Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ես որմէ՞ պիտի դողամ»

«Ես որմէ՞ պիտի դողամ»

«Ես որմէ՞ պիտի դողամ»

«Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ» (ՍԱՂ. 27։3

ԸՍՏ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՄԱՐՆԵՐՈՒՆ, Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ ՔԵԶԻ ՊԻՏԻ ՕԳՆԵՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵԼՈՒ

Սաղմոս 27։1

Սաղմոս 27։4

Սաղմոս 27։11

1. Սաղմոս 27–ն մեզի պիտի օգնէ ի՞նչ հասկնալու։

ԻՆՉՈ՞Ւ մեր քարոզչութիւնը հետզհետէ կ’աւելնայ, հակառակ աշխարհի վատթարացած վիճակներուն։ Ինչո՞ւ մեր ժամանակն ու կորովը առատօրէն քարոզչութեան կը տրամադրենք, թէեւ աշխարհի մէջ լուրջ տնտեսական խնդիրներ կան։ Ինչպէ՞ս կրնանք քաջ մնալ, երբ ուրիշներ ապագան վախով կը դիտեն։ Դաւիթ թագաւորի ներշնչեալ երգը, Սաղմոս 27–ն, այս հարցումներուն կը պատասխանէ։

2. Դողումը անհատին ի՞նչ կը պատճառէ, բայց ի՞նչ վստահութիւն ունինք։

2 Դաւիթ այս սաղմոսը հետեւեալ խօսքերով կը սկսի. «Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, ես որմէ՞ պիտի դողամ» (Սաղ. 27։1)։ Դողումը կրնայ պատճառ դառնալ որ անհատը ինքզինք ա՛յնքան տկար զգայ, որ չկարենայ բան մը ընել։ Սակայն, Եհովային վստահող անձը քաջութիւն կ’ունենայ եւ չի դողար (Ա. Պետ. 3։14)։ Եհովան մեր ապաւէնը ընելով, ‘ապահովութեամբ պիտի բնակինք ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլանք’ (Առ. 1։33. 3։25)։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։

«ՏԷՐԸ ԻՄ ԼՈՅՍՍ ՈՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՍ Է»

3. Եհովան ի՞նչ առումով մեր լոյսն է, բայց ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 «Տէրը իմ լոյսս է» փոխաբերութիւնը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, թէ Եհովան մեզ տգիտութենէ եւ հոգեւոր խաւարէ կ’ազատէ (Սաղ. 27։1)։ Բառացի լոյսը կրնայ մեր քալած ճամբուն վրայ վտանգ մը կամ խոչընդոտ մը ի յայտ բերել, սակայն զայն չի վերցներ։ Մե՛նք մեր տեսածին առնչութեամբ պէտք է իմաստութեամբ գործենք։ Համանման կերպով, Եհովան աշխարհի դէպքերուն հիմնական նշանակութիւնը մեզի կը յայտնէ։ Ան մեր ուշադրութեան կը յանձնէ այս չար աշխարհի վտանգները։ Ան մեզի գործնական աստուածաշնչական սկզբունքներ կու տայ, բայց մեր սորվածը պէտք է գործադրենք։ Այսպիսով, իմաստութիւն ձեռք պիտի ձգենք սաղմոսերգուին նման, որ ‘իր թշնամիներէն իմաստուն’ եւ ‘իր բոլոր ուսուցիչներէն աւելի հանճարեղ եղաւ’ (Սաղ. 119։98, 99, 130

4. ա) Դաւիթ ինչո՞ւ համոզումով կրցաւ ըսել. «Տէրը իմ. . . փրկութիւնս է»։ բ) Մասնաւորաբար ե՞րբ Եհովան մեր փրկութիւնը պիտի ըլլայ։

4 Դաւիթի խօսքերը Սաղմոս 27։1–ի մէջ ցոյց կու տան, թէ ան յիշած ըլլալու էր թէ Եհովան նախապէս ինչպէ՛ս զինք ազատած էր։ Օրինակ, Եհովան զինք ազատած էր «առիւծին ու արջին ձեռքէն»։ Եհովային օգնութեամբ նաեւ ան կրցած էր հսկայ Գողիաթին դէմ յաղթանակ տանիլ։ Յետագային, Եհովան Դաւիթը ազատեց ամէն անգամ որ Սաւուղ թագաւոր փորձեց նիզակով զինք սպաննել (Ա. Թագ. 17։37, 49, 50. 18։11, 12. 19։10)։ Զարմանալի չէ որ Դաւիթ համոզումով կրցաւ ըսել. «Տէրը իմ. . . փրկութիւնս է»։ Եհովան դարձեալ իր ծառաներուն համար պիտի ըլլայ փրկութիւն, ինչպէս որ Դաւիթին համար եղաւ։ Ինչպէ՞ս։ Իր երկրպագուները ազատելով գալիք ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին (Յայտ. 7։14. Բ. Պետ. 2։9

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՅԻՇԷ՛

5, 6. ա) Քաջութիւն զարգացնելու մէջ մեր յիշողութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։ բ) Իր ծառաներուն հետ Եհովայի գործառնութեանց արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս քաջութիւնդ կ’ամրացնէ։

5 Քաջութիւն զարգացնելու կարեւոր ազդակ մը մեր ուշադրութեան կը յանձնուի Սաղմոս 27։2, 3–ի մէջ (կարդա՛)։ Դաւիթ մտաբերեց միջադէպեր, որոնց մէջ Եհովային օգնութեամբ ազատեցաւ (Ա. Թագ. 17։34-37)։ Այդ յիշատակները իրեն քաջութիւն տուին, որպէսզի կարենար ամէնէն դժուար պարագաներուն տոկալ։ Անձնական փորձառութիւններէդ համանման եզրակացութիւններու կը յանգի՞ս։ Օրինակ, ջերմեռանդօրէն աղօթա՞ծ ես ընկճիչ խնդրի մը մասին եւ ապա տեսած ես ինչպէ՛ս Եհովան քեզի իմաստութիւն կամ զօրութիւն տուաւ այդ փորձութեան հետ գլուխ ելլելու համար։ Կամ, կրնա՞ս յիշել թէ ինչպէս ուրախ ծառայութեանդ արգելք հանդիսացող խոչընդոտներ վերցուեցան կամ ինչպէս ծառայութեան մե՜ծ դուռ մը բացուեցաւ առջեւդ (Ա. Կոր. 16։9)։ Այսպիսի միջադէպեր յիշելը այժմ ի՞նչ ազդեցութիւն ունի վրադ։ Այդ յիշատակները չե՞ն շարունակեր քեզ համոզել թէ Եհովան կրնա՛յ քեզի օգնել, որ նոյնիսկ աւելի լուրջ խոչընդոտներ յաղթահարես կամ նեղութիւններու տոկաս (Հռով. 5։3-5

6 Ի՞նչ ըսել, եթէ զօրեղ կառավարութիւն մը ծրագրէ Եհովայի վկաները որպէս կազմակերպութիւն բնաջնջել։ Արդի ժամանակներուն, շատեր ջանացած են ճիշդ ասիկա ընել, սակայն ձախողած են։ Յիշելը թէ Եհովան անցեալին ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին օգնած է, մեր մէջ վստահութիւն պիտի կերտէ, որ ապագան դիմագրաւենք (Դան. 3։28

ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԳՆԱՀԱՏԷ՛

7, 8. ա) Ըստ Սաղմոս 27։4–ին, Դաւիթ Եհովայէն ի՞նչ խնդրեց։ բ) Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը ի՞նչ է, եւ հոն ինչպէ՞ս պաշտամունք կը մատուցանուի։

7 Քաջարի ըլլալու այլ կարեւոր ազդակ մըն է՝ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ մեր սէրը (կարդա՛ Սաղմոս 27։4Դաւիթի օրերուն, ‘Տէրոջը տունը’ խորանն էր։ Դաւիթ հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրաւ, որպէսզի իր որդին՝ Սողոմոնը կարենար Եհովայի համար գեղեցիկ տաճար մը կառուցանել։ Դարեր ետք, Յիսուս յայտնեց թէ ընդունելի պաշտամունք Եհովայի մատուցանելը այլեւս Իր կողմէ օրհնուած հսկայ կառոյցէ մը կախեալ պիտի չըլլար (Յովհ. 4։21-23)։ Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիս 8-10–րդ գլուխներուն մէջ ցոյց տուաւ, թէ հոգեւոր մեծ տաճար մը գոյացաւ մ.թ. 29–ին, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ ինքզինք ներկայացնելով Եհովայի կամքը կատարելու համար (Եբ. 10։10)։ Այս հոգեւոր մեծ տաճարը Եհովայի կարգադրութիւնն է, որպէսզի Յիսուսի փրկանքի զոհաբերութեան հաւատք ընծայելով կարենանք ընդունելի կերպով Աստուծոյ մօտենալ։ Այս տաճարին մէջ ինչպէ՞ս կը պաշտենք։ «Ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով» աղօթելով. մեր յոյսը հրապարակաւ ծանուցանելով, առանց երերալու. եւ մեր ժողովներուն ու Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին (Եբ. 10։22-25)։ Այս ճգնաժամային վերջին օրերուն մէջ, ճշմարիտ պաշտամունքի կարգադրութիւնը գնահատելը մեզ կ’ամրացնէ։

8 Աշխարհի տարածքին, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ծառայութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը կ’աւելցնեն, նոր լեզուներ կը սորվին եւ կը փոխադրուին հոն՝ ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Անոնց արարքները կը յայտնեն թէ, սաղմոսերգուին նման, Եհովայէն մէկ բան կը խնդրեն։ Անոնք կ’ուզեն Եհովայի գեղեցիկ յատկութիւնները վայելել եւ սուրբ ծառայութեան մասնակցիլ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան (կարդա՛ Սաղմոս 27։6

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԷ՛

9, 10. Սաղմոս 27։10–ը ի՞նչ կը խոստանայ։

9 Դաւիթի խօսքերը կը յայտնեն, թէ Եհովայի օգնութեան մեծապէս վստահեցաւ։ Ան ըսաւ. «Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի» (Սաղ. 27։10Ա. Թագաւորաց 22–րդ գլուխի նշած միջադէպերէն կրնանք եզրակացնել, թէ Դաւիթի ծնողքը զինք չլքեց։ Սակայն, ներկայիս շատեր իրենց ընտանիքներուն կողմէ բոլորովին մերժուած են։ Բայց եւ այնպէս, անոնք սիրալիր քրիստոնէական ժողովքին օգնութիւնը ստացած են եւ պաշտպանուած կը զգան։

10 Եհովան պատրաստ է իր ծառաներուն հոգ տանելու, նոյնիսկ երբ ուրիշներ զիրենք լքեն։ Ուստի, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի հոգ պիտի տանի, երբ այլեւայլ դժուարութիւններ դիմագրաւենք։ Զոր օրինակ, եթէ մտահոգուած ենք մեր ընտանիքին ինչպէ՛ս նիւթապէս հոգ տանելու նկատմամբ, յիշենք որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ (Եբ. 13։5, 6)։ Ան իր բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն պարագաներն ու կարիքները կը հասկնայ։

11. Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ուրիշներուն վրայ. լուսաբանէ՛։

11 Նկատի առ Վիքթորիայի պարագան, որ Լիպերիոյ մէջ Աստուածաշունչի աշակերտ մըն էր։ Երբ ան յառաջդիմեց դէպի մկրտութիւն, իր կենակիցը զինք եւ իր երեք զաւակները լքեց։ Անտուն եւ անգործ մնալով հանդերձ, Վիքթորիան շարունակեց հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Իր մկրտութենէն ետք, իր 13 տարեկան աղջիկը մեծ գումար պարունակող դրամապանակ մը գտաւ։ Փորձութենէ խուսափելու համար, անոնք որոշեցին այդ գումարը չհաշուել եւ անմիջապէս տեղեակ պահեցին այն զինուորը, որուն կը պատկանէր դրամապանակը։ Զինուորը անոնց ըսաւ, որ եթէ ամէն մարդ Եհովայի վկաներու նման պարկեշտ ըլլար, ամբողջ աշխարհը աւելի լաւ եւ աւելի խաղաղ պիտի ըլլար։ Վիքթորիան Աստուածաշունչէն զինուորին ցոյց տուաւ նոր աշխարհի մը նկատմամբ Եհովայի խոստումը։ Վիքթորիայի ուղղամտութեամբ տպաւորուելով, զինուորը անոր նուիրեց գտնուած դրամէն մեծ մաս մը։ Աշխարհի տարածքին, Եհովայի վկաները պարկեշտութեան հոյակապ համբաւ ունին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք հոգ տանելու Եհովայի կարողութեան անվերապահօրէն կը հաւատան։

12. Հակառակ նիւթական կորուստին, երբ կը շարունակենք Եհովային ծառայել, ի՞նչ ցոյց կու տանք. լուսաբանէ՛։

12 Կամ, երեւակայէ թէ Թոմաս՝ Սիերա Լէոնէի մէջ չմկրտուած հրատարակիչ մը՝ ինչպէ՛ս զգացած ըլլալու էր։ Ան սկսաւ երկրորդական վարժարանի մը մէջ դասաւանդել, սակայն շուրջ մէկ տարի ամսավճար չստացաւ։ Ետքը, ամսավճարները ստանալու համար, իրմէ պահանջուեցաւ տեսակցիլ դպրոցի պատասխանատուին հետ, որ քահանայ մըն էր։ Քահանան բացատրեց, թէ Եհովայի վկաներու հաւատալիքները դպրոցէն ներս ընդունելի չեն, եւ պնդեց որ Թոմաս ընտրութիւն մը ընէ. կա՛մ իր գործը եւ կամ իր աստուածաշնչական հաւատալիքները։ Թոմաս ընտրեց գործը ձգել, առանց որեւէ գումար ստանալու։ Անկէ ետք, ան ուրիշ գործ մը գտաւ,– ձայնասփիւռներ եւ հեռախօսիկներ նորոգել։ Ինչպէս որ այս եւ բազմաթիւ համանման օրինակներ ցոյց կու տան, հարկ չունինք վախնալու թէ անհրաժեշտ բաներու կարօտ պիտի ըլլանք, երբ Եհովային կը վստահինք։ Որովհետեւ Եհովան ամէն բան ստեղծեց եւ միշտ իր ժողովուրդը պաշտպանած է, գիտե՛նք թէ ան մեզի հոգ պիտի տանի։

13. Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կը յառաջդիմէ երկիրներու մէջ, ուր նիւթական միջոցները քիչ են։

13 Կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր կենսապայմանները դժուար են, Թագաւորութեան քարոզիչները յաճախ ուշագրաւօրէն գործունեայ են։ Ինչո՞ւ։ Մասնաճիւղ մը կը գրէ. «Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն ընդունող բազմաթիւ տանտէրներ անգործ են եւ հետեւաբար օրուան ընթացքին ուսումնասիրելու աւելի ժամանակ ունին։ Եղբայրներն ալ քարոզելու աւելի ժամանակ ունին։ Հարկ չկայ որ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ եղողներուն ըսենք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք. վիճակներուն վատթարացումը արդէն իրենց շուրջը կը տեսնեն»։ Միսիոնար մը, որ 12 տարիէ աւելի կը ծառայէ երկրի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր հրատարակիչ միջին հաշուով աւելի քան երեք դաս կը վարէ, գրեց. «Բազմաթիւ հրատարակիչներ պարզ կենցաղակերպ վարելով եւ քիչ շեղումներ ունենալով, ընդհանրապէս աւելի ժամանակ կը տրամադրեն դաշտի ծառայութեան եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն»։

14. Ի՞նչ կերպերով մեծ բազմութիւնը աստուածային պաշտպանութիւն կրնայ վայելել։

14 Եհովան խոստացած է օգնել, պաշտպանել եւ ազատել իր ժողովուրդը որպէս խումբ, ֆիզիքապէս ու հոգեւորապէս, եւ մենք իրեն կը վստահինք (Սաղ. 37։28. 91։1-3)։ Այն բազմութիւնը որ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի, իրապէս մեծ պէտք է ըլլայ (Յայտ. 7։9, 14)։ Ուստի, այդ բազմութիւնը, որպէս խումբ, մնացեալ վերջին օրերուն մէջ բնաջնջումէ պիտի պաշտպանուի։ Անոնց պիտի հայթայթուի հարկ եղած ամէն բան, որպէսզի փորձութիւններու տոկան եւ Եհովայի հետ իրենց փոխյարաբերութիւնը պահպանեն։ Եւ մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին ընթացքին, Եհովան իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ։

«Ո՛Վ ՏԷՐ, ՔՈՒ ՃԱՄԲԱԴ ԻՆԾԻ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ»

15, 16. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ աստուածային ցուցմունքներու կ’անսանք. լուսաբանէ՛։

15 Քաջ մնալու համար, պէտք է շարունակենք Աստուծմէ սորվիլ։ Ասիկա բացայայտ է Դաւիթի աղերսանքէն. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար» (Սաղ. 27։11)։ Այս աղօթքին հետ ներդաշնակ գործելը կը նշանակէ՝ լաւ ուշադրութիւն ընծայել որեւէ աստուածաշնչական ուղղութեան որ Եհովային կազմակերպութենէն կը ստանանք եւ անմիջապէս զայն ի գործ դնել։ Զոր օրինակ, շատեր կիրարկած են պարզ կեանք վարելու իմաստուն խրատը։ Անոնք իրենց պարտքերը վճարեցին եւ անհրաժեշտ չեղող առարկաները ծախեցին։ Ուստի, երբ տնտեսական վիճակները վատթարացան, անոնք աւելի քիչ դրամական խնդիրներու առջեւ գտնուեցան։ Այժմ, անոնք հարկ չունին ծանր աշխատելու, որպէսզի անհրաժեշտ չեղող բաներու համար շարունակեն գումարներ վճարել, եւ ծառայութեան մէջ կրնան աւելին ընել։ Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Անմիջապէս կը կիրարկե՞մ ինչ որ կը կարդամ Աստուածաշունչին եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հրատարակութիւններուն մէջ, նոյնիսկ եթէ անձնական զոհողութիւններ ընելու հարկ ըլլայ’ (Մատ. 24։45

16 Եհովային թոյլ տալով որ մեզի ցուցմունքներ տայ եւ մեզ շիտակ ճամբուն մէջ առաջնորդէ, վախնալու պատճառ պիտի չունենանք։ Երբ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կանոնաւոր ռահվիրայ մը փորձեց որոշ պաշտօն մը ստանձնել, որ իրեն պիտի օգնէր իր ամբողջ ընտանիքը լիաժամ ծառայութեան մէջ պահելու, իր վերակացուն ըսաւ իրեն որ այդ դիրքը բնաւ պիտի չկարենայ ձեռք ձգել, քանի որ համալսարանական վկայական չունի։ Եթէ ասիկա քեզի պատահէր, պիտի զղջայի՞ր որ բարձր ուսում ստանալու փոխարէն, լիաժամ ծառայութեան հետամուտ եղար։ Երկու շաբաթ ետք, վերակացուն իր գործը կորսնցուց եւ նոր պատասխանատուն եղբօր հարցուց իր նպատակակէտերուն մասին։ Եղբայրը իսկոյն բացատրեց թէ ինք եւ իր կինը Եհովայի վկաներ են ու լիաժամ կը ծառայեն, եւ թէ կ’ուզեն այսպէս շարունակել։ Եղբայրը այլ բան ըսելէ առաջ, պատասխանատուն ըսաւ. «Զգացի թէ դուն միւսներէն տարբեր ես։ Երբ հայրս մահուան անկողինին վրայ էր, ձեզմէ երկու քոյրեր կու գային եւ իրեն ամէն օր Աստուածաշունչէն կը կարդային։ Ես ալ ուխտ ըրի իմ անձիս հետ, որ եթէ երբեք պատեհութիւն ունենամ Եհովայի վկաներէն մէկուն օգնելու, պիտի օգնեմ»։ Յաջորդ առաւօտ, այս եղբօր տրուեցաւ այն գործը՝ որ նախկին վերակացուն մերժած էր իրեն տալ։ Իրապէս, երբ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ, Եհովան իր խոստումը պիտի պահէ եւ մեզի բոլոր հարկ եղած բաները պիտի հայթայթէ (Մատ. 6։33

ՀԱՒԱՏՔԸ ԵՒ ՅՈՅՍԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԵՆ

17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւենք։

17 Դաւիթ ըսաւ. «Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ» (Սաղ. 27։13)։ Այո, ան Եհովայի խոստումներուն հաւատաց եւ ասիկա իրեն յոյս ներշնչեց։ Մենք ալ պէտք է որ հաւատք եւ յոյս ունենանք։ Պահ մը մտածէ՛, թէ մեր կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլար եթէ չունենայինք մեր աստուածատուր յոյսը եւ չգիտնայինք Սաղմոս 27–ի մէջ նշուած կէտերը։ Ուստի, մինչ կը դիմագրաւենք Արմագեդոնը կանխող դէպքերը, թող որ շարունակենք վստահութեամբ աղօթել զօրութեան եւ ազատումի համար (կարդա՛ Սաղմոս 27։14

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Դաւիթ զօրացաւ երբ մտաբերեց թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք ազատած էր

[Նկար՝ էջ 25]

Տնտեսական դժուարութիւնները մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու պատեհութիւն կը նկատե՞նք