Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան ինչո՞ւ ամուսնութեան կարգադրութիւնը ըրաւ

Եհովան ինչո՞ւ ամուսնութեան կարգադրութիւնը ըրաւ

«Տէր Աստուած ըսաւ. ‘Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար’» (ԾՆ. 2։18

ԵՐԳԵՐ. 36, 11

1, 2. ա) Ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ։ բ) Առաջին զոյգը ի՞նչ բանի անդրադարձած ըլլալու էր (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԲՆԱԿԱՆ է որ մարդիկ ամուսնանան։ Բայց ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։ Ասիկա գիտնալը մեզի պիտի օգնէ որ ատոր ճիշդ աչքով նայինք եւ աւելի վայելենք ատոր օրհնութիւնները։ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց եւ իրմէ խնդրեց որ անասուններուն անուն դնէ։ Ադամ տեսաւ որ բոլոր անասունները զուգակից ունին, բայց ինք «յարմար օգնական մը» չունի։ Հետեւաբար, Աստուած Ադամին վրայ խորունկ քուն մը բերաւ, անոր կողի ոսկորներէն մէկը առաւ, անկէ կին շինեց եւ Ադամին բերաւ (կարդա՛ Ծննդոց 2։20-24)։ Այսպիսով Աստուած սկիզբ տուաւ ամուսնութեան։

2 Դարեր ետք, Յիսուս երկրորդեց ինչ որ Եհովան «ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’» (Մատ. 19։4, 5, ԱԾ)։ Այս զոյգը անդրադարձած ըլլալու էր որ իրարու կը պատկանին, քանի որ Աստուած կինը ստեղծելու համար Ադամին կողէն ոսկոր մը գործածեց։ Կարգադրութիւն մը չկար որ անոնք ամուսնալուծուէին կամ միեւնոյն ատեն մէկէ աւելի կողակից ունենային։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՀՈՎԱՅԻ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ

3. Ամուսնութեան կարեւոր նպատակներէն մէկը ի՞նչ էր։

3 Ադամ իր աչքերուն չհաւատաց որ աղուոր կին մը ունեցաւ, եւ յետագային զինք Եւա կոչեց։ Ան պիտի ըլլար Ադամին «օգնական»ը եւ լրացուցիչը։ Երկուքը իրարու հետ ուրախ պիտի ըլլային որպէս ամուսին ու կին (Ծն. 2։18)։ Ամուսնութեան կարեւոր նպատակներէն մէկն էր՝ երկրագունդը մարդոցմով լեցնել (Ծն. 1։28)։ Զաւակները ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու համար իրենց ծնողքը պիտի ձգէին, հակառակ որ զանոնք կը սիրեն։ Մարդիկ երկրագունդը պիտի լեցնէին եւ զայն ամբողջովին դրախտի պիտի վերածէին։

4. Առաջին ամուսնութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

4 Առաջին ամուսնութեան վնաս հասաւ, երբ Ադամն ու Եւան Եհովային չհնազանդեցան։ «Այն առաջուան օձը»՝ Բանսարկու Սատանան, Եւան խաբեց ըսելով որ եթէ «բարին ու չարը գիտնալու ծառ»ին պտուղէն ուտէ, յատուկ գիտութիւն մը պիտի ունենայ, եւ թէ այդ գիտութիւնը իրեն պիտի օգնէ որ որոշէ ինչը բարի է եւ ինչը չար։ Եւան այս հարցին շուրջ Ադամին կարծիքը չառաւ, եւ այսպիսով չյարգեց իր ամուսինը որպէս ընտանիքին գլուխը։ Անդին, Ադամ առաւ Եւային տուած պտուղը ու կերաւ, փոխանակ Աստուծոյ հնազանդելու (Յայտ. 12։9. Ծն. 2։9, 16, 17. 3։1-6

5. Ադամն ու Եւան ի՞նչ պատասխանեցին Եհովային եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։

5 Երբ Աստուած Ադամէն ու Եւայէն հաշիւ ուզեց, Ադամ իր կինը յանցաւոր հանեց, ըսելով. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։ Իսկ Եւան յանցաւոր հանեց օձը (Ծն. 3։12, 13)։ Անոնք տկար պատճառաբանութիւններ տուին թէ ինչո՛ւ չհնազանդեցան, եւ Եհովան դատեց այս ըմբոստները։ Իրենց օրինակը մեզ կը զգուշացնէ, թէ ամուսիններն ու կիները պէտք է իրենց ըրածներուն պատասխանատուութիւնը շալկեն եւ Եհովային հնազանդին, որպէսզի իրենց ամուսնութիւնը յաջողի։

6. Ինչպէ՞ս կը բացատրես Ծննդոց 3։15–ը։

6 Հակառակ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանայի ըրածին, Եհովան վստահ եղաւ որ մարդկութիւնը ապագային նկատմամբ յոյս ունենայ։ Այս յոյսը կը գտնուի Սուրբ Գիրքին առաջին մարգարէութեան մէջ (կարդա՛ Ծննդոց 3։15)։ Այդ մարգարէութիւնը ցուցուց թէ ‘կնոջ սերունդը’ պիտի ջախջախէր Սատանան։ Այսպիսով, Եհովան մարդոց գաղափար մը տուաւ թէ ինք ինչպէ՛ս մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունի արդար հոգեղէն արարածներուն հետ, որոնք կարծես թէ իր կինն են։ Ան այս խումբէն մէկը պիտի ղրկէր Սատանան ջախջախելու։ Այս սերունդը հնազանդ մարդոց առջեւ առիթը պիտի բանար որ Ադամին ու Եւային կորսնցուցածը վայելեն, այսինքն՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան նպատակ դրած էր (Յովհ. 3։16

7. ա) Ադամին ու Եւային ըմբոստութենէն ետք, ամուսնութեան ի՞նչ պատահած է։ բ) Եհովան ի՞նչ կ’ակնկալէ ամուսինէն ու կինէն։

7 Ադամին ու Եւային ըմբոստութիւնը շատ ազդեց իրենց ամուսնութեան եւ ատկէ ետք բոլոր ամուսնութիւններուն։ Օրինակ՝ Եւան եւ բոլոր կիները որ իրմէ պիտի գային, շատ ցաւ պիտի քաշէին ծննդաբերութեան ժամանակ։ Կիները մեծ փափաք պիտի ունենային իրենց ամուսիններուն հանդէպ, բայց ամուսինները իրենց կիներուն վրայ պիտի իշխէին, նոյնիսկ ատեններ զանոնք վիրաւորելով, ինչպէս որ այսօր կը տեսնենք (Ծն. 3։16)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսինը սիրալիր գլուխ ըլլայ, իսկ կինը՝ իր ամուսինին ենթարկուի (Եփ. 5։33)։ Երբ քրիստոնեայ կողակիցներ իրարու հետ համագործակցին, շատ մը խնդիրներէ հեռու կը մնան։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԴԱՄԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՋՐՀԵՂԵՂ

8. Ամուսնութեան պատմութիւնը ի՞նչ է՝ Ադամէն մինչեւ Ջրհեղեղ։

8 Առաջ որ Ադամ ու Եւա մեռնին, որդիներ ու աղջիկներ ունեցան (Ծն. 5։4)։ Առաջին որդին՝ Կայէնը, իր ազգականներէն մէկուն հետ ամուսնացաւ։ Կայէնի սերունդէն եկաւ Ղամէքը, եւ ինք Սուրբ Գիրքին մէջ առաջին անձն է որ երկու կին ունէր (Ծն. 4։17, 19)։ Ադամէն մինչեւ Նոյի ժամանակը միայն քիչեր Եհովան պաշտեցին, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ ու իր ընտանիքը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Նոյի օրերուն «Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին»։ Բայց ասիկա անբնական էր, եւ հրեշտակներն ու կիները որդիներ ունեցան, որոնք վայրագ հսկաներ էին։ Ասկէ զատ, «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնա[ր] եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր» (Ծն. 6։1-5

9. Եհովան Նոյի օրուան չարերուն ի՞նչ ըրաւ, եւ մենք ի՞նչ կը սորվինք այդ դէպքէն։

9 Եհովան ըսաւ որ Ջրհեղեղ պիտի բերէ, չարերը մէջտեղէն վերցնելու համար։ Նոյ՝ «արդարութեան քարոզիչը», այդ մարդոց լուր տուաւ Ջրհեղեղին մասին, բայց անոնք այնքան զբաղած էին առօրեայ բաներով, մէջը ըլլալով ամուսնութիւնը, որ իր ըսածը լուրջի չառին (Բ. Պետ. 2։5)։ Յիսուս Նոյին ժամանակը բաղդատեց մեր ժամանակին հետ (կարդա՛ Մատթէոս 24։37-39)։ Այսօր, մարդոց մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան բարի լուրին ականջ չի տար։ Մենք այս պատգամը կը քարոզենք առաջ որ ներկայ չար աշխարհը կործանի։ Լաւ, Ջրհեղեղի ժամանակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք. պէտք չէ ձգենք որ նոյնիսկ ընտանեկան հարցերը, ինչպէս՝ ամուսնութիւնը եւ պզտիկ մեծցնելը, այնքան կարեւոր ըլլան մեզի համար, որ մոռնանք թէ Եհովային օրը մօտ է։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՋՐՀԵՂԵՂԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՕՐԵՐԸ

10. ա) Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ, ի՞նչ անբարոյ սովորութիւններ կեանքին մէկ մասը դարձան։ բ) Աբրահամ եւ Սառա ինչպէ՞ս լաւ օրինակ մը հանդիսացան իրենց ամուսնութեան մէջ։

10 Թէեւ Նոյ եւ իր երեք զաւակները՝ իւրաքանչիւրը միայն մէկ կին ունէր, բայց Ջրհեղեղէն ետք շատ մը մարդիկ մէկէ աւելի կին առին։ Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ, սեռային անբարոյութիւնը կեանքին մէկ մասը դարձաւ, եւ նոյնիսկ կրօնական սովորութիւններու մէջ մտաւ։ Երբ Աբրամ (Աբրահամ) եւ իր կինը Սարա (Սառա) Քանան փոխադրուեցան, տեսան թէ իրենց չորս կողմի մարդիկը անբարոյ էին եւ ամուսնութիւնը չէին յարգեր։ Այս պատճառով Եհովան Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Աբրահամ շատ տարբեր էր այդ անբարոյ մարդոցմէ։ Ան ընտանիքի լաւ գլուխ մըն էր, իսկ Սառան իրեն ենթարկուելով լաւ օրինակ մը ձգեց (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։3-6)։ Աբրահամ վստահ եղաւ որ իր որդին՝ Իսահակը, ամուսնանայ մէկու մը հետ որ Եհովան կը պաշտէր։ Իսկ Իսահակ նոյնը ըրաւ իր զաւակին՝ Յակոբին համար, որուն որդիները իսրայէլի 12 ցեղերուն նախահայրերը եղան։

11. Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս պաշտպանեց իսրայէլացիները։

11 Յետագային, Եհովան իսրայէլ ազգին հետ ուխտ մը ըրաւ։ Ան անոնց տուաւ Մովսիսական օրէնքը, որ կարգի դրաւ ամուսնական հարցերը, ինչպէս՝ մէկէ աւելի կին առնելը, եւ արգիլեց ամուսնանալ Եհովան չպաշտողներու հետ։ Այսպիսով, ատիկա օգնեց որ իսրայէլացիները հոգեւորապէս պաշտպանուին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 7։3, 4)։ Երբ ամուսնական լուրջ խնդիրներ ծագէին, ծերերը կ’օգնէին զոյգերուն։ Անհաւատարմութեան, նախանձի եւ կասկածի մասին օրէնքներ կային։ Ամուսնալուծումը արտօնուած էր, բայց ատոր մասին ալ օրէնքներ կային։ Օրինակ՝ տղամարդ մը կրնար իր կինը արձակել, «անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար» (Բ. Օր. 24։1)։ Չենք գիտեր թէ Սուրբ Գիրքը «անարգութիւն» բառով ի՛նչ ըսել ուզեց, բայց տրամաբանական է եզրակացնել որ ատոր մէջ չկան պարապ–սարապ պատճառներ (Ղեւ. 19։18բ

ԲՆԱ՛Ւ ԱՆՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄԻ՛ ԳՏՆՈՒԻՐ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԱՆԴԷՊ

12, 13. ա) Մաղաքիայի օրերուն, կարգ մը մարդիկ ինչպէ՞ս կը վարուէին իրենց կիներուն հետ։ բ) Այսօր, եթէ մկրտուած անհատ մը ուրիշին կողակիցին հետ շնութիւն գործէ եւ ամուսնանայ, հետեւանքները ի՞նչ կ’ըլլան։

12 Մաղաքիա մարգարէին օրերուն, շատ մը հրեայ ամուսիններ կ’ամուսնալուծուէին ամէն տեսակի պատճառով։ Անոնք իրենց կինը կը ձգէին, որպէսզի ամուսնանան աւելի երիտասարդ կնոջ մը հետ կամ Եհովան չպաշտող կնոջ մը հետ։ Յիսուսի օրերուն, հրեայ տղամարդիկը տակաւի՛ն կ’ամուսնալուծուէին «ամէն պատճառի համար» (Մատ. 19։3)։ Եհովա Աստուած կ’ատէր այսպիսի ամուսնալուծումներ (կարդա՛ Մաղաքիա 2։13-16

13 Այսօր, Եհովայի ժողովուրդին մէջ ընդունուած չէ որ մէկը իր կողակիցին դաւաճանէ։ Բայց սեպէ թէ մկրտուած եւ ամուսնացած մարդ մը կամ կին մը ուրիշին կողակիցին հետ շնութիւն գործեց, եւ ամուսնալուծուեցաւ որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ։ Եթէ ան զղջացած չէ, կը վտարուի որպէսզի ժողովքը հոգեւորապէս մաքուր մնայ (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Եւ որպէսզի ան ետ ժողովքին մէջ ընդունուի, պէտք է ‘ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէ’, այսինքն՝ փաստէ թէ իրապէս զղջացած է (Ղուկ. 3։8. Բ. Կոր. 2։5-10)։ Չէ պահանջուած որ պէտք է մասնայատուկ ժամանակ մը անցնի առաջ որ ան ժողովքին մէջ վերահաստատուի։ Բայց այս պարագային թերեւս մէկ տարի կամ աւելի ժամանակ առնէ, որ մեղք գործողը փաստէ թէ իրապէս զղջացած է։ Նոյնիսկ եթէ անհատը վերահաստատուի, ան դեռ «Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ» թէ անկեղծօրէն զղջացած է կամ ոչ (Հռով. 14։10-12. տե՛ս Դիտարան–ի 15 նոյեմբեր 1979 թիւը, էջ 31-32, անգլերէն)։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՔՈՎ

14. Օրէնքը ինչպէ՞ս Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց։

14 Իսրայէլ աւելի քան 1500 տարի Մովսիսական օրէնքին տակ էր։ Ատիկա Աստուծոյ ժողովուրդին շատ մը կերպերով օգնեց։ Օրինակ՝ ատիկա ժողովուրդին սկզբունքներ տուաւ, որպէսզի կարենան ընտանեկան խնդիրները լուծել, ինչպէս նաեւ զիրենք առաջնորդեց Մեսիային (Գաղ. 3։23, 24)։ Երբ Յիսուս մեռաւ, Օրէնքը վերջ գտաւ եւ Աստուած նոր կարգադրութիւն մը ըրաւ (Եբ. 8։6)։ Սակայն կարգ մը բաներ, որոնք Մովսիսական օրէնքին մէջ արտօնուած էին, այլեւս արտօնուած չէին քրիստոնեաներուն համար։

15. ա) Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ամուսնութեան չափանիշը ի՞նչ է։ բ) Երբ քրիստոնեան կը մտածէ ամուսնալուծուիլ, ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնէ։

15 Օր մը փարիսեցիները ամուսնութեան մասին հարցում մը հարցուցին Յիսուսին։ Ան պատասխանեց որ Աստուած Մովսիսական օրէնքին մէջ արտօնած էր որ իսրայէլացիները ամուսնալուծուին, հակառակ որ սկիզբէն ասիկա Աստուծոյ ուզածը չէր (Մատ. 19։6-8)։ Յիսուսի պատասխանը ցուցուց որ ամուսնութեան բուն չափանիշը որ Եդեմին մէջ դրուած էր, այլեւս քրիստոնեաներուն չափանիշը պիտի ըլլար (Ա. Տիմ. 3։2, 12)։ Կողակիցները «մէկ մարմին» ըլլալով միասին պիտի մնային։ Եհովային եւ իրարու հանդէպ իրենց սէրը պիտի զօրացնէր իրենց կապը։ Եթէ մէկը օրինապէս ամուսնալուծուի, առանց սեռային անբարոյութեան պատճառի, նորէն ամուսնանալու ազատ չէ (Մատ. 19։9)։ Անշուշտ, մէկը կրնայ ներել իր կողակիցին որ շնութիւն ըրաւ բայց զղջաց։ Ասիկա պատահեցաւ Ովսէէ մարգարէին հետ, որ իր անբարոյ կնոջ՝ Գոմերին ներեց։ Նմանապէս, Եհովան զղջացող իսրայէլին ներեց, երբ հոգեւոր շնութիւն գործեցին (Ով. 3։1-5)։ Ասկէ զատ, եթէ մէկը գիտնայ որ իր կողակիցը սեռային անբարոյութիւն գործեց, բայց հակառակ ասոր շարունակէ սեռային յարաբերութիւն ունենալ իրեն հետ, ասիկա կը նշանակէ որ ներած է անոր։ Ան այլեւս ամուսնալուծուելու աստուածաշնչական պատճառ չունի։

16. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ ամուրիութեան մասին։

16 Յիսուս ըսաւ որ ճշմարիտ քրիստոնեաները մէկ պատճառ ունին ամուսնալուծուելու, եւ այն ալ սեռային անբարոյութիւնն է։ Ետքը, ան խօսեցաւ անոնց մասին, «որոնք ունին այդ պարգեւը»՝ ամուրի մնալու պարգեւը։ Ան աւելցուց. «Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի» (Մատ. 19։10-12, ՆԱ)։ Շատեր որոշած են ամուրի մնալ, քանի որ կ’ուզեն Աստուծոյ ծառայել առանց տարուելու, եւ անոնք գովելի են իրենց որոշումին համար։

17. Ի՞նչը մէկու մը կ’օգնէ որ որոշէ ամուսնանալ կամ ոչ։

17 Ի՞նչ բան մէկու մը կ’օգնէ որ որոշէ ամուրի մնալ կամ ամուսնանալ։ Ան պէտք է որոշէ թէ արդեօք կրնա՞յ ամուրիութեան պարգեւը զարգացնել իր մէջ։ Պօղոս առաքեալ ամուրիութիւնը քաջալերեց, բայց նաեւ ըսաւ. «Պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը»։ Ան աւելցուց. «Եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ»։ Ամուսնանալը անհատին կ’օգնէ որ սեռային զօրաւոր ցանկութիւններուն պատճառով գիջութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն չընէ։ Նաեւ, մէկը պէտք է նկատի առնէ որ բաւարար մե՞ծ է որ ամուսնանայ։ Պօղոս ըսաւ. «Եթէ մէկը կը մտածէ թէ սխալ կը վարուի իր ամուրիութեան հանդէպ, եւ ճիշդը ամուսնանալն է, ապա եթէ անցած է իր երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը, թող իր ուզածը ընէ. ան մեղք չի գործեր։ Թող անոնք ամուսնանան» (Ա. Կոր. 7։2, 9, 36, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։1-3)։ Պէտք չէ քաջալերութիւն տրուի մէկու մը որ ամուսնանայ, պարզապէս քանի որ ունի այն զօրաւոր սեռային ցանկութիւնները, որ շատեր կ’ունենան պատանեկութեան ատեն։ Ան թերեւս բաւարար հասուն չըլլայ որ ամուսնութեան պատասխանատուութիւնները վերցնէ։

18, 19. ա) Քրիստոնէական ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է սկսի։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

18 Քրիստոնէական ամուսնութիւնը պէտք է սկսի երկու անհատներով, որոնք մկրտուած են եւ Եհովան կը սիրեն իրենց ամբողջ սրտով։ Անոնք նաեւ իրար պէտք է սիրեն այն աստիճան, որ ուզեն միասին ապրիլ իրենց մնացեալ կեանքը։ Եհովան զիրենք պիտի օրհնէ, քանի որ հնազանդեցան այն պատուէրին, որ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանան (Ա. Կոր. 7։39)։ Եւ եթէ անոնք շարունակեն Սուրբ Գիրքի խրատներուն հնազանդիլ, իրենց ամուսնութիւնը յաջող պիտի ըլլայ։

19 Ներկայիս վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, եւ շատեր չունին այն յատկութիւնները որ ամուսնութիւնը յաջող կը դարձնեն (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Աստուածաշունչի կարգ մը արժէքաւոր սկզբունքներ, որոնք քրիստոնեային կ’օգնեն որ հակառակ դժուարութիւններուն յաջող եւ երջանիկ ամուսնութիւն մը վայելէ, մինչ կը շարունակէ քալել այն ճամբուն վրայ, որ յաւիտենական կեանքին կը տանի (Մատ. 7։13, 14