Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հոգին. . . կը քննէ Աստուծոյ խորունկ բաները»

«Հոգին. . . կը քննէ Աստուծոյ խորունկ բաները»

«Հոգին. . . կը քննէ Աստուծոյ խորունկ բաները»

«Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ» (Ա. ԿՈՐ. 2։10

1. Ա. Կորնթացիս 2։10–ի մէջ Պօղոս սուրբ հոգիին ո՞ր դերը ընդգծած է, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։

ԵՀՈՎԱՅԻ սուրբ հոգիին ներգործութեան համար ո՜րչափ երախտապարտ ենք։ Սուրբ Գրութիւնները հոգիին մասին կը խօսին որպէս մխիթարիչ, պարգեւ, վկայութիւն տուող եւ բարեխօս (Յովհ. 14։16. Գործք 2։38. Հռով. 8։16, 26, 27)։ Պօղոս առաքեալ ընդգծեց այլ կենսական դեր մը, զոր սուրբ հոգին կը խաղայ. «Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ» (Ա. Կոր. 2։10)։ Արդարեւ, Եհովա իր սուրբ հոգին կը գործածէ՝ հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւններ յայտնելու։ Առանց այս օգնութեան, ի՞նչ տարողութեամբ պիտի հասկնայինք Եհովայի նպատակները (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 2։9-12Սակայն կարգ մը հարցումներ կը ծագին. ինչպէ՞ս ‘հոգին կը քննէ Աստուծոյ խորունկ բաները’։ Մ.թ. առաջին դարուն, Եհովա այս բաները որո՞նց միջոցով յայտնեց։ Իսկ մեր օրերուն, հոգին ինչպէ՞ս եւ որո՞նց միջոցով այս խորունկ բաները կը քննէ։

2. Հոգին ի՞նչ երկու կերպերով պիտի գործէր։

2 Յիսուս նշեց թէ հոգին երկու կերպերով պիտի գործէր։ Իր մահէն քիչ առաջ, ան առաքեալներուն ըսաւ. «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ» (Յովհ. 14։26)։ Ուրեմն սուրբ հոգին որպէս ուսուցիչ եւ որպէս յուշարար պիտի գործէր։ Իբրեւ ուսուցիչ, անիկա քրիստոնեաներուն պիտի օգնէր, որ նախապէս չհասկցուած բաները ըմբռնէին։ Իբրեւ յուշարար, անիկա իրենց պիտի օգնէր, որ բացատրուածը մտաբերէին ու շիտակ կերպով կիրարկէին։

Առաջին դարուն

3. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը նշեցին, թէ «Աստուծոյ խորունկ բաները» աստիճանաբար պիտի յայտնուէին։

3 Յիսուս անձամբ նոր ճշմարտութիւններ սորվեցուց իր աշակերտներուն։ Սակայն անոնք տակաւին սորվելիք շատ բան ունէին։ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։ Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ» (Յովհ. 16։12, 13)։ Այսպէս Յիսուս նշեց, թէ սուրբ հոգիին միջոցով, հոգեւոր խորունկ բաներ աստիճանաբար պիտի յայտնուէին։

4. Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս գործեց որպէս ուսուցիչ եւ որպէս յուշարար։

4 Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին «ճշմարտութեան Հոգին» եկաւ, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուած շուրջ 120 քրիստոնեաներու վրայ թափուելով։ Ասիկա տեսանելի եւ լսելի ապացոյցներ ունէր (Գործք 1։4, 5, 15. 2։1-4)։ Աշակերտները «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» այլազան լեզուներով խօսեցան (Գործք 2։5-11)։ Այժմ նոր բան մը յայտնուելու ժամանակն էր։ Յովէլ մարգարէն սուրբ հոգիին այս թափուիլը նախագուշակած էր (Յվլ. 2։28-32)։ Հանդիսականներէն ո՛չ մէկը ակնկալեց այսպիսի կատարման մը ականատես ըլլալ, եւ Պետրոս առաքեալ առաջնորդութիւն առաւ այս զարգացումը բացատրելու (կարդալ՝ Գործք 2։14-18Այսպէս սուրբ հոգին իբր ուսուցիչ գործեց, յստակ դարձնելով Պետրոսի, թէ ինչ որ աշակերտներուն պատահեցաւ, այդ վաղեմի մարգարէութեան կատարումն էր։ Հոգին նաեւ գործեց իբր յուշարար,– Պետրոս մէջբերեց ոչ միայն Յովէլի գիրքէն, այլ նաեւ՝ Դաւիթի երկու սաղմոսներէ (Սաղ. 16։8-11. 110։1. Գործք 2։25-28, 34, 35)։ Ինչ որ այդ ժողվուած բազմութիւնը տեսաւ ու լսեց, արդարեւ Աստուծոյ խորունկ բաներ էին։

5, 6. ա) Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, նոր ուխտին առնչութեամբ ի՞նչ կարեւոր հարցումներ պէտք էր պատասխանուէին։ բ) Այս հարցերը որո՞նց միջոցով ծագեցան, եւ ինչպէ՞ս որոշումներ կայացուեցան։

5 Առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար տակաւին կային հարցեր, որոնք պէտք էր յստականային։ Օրինակ՝ Պէնտէկոստէին ի զօրու դարձած նոր ուխտին մասին հարցումներ կային։ Նոր ուխտը սահմանափակուա՞ծ էր հրեաներուն ու նորադարձներուն։ Հեթանոսներն ալ կրնայի՞ն անոր մէջ ընդունուիլ եւ սուրբ հոգիով օծուիլ (Գործք 10։45)։ Հա՞րկ էր որ հեթանոս արուները նա՛խ թլփատուէին ու մովսիսական օրէնքին ենթարկուէին (Գործք 15։1, 5)։ Ասոնք ծանրակշիռ հարցումներ էին։ Այս խորունկ բաները քննելու համար, Եհովայի հոգիին կարիքը կար։ Սակայն անիկա որո՞նց միջոցով պիտի ներգործէր։

6 Պատասխանատու եղբայրներու միջոցով էր, որ իւրաքանչիւր հարց ուշադրութեան յանձնուեցաւ։ Պետրոս, Պօղոս ու Բառնաբաս կառավարիչ մարմինի այդ ժողովին ներկայ էին ու պատմեցին, թէ Եհովա ինչպէ՛ս անթլփատ հեթանոսներու հետ կը վարուէր (Գործք 15։7-12)։ Այս ապացոյցը Եբրայերէն Գրութիւններու լոյսին տակ նկատի առնելէ ետք եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կառավարիչ մարմինը որոշում մը կայացուց։ Ապա անոնք այդ որոշումը գրաւոր իմացուցին ժողովքներուն (կարդալ՝ Գործք 15։25-30. 16։4, 5, Եփ. 3։5, 6

7. Ի՞նչ միջոցով խորունկ ճշմարտութիւններ յայտնուեցան։

7 Ուրիշ բազմաթիւ հարցեր յստակացան՝ Յովհաննէսի, Պետրոսի, Յակոբոսի եւ Պօղոսի ներշնչեալ գրութիւններով։ Բայց Քրիստոնէական Սուրբ Գրութիւնները ամբողջանալէ որոշ ժամանակ մը ետք, մարգարէանալու պարգեւը եւ հրաշալիօրէն յայտնուած գիտութիւնը դադրեցան (Ա. Կոր. 13։8)։ Արդեօք հոգին պիտի շարունակէ՞ր գործել որպէս ուսուցիչ եւ յուշարար։ Անիկա պիտի շարունակէ՞ր քրիստոնեաներուն օգնել, որ Աստուծոյ խորունկ բաները քննեն։ Մարգարէութիւնը դրական պատասխան մը նշեց։

Վերջին ժամանակին մէջ

8, 9. Վերջին ժամանակին ընթացքին, որո՞նք հոգեւոր իմաստութեամբ պիտի ‘փայլէին’։

8 Վերջին ժամանակին մասին խօսելով, հրեշտակ մը նախագուշակեց. «Իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։ . . .Ու գիտութիւնը պիտի շատնայ» (Դան. 12։3, 4)։ Որո՞նք իմաստուն պիտի ըլլային, եւ որո՞նք պիտի փայլէին։ Յիսուս որոմի առակին մէջ բանալի կէտ մը նշեց։ «Աշխարհիս վերջ»ին մասին խօսելով, ան ըսաւ. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 13։39, 43)։ Իր բացատրութեան մէջ, Յիսուս «արդարները» բնորոշեց որպէս «թագաւորութեանը որդիներ», օծեալ քրիստոնեաներ (Մատ. 13։38

9 Բոլո՞ր օծեալ քրիստոնեաները պիտի ‘փայլէին’։ Առումով մը՝ այո՛, որովհետեւ բոլոր քրիստոնեաները պիտի քարոզէին, աշակերտէին ու ժողովներուն մէջ մէկզմէկ կերտէին։ Օծեալները օրինակ պիտի հանդիսանային (Զաք. 8։23)։ Բայց ասկէ զատ, վերջին ժամանակին ընթացքին խորունկ բաներ պիտի յայտնուէին։ Դանիէլի արձանագրած մարգարէութիւնը մինչեւ այդ ժամանակ «կնքուած» էր (Դան. 12։9)։ Ինչպէ՞ս եւ որո՞նց միջոցով հոգին այս խորունկ բաները պիտի քննէր։

10. ա) Վերջին օրերուն ընթացքին, հոգին որո՞նց միջոցով խորունկ ճշմարտութիւններ կը յայտնէ։ բ) Բացատրէ թէ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին առնչուած ճշմարտութիւններ ինչպէ՛ս յստակացան։

10 Երբ մեր օրերուն հոգեւոր հարց մը յստակացնելու ժամանակը գայ, սուրբ հոգին գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ եղող «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին պատասխանատու ներկայացուցիչներուն կ’օգնէ, որ նախապէս չհասկցուած խորունկ ճշմարտութիւններ ըմբռնեն (Մատ. 24։45. Ա. Կոր. 2։13)։ Ամբողջ Կառավարիչ մարմինը ճշդումները նկատի կ’առնէ (Գործք 15։6)։ Անոնք իրենց սորվածը կը հրատարակեն յօգուտ բոլորին (Մատ. 10։27)։ Մինչ ժամանակը կ’անցնի, թերեւս յաւելեալ յստակացումներու հարկ ըլլայ, եւ ասոնք ալ պարկեշտօրէն կը բացատրուին (տե՛ս «Հոգին ինչպէ՛ս հոգեւոր տաճարին նշանակութիւնը յայտնեց» շրջանակը)։

Ներկայիս հոգիին դերէն օգտուիլ

11. Ներկայիս բոլոր քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կ’օգտուին Աստուծոյ խորունկ բաները յայտնելու մէջ սուրբ հոգիին դերէն։

11 Աստուծոյ խորունկ բաները յայտնելու մէջ սուրբ հոգիին դերէն կ’օգտուին բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաները։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն նման, ներկայիս կ’ուսումնասիրենք, իսկ ետքը կը վերյիշենք ու կը կիրարկենք այն տեղեկութիւնը, որ սուրբ հոգին մեզի կ’օգնէ հասկնալու (Ղուկ. 12։11, 12)։ Բարձր ուսման պէտք չունինք, որպէսզի հրատարակուած հոգեւոր խորունկ ճշմարտութիւնները հասկնանք (Գործք 4։13)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ խորունկ բաներու նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը բարելաւել։ Նկատի առ քանի մը առաջարկներ։

12. Ե՞րբ աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք։

12 Աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ։ Աստուածաշնչական նիւթ մը նկատի առնելէ առաջ, աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք, որպէսզի մեզ առաջնորդէ։ Այս մէկը պէտք է ընենք, նոյնիսկ եթէ առանձին ենք կամ մատչելի ժամանակը կարճ է։ Այսպիսի խոնարհ խնդրանքներ վստահաբար մեր երկնաւոր Հօր սիրտը պիտի ուրախացնեն։ Ինչպէս Յիսուս նշեց, Եհովա մեր անկեղծ խնդրուածքին ի տես՝ իր սուրբ հոգին պիտի շնորհէ (Ղուկ. 11։13

13, 14. Ժողովներուն նիւթերը պատրաստելը ի՞նչ դեր կը խաղայ Աստուծոյ խորունկ բաները հասկնալուն մէջ։

13 Ժողովներուն նիւթերը նախապատրաստէ։ Ծառայ դասակարգին միջոցով ‘ատենին կերակուր’ կը ստանանք։ «Ծառան» իր նշանակումը կը կատարէ՝ աստուածաշնչական նիւթեր հայթայթելով եւ ուսումնասիրութեան ու ժողովներուն համար յայտագիրներ կարգադրելով։ Լաւ–մտածուած պատճառներով կը խնդրուի «հաւատակից եղբայրներ»էն, որ որոշ տեղեկութիւններ նկատի առնեն (Ա. Պետ. 2։17, Անթիլիաս. Կող. 4։16. Յուդա 3)։ Սուրբ հոգիին հետ կը համագործակցինք, երբ տրուած յանձնարարութիւններուն լաւագոյն կերպով կը հետեւինք (Յայտ. 2։29

14 Քրիստոնէական ժողովներու նիւթերը պատրաստելու ատեն, լաւ կ’ընենք եթէ նշուած համարները բանանք ու փորձենք զատորոշել, թէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՛ս կապ ունի քննարկուած նիւթին հետ։ Այս սովորութիւնը աստիճանաբար պիտի խորացնէ Աստուածաշունչի մեր հասկացողութիւնը (Գործք 17։11, 12)։ Համարները բանալը զանոնք մտքին մէջ կը դրոշմէ, եւ սուրբ հոգին կ’օգնէ զանոնք վերյիշելու։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի էջին վրայ համարը տեսնելը, մեզի կ’օգնէ որ յետագային զայն աւելի դիւրաւ գտնենք։

15. Ինչո՞ւ պէտք է քայլ պահենք հրատարակուած նիւթերուն հետ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կ’իրագործես։

15 Քայլ պահէ։ Մեր ժողովներուն մէջ չեն քննարկուիր կարգ մը հրատարակուած նիւթեր, բայց անոնք մեր օգտին համար պատրաստուած են։ Նոյնիսկ հանրութեան ներկայացուած մեր պարբերաթերթերը, մեզ ի մտի ունենալով պատրաստուած են։ Այս խճողուած աշխարհին մէջ, յաճախ բանի մը կամ մէկու մը պէտք է սպասենք։ Եթէ հրատարակութիւն մը ունենանք, որ տակաւին չենք կարդացած կամ մասամբ կարդացած ենք, կրնանք այսպիսի առիթներ օգտագործելով մաս մը կարդալ։ Ոմանք քայլ կը պահեն՝ հրատարակութեանց ձայնագրութիւնները մտիկ ընելով, մինչ կը քալեն կամ ինքնաշարժ կը վարեն։ Այս բոլոր նիւթերը բծախնդրաբար հետազօտուած են ու պարզ լեզուով գրուած են, որպէսզի հոգեւոր բաներու հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնեն (Ամբ. 2։2

16. Մեր մտքէն անցած հարցումները գրի առնելով եւ ապա անոնց մասին պրպտելով ի՞նչ օգուտ կը քաղենք։

16 Խորհրդածէ։ Երբ Աստուածաշունչը կամ անոր վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները կը կարդաս, ժամանակ տրամադրէ մտածելու։ Մինչ ընթերցանութեան մէջի գաղափարներուն ուշադրութեամբ կը հետեւիս, թերեւս հարցումներ ծագին։ Զանոնք գրի առ, յետոյ պրպտում կատարէ։ Յաճախ, մեր հետաքրքրութիւնը շարժող հարցեր հետազօտելով՝ ամէնէն խորը կը թափանցենք։ Մեր ձեռք ձգած հասկացողութիւնը անձնական գանձին մէկ մասը կը դառնայ, որմէ կրնանք հանել պէտք եղած ատենը (Մատ. 13։52

17. Ընտանեկան կամ անձնական ուսումնասիրութեան համար ի՞նչ յայտագրի կը հետեւիս։

17 Ընտանեկան պաշտամունքի համար ժամանակ տրամադրէ։ Կառավարիչ մարմինը բոլորս քաջալերած է, որ ամէն շաբաթ երեկոյ մը կամ այլ ժամանակ մը տրամադրենք անձնական կամ ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար։ Մեր ժողովներու նոր յայտագիրը ճամբան կը հարթէ, որ այս ցուցմունքը կիրարկենք։ Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին ի՞նչ բան նկատի կ’առնես։ Ոմանք Աստուածաշունչը կը կարդան, հարցում յարուցանող համարները կը պրպտեն ու իրենց Սուրբ Գիրքին մէջ համառօտ բացատրութիւններ կ’արձանագրեն։ Բազմաթիւ ընտանիքներ ժամանակ կը յատկացնեն՝ ուսումնասիրուած նիւթին ընտանեկան կիրարկումը ընելու։ Կարգ մը հայրեր կ’ընտրեն նիւթեր, որոնք ընտանիքին կարիքին համաձայն են կամ ընտանիքը հետաքրքրող կէտեր կը ծածկեն։ Անկասկած, ժամանակի ընթացքին, ուրիշ նիւթեր ալ պիտի ուզես քննարկել։ *

18. Աստուծոյ Խօսքին աւելի խորունկ ճշմարտութիւնները ուսումնասիրելէ ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք։

18 Յիսուս ըսաւ որ հոգին իբրեւ օգնական պիտի գործէր։ Ուստի Աստուծոյ Խօսքին աւելի խորունկ ճշմարտութիւնները ուսումնասիրելէ պէտք չէ ետ կենանք։ Այսպիսի ճշմարտութիւններ ‘Աստուծոյ գիտութեան’ մէկ մասն են, եւ մեզի հրաւէր տրուած է որ զանոնք փնտռենք (կարդալ՝ Առակաց 2։1-5Անոնք շատ բան կը յայտնեն ‘այն բաներուն մասին, որ Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն’։ Մինչ ջանք կը թափենք որ Եհովայի Խօսքին մասին աւելի սորվինք, սուրբ հոգին մեզի պիտի օգնէ, քանի որ «Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ» (Ա. Կոր. 2։9, 10

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Տե՛ս նաեւ հոկտեմբեր 2008–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, էջ 8։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Հոգին ի՞նչ երկու կերպերով մեզի կ’օգնէ, որ «Աստուծոյ խորունկ բաները» քննենք։

• Առաջին դարուն, սուրբ հոգին որո՞նց միջոցով խորունկ ճշմարտութիւններ յայտնեց։

• Ներկայիս հարցերը յստակացնելու համար, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս կը ներգործէ։

• Ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի հոգիին դերէն օգտուիս։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 30]

Հոգին ինչպէ՛ս հոգեւոր տաճարին նշանակութիւնը յայտնեց

Առաջին դարուն յայտնուած «Աստուծոյ խորունկ բաներ»էն մէկն այն էր, թէ խորանը եւ տաճարները աւելի մեծ հոգեւոր իրականութիւն մը նախապատկերացուցին։ Պօղոս այդ իրականութիւնը կոչեց՝ ‘ճշմարիտ խորանը՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը’ (Եբ. 8։2)։ Ասիկա հոգեւոր մեծ տաճար մըն էր, Աստուծոյ մօտենալու կարգադրութիւն մը, որ կարելի դարձաւ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան ու քահանայութեան միջոցով։

«Ճշմարիտ խորան»ը մ.թ. 29–ին գոյացաւ, երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ Եհովա զինք ընդունեց որպէս մատուցուելիք կատարեալ զոհ (Եբ. 10։5-10)։ Իր մահէն ու յարութենէն ետք, Յիսուս հոգեւոր տաճարին Սրբութիւն սրբութեանցը մտաւ եւ իր զոհին արժէքը «Աստուծոյ առջեւ» ներկայացուց (Եբ. 9։11, 12, 24

Պօղոս առաքեալ նաեւ օծեալ քրիստոնեաներուն նկատմամբ գրեց, թէ անոնք ‘սուրբ տաճար մը կ’ըլլան Տէրոջմով’ (Եփ. 2։20-22)։ Արդեօք այս տաճարը, Եբրայեցիս նամակին մէջ նկարագրուած ‘ճշմարիտ խորա՞նն’ էր։ Տասնեակ տարիներ, Եհովայի ծառաները խորհեցան որ այդպէս էր։ Այնպէս թուեցաւ որ օծեալ քրիստոնեաները երկրի վրայ կը պատրաստուէին, որպէսզի Եհովայի երկնային տաճարին մէջ «քարեր» ըլլան (Ա. Պետ. 2։5

Սակայն 1971–ի ատենները, ծառայ դասակարգի պատասխանատու անդամներ սկսան զատորոշել, թէ Եփեսացիս նամակին մէջ նշուած տաճարը չէր կրնար Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարը ըլլալ։ Եթէ «ճշմարիտ խորան»ը յարուցեալ օծեալ քրիստոնեաներէն բաղկանար, անիկա նա՛խ պիտի գոյանար ‘Տէրոջ գալուստին’ ընթացքին՝ իրենց յարութենէն ետք (Ա. Թես. 4։14-16)։ Բայց խորանին ակնարկելով՝ Պօղոս գրեց. «[Անիկա] օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար» (Եբ. 9։9

Այս եւ ուրիշ համարներ ուշադրութեամբ համեմատելով, յստակ եղաւ թէ հոգեւոր տաճարը կառուցուելու ընթացքին մէջ չէ, եւ թէ օծեալ քրիստոնեաները երկրի վրայ տաշուած «քարեր» չեն, առ ի պատրաստութիւն անոր մէկ մասը ըլլալու։ Փոխարէն, օծեալ քրիստոնեաները հոգեւոր տաճարի գաւիթին ու Սրբութեանը մէջ կը ծառայեն, ամէն օր Աստուծոյ «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելով (Եբ. 13։15

[Նկար՝ էջ 31]

Ինչպէ՞ս կրնանք «Աստուծոյ խորունկ բաները» աւելի լաւ ըմբռնել