Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը

Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը

Ի՞նչ է Աստուծոյ հանգիստը

«Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ» (ԵԲ. 4։9

1, 2. Եօթներորդ օրուան առնչութեամբ, Ծննդոց 2։1-3–էն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ԾՆՆԴՈՑԻ առաջին գլուխէն կ’իմանանք, թէ Աստուած երկիրը մարդուն բնակութեան համար պատրաստեց, այլաբանական վեց օրերու ընթացքին։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին աւարտը կը յատկանշուի սա խօսքով. «Իրիկուն ու առտու ըլլալով» (Ծն. 1։5, 8, 13, 19, 23, 31)։ Սակայն եօթներորդ օրուան առնչութեամբ, Ծննդոց 2։1-3–ի մէջ այդ նոյն խօսքը չի նշուիր։

2 Վերոնշեալ խօսքը չարձանագրելը կը թելադրէ, թէ եօթներորդ օրը,– հանգստանալու Աստուծոյ «օրը»,– տակաւին կը շարունակուէր։ Ներկայիս Աստուած դեռ հանգիստ կ’ընէ՞։ Եթէ այո՛, կրնա՞նք անոր հանգիստին մէջ մտնել։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունին։

Եհովա տակաւին «հանգիստ» կ’ընէ՞

3. Յովհաննէս 5։16, 17–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ եօթներորդ օրը առաջին դարուն կը շարունակուէր։

3 Ապացոյցի երկու եզրեր մեզ կ’առաջնորդեն այն եզրակացութեան, թէ մ.թ. առաջին դարուն տակաւին եօթներորդ օրը կը շարունակուէր։ Առաջին, նկատի առ Յիսուսի խօսքերը, զորս իր հակառակորդներուն ուղղեց։ Քանի որ Շաբաթ օրը մարդիկը կը բժշկէր, անոնք Յիսուսի դէմ բարկացած էին՝ իր ըրածը գործի ձեւ մը նկատելով։ Տէրը անոնց ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ» (Յովհ. 5։16, 17)։ Ի՞նչ էր բուն կէտը։ Յիսուս Շաբաթ օրը աշխատելու յանցանքով կ’ամբաստանուէր։ Ան այդ ամբաստանութեան պատասխանեց ըսելով՝ «իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ»։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս զինք քննադատողներուն կ’ըսէր. ‘Հայրս եւ ես նոյն գործը կ’ընենք։ Որովհետեւ Հայրս հազարամեակներ տեւող իր Շաբաթ օրուան ընթացքին շարունակ կ’աշխատի, ուրեմն ես ալ կրնամ նո՛յնիսկ Շաբաթ օրը աշխատիլ’։ Յիսուսի խօսքը ցոյց կու տայ, թէ այդ ատեն անոնք տակաւին եօթներորդ օրուան, այսինքն՝ երկրի վրայ ստեղծագործութիւն ընելէ հանգստանալու Աստուծոյ օրուան մէջ էին։ Բայց Աստուած դեռ կ’աշխատէր, մարդոց եւ երկրի առնչութեամբ իր նպատակը իրագործելու համար։ *

4. Յաւելեալ ի՞նչ ապացոյց Պօղոս կու տայ, թէ եօթներորդ օրը իր օրերուն կը շարունակուէր։

4 Պօղոս առաքեալ ապացոյցի երկրորդ եզրը կու տայ։ Աստուծոյ հանգիստին մասին Ծննդոց 2։2–ը մէջբերելով՝ ներշնչման ներքեւ ան գրեց. «Մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք» (Եբ. 4։3, 4, 6, 9)։ Ուստի, եօթներորդ օրը Պօղոսի օրերուն տակաւին կը շարունակուէր։ Հանգիստի այդ օրը դեռ ո՞րքան պիտի տեւէր։

5. Եօթներորդ օրուան նպատակը ի՞նչ էր, եւ ե՞րբ լիովին պիտի իրագործուի։

5 Այդ հարցումին պատասխանելու համար, հարկ է որ եօթներորդ օրուան նպատակը յիշենք։ Ծննդոց 2։3–ը զայն կը բացատրէ. «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց»։ Եհովա այդ օրը սրբեց կամ զատեց, որպէսզի իր նպատակը իրագործէ, որ է՝ հնազանդ տղամարդիկ ու կիներ երկրի վրայ ապրին եւ կեանքի բոլոր տեսակներուն հոգ տանին (Ծն. 1։28)։ Երկրի նկատմամբ այդ նպատակը իրագործելու համար, Եհովա Աստուած եւ «շաբաթին տէրը»՝ Յիսուս Քրիստոս, ‘մինչեւ հիմա կը գործեն’ (Մատ. 12։8)։ Ուստի, Աստուծոյ հանգիստը պիտի շարունակուի մինչեւ որ Իր նպատակը լիովին իրագործուի՝ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։

«Նոյն անհաւատութեան մէջ» մի՛ իյնար

6. Ի՞նչ օրինակներ որպէս ազդարարութիւն կը ծառայեն մեզի, եւ անոնցմէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

6 Աստուծոյ նպատակը յստակ կերպով Ադամի ու Եւայի բացատրուեցաւ, սակայն անոնք անոր հետ չհամագործակցեցան։ Անշուշտ, Ադամ ու Եւա միայն առաջին մարդիկն էին, որոնք ըմբոստ ընթացք մը հետապնդեցին։ Անկէ ի վեր, միլիոնաւորներ անհնազանդ եղած են։ Նո՛յնիսկ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը՝ իսրայէլ ազգը, անհնազանդ ընթացքի մը մէջ ինկաւ։ Եւ յատկանշականօրէն, Պօղոս առաջին դարու քրիստոնեաները զգուշացուց, թէ իրենցմէ ոմանք վաղեմի իսրայէլացիներուն նման կրնային նոյն ծուղակին մէջ իյնալ։ Ան գրեց. «Ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ» (Եբ. 4։11)։ Նկատէ՛ թէ Պօղոս անհաւատութիւնը կամ անհնազանդութիւնը, Աստուծոյ հանգիստը չմտնելուն հետ կը կապէ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար։ Եթէ կերպով մը Աստուծոյ նպատակին դէմ ըմբոստանանք, արդեօք Աստուծոյ հանգիստը չմտնելու վտանգը կը դիմագրաւե՞նք։ Յստակ է որ այդ հարցումին պատասխանը մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունի, եւ զայն ետքը պիտի քննարկենք։ Սակայն այժմ տեսնենք, թէ տակաւին ի՛նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ հանգիստը մտնելու մասին, նկատի առնելով իսրայէլացիներուն վատ օրինակը։

«Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»

7. Եհովա ի՞նչ ի մտի ունէր երբ իսրայէլացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատեց, եւ անոնցմէ ի՞նչ ակնկալուած էր։

7 Մ.թ.ա. 1513–ին Եհովա իր ծառային՝ Մովսէսին յայտնեց իսրայէլացիներուն նկատմամբ Իր նպատակը։ Ան ըսաւ. «Զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն [Եգիպտոս] աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը. . . տանելու եկայ» (Ել. 3։8)։ Ինչպէս որ Եհովա իրենց նախահօր՝ Աբրահամին խոստացած էր, իսրայէլացիները «Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու» իր նպատակն էր՝ զիրենք իր ժողովուրդը դարձնել (Ծն. 22։17)։ Աստուած իսրայէլացիներուն օրէնքներ տուաւ, որոնցմով պիտի կարենային իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն մը վայելել (Եսա. 48։17, 18)։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք [ինչպէս որ Օրէնքին մէջ նշուած է], դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է» (Ել. 19։5, 6)։ Հետեւաբար, իսրայէլացիներուն կողմէ Աստուծոյ հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւն մը վայելելը, անոր ձայնին հնազանդելէն կախեալ էր։

8. Իսրայէլացիները ի՞նչ ապրելակերպ պիտի վայելէին, եթէ Աստուծոյ հնազանդէին։

8 Պահ մը մտածէ՛ այն կեանքին մասին, զոր իսրայէլացիները պիտի վայելէին եթէ Աստուծոյ ձայնին հնազանդէին։ Եհովա պիտի օրհնէր անոնց դաշտերը, այգիները, հօտերը եւ արջառները։ Թշնամիները անոնց վրայ մնայուն իշխանութիւն պիտի չունենային (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 10։23-27Երբ Մեսիան յայտնուէր, հաւանաբար իսրայէլացիները անկախ ազգ մը պիտի գտնէր, եւ ոչ թէ հռոմէական մտրակին տակ նուաստացած։ Իսրայէլ իր դրացիներուն տիպար թագաւորութիւն մը պիտի ըլլար, ստուգապէս ապացուցանելով թէ ճշմարիտ Աստուծոյ հնազանդիլը, հոգեւոր ե՛ւ նիւթական օրհնութիւններ կը բերէ։

9, 10. ա) Ինչո՞ւ Եգիպտոս վերադառնալու իսրայէլի փափաքը լուրջ հարց մըն էր։ բ) Եգիպտոս վերադառնալը իսրայէլացիներուն պաշտամունքին ինչպէ՞ս պիտի ազդէր։

9 Իսրայէլացիները մասնայատուկ պատեհութիւն ունէին՝ Եհովային թոյլ տալու, որ զիրենք գործածէր Իր նպատակը իրագործելու համար։ Անոնք կրնային Եհովայի օրհնութիւնը ստանալ, ինչպէս նաեւ՝ երկրի բոլոր ընտանիքներուն օրհնութիւններ բերել (Ծն. 22։18)։ Սակայն այդ ըմբոստ սերունդը, որպէս ամբողջութիւն, աստուածպետական իշխանութեան ներքեւ տիպար թագաւորութիւն մը հաստատելով չնչին հետաքրքրուեցաւ։ Անոնք նո՛յնիսկ ուզեցին Եգիպտոս վերադառնալ (կարդա՛ Թուոց 14։2-4Սակայն այդ վերադարձը, իսրայէլը տիպար թագաւորութիւն մը դարձնելու Աստուծոյ նպատակը յառաջ պիտի չմղէր։ Իրականութեան մէջ, եթէ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ դարձեալ ստրուկներ դառնային, բնա՛ւ պիտի չկարենային մովսիսական օրէնքին հետեւիլ եւ իրենց մեղքերը ներելու Եհովայի կարգադրութենէն օգտուիլ։ Ի՜նչ մարմնաւոր,– ի՜նչ կարճատես,– էին անոնք։ Զարմանալի չէ որ Եհովա այդ ըմբոստներուն մասին ըսաւ. «Զզուեցայ այն ազգէն ու ըսի. ‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն» (Եբ. 3։10, 11. Սաղ. 95։10, 11

10 Եգիպտոս վերադառնալու իրենց փափաքը ցոյց տուաւ, թէ անոնք Եհովայի կողմէ ստացած հոգեւոր օրհնութիւնները չարժեւորեցին, նախընտրելով Եգիպտոսի պրասները, սոխերն ու սխտորները (Թուոց 11։5)։ Ապերախտ Եսաւի նման, այդ ըմբոստները համադամ ճաշի համար՝ պատրաստ էին թանկագին հոգեւոր ժառանգութիւն մը կորսնցնելու (Ծն. 25։30-32. Եբ. 12։16

11. Եգիպտոսը ձգող իսրայէլացիներուն անհաւատութիւնը Եհովայի նպատակը փոխե՞ց։

11 Հակառակ անոր որ Եգիպտոսը ձգող իսրայէլացիները Եհովային չհաւատացին, ան իր նպատակը իրագործելու համար շարունակեց համբերութեամբ ‘գործել’, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով յաջորդ սերունդին վրայ։ Նոր սերունդին անդամները իրենց ծնողներէն աւելի հնազանդ էին։ Եհովայի պատուէրին համաձայն, անոնք Խոստացեալ երկիրը մտան եւ սկսան զայն նուաճել։ Յեսու 24։31–ի մէջ կը կարդանք. «Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ»։

12. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ այսօր կարելի է Աստուծոյ հանգիստը մտնել։

12 Սակայն այդ հնազանդ իսրայէլացիները ծերացան եւ մեռան։ Անոնց յաջորդեց սերունդ մը, որ «Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար»։ Հետեւաբար, «Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին» (Դատ. 2։10, 11)։ Անոնց համար Խոստացեալ երկիրը իսկական «հանգիստ»ի վայր մը չեղաւ։ Իրենց անհնազանդութեան պատճառով, Աստուծոյ հետ մնայուն խաղաղութիւն չվայելեցին։ Պօղոս այս իսրայէլացիներուն մասին գրեց. «Եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։ Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ» (Եբ. 4։8, 9)։ «Աստուծոյ ժողովուրդ»ը ըսելով՝ Պօղոս կ’ակնարկէր քրիստոնեաներուն։ Ատիկա կը նշանակէ՞ թէ քրիստոնեաները կրնային Աստուծոյ հանգիստը մտնել։ Վստահաբար այո՛,– թէ՛ հրեայ եւ թէ ոչ–հրեայ քրիստոնեաները։

Կարգ մը քրիստոնեաներ Աստուծոյ հանգիստը չմտան

13, 14. ա) Մովսէսի օրերուն իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին, Աստուծոյ հանգիստը մտնելու համար։ բ) Պօղոսի օրերուն քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք էր ընէին, Աստուծոյ հանգիստը մտնելու համար։

13 Երբ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց, ան մտահոգ էր թէ անոնցմէ ոմանք Աստուծոյ յառաջդիմական նպատակին հետ չէին համագործակցեր (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։1Ի՞նչ առումով։ Ծիծաղելին այն է որ ատիկա մովսիսական օրէնքը պահելուն հետ կապ ունէր։ Շուրջ 1500 տարի, ոեւէ իսրայէլացի որ կը փափաքէր Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակ ապրիլ, պէտք էր որ Օրէնքը պահէր։ Սակայն Յիսուսի մահէն ետք, անոնք այլեւս մովսիսական օրէնքին պէտք չունէին։ Քրիստոնեաներէն ոմանք այս կէտը չըմբռնելով՝ պնդեցին Օրէնքին կարգ մը մասերը պահել։ *

14 Պօղոս բացատրեց այն քրիստոնեաներուն, որոնք վճռած էին Օրէնքը պահել, թէ Յիսուսի քահանայապետութիւնը, նոր ուխտը եւ հոգեւոր տաճարը, իրենց նախաքրիստոնէական համանմաններէն գերադաս էին (Եբ. 7։26-28. 8։7-10. 9։11, 12)։ Ուստի, Օրէնքին ներքեւ շաբաթական Շաբաթը պահելը հաւանաբար ի մտի ունենալով, Պօղոս Եհովայի հանգիստին օրը մտնելու առանձնաշնորհումին մասին գրեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն» (Եբ. 4։8-10)։ Այդ եբրայեցի քրիստոնեաները պէտք էր դադրէին մտածելէ, թէ մովսիսական օրէնքին վրայ հիմնուած գործեր ընելով, Եհովայի հաճութիւնը կրնային շահիլ։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Աստուած իր հաճութիւնը քաղցրութեամբ կը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատան։

15. Հնազանդութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ հանգիստը մտնել։

15 Ի՞նչ բան արգելք հանդիսացաւ որ իսրայէլացիները Մովսէսի օրերուն Խոստացեալ երկիրը մտնեն։ Անհնազանդութիւնը։ Ի՞նչ բան արգելք կը հանդիսանար որ Պօղոսի ժամանակակից քրիստոնեաներէն ոմանք Աստուծոյ հանգիստը մտնեն։ Դարձեա՛լ անհնազանդութիւնը։ Անոնք չըմբռնեցին թէ Օրէնքը իր նպատակին ծառայած էր, եւ թէ Եհովա իր ժողովուրդը նոր ուղղութեամբ կ’առաջնորդէր։

Ինչպէ՛ս կրնանք այսօր Աստուծոյ հանգիստը մտնել

16, 17. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հանգիստը մտնել այսօր։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

16 Ներկայիս, մեզմէ ո՛չ ոք կը հաւատայ, թէ փրկութեան համար քրիստոնեաները պէտք է մովսիսական օրէնքին հնազանդին։ Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը շատ յստակ են. «Շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ» (Եփ. 2։8, 9)։ Ուրեմն, քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հանգիստը մտնել։ Եհովա զատեց եօթներորդ օրը,– իր հանգիստի օրը,– երկրի նկատմամբ իր նպատակը փառաւոր կատարման բերելու համար։ Կրնա՛նք Եհովայի հանգիստը մտնել,– կամ իր հանգիստին մէջ իրեն միանալ,– հնազանդօրէն գործելով՝ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի յայտնուած իր յառաջդիմական նպատակին հետ ներդաշնակ։

17 Միւս կողմէ, եթէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին տուած աստուածաշնչական խրատը թեթեւի առնենք՝ անկախ ընթացք մը ընտրելով, Աստուծոյ նպատակին դէմ գործած կ’ըլլանք։ Ասիկա կրնայ Եհովայի հետ մեր խաղաղ փոխյարաբերութիւնը վտանգի ենթարկել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք սովորական պարագաներ, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդին կ’ազդեն եւ պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս մեր առած որոշումները,– ընտրել հնազանդիլ կամ անկախ ընթացք ունենալ,– կրնան նշել թէ Աստուծոյ հանգիստը մտա՛ծ ենք կամ ոչ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Քահանաները եւ ղեւտացիները Շաբաթ օրը տաճարին վերաբերեալ գործեր կ’ընէին եւ «անմեղ» կը մնային։ Աստուծոյ հոգեւոր մեծ տաճարին քահանայապետը ըլլալով, Յիսուս նաեւ կրնար իր հոգեւոր նշանակումը կատարել, առանց Շաբաթը բեկանելու վախը ունենալու (Մատ. 12։5, 6

^ պարբ. 13 Չենք գիտեր եթէ եբրայեցի քրիստոնեաներէն ոմանք, նոյնիսկ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, Քաւութեան օրը զոհեր մատուցանեցին։ Ասիկա ընելը՝ վստահաբար Յիսուսի զոհը չյարգել պիտի նշանակէր։ Բայց գիտենք որ եբրայեցի քրիստոնեաներէն ոմանք, Օրէնքին կարգ մը սովորութիւններուն կառչած էին (Գաղ. 4։9-11

Հարցումներ՝ խորհրդածութեան համար

• Աստուծոյ եօթներորդ օրուան հանգիստին նպատակը ի՞նչ էր։

• Ինչպէ՞ս գիտենք թէ եօթներորդ օրը մինչեւ օրս կը շարունակուի։

• Ի՞նչ բան արգելք հանդիսացաւ Մովսէսի ժամանակակից իսրայէլացիներուն եւ առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներուն, որ Աստուծոյ հանգիստը մտնեն։

• Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ հանգիստը մտնել այսօր։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 27]

Կրնա՛նք Եհովայի հանգիստը մտնել,– կամ իր հանգիստին մէջ իրեն միանալ,– հնազանդօրէն գործելով՝ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի յայտնուած իր յառաջդիմական նպատակին հետ ներդաշնակ

[Նկարներ՝ էջ 26]

Ի՞նչ բան կը շարունակէ Աստուծոյ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ ըլլալ՝ իր հանգիստը մտնելու համար