Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ կը նշանակէ ծայրայեղ աղքատութիւն

Ի՞նչ կը նշանակէ ծայրայեղ աղքատութիւն

Ի՞նչ կը նշանակէ ծայրայեղ աղքատութիւն

ԾԱՅՐԱՅԵՂ աղքատութիւնը կեանքի սպառնացող բան մըն է, որ կը նշանակէ բաւարարաչափ ուտելիք, ջուր ու վառելանիւթ չունենալ, ինչպէս նաեւ՝ պատսպարանի, առողջապահական խնամքի եւ ուսման պակասը քաշել։ Ատիկա մէկ միլիառ անհատի կ’ազդէ, այսինքն՝ մօտաւորապէս Ամերիկաներու ընդհանուր բնակչութեան թիւը։ Այսուհանդերձ, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նման վայրերու մէջ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ չէ ճանչցած անհատ մը, որ ծայրայեղօրէն աղքատ է։ Ուստի ինչո՞ւ անոնցմէ ոմանց չծանօթանանք։

Ըմպարուշիմանան իր կնոջ ու հինգ զաւակներուն հետ Ափրիկէի Ռուանտա երկրին մէջ կ’ապրի։ Իր վեցերորդ զաւակը ջերմախտի պատճառով մեռած է։ Ան կ’ըսէ. «Ինձմէ զատ հինգ զաւակ ունենալով, հայրս երբ իր հողամասը մեր միջեւ բաժնեց, իմ բաժինս ա՛յնքան պզտիկ ելաւ որ ստիպուեցայ ընտանեօք քաղաք փոխադրուիլ։ Իմ ու կնոջս աշխատանքն է՝ քարերով եւ աւազով լեցուն պարկեր կրել։ Մեր տունը պատուհան չունի, իսկ ջուրն ալ ոստիկանատան մօտակայքը եղող ջրհորէ մը կը քաշենք։ Սովորաբար, ամէն օր մէկ ժում ճաշ կ’ունենանք, բայց երբ գործ չըլլայ, ամբողջ օրը ուտելիք չենք ունենար։ Այդ ատեն ես տունէն դուրս կ’ելլեմ, քանի որ չեմ կրնար լսել զաւակներուս անօթութեան լացը»։

Վիքթորն ու Գարմէնը կօշկակարներ են։ Անոնք իրենց հինգ զաւակներով կը բնակին Պոլիվիոյ մեկուսացած մէկ գիւղաքաղաքին մէջ։ Անոնց տունը կիսաքանդ շէնքի մը մէկ վարձու սենեակն է, ուր ելեկտրականութիւն չկայ եւ թիթեղեայ տանիքէն ջուր կը կաթկթի։ Դպրոցը ա՛յնքան շատ աշակերտութիւն ունի, որ Վիքթոր ստիպուած գրասեղան մը շինած է, որպէսզի իր աղջիկը կարենայ յաճախել։ Զոյգը 10 քիլոմեթր պէտք է քալէ, որպէսզի եփելու եւ խմելիք ջուրը եռացնելու համար փայտ կտրէ։ Գարմէն կ’ըսէ. «Մենք պէտքարան չունինք, ուստի ստիպուած գետ կ’երթանք, որ նաեւ կը գործածուի լոգանքի եւ աղբ թափելու համար։ Երեխաները յաճախ կը հիւանդանան»։

Ֆրանսիսգոն եւ Իլիտիան Մոզամպիկի գիւղական շրջանի մը մէջ կ’ապրին։ Իրենց զաւակներէն չորսն ողջ են. մէկը ջերմախտի պատճառով մեռաւ, երբ հիւանդանոցը չընդունեց զինք դարմանել։ Զոյգը իրենց պզտիկ հողամասին մէջ բրինձ եւ անուշ գետնախնձոր կ’աճեցնեն, որպէսզի երեք ամսուան ուտելիք ապահովեն։ Ֆրանսիսգոն կ’ըսէ. «Երբեմն՝ անձրեւ չգալուն կամ գողերու պատճառաւ, մեր բերքը կը կորսնցնենք. ուստի քիչ մը դրամ կը ճարեմ՝ շինարարութեան համար հնդկեղէգի ձողեր կտրելով ու ծախելով։ Ես ու կինս նաեւ երկու ժամ կը քալենք, որպէսզի մացառուտէն փայտ կարգադրենք։ Իւրաքանչիւրս մէկ պարկ շալկած տուն կը վերադառնանք. մէկ պարկը շաբթուան կերակուրին համար, իսկ միւսը՝ ծախելու համար»։

Շատեր կը զգան թէ շատ սխալ եւ անարդար բան մըն է, որ աշխարհին մէջ ամէն եօթէն մէկը Ըմպարուշիմանային, Վիքթորին եւ Ֆրանսիսգոյին պէս կ’ապրի, մինչ ուրիշ միլիառաւորներ աննախընթաց բարգաւաճութիւն կը վայելեն։ Ոմանք փորձած են հարցին շուրջ բան մը ընել։ Հետեւեալ յօդուածը նկատի կ’առնէ անոնց ջանքերն ու յոյսերը։

[Նկար՝ էջ 3]

Գարմէնը իր երկու զաւակներուն հետ, մինչ գետէն ջուր կ’առնէ