Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի նման՝ հնազանդ ու քաջ եղիր

Քրիստոսի նման՝ հնազանդ ու քաջ եղիր

Քրիստոսի նման՝ հնազանդ ու քաջ եղիր

«Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (ՅՈՎՀ. 16։33

1. Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի հնազանդութիւնը ո՞րքան կատարեալ էր։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ միշտ Աստուծոյ կամքը ըրաւ։ Ան ո՛չ մէկ անգամ իր մտքէն անցուց իր երկնաւոր Հօր անհնազանդ գտնուիլ (Յովհ. 4։34. Եբ. 7։26)։ Բայց երկրի վրայ իր պարագաները դժուարացուցին հնազանդ ըլլալը։ Իր քարոզչական ասպարէզին սկիզբէն իսկ, Յիսուսի թշնամիները, ի ներառեալ՝ Սատանան, ջանացին զինք համոզել, ստիպել կամ խաբել, որ իր հաւատարմութեան ընթացքը լքէ (Մատ. 4։1-11. Ղուկ. 20։20-25)։ Այս թշնամիները մտային, զգացական ու ֆիզիքական սաստիկ ցաւ պատճառեցին Յիսուսի։ Ի վերջոյ, անոնք յաջողեցան զինք մահուան մատնել տանջանքի ցիցին վրայ (Մատ. 26։37, 38. Ղուկ. 22։43, 44. Յովհ. 19։1, 17, 18)։ Այս բոլորին ընթացքին, եւ հակառակ խիստ տառապանքին, Յիսուս «հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ» (ԱԾ) (կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։8

2, 3. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսի հնազանդութենէն՝ հակառակ տառապանքին։

2 Երկրի վրայ իբրեւ մարդ Յիսուսի փորձառութիւնը իրեն սորվեցուց հնազանդութեան նոր երեսակներ (Եբ. 5։8)։ Այնպէս կրնար թուիլ, թէ Յիսուս Եհովայի ծառայելու մասին ամէն բան սորված էր։ Արդարեւ, ան անհաշուելի դարեր Եհովայի հետ սերտ ընկերակցութիւն վայելած էր եւ ստեղծագործութեան ընթացքին Աստուծոյ «ճարտարապետ»ն եղած էր (Առ. 8։30)։ Այսուհանդերձ, հակառակ տառապանքին, իբրեւ մարդ հաւատքին մէջ տոկալը ապացուցանեց իր կատարեալ ուղղամտութիւնը։ Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, հոգեւորապէս աճեցաւ։ Անոր փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

3 Կատարեալ մարդ մը ըլլալով հանդերձ, Յիսուս չփորձեց ի՛ր ջանքով կատարելապէս հնազանդ մնալ։ Ան աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրեց, որ հնազանդ մնայ (կարդալ՝ Եբրայեցիս 5։7Մենք ալ հնազանդ մնալու համար, պէտք է աղօթենք ու խոնարհ կեցուածք ունենանք։ Այս պատճառով, Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները խրատեց. «Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր», որ «խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ» (Փլպ. 2։5-8, ԱԾ)։ Յիսուսի ընթացքը ապացուցանեց, թէ մարդոց համար հնազանդութիւնը կարելի է, նոյնիսկ ամբարիշտ ընկերութեան մէջ։ Յիսուս կատարեալ էր. ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անկատար մարդոց մասին։

Հնազանդութիւն՝ հակառակ անկատարութեան

4. Ազատ կամք ունենալը մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։

4 Աստուած Ադամն ու Եւան ստեղծեց որպէս մտացի եւ ընտրելու ազատութիւն ունեցող արարածներ։ Անոնց զարմը ըլլալով, մենք ալ ազատ կամք ունինք։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ կրնա՛նք որոշել բարի բաներ ընել կամ գէշ բաներ ընել։ Ուրիշ խօսքով, Աստուած մեզի ազատութիւն տուած է, որ ընտրենք իրեն հնազանդիլ կամ չհնազանդիլ։ Այս մեծ ազատութեան կ’ընկերակցի պատասխանատուութիւն, համարատուութիւն։ Արդարեւ, մեր բարոյական որոշումները մեզի համար կեանք կամ մահ կը նշանակեն։ Անոնք նաեւ մեր շուրջիններուն վրայ ազդեցութիւն ունին։

5. Բոլորս ի՞նչ մաքառում ունինք, եւ ի՞նչպէս կրնանք յաջողիլ։

5 Մեր ժառանգած անկատարութեան պատճառաւ, հնազանդութիւնը բնականօրէն չի գար։ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդիլը միշտ դիւրին չէ։ Պօղոս այս մաքառումը դիմագրաւեց։ Ան գրեց. «Ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է» (Հռով. 7։23)։ Անշուշտ, երբ զոհողութիւն, ցաւ կամ անպատեհութիւն չկայ, հնազանդութիւնը դիւրին է։ Բայց ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք, երբ հնազանդելու մեր փափաքին եւ ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան’ միջեւ ընդհարում կայ։ Այս շատ զօրաւոր բացասական ուժերը ծագում կ’առնեն մեր անկատարութենէն եւ մեզ շրջապատող «աշխարհի հոգի»էն (Ա. Յովհ. 2։16. Ա. Կոր. 2։12)։ Անոնց դիմադրելու համար, պէտք է ‘մեր սիրտը պատրաստենք’, տագնապ մը կամ փորձութիւն մը դիմագրաւելէ առաջ, եւ վճռենք Եհովայի հնազանդիլ ի՛նչ որ ալ պատահի (Սաղ. 78։8, ՆԱ)։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ անհատներ կը նշէ, որոնք կրցան յաջողիլ, քանի որ իրենց սիրտը պատրաստեցին (Եզր. 7։10. Դան. 1։8

6, 7. Լուսաբանէ թէ անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգնել իմաստուն ընտրութիւններ ընելու։

6 Մեր սիրտը պատրաստելու կերպերէն մէկն է՝ Սուրբ Գրութիւնները եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրել։ Պահ մը երեւակայէ սա պարագան։ Ենթադրենք որ անձնական ուսումնասիրութեանդ երեկոն է։ Տակաւին նոր աղօթած ես, որ Եհովայի հոգին քեզի օգնէ իր Խօսքէն սորվածներդ կիրարկելու։ Ծրագրած ես յաջորդ օրը հեռատեսիլին վրայ յատուկ շարժապատկեր մը դիտել։ Լսած ես թէ քննադատներ զայն գոված են, բայց նաեւ գիտես որ անիկա անբարոյութիւն ու բռնութիւն կը բովանդակէ։

7 Եփեսացիս 5։3–ի մէջ Պօղոսի տուած խրատին վրայ կը խոկաս. «Պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն»։ Նաեւ կը մտաբերես Պօղոսի խրատը՝ Փիլիպպեցիս 4։8–ի մէջ (կարդալ)։ Մինչ այս ներշնչեալ խրատին մասին կը խորհրդածես, դուն քեզի հարց կու տաս. ‘Եթէ դիտումնաւոր կերպով սիրտս ու միտքս այսպիսի յայտագիրներու ենթարկեմ, բծախնդրաբար Աստուծոյ հնազանդելու Յիսուսի օրինակին հետեւած կ’ըլլա՞մ’։ Ի՞նչ պիտի ընես։ Այդ ֆիլմը պիտի դիտե՞ս։

8. Ինչո՞ւ բարոյական ու հոգեւոր բարձր չափանիշներ պէտք է պահպանենք։

8 Սխալ պիտի ըլլար մեր բարոյական ու հոգեւոր չափանիշները ցածցնելը, թերեւս խորհելով թէ բաւական զօրաւոր ենք ու կրնանք չար ընկերակցութեան ազդեցութիւններուն դէմ դնել, նոյնիսկ երբ այդ ընկերակցութիւնը բռնութիւն կամ անբարոյութիւն բովանդակող ժամանցի միջոցաւ է։ Փոխարէն, մենք մեզ եւ մեր զաւակները պէտք է պաշտպանենք Սատանայի հոգիին ապականիչ ազդեցութիւններէն։ Համակարգիչ գործածողները լրջօրէն կը ջանան, որ իրենց գործիքները չառնեն ժահրեր, որոնք կրնան տեղեկութիւնները փճացնել, գործողութիւնները խանգարել եւ նոյնիսկ համակարգիչը գործածել յարձակում կատարելու յաւելեալ համակարգիչներու վրայ։ Սատանայի «հնարքներ»էն մենք մեզ պաշտպանելու համար նուա՞զ աչալուրջ պէտք է ըլլանք (Եփ. 6։11

9. Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք ամէն օր Եհովայի հնազանդիլ։

9 Գրեթէ ամէն օր, կերպով մը պէտք է ընտրենք, թէ որոշ բաներ Եհովայի կերպով պիտի ընե՛նք կամ ոչ։ Փրկուելու համար, պէտք է Աստուծոյ հնազանդինք եւ իր արդար չափանիշներուն համաձայն ապրինք։ Քրիստոսի հնազանդութեան օրինակին հետեւելով՝ նոյնիսկ «մինչեւ մահ», ցոյց կու տանք թէ մեր հաւատքը իսկական է։ Մեր հաւատարմութեան համար, Եհովա մեզ պիտի վարձատրէ։ Յիսուս խոստացաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 24։13)։ Բացորոշ է որ ասիկա կը պահանջէ իսկական քաջութիւն մշակել, ինչպէս որ Յիսուս քաջ էր (Սաղ. 31։24

Յիսուս՝ քաջութեան առաջնագոյն տիպարը

10. Ի՞նչպիսի ճնշումներ կը դիմագրաւենք, եւ ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։

10 Այս աշխարհի կեցուածքներով ու բարքով շրջապատուած ըլլալով, քաջութեան պէտք ունինք, որպէսզի չվարակուինք։ Քրիստոնեաները կը դիմագրաւեն բարոյական, ընկերային, տնտեսական եւ կրօնական ճնշումներ, որոնք կրնան պատճառ ըլլալ որ Եհովայի արդար ճամբաներէն շեղին։ Շատեր ընտանեկան հակառակութիւն կը դիմագրաւեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, կրթական հաստատութիւնները աւելի յարձակողական կերպով բարեշրջութեան տեսութիւնը յառաջ կը մղեն, իսկ անաստուածութիւնը աւելի ընդունելի կը դառնայ։ Այսպիսի ճնշումներու դիմաց, չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ բան մը չընել։ Պէտք է քայլեր առնենք, որպէսզի դիմադրենք ու մենք մեզ պաշտպանենք։ Յիսուսի օրինակը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս կրնանք յաջողիլ։

11. Յիսուսի օրինակին մասին խոկալը ի՞նչպէս կրնայ մեր քաջութիւնը աւելցնել։

11 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի» (Յովհ. 16։33)։ Ան երբեք աշխարհի ազդեցութեան տեղի չտուաւ։ Ան բնաւ թոյլ չտուաւ աշխարհին, որ զինք ետ պահէ քարոզչութեան յանձնարարութիւնը կատարելէ, կամ պատճառ ըլլայ որ ճշմարիտ պաշտամունքի ու պատշաճ վարքի իր չափանիշները ցածցնէ. մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Աղօթքի մը մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։16)։ Քրիստոսի քաջութեան մասին ուսումնասիրելն ու խոկալը կրնայ մեզի տալ աշխարհէն անջատ մնալու հարկ եղած քաջութիւնը։

Յիսուսէ քաջութիւն սորվէ

12-14. Յիսուսի քաջութիւնը ցոյց տուող օրինակներ տուր։

12 Յիսուս իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին մեծ քաջութիւն ցուցաբերեց։ Որպէս Աստուծոյ Որդի իր հեղինակութիւնը գործադրելով, ան անվախօրէն «տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց» (Մատ. 21։12)։ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, երբ զինուորները եկան զինք ձերբակալելու, ան խիզախօրէն առաջ անցաւ որ իր աշակերտները պաշտպանէ, ըսելով. «Եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան» (Յովհ. 18։8)։ Քանի մը վայրկեան ետք, ան Պետրոսի ըսաւ, որ սուրը իր պատեանը դնէ, այսպէս ցոյց տալով թէ Իր վստահութիւնը երկրային զէնքերու վրայ չէր դրած, այլ՝ Եհովայի վրայ (Յովհ. 18։11

13 Յիսուս անվախօրէն քօղազերծեց ժամանակակից անսիրալիր սուտ ուսուցիչները եւ անոնց սխալ ուսուցումները։ Ան անոնց ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք. . . ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. . . Գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են» (Մատ. 23։13, 23, 25)։ Յիսուսի աշակերտները նոյնանման քաջութեան կարիք ունէին, քանի որ սուտ կրօնական առաջնորդները նաեւ զիրենք պիտի հալածէին եւ մէկ քանիները սպաննէին (Մատ. 23։34. 24։9

14 Յիսուս նոյնիսկ դեւերուն դէմ քաջ կեցուածք առաւ։ Առիթով մը, ան հանդիպեցաւ դիւահար մարդու մը, որ ա՛յնքան զօրաւոր էր, որ ո՛չ ոք կրնար զայն շղթայով կապել։ Յիսուս անվախօրէն վռնտեց այն բազմաթիւ դեւերը, որոնք մարդը իրենց հակակշռին տակ կը պահէին (Մար. 5։1-13)։ Ներկայիս, Աստուած քրիստոնեաներուն այսպիսի հրաշքներ գործելու զօրութիւն չէ տուած։ Այսուհանդերձ, մեր քարոզչութեան եւ ուսուցանելու գործին մէջ, մենք ալ հոգեւոր պատերազմ պէտք է մղենք Սատանայի դէմ, որ ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցուցած է’ (Բ. Կոր. 4։4)։ Ինչպէս որ էր պարագան Յիսուսի, մեր զէնքերը «մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար»,– խոր արմատ կապած կրօնական սխալ գաղափարները (Բ. Կոր. 10։4, ԱԾ)։ Այս հոգեւոր զէնքերը գործածելու առնչութեամբ, Յիսուսի օրինակէն շատ բան կը սորվինք։

15. Յիսուսի քաջութիւնը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած էր։

15 Յիսուսի քաջութիւնը հիմնուած էր ո՛չ թէ յոխորտանքի վրայ, այլ՝ հաւատքի վրայ։ Մեր պարագան նոյնը պէտք է ըլլայ (Մար. 4։40)։ Ի՞նչպէս կրնանք իսկական հաւատք ձեռք ձգել։ Դարձեալ Յիսուսի օրինակը մեզ կ’առաջնորդէ։ Ան ցոյց տուաւ թէ Սուրբ Գրութիւնները լրիւ գիտէր եւ անոնց կատարելապէս կը վստահէր։ Իբրեւ զէնք, Յիսուս գործածեց ո՛չ թէ բառացի սուր մը, այլ՝ հոգիին սուրը,– Աստուծոյ Խօսքը։ Կրկին անգամ, ան իր ուսուցումները հաստատեց, Սուրբ Գրութիւններուն ակնարկութիւն ընելով։ Յաճախ ան իր խօսքին սկիզբը կ’ըսէր. «Գրուած է», այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ *

16. Ի՞նչպէս կրնանք աւելի մեծ հաւատք ձեռք ձգել։

16 Աշակերտ ըլլալուն հետ անխուսափելիօրէն եկող փորձութիւններուն դիմադրող հաւատք կերտելու համար, պէտք է Աստուածաշունչը ամէն օր կարդանք եւ ուսումնասիրենք ու քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուինք, հաւատքին հիմը կազմող ճշմարտութիւնները մեր միտքին մէջ դրոշմելով (Հռով. 10։17)։ Նաեւ պէտք է մեր սորված բաներուն վրայ խոկանք, թոյլ տալով որ մեր սրտին խորերը թափանցեն։ Միայն ողջ հաւատքը կրնայ մեզ մղել քաջաբար վարուելու (Յակ. 2։17)։ Եւ աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք, քանի որ հաւատքը անոր պտուղին մէկ մասն է (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ

17, 18. Քոյր մը դպրոցին մէջ ի՞նչպէս քաջութիւն ցուցաբերեց։

17 Գիթի անունով քոյր մը փորձառութեամբ գիտցաւ, թէ ի՛նչպէս իսկական հաւատքը քաջութիւն կու տայ։ Ան փոքր տարիքէն գիտէր, որ դպրոցին մէջ ‘ամօթ պէտք չէր սեպէր աւետարանը’, եւ իրապէս կը փափաքէր դասընկերներուն լաւ վկայութիւն մը տալ (Հռով. 1։16)։ Ամէն տարի, ան կը վճռէր բարի լուրը քարոզել, բայց երկչոտութիւնը արգելք կը հանդիսանար։ Պատանեկութեան վերջին տարիներուն, ան իր դպրոցը փոխեց։ Ան ըսաւ. «Այս անգամ, փախցուցած պատեհութիւններուս տեղը պիտի հանեմ»։ Ան աղօթքով խնդրեց քրիստոսանման քաջութիւն, խոհականութիւն եւ յարմար պատեհութիւն։

18 Դպրոցին առաջին օրը, աշակերտներէն խնդրուեցաւ որ իրենք զիրենք ծանօթացնեն։ Ոմանք իրենց կրօնական ենթահողը նշեցին եւ աւելցուցին, թէ իրենց կրօնքին համաձայն իրապէս չեն ապրիր։ Գիթի անդրադարձաւ թէ ասիկա այն պատեհութիւնն է, որուն համար աղօթած էր։ Երբ իր կարգը եկաւ, ան վստահօրէն ըսաւ. «Ես Եհովայի վկայ մըն եմ, եւ հոգեւոր ու բարոյական հարցերու մէջ առաջնորդութեան աղբիւրս՝ Աստուածաշունչն է»։ Մինչ ան շարունակեց, կարգ մը աշակերտներ երես դարձուցին։ Բայց ուրիշներ ուշադրութեամբ մտիկ ըրին եւ ետքը հարցումներ ուղղեցին։ Ուսուցիչը նոյնիսկ Գիթին լաւ օրինակ մը սեպեց, թէ ի՛նչպէս մէկը իր համոզումները պաշտպանէ։ Գիթին շատ ուրախ է, որ Յիսուսի քաջութենէն սորվեցաւ։

Քրիստոսանման հաւատք ու քաջութիւն ցուցաբերէ

19. ա) Իսկական հաւատք ունենալը ի՞նչ կը պարփակէ։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ուրախացնել։

19 Առաքեալներն ալ գիտակցեցան, թէ քաջութիւն դրսեւորող իրենց արարքները պէտք է հիմնուին հաւատքի վրայ։ Անոնք Յիսուսէ խնդրեցին. «Մեր հաւատքը աւելցուր» (կարդալ՝ Ղուկաս 17։5, 6Իսկական հաւատք ունենալը, Աստուծոյ գոյութեան հաւատալէն շա՜տ աւելին կը նշանակէ։ Անիկա կը պարփակէ՝ Եհովայի վստահիլ ու անոր հետ սերտ յարաբերութիւն մշակել, որ նման է այն յարաբերութեան, զոր երեխայ մը կը վայելէ իր քաղցր ու գորովալից հօր հետ։ Ներշնչման ներքեւ, Սողոմոն գրեց. «Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, իմ սիրտս կ’ուրախանայ։ Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան» (Առ. 23։15, 16)։ Նոյն կերպով, արդար սկզբունքները քաջաբար պաշտպանելով Եհովան կ’ուրախացնենք, իսկ ասիկա գիտնալը մեր քաջութիւնը կ’աւելցնէ։ Հետեւաբար, միշտ Յիսուսի օրինակին հետեւինք, խիզախօրէն արդարութեան կողքին դիրք բռնելով։

[Ստորանիշ]

Կրնա՞ս բացատրել

• Անկատար ըլլալով հանդերձ, մեզի ի՞նչ բան պիտի օգնէ հնազանդ մնալու։

• Իսկական հաւատքը ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել քաջ ըլլալու։

• Մեր հնազանդ ըլլալը եւ քրիստոսանման քաջութիւն ցուցաբերելը ի՞նչ արդիւնք պիտի տան։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 17]

Փորձութիւններու դիմադրելու համար, ‘սիրտդ կը պատրաստե՞ս’

[Նկար՝ էջ 19]

Յիսուսի նման, կրնա՛նք հաւատքի վրայ հիմնուած քաջութիւն ցուցաբերել