղած է կեանքիդ դժուարութիւններո՞ւն թէ օրհնութիւններուն համար։ Ինչպէս որ տեսանք, «այս աշխարհին իշխանը» Սատանան է եւ ոչ թէ Եհովան (Յովհաննէս 12։31)։ Ուրեմն Սատանա՛ն է որ ա՛յսքան ցաւ ու անարդարութիւն կը պատճառէ։ Ասկէ զատ, չե՞ս համաձայնիր թէ մեր անկատարութիւնը եւ աննախատեսելի պարագաները նաեւ մեզի խնդիրներ կը պատճառեն։

Աստուած պատասխանատու եղած է կեանքիդ դժուարութիւններո՞ւն թէ օրհնութիւններուն համար

Միւս կողմէ, Աստուած պատասխանատու եղած է ի՞նչ բանի համար։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ. ան «երկինքն ու երկիրը ստեղծեց», մեր մարմինը ‘զարմանալի կերպով ստեղծեց’, եւ թէ Եհովա՛ն է «այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ» (Սաղմոս 124։8. 139։14. Դանիէլ 5։23)։ Այս ամէնը ի՞նչ կը նշանակէ։

Սա կը նշանակէ թէ մեր իւրաքանչիւր շունչը, մեր գոյութիւնը ինքնին, կը պարտինք մեր Ստեղծիչին (Գործք 17։28)։ Ատիկա կը նշանակէ նաեւ թէ կեանքի պարգեւը, բնութեան գեղեցկութիւնը, սէրն ու բարեկամութիւնը եւ մեր հինգ հոյակապ զգայարանքները, Աստուծմէ նուէրներ են (Յակոբոս 1։17)։ Չե՞ս համաձայնիր թէ այդ օրհնութիւնները զինք կը դարձնեն Բարեկամ մը, որ մեր յարգանքին ու վստահութեան արժանի է։

Ճիշդ է որ կրնաս դժուարանալ Աստուծոյ վստահիլ։ Թերեւս կը զգաս թէ զինք այնքան լաւ չես ճանչնար որ իրեն վստահիս։ Եւ ասիկա հասկնալի է։ Այս հակիրճ յօդուածներուն մէջ, Աստուած որպէս անգութ անձնաւորութիւն դատելու բոլոր պատճառները չենք կրնար քննարկել։ Բայց կ’արժէ ջանալ Աստուած մօտէն ճանչնալ *։ Վստահ ենք որ այսպիսի ջանք թափելով, Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը պիտի սորվիս։ Ուրեմն, ան անգո՞ւթ է։ Ընդհակառակը, «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8

^ պարբ. 8 Օրինակ, յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ Աստուած ինչո՛ւ չարութիւնը կը թոյլատրէ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։