Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր

Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր

«Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի» (ԵՓ. 5։33

ԵՐԳԵՐ. 87, 3

1. Թէեւ ամուսնութիւնը ընդհանրապէս ուրախութեամբ կը սկսի, բայց ամուսնացողները ի՞նչ կրնան ակնկալել (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՐԲ հարսն ու փեսան իրենց ամուսնութեան օրը առաջին անգամ աչք աչքի կու գան, իրենց աչքերը ուրախութենէն կը փայլին։ Երբ անոնք իրարու կը ծանօթանային, իրարու հանդէպ իրենց սէրը այնքան զօրացաւ, որ ահա հիմա պատրաստ են ամուսնանալու եւ ուխտ ընելու որ իրարու հաւատարիմ պիտի մնան։ Անշուշտ, անոնք պէտք է փոփոխութիւններ մտցնեն իրենց կեանքին մէջ, քանի որ այլեւս մէկ եղան եւ նոր ընտանիք մը կազմեցին։ Եհովան, որ ամուսնութիւնը հիմնած է, իր Խօսքին մէջ իմաստուն խրատներ տուած է բոլոր անոնց որոնք կ’ամուսնանան, որպէսզի յաջող եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենան (Առ. 18։22)։ Բայց միեւնոյն ատեն, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան», այսինքն՝ խնդիրներ, քանի որ անկատար են (Ա. Կոր. 7։28)։ Լաւ, զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան կարելի եղածին չափ հեռու մնալ այս նեղութիւններէն։ Եւ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը յաջող դարձնել։

2. Կողակիցները սիրոյ ո՞ր տեսակները պէտք է ունենան։

2 Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ թէ սէրը կարեւոր է։ Ամուսնութեան մէջ պէտք կայ գորովի (յունարէնով՝ ֆի·լիա)։ Ռոմանթիկ սէրը հաճոյք կը պատճառէ, իսկ ընտանիքին հանդէպ սէրը (սթոր·կէ) աւելի կարեւոր կը դառնայ երբ պզտիկներ մէջտեղ գան։ Բայց սկզբունքի վրայ հիմնուած սէրն է (ա·կաբէ) որ ամուսնութիւնը յաջող կը դարձնէ։ Պօղոս առաքեալ այս սիրոյն մասին գրեց. «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի» (Եփ. 5։33

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

3. Ամուսնութեան մէջ սէրը որքա՞ն զօրաւոր պէտք է ըլլայ։

3 Պօղոս գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար» (Եփ. 5։25)։ Այսօր, քրիստոնեաները Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ իրար կը սիրեն ճիշդ ինչպէս որ ան իր աշակերտները սիրեց (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35. 15։12, 13)։ Ամուսինն ու կինը իրար այնքա՛ն պէտք է սիրեն, որ պատրաստ ըլլան իրարու համար մեռնելու, եթէ պէտք ըլլայ։ Բայց այս գաղափարը ջուրը կ’իյնայ, երբ լուրջ խնդիրներ ծագին։ Ի՞նչ բան կրնայ իրենց օգնել. ա·կաբէ սէրը, որ «ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»։ Իսկապէս, «սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կոր. 13։7, 8)։ Կողակիցները պէտք է յիշեն իրենց ըրած ուխտը, որ իրար սիրեն եւ հաւատարիմ ըլլան։ Ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ Եհովային սկզբունքները կիրարկեն եւ խնդիրները լուծեն։

4, 5. ա) Կինը ի՞նչ աչքով պէտք է նայի իր ամուսինին գլխաւորութեան։ բ) Ամուսինին պատասխանատուութիւնը ի՞նչ է որպէս ընտանիքին գլուխը։ գ) Զոյգ մը ի՞նչ փոփոխութիւններ ըրաւ։

4 Պօղոս իւրաքանչիւր կողակիցին պատասխանատուութիւնները բացատրեց, երբ ըսաւ. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է» (Եփ. 5։22, 23)։ Այս կարգադրութիւնը չի նշանակեր որ կինը ամուսինէն աւելի ցած է, հապա՝ կնոջ կ’օգնէ որ իր աստուածատուր դերը կատարէ։ Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» (Ծն. 2։18)։ Ճիշդ ինչպէս որ «եկեղեցիին գլուխ»ը՝ Քրիստոս, սէր կը ցուցնէ, ամուսինն ալ պէտք է սիրալիր ըլլայ որպէս ընտանիքին գլուխը։ Երբ ամուսինը այսպէս վարուի, կինը ապահով կը զգայ եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զինք յարգէ եւ իրեն կռնակ կենայ։

5 Քաթի [1], որուն ամուսինին անունը Ֆրէտ է, կը խոստովանի. «Երբ ամուրի քոյր էի, մէկէ մը կախեալ չէի եւ ես ինծի հոգ կը տանէի։ Երբ ամուսնացայ, այս վիճակը փոխուեցաւ։ Սորվեցայ ամուսինիս վստահիլ։ Ասիկա միշտ դիւրին չէ եղած, բայց Եհովային ուզածին պէս վարուելով՝ որպէս զոյգ իրարու շատ աւելի մօտեցած ենք»։ Ֆրէտ կ’ըսէ. «Ինծի համար, որոշումներ առնելը միշտ դիւրին չէ եղած, իսկ ամուսնութեան մէջ ատիկա ա՛լ աւելի դժուար է, քանի որ երկու հոգիի մասին պիտի մտածես։ Բայց որոշում առնելը օրէ օր աւելի դիւրին կը դառնայ, մինչ աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը կը խնդրեմ եւ կնոջս կարծիքը մտիկ կ’ընեմ։ Կը զգամ որ իրապէս միասին կ’աշխատինք»։

6. Սէրը ինչպէ՞ս «միասնութեան կատարեալ կապ»ը կ’ըլլայ, երբ ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ծագին։

6 Ամուսնութիւն մը զօրաւոր կ’ըլլայ, եթէ ամուսինն ու կինը մէկը միւսին սխալներուն աչք կը խփեն։ Անոնք կը շարունակեն ‘իրարու համբերել եւ իրարու ներել’։ Երկուքն ալ սխալներ պիտի ընեն, բայց կրնան իրենց սխալներէն սորվիլ, իրարու ներել եւ սէր ցուցնել։ Այս սէրը «միասնութեան կատարեալ կապն է» (Կող. 3։13, 14, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է» եւ «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ)։ Անհամաձայնութիւնները պէտք է շուտով լուծուին. որքա՛ն կանուխ այնքան լաւ։ Ուրեմն, քրիստոնեայ կողակիցները պէտք է փորձեն իրարու միջեւ եղած հարցը լուծել, առաջ որ օրը վերջանայ (Եփ. 4։26, 27)։ Անոնք խոնարհ եւ քաջ ըլլալով կրնան ըսել՝ «Սորի որ քեզ նեղացուցի»։ Եւ ասիկա ըսելը կ’օգնէ որ խնդիրները լուծուին եւ կողակիցները իրարու աւելի մօտենան։

ՔՆՔՇՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՊԷՏՔ ՄԸ

7, 8. ա) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատներ կու տայ՝ ամուսնութեան մէջ սեռային յարաբերութիւններուն մասին։ բ) Կողակիցները ինչո՞ւ պէտք է իրարու հետ քնքշութեամբ վարուին։

7 Սուրբ Գիրքը լաւ խրատներ կու տայ, որոնք զոյգի մը կ’օգնեն որ ճիշդ աչքով նային սեռային յարաբերութիւններուն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։3-5)։ Կարեւոր է որ ամուսինն ու կինը իրարու զգացումները եւ պէտքերը նկատի առնեն։ Եթէ ամուսինը իր կնոջ հետ քնքշութեամբ չվարուի, թերեւս կինը չկարենայ հաճոյք առնել սեռային յարաբերութիւններէն։ Ամուսինը պէտք է «գիտակցելո՛վ» վարուի իր կնոջ հետ (Ա. Պետ. 3։7, ԱԾ)։ Բնա՛ւ պէտք չէ մէկը միւսը ստիպէ որ սեռային յարաբերութիւն ունենայ. ասիկա պէտք է անհատին մէջէն գայ։ Ամուսինը շատ անգամներ կրնայ աւելի արագ ընդառաջել այս մարզին մէջ, բայց պէտք է երկուքն ալ զգացական գետնի վրայ պատրաստ ըլլան։

8 Թէեւ Սուրբ Գիրքը մասնայատուկ կանոններ չի դներ, թէ ամուսինն ու կինը ի՛նչ տեսակի սիրոյ արտայայտութիւններ կրնան ընել սեռային յարաբերութեան ատեն, բայց ատոր մէջ գրուած է այսպիսի գուրգուրանքի մասին (Երգ 1։2. 2։6)։ Քրիստոնեայ կողակիցները պէտք է իրարու հետ քնքշութեամբ վարուին։

9. Ինչո՞ւ համար ընդունելի չէ որ մէկը իր կողակիցը չեղող անհատի մը հանդէպ սեռային հետաքրքրութիւն ունենայ։

9 Երբ Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ զօրաւոր սէր ունինք, չենք ձգեր որ որեւէ բան կամ անձ վտանգի տակ դնէ մեր ամուսնութիւնը։ Ոմանք պոռնկագրութեան մոլի ըլլալով իրենց ամուսնութիւնը տկարացուցած են կամ նոյնիսկ քանդած են։ Բացարձակապէս պէտք չէ թոյլ տանք որ պոռնկագրութիւնը կամ այլ տեսակի որեւէ անպատշաճ սեռային հետաքրքրութիւն մեզ հրապուրէ։ Նոյնիսկ պէտք չէ ընենք բան մը, որ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ թէ անլուրջ սիրախօսութիւն կ’ընենք մեր կողակիցը չեղող անհատի մը հետ։ Ասիկա սիրալիր չէ։ Երբ յիշենք թէ Աստուած գիտէ մեր բոլոր մտածումներն ու գործերը, աւելի զօրաւոր փափաք պիտի ունենանք որ զինք հաճեցնենք եւ մեր կողակիցին հաւատարիմ մնանք (կարդա՛ Մատթէոս 5։27, 28. Եբրայեցիս 4։13

ԵՐԲ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԸԼԼԱՆ

10, 11. ա) Ամուսնալուծումը որքա՞ն շատցած է։ բ) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ բաժանումին մասին։ գ) Ի՞նչը պիտի օգնէ ամուսնացողին որ շուտով չբաժնուի։

10 Երբ ամուսնութեան մէջ լուրջ խնդիրները չլուծուին, կարգ մը զոյգեր թերեւս որոշեն բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ամուսնացող զոյգերուն աւելի քան կէսը կ’ամուսնալուծուի։ Ճիշդ է որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ այս հարցը այդքան մեծ չէ, բայց ամուսնական խնդիրները երթալէն աւելի կը շատնան Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։

11 Սուրբ Գիրքը այս ցուցմունքները կու տայ. «Կինը այրէն չզատուի։ (Իսկ եթէ զատուի ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ» (Ա. Կոր. 7։10, 11)։ Կողակիցէն բաժնուիլը պէտք չէ թեթեւի առնուի։ Թէեւ կարգ մը զոյգեր կը կարծեն որ իրենց խնդիրները այնքա՛ն լուրջ են որ պէտք է բաժնուին, բայց բաժնուիլը շատ անգամներ աւելի խնդիրներու դուռ կը բանայ։ Յիսուս կրկնեց ի՛նչ որ Աստուած ըսած էր ամուսնութեան մասին, եւ յետոյ աւելցուց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։3-6. Ծն. 2։24)։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ որ ո՛չ ամուսինը ոչ ալ կինը ‘պէտք է զատէ զայն որ Աստուած միաւորեց’։ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը միասին մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը (Ա. Կոր. 7։39)։ Բոլորս պէտք է մեր միտքը պահենք որ Եհովային հաշիւ պիտի տանք մեր ըրածներուն համար։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ շատ ջանք թափենք շուտով խնդիրները լուծելու, առաջ որ աւելի լուրջ դառնան։

12. Ոմանք ինչո՞ւ կը մտածեն բաժնուիլ։

12 Կարգ մը զոյգեր ինչո՞ւ լուրջ խնդիրներ կ’ունենան։ Ոմանց համար իրենց ամուսնութիւնը իրենց յուսացածին պէս չ’ելլեր, եւ այս պատճառով յուսախաբ կը զգան կամ նոյնիսկ կը բարկանան։ Շատ անգամներ խնդիրներ կը ծագին, քանի որ իւրաքանչիւրը տարբեր կերպով մեծցած է եւ զգացական գետնի վրայ մէկը միւսէն կը տարբերի։ Նաեւ անհամաձայնութիւններ կ’ըլլան դրամի եւ պզտիկ մեծցնելու շուրջ, ինչպէս նաեւ զոյգին ընտանիքներուն նկատմամբ։ Սակայն, ի՜նչ լաւ բան է որ քրիստոնեայ զոյգերուն մեծամասնութիւնը իրենց խնդիրներուն լուծումներ կը գտնեն, քանի որ Աստուծոյ թոյլ կու տան որ զիրենք առաջնորդէ։

13. Բաժանումի համար վաւերական ի՞նչ պատճառներ կան։

13 Ատեններ, թերեւս վաւերական պատճառներ ըլլան որ մէկը բաժնուի։ Ոմանք որոշած են բաժնուիլ, քանի որ իրենց կողակիցը դրամական գետնի վրայ դիտմամբ չի հոգար, ֆիզիքական լուրջ վնասներ կը հասցնէ, կամ վերջին ծայր կ’արգիլէ հոգեւոր բաներու մասնակցիլը։ Անոնք որոնք իրենց կողակիցին հետ լուրջ խնդիրներ ունին, երէցներէն օգնութիւն պէտք է խնդրեն։ Այս փորձառու եղբայրները կրնան զոյգերուն օգնել որ Աստուծոյ խրատները գործադրեն։ Զոյգերը նաեւ պէտք է Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրեն, որպէսզի իրենց օգնէ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կիրարկեն եւ քրիստոնէական յատկութիւններ ցուցնեն (Գաղ. 5։22, 23) [2]։

14. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ այն քրիստոնեաներուն, որոնց կողակիցը Եհովան չի պաշտեր։

14 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ լաւ պատճառներ կան որ կողակիցները միասին մնան, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ մէկը Եհովան չի պաշտեր (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։12-14)։ Անհաւատ կողակիցը Աստուծոյ մէկ ծառային հետ ամուսնացած ըլլալով «սրբուած է», նոյնիսկ եթէ ինք ասոր գիտակից չէ։ Իրենց պզտիկները «սուրբ են», եւ այսպիսով Աստուծոյ պաշտպանութեան տակ են։ Պօղոս առաքեալ ամուսնացողները քաջալերեց, ըսելով. «Ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես» (Ա. Կոր. 7։16)։ Եհովայի վկաներու գրեթէ ամէն ժողովք իր մէջ ունի անհատ մը, որ իր կողակիցին օգնած է որ Եհովայի ծառայ դառնայ։

15, 16. ա) Սուրբ Գիրքը ի՞նչ խրատ կու տայ այն կիներուն, որոնց ամուսինը Եհովային չի ծառայեր։ բ) ‘Եթէ անհաւատ կողակիցը զատուի’, քրիստոնեային կեցուածքը ի՞նչ է։

15 Պետրոս առաքեալ քրիստոնեայ կիները կը խրատէ որ իրենց ամուսինին ենթարկուին, «որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։ Կին մը իր ‘հեզ ու հանդարտ հոգիով, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է’, աւելի դիւրին կը շահի իր ամուսինը ճշմարտութեան մէջ, քան՝ երբ անդադար իր հաւատալիքներուն մասին կը խօսի (Ա. Պետ. 3։1-4

16 Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել եթէ Եհովան չպաշտող կողակիցը ուզէ բաժնուիլ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ» (Ա. Կոր. 7։15)։ Թէեւ բաժանումը քիչ մը խաղաղութիւն կը բերէ, բայց քրիստոնեան Սուրբ Գիրքին հիման վրայ ազատ չէ վերամուսնանալու։ Միեւնոյն ատեն, ան ստիպուած չէ իր կողակիցը պարտադրել որ իրեն հետ մնայ։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս բաժնուող կողակիցը որոշէ վերադառնալ, որպէսզի ամուսնութիւնը փրկէ։ Եւ ան նոյնիսկ կրնայ ապագային Եհովային մէկ ծառան դառնալ։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆԸ

Ամուսնութիւնդ աւելի ուրախ կ’ըլլայ, երբ հոգեւոր բաները առաջին տեղը կը դնես (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Քրիստոնեայ զոյգերը ի՞նչը պէտք է դնեն առաջին տեղը։

17 Քանի որ «վերջին օրեր»ուն մէջն ենք, «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ասոր համար, պէտք ունինք որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։ Պօղոս գրեց. «Ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին. . . եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր» (Ա. Կոր. 7։29-31)։ Պօղոս ըսել չէր ուզեր որ ամուսնացողները իրենց ամուսնական պարտականութիւնները պէտք է անտեսեն։ Բայց քանի որ մնացած ժամանակը կարճցած է, անոնք պէտք է հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնեն (Մատ. 6։33

18. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ կրնան ուրախ եւ յաջող ամուսնութիւն մը ունենալ։

18 Ներկայ շատ դժուար ժամանակին մէջ, մեր շուրջը կը տեսնենք թէ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կը քանդուին։ Հակառակ ասոր, կրնա՛նք մեր ամուսնութիւնը ուրախ եւ յաջող դարձնել։ Այն զոյգերը որ Եհովայի ժողովուրդին մօտիկ կը մնան, Սուրբ Գիրքին խրատները կը գործադրեն եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը կ’ընդունին, կը պատուեն «զայն որ Աստուած միաւորեց» (Մար. 10։9

^ [1] (պարբերութիւն 5) Անունները փոխուած են։

^ [2] (պարբերութիւն 13) Տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքին յաւելուածը՝ «Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ»։