Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի յայտնէ

Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի յայտնէ

Եհովայի օրը ի՛նչ պիտի յայտնէ

«Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ. . . երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին [«բացայայտուին», ՆԱ]» (Բ. ՊԵՏ. 3։10

1, 2. ա) Իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ԻՐԵՐՈՒ ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը սուտի մը վրայ հիմնուած է,– Եհովայէ անկախ՝ մարդը կրնայ յաջողապէս երկիրը կառավարել (Սաղ. 2։2, 3)։ Ստութեան վրայ հիմնուած բան մը կրնա՞յ յաւիտեան գոյատեւել։ Բնաւ երբեք։ Այսուհանդերձ, պէտք չունինք սպասելու որ Սատանայի աշխարհը ինքնաբերաբար վերջ գտնէ։ Անիկա Աստուծոյ կողմէ պիտի կործանուի՝ ի՛ր որոշած ժամանակին եւ ի՛ր կերպով։ Աստուծոյ այս քայլը կատարելապէս պիտի արտացոլացնէ իր արդարութիւնն ու սէրը (Սաղ. 92։7. Առ. 2։21, 22

2 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին [«բացայայտուին», ՆԱ]» (Բ. Պետ. 3։10)։ Հոս նշուած «երկինք»ն ու «երկիր»ը ի՞նչ են։ Ի՞նչ են լուծուելիք «տարերքներ»ը։ Ի՞նչ ըսել ուզեց Պետրոս, երբ ըսաւ. «Երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»։ Այս հարցումներուն պատասխանները գիտնալը մեզի պիտի օգնէ, որ պատրաստ ըլլանք մօտ ապագային տեղի ունենալիք վախազդու դէպքերուն համար։

Երկինքն ու երկիրը՝ որոնք պիտի անցնին

3. Բ. Պետրոս 3։10–ի մէջ նշուած «երկինք»ը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս պիտի անցնի։

3 Երբ Աստուածաշունչին մէջ «երկինք» բառը խորհրդանշականօրէն կը գործածուի, անիկա յաճախ կ’ակնարկէ իշխանութիւններուն, որոնք իրենց հպատակներէն բարձր են (Եսա. 14։13, 14. Յայտ. 21։1, 2)։ ‘Երկինքը որ պիտի անցնի’՝ կը ներկայացնէ մարդկային իշխանութիւնը անբարեպաշտ ընկերութեան վրայ։ Անոր անցնիլը «սաստիկ շառաչիւնով»,– կամ «հզօր աղաղակով», ըստ ուրիշ թարգմանութեան մը,– կրնայ ակնարկել արագ բնաջնջման։

4. Ի՞նչ է «երկիր»ը եւ ինչպէ՞ս պիտի կործանի։

4 «Երկիր»ը կը ներկայացնէ Աստուծմէ օտարացած մարդկային աշխարհը։ Այսպիսի աշխարհ մը Նոյի օրերուն գոյութիւն ունէր եւ աստուածային հրամանով Ջրհեղեղը անոր վերջ դրաւ։ «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» (Բ. Պետ. 3։7)։ Ջրհեղեղը բոլոր անբարեպաշտները միաժամանակ կործանեց, բայց մօտալուտ կործանումը հանգրուաններով տեղի պիտի ունենայ «մեծ նեղութեան» ընթացքին (Յայտ. 7։14)։ Այդ նեղութեան առաջին հանգրուանին, Աստուած այս աշխարհի կառավարիչները պիտի դրդէ, որ «Մեծ Բաբելոն»ը կործանեն, կրօնական պոռնիկին հանդէպ իր արհամարհանքը ցոյց տալով (Յայտ. 17։5, 16. 18։8)։ Անկէ ետք, Արմագեդոնի պատերազմին՝ մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանին, Եհովա ինք պիտի բնաջնջէ Սատանայի մնացեալ աշխարհը (Յայտ. 16։14, 16. 19։19-21

«Տարերքները. . . պիտի լուծուին»

5. Խորհրդանշական տարերքները ի՞նչ կը պարփակեն։

5 Ի՞նչ են «տարերքներ»ը, որոնք «պիտի լուծուին»։ Աստուածաշունչի բառարան մը «տարերքներ»ը կը սահմանէ որպէս «առաջին սկզբունքներ» կամ «հիմունք»։ Բառարանը կ’ըսէ թէ այս բառը «կը գործածուէր այբուբենի տառերուն համար, որպէս խօսքի նախագիտելիք»։ Ուստի Պետրոսի նշած «տարերքներ»ը կ’ակնարկեն այն հիմնական բաներուն, որոնք աշխարհին կու տան իր անբարեպաշտ յատկանիշները, կեցուածքները, ուղիներն ու նպատակակէտերը։ «Տարերքներ»ը կը պարփակեն «աշխարհի հոգին», որ «ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Ա. Կոր. 2։12. կարդալ՝ Եփեսացիս 2։1-3)։ Այդ հոգին, կամ «օդ»ը, Սատանայի աշխարհէն ներս կը թափանցէ։ Անիկա մարդիկը կը մղէ խորհելու, ծրագրելու, խօսելու եւ գործելու այնպիսի կերպերով, որոնք կ’արտացոլացնեն «այս օդին իշխանութեանը իշխանին»՝ Սատանայի միտքը, որ հպարտ ու յանդուգն է։

6. Աշխարհի հոգին ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի։

6 Հետեւաբար, աշխարհի հոգիով վարակուած անհատները, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար՝ թոյլ կու տան Սատանային, որ իրենց մտքին ու սրտին ազդէ, այնպէս որ իր մտածելակերպն ու կեցուածքը կ’արտացոլացնեն։ Որպէս արդիւնք, անոնք իրենց ուզածը կ’ընեն առանց Աստուծոյ կամքը նկատի առնելու։ Անոնք հպարտութեամբ կամ անձնասիրութեամբ պարագաներուն կը հակազդեն, հեղինակութեան հանդէպ ըմբոստ կեցուածք կը ցուցաբերեն, եւ ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան’ անզուսպօրէն կը յանձնուին (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17 *

7. Ինչո՞ւ մեր ‘սիրտը պէտք է պահենք’։

7 Ուստի ո՜րքան կարեւոր է, որ աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելով մեր ‘սիրտը պահենք’, երբ կ’ընտրենք մեր ընկերակիցները, ընթերցանութեան նիւթերը, ժամանցը եւ ցանցակայքերը (Առ. 4։23)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8)։ Այդ պատուէրը ա՛լ աւելի հրատապ կ’ըլլայ, մինչ Եհովայի օրը կը մօտենայ, քանի որ անոր աննախընթաց ‘տաքութիւնը’ պիտի հալեցնէ Սատանայի դրութեան բոլոր «տարերքները», ապացուցանելով թէ անոնք չեն կրնար Աստուծոյ բարկութեան տաքութեան դիմանալ։ Ասիկա մեր միտքը կը բերէ Մաղաքիա 4։1–ը. «Ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները յարդի պէս պիտի ըլլան ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ»։

«Երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»

8. Երկիրն ու անոր մէջի գործերը ինչպէ՞ս կը «բացայայտուին»։

8 Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ գրեց թէ «երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի բացայայտուին»։ «Բացայայտուին» բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «ի յայտ բերուին» կամ «երեւան հանուին»։ Պետրոս ըսել կ’ուզէր, թէ մեծ նեղութեան ընթացքին, Եհովա Սատանայի աշխարհը պիտի քօղազերծէ որպէս Իրեն եւ Իր Թագաւորութեան ընդդիմացող բան մը, եւ հետեւաբար՝ կործանումի արժանի։ Այդ ժամանակին մասին մարգարէաբար կը նշէ Եսայի 26։21–ը. «Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ»։

9. ա) Ի՞նչ բան պէտք է մերժենք եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ բան պէտք է մշակենք եւ ինչո՞ւ։

9 Եհովայի օրուան ընթացքին, աշխարհի ու անոր չար հոգիին կողմէ կաղապարուած անհատները, իրենց իսկական բնոյթը պիտի դրսեւորեն՝ նոյնիսկ զիրար սպաննելով։ Արդարեւ շատ հաւանական է, որ ներկայիս ժողովրդական եղող վայրագ ժամանցի բազմաթիւ տեսակները, շատերու մտքերը կը ձեւաւորեն այն ժամանակին համար, երբ իւրաքանչիւր անհատ ‘իր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցնէ’ (Զաք. 14։13)։ Ուրեմն ո՜րքան կարեւոր է, որ մերժենք որեւէ բան,– շարժապատկեր, գիրք, տեսաերիզի խաղ, եւայլն,– որ կրնայ մեր մէջ Աստուծոյ զզուելի եղող յատկանիշներ յառաջացնել, ինչպէս՝ հպարտութիւն ու բռնութեան սէր (Բ. Թագ. 22։28. Սաղ. 11։5)։ Փոխարէն, Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղը մշակենք, քանի որ այսպիսի յատկութիւններ Եհովայի օրուան այլաբանական տաքութեան պիտի տոկան (Գաղ. 5։22, 23

‘Նոր երկինք ու նոր երկիր մը’

10, 11. Ի՞նչ են «նոր երկինք»ն ու «նոր երկիր»ը։

10 Կարդալ՝ Բ. Պետրոս 3։13։ «Նոր երկինք»ը Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնն է, որ հաստատուեցաւ 1914–ին, երբ «ազգերուն ժամանակները» լրացան (Ղուկ. 21։24)։ Այս արքայական կառավարութիւնը բաղկացած է Քրիստոս Յիսուսէ եւ իր 144,000 իշխանակիցներէն, որոնց մեծամասնութիւնը իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստացած են։ Յայտնութիւն գրքին մէջ, այս ընտրեալները նկարագրուած են որպէս «սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը. . . որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած» (Յայտ. 21։1, 2, 22-24)։ Ճիշդ ինչպէս որ երկրային Երուսաղէմը վաղեմի Իսրայէլի կառավարութեան կեդրոնն էր, նոյնպէս Նոր Երուսաղէմը եւ իր Փեսան կը կազմեն իրերու նոր դրութեան կառավարութիւնը։ Անիկա ‘երկնքէն պիտի իջնէ’՝ իր ուշադրութիւնը երկրին ուղղելով։

11 «Նոր երկիր»ը կ’ակնարկէ մարդոցմէ բաղկացած երկրային նոր ընկերութեան, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան իրենց յօժարակամ ենթարկուիլը ապացուցանած պիտի ըլլան։ Աստուծոյ ժողովուրդին հիմա իսկ վայելած հոգեւոր դրախտը վերջապէս պիտի գտնուի իր իրաւացի միջավայրին մէջ, այդ գեղեցիկ «գալու աշխարհ»ին մէջ (Եբ. 2։5)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ իրերու նոր դրութեան մէկ մասը ըլլալ։

Եհովայի մեծ օրուան համար պատրաստուէ՛

12. Եհովայի օրը ինչո՞ւ աշխարհը պիտի ցնցէ։

12 Թէ՛ Պօղոս եւ թէ Պետրոս նախագուշակեցին, թէ Եհովայի օրը «գողի պէս» պիտի գար,– գաղտագողի, անակնկալօրէն (կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1, 2Նոյնիսկ ճշմարիտ քրիստոնեաները, որոնք կը շարունակեն այդ օրը ակնկալել, անոր յանկարծահաս ըլլալուն պիտի ապշին (Մատ. 24։44)։ Սակայն աշխարհին համար անիկա անակնկալէ մը աւելին պիտի ըլլայ։ Պօղոս գրեց. «Երբ [Եհովայէ օտարացած անհատները] ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին» (Ա. Թես. 5։3

13. Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ, որ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» ըսելը մեզ խաբէ։

13 «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» ըսելը պարզապէս դեւերու կողմէ ներշնչուած այլ սուտ մը պիտի ըլլայ. բայց Եհովայի ծառաները պիտի չխաբուին։ Պօղոս գրեց. «Դո՛ւք. . . խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ» (Ա. Թես. 5։4, 5)։ Ուստի լոյսի մէջ մնա՛նք, Սատանայի աշխարհի խաւարէն շա՜տ հեռու։ Պետրոս գրեց. «Սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն [քրիստոնէական ժողովքէն ներս սուտ վարդապետներ] խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք» (Բ. Պետ. 3։17

14, 15. ա) Եհովա մեզ ինչպէ՞ս կը պատուէ։ բ) Ի՞նչ ներշնչեալ խօսքեր լուրջի պէտք է առնենք։

14 Նկատէ թէ Եհովա պարզապէս մեզի չ’ըսեր որ ‘զգոյշ ըլլանք’։ Փոխարէն, ան մեզ կը պատուէ, ազնուօրէն շնորհելով ‘գիտութիւն’,– ապագային տեղի ունենալիք բաներուն մասին ընդհանուր ուրուագիծ։

15 Սակայն, ցաւօք սրտի, ոմանք արթուն կենալու յիշեցումներուն նկատմամբ անտարբեր կամ նոյնիսկ անպատկառ կեցուածք մը որդեգրած են։ Անոնք կ’ըսեն. ‘Տասնամեակներէ ի վեր նո՛յն յիշեցումը լսած ենք’։ Սակայն այս անհատները ի մտի պէտք է ունենան, թէ այսպիսի դիտողութիւններ ընելով, խորքին մէջ Եհովան եւ իր Որդին հարցականի տակ կը դնեն, եւ ոչ թէ միայն հաւատարիմ ծառայ դասակարգը։ Եհովա ըսաւ. «Անոր սպասէ» (Ամբ. 2։3)։ Նոյնպէս, Յիսուս ըսաւ. «Արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» (Մատ. 24։42)։ Ասկէ զատ, Պետրոս գրեց. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն» (Բ. Պետ. 3։11, 12)։ Հաւատարիմ ծառայ դասակարգը եւ իր Կառավարիչ մարմինը այս լուրջ խօսքերուն նկատմամբ երբե՛ք անտարբեր պիտի չըլլան։

16. Ի՞նչ կեցուածքէ պէտք է խուսափինք եւ ինչո՞ւ։

16 Արդարեւ, «չար ծառան» է որ կ’եզրակացնէ թէ Տէրը կ’ուշանայ (Մատ. 24։48)։ Չար ծառան Բ. Պետրոս 3։3, 4–ի մէջ նկարագրուած խումբին մաս կը կազմէ։ Պետրոս գրեց. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ» պիտի ծաղրեն զանոնք, որոնք հնազանդօրէն Եհովայի օրը իրենց մտքին մէջ կը պահեն։ Այո, փոխանակ Թագաւորութեան շահերուն վրայ կեդրոնանալու, այդ ծաղրողները իրենց անձին եւ իրենց եսասէր ցանկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանան։ Երբե՛ք այսպիսի անհնազանդ ու վտանգաւոր մտավիճակ մը չզարգացնենք։ Փոխարէն, ‘մեր Տէրոջ երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպենք’, Թագաւորութեան քարոզչութեամբ եւ աշակերտելու գործով զբաղած մնալով, ու չափազանց չհետաքրքրուելով դէպքերու ժամանակաւորումով, որ Եհովա Աստուծոյ կը պատկանի (Բ. Պետ. 3։15. կարդալ՝ Գործք 1։6, 7

Փրկութեան Աստուծոյն վստահէ

17. Հաւատարիմ քրիստոնեաները Երուսաղէմէն փախչելու Յիսուսի յորդորին ինչպէ՞ս ընդառաջեցին եւ ինչո՞ւ։

17 Մ.թ. 66–ին, հռոմէական բանակը Հրէաստան ներխուժելէն ետք, հաւատարիմ քրիստոնեաները առաջին առիթով իսկ Երուսաղէմ քաղաքէն փախչելու Յիսուսի յորդորին հնազանդեցան (Ղուկ. 21։20-23)։ Անոնք ինչո՞ւ փութով ու վճռականօրէն գործեցին։ Անկասկած, անոնք Յիսուսի ազդարարութիւնը իրենց մտքին մէջ պահած էին։ Վստահաբար անոնք կ’ակնկալէին որ իրենց որոշումը դժուարութիւններ ընդգրկէր, ինչպէս Քրիստոս նախագուշակած էր։ Բայց միեւնոյն ատեն անոնք գիտէին, թէ Եհովա իր հաւատարիմները երբեք պիտի չլքէ (Սաղ. 55։22

18. Ղուկաս 21։25-28–ի մէջ նշուած Յիսուսի խօսքերը, մօտալուտ մեծ նեղութեան նկատմամբ ինչպէ՞ս կ’ազդեն տեսակէտիդ։

18 Մենք ալ Եհովայի լիովին պէտք է վստահինք, քանի որ միայն ինք կրնայ մեզ փրկել, երբ ներկայ դրութիւնը մարդկային պատմութեան ամենամեծ նեղութեան ենթարկուի։ Մեծ նեղութիւնը սկսելէն որոշ ժամանակ մը ետք, բայց Եհովայի դատաստանը մնացեալ աշխարհին վրայ գործադրուելէն առաջ, մարդոց «սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն»։ Սակայն, մինչ Աստուծոյ թշնամիները սարսափի մէջ են, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները պիտի չզարհուրին։ Ընդհակառակը, անոնք պիտի ուրախանան՝ գիտնալով որ իրենց փրկութիւնը մօտ է (կարդալ՝ Ղուկաս 21։25-28

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

19 Այո, աշխարհէն ու անոր «տարերքներ»էն անջատ մնացողներուն ի՜նչ խայտալի ապագայ մը կը սպասէ։ Սակայն, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը կը բացատրէ, եթէ կ’ուզենք կեանք ձեռք ձգել, պարզապէս չար բաներէ հեռու կենալը բաւարար չէ։ Պէտք է Եհովան հաճեցնող յատկութիւններ մշակենք եւ իրեն ընդունելի եղող գործեր կատարենք (Բ. Պետ. 3։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Աշխարհի հոգիին քաջալերած յատկանիշներուն մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, տե՛ս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել, էջ 389-393 (էջ 221-225, արաբերէն)։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչ կը ներկայացնեն ներկայ ‘երկինքն ու երկիրը’։

• «Տարերքները» ի՞նչ կը խորհրդանշեն։

• Ի՞նչ կը ներկայացնեն ‘նոր երկինքն ու նոր երկիրը’։

• Ինչո՞ւ մեր լման վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ կը դնենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 19]

Ինչպէ՞ս կրնաս ‘սիրտդ պահել’ եւ աշխարհէն անջատ մնալ