Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ սիրելու

Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ սիրելու

Քրիստոսի սէրը մեզ կը մղէ սիրելու

«Յիսուս. . . սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք» (ՅՈՎՀ. 13։1

1, 2. ա) Յիսուսի սէրը ի՞նչպէս ակնառու է։ բ) Այս յօդուածին մէջ սիրոյ ո՞ր երեսակները պիտի քննարկենք։

ՅԻՍՈՒՍ սիրոյ կատարեալ օրինակը հանդիսացաւ։ Իրեն վերաբերող բոլոր բաները,– իր խօսելակերպը, իր վարքը, իր ուսուցումը եւ իր զոհաբերական մահը,– դրսեւորեցին իր սէրը։ Մինչեւ իր կեանքին վերջը երկրի վրայ, Յիսուս իր հանդիպած մարդոց եւ յատկապէս իր աշակերտներուն հանդէպ սէր ցուցաբերեց։

2 Յիսուսի սիրոյ ակնառու օրինակը բարձր չափանիշ մըն է, որուն իր հետեւորդները պէտք է կառչին։ Անիկա նաեւ մեզ կը խթանէ, որ նոյնանման սէր յայտնենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն հանդէպ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ երէցները Յիսուսէ ի՛նչ կրնան սորվիլ սէր յայտնելու մասին անոնց, որոնք յանցանքներ կամ լուրջ մեղքեր կը գործեն։ Նաեւ պիտի քննարկենք, թէ Յիսուսի սէրը ի՛նչպէս քրիստոնեաները կը մղէ, որ տնտեսական նեղութեան, աղէտի ու հիւանդութեան ժամանակ, դրական քայլեր առնեն։

3. Հակառակ Պետրոսի լուրջ թերութիւններուն, Յիսուս զինք ի՞նչպէս նկատեց։

3 Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, իր առաքեալը՝ Պետրոս, զինք երեք անգամ ուրացաւ (Մար. 14։66-72)։ Բայց երբ Պետրոս վերադարձաւ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակած էր, Յիսուս ներեց անոր։ Յիսուս Պետրոսի վստահեցաւ ծանր պատասխանատուութիւններ (Ղուկ. 22։32. Գործք 2։14. 8։14-17. 10։44, 45)։ Լուրջ թերութիւններ ունեցողներու նկատմամբ Յիսուսի կեցուածքէն ի՞նչ կը սորվինք։

Յանցագործներուն հանդէպ Քրիստոսի մտածելակերպը ցուցաբերէ

4. Ո՞ր կացութիւնը յատկապէս կը պահանջէ Քրիստոսի մտածելակերպը ցուցաբերել։

4 Ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ լուրջ յանցագործութիւն մը ձեռք առնելը, Քրիստոսի մտածելակերպը ցուցաբերել պահանջող սրտաբեկիչ կացութիւն մըն է։ Ցաւալիօրէն, մինչ Սատանայի դրութեան վերջին օրերը իրենց բարձրակէտին կը հասնին, աշխարհի հոգին ա՛լ աւելի բարոյական անկում կը պատճառէ։ Աշխարհի անտարբեր բարոյական կեցուածքները կրնան անչափահասներուն ու չափահասներուն ազդել, նեղ ճամբուն մէջ քալելու անոնց վճռականութիւնը տկարացնելով։ Առաջին դարուն, ոմանք քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցան, իսկ ուրիշներ յանդիմանուեցան։ Նոյնն է պարագան այսօր (Ա. Կոր. 5։11-13. Ա. Տիմ. 5։20)։ Այսուհանդերձ, երբ այս հարցերը ձեռք առնող երէցներ քրիստոսանման սէր կը ցուցաբերեն, ասիկա կրնայ յանցագործին խորապէս ազդել։

5. Երէցները ի՞նչպէս յանցագործներուն հանդէպ Քրիստոսի կեցուածքը պէտք է ընդօրինակեն։

5 Յիսուսի նման, երէցները ամէն ատեն պէտք է Եհովայի արդար չափանիշները վեր բռնեն։ Այսպէս անոնք Եհովայի հեզութիւնը, քաղցրութիւնն ու սէրը կ’արտացոլացնեն։ Երբ անհատ մը իրապէս զղջացած է, իր յանցանքին համար «սիրտը կոտրած» եւ «հոգիով խոնարհած» է, երէցները դիւրաւ կրնան «այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերել» (Սաղ. 34։18. Գաղ. 6։1)։ Բայց ի՞նչ ընել եթէ անհատը յանդուգն է եւ խղճահարութիւն ցոյց չի տար։

6. Յանցագործներուն հետ իրենց գործառնութեանց մէջ երէցները ի՞նչ բանէ պէտք է խուսափին եւ ինչո՞ւ։

6 Երբ յանցագործ մը աստուածաշնչական խրատը կը մերժէ կամ կը փորձէ ուրիշը մեղադրել, երէցները եւ ուրիշներ կրնան զայրանալ։ Անհատին պատճառած վնասը գիտնալով, անոնք գուցէ փորձուին անոր արարքներուն ու կեցուածքին նկատմամբ իրենց զգացումները արտայայտել։ Բայց բարկութիւնը վնասակար է եւ «Քրիստոսին միտքը» չ’արտացոլացներ (Ա. Կոր. 2։16. կարդալ՝ Յակոբոս 1։19, 20Յիսուս կարգ մը անհատներ ուղղակի ազդարարեց, բայց ո՛չ մէկ անգամ ատելավառ կամ ցաւածին խօսք մը ըսաւ (Ա. Պետ. 2։23)։ Փոխարէն, ան դուռը բաց ձգեց, որ յանցագործները զղջան եւ Եհովայի հաճութեան վերադառնան։ Արդարեւ, աշխարհ գալու Յիսուսի գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր՝ «մեղաւորները փրկել» (Ա. Տիմ. 1։15

7, 8. Դատական հարցեր ձեռք առնելու մէջ, ի՞նչ բան երէցները պէտք է առաջնորդէ։

7 Այս առնչութեամբ Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր կեցուածքին անոնց հանդէպ, որոնք ժողովքին կողմէ կրթութիւն պէտք է ստանան։ Մտաբերէ թէ ժողովքին մէջ դատական քայլեր առնելու աստուածաշնչական կարգադրութիւնը, հօտը կը պաշտպանէ եւ կրնայ յանցագործը զղջումի մղել (Բ. Կոր. 2։6-8)։ Ողբերգական է որ ոմանք անզեղջ են եւ պէտք է վտարուին, բայց սրտապնդիչ է գիտնալ, թէ անոնց մեծ մասը յետագային Եհովայի եւ իր ժողովքին կը վերադառնայ։ Քրիստոսանման կեցուածք յայտնելով, երէցները ճամբան կը հարթեն, որ անհատը սրտի փոփոխութիւն ունենայ եւ ի վերջոյ վերադառնայ։ Ապագային, այս նախկին յանցագործներէն ոմանք գուցէ չյիշեն երէցներուն տուած բոլոր աստուածաշնչական խրատները, բայց վստահաբար պիտի մտաբերեն, թէ երէցները իրենց արժանապատուութիւնը յարգեցին եւ իրենց հետ սիրով վարուեցան։

8 Հետեւաբար, նոյնիսկ փորձիչ պարագաներու ներքեւ, երէցները պէտք է ցուցաբերեն «հոգիին պտուղը», գլխաւորաբար քրիստոսանման սէրը (Գաղ. 5։22, 23)։ Անոնք երբեք պէտք չէ աճապարեն յանցագործ մը ժողովքէն դուրս դնելու։ Անոնք պէտք է ցոյց տան, թէ կ’ուզեն որ յանցագործները Եհովայի վերադառնան։ Այսպէս, երբ յետագային մեղաւոր մը սրտի փոփոխութիւն ունենայ, ան խորապէս երախտապարտ կ’ըլլայ թէ՛ Եհովայի եւ թէ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’, որոնք իր վերադարձը դիւրացուցին (Եփ. 4։8, ՆԱ, 11, 12

Վերջին ժամանակին մէջ քրիստոսանման սէր ցուցաբերել

9. Օրինակ մը տուր, որ կը յայտնէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ գործնական կերպով սէր ցոյց տուաւ։

9 Ղուկաս Յիսուսի գործնական սիրոյ մէկ աչքառու օրինակը կ’արձանագրէ։ Գիտնալով թէ ժամանակ մը ետք, հռոմայեցի զինուորները դատապարտուած Երուսաղէմը պիտի պաշարէին եւ անկէ փախչիլը պիտի արգիլէին, Յիսուս սիրալիրօրէն իր աշակերտները ազդարարեց. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է»։ Անոնք ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Յիսուս յստակ ու մասնայատուկ հրահանգներ տուաւ՝ ըսելով. «Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։ Վասն զի այն օրերը՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին» (Ղուկ. 21։20-22)։ Մ.թ. 66–ին, հռոմէական բանակը Երուսաղէմը պաշարելէ ետք, հնազանդ անհատներ այդ հրահանգներուն հետեւեցան։

10, 11. Երուսաղէմէն նախկին քրիստոնեաներուն փախուստը նկատի առնելը ի՞նչպէս կրնայ «մեծ նեղութեան» համար մեզ պատրաստել։

10 Երուսաղէմէ փախչելու ատեն, հարկ էր որ քրիստոնեաները իրարու հանդէպ քրիստոսանման սէր ցուցաբերէին, ինչպէս որ Քրիստոս իրենց հանդէպ սէր ցոյց տուած էր։ Անոնք վստահաբար ստիպուած էին իրենց ունեցածները իրարու հետ բաժնել։ Բայց Յիսուսի մարգարէութիւնը այդ վաղեմի քաղաքին կործանումէն շա՜տ անդին կ’երթար։ Ան նախագուշակեց. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։17, 18, 21)։ Մօտալուտ այդ «մեծ նեղութենէն» առաջ եւ անոր ընթացքին, մենք ալ կրնանք դժուարութիւններ ու զրկումներ դիմագրաւել։ Քրիստոսի մտածելակերպը ունենալը մեզի պիտի օգնէ անոնց տոկալու։

11 Այդ ատեն, հարկ պիտի ըլլայ որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք, անձնուրաց սէր ցուցաբերելով։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս խրատեց. «Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար։ Քանի որ Քրիստոս ալ չհաճեցուց ինքզինք. . . Ուրեմն համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը թող շնորհէ ձեզի համախոհ ըլլալ իրարու հետ՝ Քրիստոս Յիսուսի համաձայն» (Հռով. 15։2, 3, 5, ԱԾ

12. Այժմ ի՞նչպիսի սէր պէտք է մշակենք եւ ինչո՞ւ։

12 Պետրոս, որ Յիսուսի սէրը վայելեց, նմանապէս քրիստոնեաները յորդորեց, որ ‘անկեղծ եղբայրսիրութիւն’ մշակեն եւ ‘ճշմարտութեան հնազանդին’։ Անոնք պէտք է ‘սրտով մէկզմէկ պինդ սիրեն’ (Ա. Պետ. 1։22)։ Ներկայիս, որեւէ ժամանակէ աւելի, այսպիսի քրիստոսանման յատկութիւններու կարիք ունինք։ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին վրայ արդէն ճնշումները կը սաստկանան։ Ո՛չ ոք իր վստահութիւնը այս հին աշխարհին որեւէ տարրի վրայ պէտք է դնէ, ինչպէս որ վառ կերպով կ’ապացուցանէ վերջին տագնապը աշխարհի ելեւմտական դրութեան մէջ (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 2։15-17Փոխարէն, մինչ այս դրութեան վախճանը հետզհետէ կը մօտենայ, Եհովայի եւ իրարու աւելի՛ պէտք է մօտենանք, ժողովքէն ներս իսկական բարեկամութիւններ մշակելով։ Պօղոս խրատեց. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Իսկ Պետրոս նոյն կէտը շեշտելով՝ ըսաւ. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետ. 4։8

13-15. Աղէտներէ ետք, կարգ մը եղբայրներ ի՞նչպէս քրիստոսանման սէր ցուցաբերած են։

13 Աշխարհի տարածքին, Եհովայի վկաները ճանչցուած են, որ իրենց քրիստոսանման սէրը գործնական կերպով կը դրսեւորեն։ Նկատի առ այն Վկաները, որոնք օգնութեան կոչին ընդառաջեցին, երբ 2005–ին փոթորիկներ ու ոլորամրրիկներ կործանեցին ընդարձակ շրջաններ, Միացեալ Նահանգներու հարաւը։ Յիսուսի օրինակէն խթանուած, աւելի քան 20,000 կամաւորներ ներկայացան, շատեր հանգստաւէտ տուներ եւ ապահով աշխատանքներ ձգելով։

14 Շրջանի մը մէջ, ծովի ջուրերը 80 քիլոմեթր խուժեցին, ալիքին բարձրութիւնը 10 մեթր ըլլալով։ Երբ ջուրերը նահանջեցին, ի յայտ եկաւ որ տուներուն եւ շէնքերուն մէկ երրորդը ամբողջովին կործանուած էր։ Զանազան երկիրներէ կամաւոր Վկաներ եկան այդ շրջանը, իրենց հետ բերելով հմտութիւններ, գործիքներ ու շինանիւթեր, եւ պատրաստ էին հարկ եղած որեւէ գործ ընելու։ Երկու այրի՝ մարմնաւոր քոյրեր, իրենց ինչքը բեռնակառքի մը մէջ դրին եւ աւելի քան 3000 քիլոմեթր քշեցին, ձեռք հասցնելու համար։ Անոնցմէ մէկը շրջանին մէջ մնալով, տակաւին տեղական օգնութեան յանձնախումբին կ’աջակցի եւ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ կը ծառայէ։

15 Շրջանին մէջ Վկաներուն եւ ուրիշներուն պատկանող աւելի քան 5600 տուներ վերաշինուեցան կամ նորոգուեցան։ Տեղաբնակ Վկաները այս դրսեւորուած խոր սիրոյն ի՞նչպէս ընդառաջեցին։ Քոյր մը, որուն տունը քանդուած էր, փոքր կցակառքի մը մէջ կը մնար, որուն երդիքէն ջուր կը կաթէր եւ փուռը չէր աշխատեր։ Եղբայրները անոր համեստ, բայց հանգստաւէտ տուն մը կառուցանեցին։ Իր կոկիկ նոր տան առջեւ կայնելով, ան արտասուեց՝ Եհովայի եւ իր եղբայրներուն շնորհապարտ ըլլալով։ Բազմաթիւ տեղաբնակ Վկաներ իրենց տուները վերակառուցուելէ ետք, մէկ տարի կամ աւելի իրենց առժամեայ բնակարաններուն մէջ մնացին։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի իրենց նոր տուները կամաւորներուն տրամադրեն։ Քրիստոսի մտածելակերպը դրսեւորող ի՜նչ սքանչելի օրինակ մը։

Հիւանդներուն հանդէպ Քրիստոսի կեցուածքը ցոյց տալ

16, 17. Ի՞նչ կերպերով կրնանք հիւանդներուն հանդէպ Քրիստոսի մտածելակերպը արտացոլացնել։

16 Յարաբերաբար մեզմէ քիչեր բնական մեծ աղէտի մը զոհ գացած են։ Բայց գրեթէ ամէն ոք առողջապահական խնդիրներ պէտք է դիմագրաւէ,– իր հիւանդութիւնները կամ ընտանիքին անդամներուն հիւանդութիւնները։ Հիւանդներուն առնչութեամբ Յիսուսի մտածելակերպը իբրեւ օրինակ կը ծառայէ մեզի։ Իր սէրը զինք մղեց անոնց վրայ գթալու։ Երբ ամբոխներ իրենց ախտաւորները իրեն բերին, ան «բոլոր հիւանդները բժշկեց» (Մատ. 8։16. 14։14

17 Ներկայիս, քրիստոնեաները Յիսուսի բուժելու հրաշալի կարողութիւնը չունին, բայց հիւանդներուն հանդէպ Յիսուսի կարեկից կեցուածքը կը բաժնեն։ Ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տան։ Որպէս օրինակ, երէցները ժողովքին մէջի հիւանդներուն օգնելու կարգադրութիւններ կ’ընեն ու անոնց վրայ կը վերահսկեն, ի մտի ունենալով Մատթէոս 25։39, 40–ի մէջ նշուած ընթացքը (կարդալ)։ *

18. Երկու քոյրեր ի՞նչպէս ուրիշ քրոջ մը հանդէպ հարազատ սէր ցուցաբերեցին, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

18 Անշուշտ ուրիշներուն բարիք ընելը չի պահանջեր որ անհատը երէց մը ըլլայ։ Նկատի առ 44 տարեկան Չարլինի պարագան, որ քաղցկեղէ կը տառապէր եւ որուն ըսուեցաւ թէ տասը օրուան կեանք ունի։ Նկատելով անոր կարիքը եւ նուիրեալ ամուսինին յոգնութիւնը, երկու հոգեւոր քոյրեր՝ Շարոն ու Նիքոլէթ, լիաժամ ձեռնտու եղան, որ անոր վերջին օրերուն ընթացքին զայն հոգան։ Այդ քանի մը օրերը վեց շաբաթ եղան, բայց երկու քոյրերը իրենց սէրը ցուցաբերեցին մինչեւ վերջ։ Շարոն կը նշէ. «Շատ դժուար է, երբ գիտես թէ անհատը երբեք պիտի չապաքինի։ Այսուհանդերձ Եհովա մեզ զօրացուց։ Այս փորձառութիւնը մեզ մօտեցուց Իրեն եւ իրարու»։ Չարլինի ամուսինը կ’ըսէ. «Երբեք պիտի չմոռնամ այս երկու սիրելի քոյրերուն ազնիւ ու գործնական աջակցութիւնը։ Անոնց մաքուր շարժառիթը եւ դրական կեցուածքը, հաւատարիմ կնոջս վերջին փորձութիւնը դիւրացուցին եւ ինծի տուին հարկ եղած ֆիզիքական ու զգացական հանգստութիւնը։ Առյաւէտ անոնց շնորհապարտ պիտի մնամ։ Անոնց անձնազոհութիւնը զօրացուց Եհովայի հանդէպ հաւատքս եւ ամբողջ եղբայրութեան հանդէպ սէրս»։

19, 20. ա) Քրիստոսի մտածելակերպին ի՞նչ հինգ երեսակներ նկատի առինք։ բ) Ի՞նչ վճռած ես ընել։

19 Այս երեք յօդուածներուն մէջ, նկատի առինք Յիսուսի մտածելակերպին հինգ երեսակներ եւ թէ ի՛նչպէս կրնանք զայն որդեգրել։ Յիսուսի պէս ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ ըլլանք (Մատ. 11։29)։ Նաեւ ջանանք ուրիշներու հետ քաղցրօրէն վարուիլ, նոյնիսկ երբ անոնց անկատարութիւններն ու տկարութիւնները բացայայտ են։ Քաջաբար հնազանդինք Եհովայի բոլոր պահանջներուն, նոյնիսկ փորձութիւններուն ներքեւ։

20 Մեր բոլոր եղբայրներուն հանդէպ քրիստոսանման սէր ցուցաբերենք, ինչպէս Քրիստոս ըրաւ, «մինչեւ վերջ»։ Այս սէրը մեզ կը բնորոշէ որպէս Յիսուսի ճշմարիտ հետեւորդներ (Յովհ. 13։1, 34, 35)։ Այո, «եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ» (Եբ. 13։1)։ Ետ մի՛ կենար։ Կեանքդ գործածէ Եհովան փառաբանելու եւ ուրիշներուն օգնելու։ Եհովա անկեղծ ջանքերդ պիտի օրհնէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Տե՛ս «‘Տաքցէ՛ք ու կշտացէ՛ք’ ըսելէն աւելին ըրէք» յօդուածը, Դիտարան 1 Յուլիս 1987 թիւին մէջ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Երէցները ի՞նչպէս կրնան յանցագործներուն հանդէպ Քրիստոսի մտածելակերպը ցուցաբերել։

• Ինչո՞ւ Քրիստոսի սէրը ընդօրինակելը յատկապէս կարեւոր է այս վերջին ժամանակին մէջ։

• Ի՞նչպէս կրնանք հիւանդներուն հանդէպ Քրիստոսի մտածելակերպը արտացոլացնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Եհովայի վկաները ճանչցուած են, որ քրիստոսանման սէրը գործնական կերպով ցոյց կու տան