Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործէ

Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործէ

«Հա՛յր. . . փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ» (ՅՈՎՀ. 17։1

1, 2. Ք.Ե. 33–ի Պասեքը տօնելէն ետք, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։

Ք.Ե. 33–ի նիսան 14–ի գիշերն է։ Յիսուս եւ իր առաքեալները Պասեքը տօնած են, յիշելով թէ Աստուած ինչպէ՛ս իրենց նախահայրերը եգիպտական ստրկութենէն ազատեց։ Բայց իր հաւատարիմ աշակերտները աւելի մեծ ու «յաւիտենական փրկութիւն» պիտի ունենան։ Յաջորդ օրը, իրենց անմեղ Առաջնորդը իր թշնամիներուն կողմէ մահուան պիտի դատապարտուի։ Բայց Յիսուսի թափուած արիւնը մարդկութիւնը մեղքէ եւ մահէ պիտի փրկէ (Եբ. 9։12-14

2 Որպէսզի այս սիրալիր կարգադրութիւնը չմոռնանք, Յիսուս հաստատեց նոր տարեկան տօնակատարութիւն մը, որ Պասեքը փոխարինեց։ Ան անխմոր հաց մը կտրեց եւ զայն իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն փոխանցելով, ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Նոյնպէս անոնց տուաւ գաւաթ մը գինի, ըսելով. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկ. 22։19, 20

3. ա) Յիսուսի մահէն ետք, ի՞նչ հսկայ փոփոխութիւն եղաւ։ բ) Մինչ Յիսուսի աղօթքը կը քննարկենք, ի՞նչ հարցումներու մասին պէտք է խորհինք։

3 Օրէնքի ուխտը շուտով իր վախճանին կը հասնէր։ Ան պիտի փոխարինուէր նոր ուխտով մը՝ Եհովային եւ Յիսուսի օծեալ հետեւորդներուն միջեւ։ Յիսուս խորապէս մտահոգուած էր այս հոգեւոր ազգին բարօրութեան նկատմամբ։ Մարմնաւոր իսրայէլը կրօնական եւ ընկերային գետնի վրայ բաժնուած էր, Աստուծոյ սուրբ անուան նախատինք բերելով (Յովհ. 7։45-49. Գործք 23։6-9)։ Առ ի հակապատկեր, Յիսուսի փափաքն էր որ իր հետեւորդները կատարելապէս միաբան ըլլան, որպէսզի Եհովայի անուան պատիւ բերեն։ Ուստի, Յիսուս ամէնէն գեղեցիկ աղօթքը կը ներկայացնէ Աստուծոյ. աղօթք մը՝ որ բոլո՛րս առանձնաշնորհում ունինք զայն կարդալու (Յովհ. 17։1-26. տե՛ս բացման պատկերը)։ Մինչ կը քննարկենք այս աղօթքը, հետեւեալ հարցումներուն մասին մտածենք. «Աստուած Յիսուսի աղօթքին պատասխանա՞ծ է։ Այս աղօթքին հետ ներդաշնակ կը գործե՞մ»։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

4, 5. ա) Յիսուսի աղօթքին բացումէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։ բ) Եհովան Յիսուսի անձնական խնդրանքին ինչպէ՞ս պատասխանեց։

4 Յիսուս մինչեւ ուշ գիշեր իր աշակերտներուն բազմաթիւ հոյակապ բաներ կը սորվեցնէ։ Ապա իր աչքերը երկինք բարձրացնելով կ’աղօթէ. «Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ, որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր. . . Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի» (Յովհ. 17։1-5

5 Նկատի առ Յիսուսի առաջնահերթութիւնները իր աղօթքին սկիզբը։ Անոր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ իր Հօր փառաւորուիլը։ Եւ ճիշդ այսպէս ալ իր տիպար աղօթքը սկսաւ. «Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Ղուկ. 11։2)։ Անկէ ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն կարիքներուն մասին կ’աղօթէ, որպէսզի իրենց «յաւիտենական կեանք տայ»։ Յետոյ իր անձնական խնդրանքը կ’ընէ, ըսելով. «Ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի»։ Եհովան իր հաւատարիմ Որդիին աղօթքը կը լսէ եւ իր խնդրանքէն աւելի՛ն կու տայ. բոլոր հրեշտակներէն աւելի ‘բարձր անուն’ (Եբ. 1։4

‘ՃԱՆՉՆԱԼ ՄԻՄԻԱՅՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ’

6. Յաւիտենական կեանք ստանալու համար, առաքեալները ի՞նչ պէտք է ընէին։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ անոնք յաջողեցան։

6 Իր աղօթքին մէջ, Յիսուս նաեւ կը նշէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք յաւիտենական կեանքը ստանալու համար (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3Ան կ’ըսէ, թէ պէտք է շարունակենք ‘ճանչնալ’ Աստուածն ու Քրիստոսը։ Ինչպէ՞ս։ Կերպերէն մէկն է՝ մեր ամէն կարելին ընել Եհովային եւ Որդիին մասին կարդալու եւ սորվելու։ Ուրիշ կարեւոր կերպ մըն է՝ Աստուծոյ մասին մեր սորվածները կիրարկել։ Առաքեալները արդէն այս երկու բաները ըրած էին, ինչպէս Յիսուս իր աղօթքին մէջ նշեց. «Այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին» (Յովհ. 17։8)։ Բայց յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու համար, հարկ էր որ անոնք շարունակէին Աստուծոյ խօսքերուն վրայ խոկալ եւ զանոնք կիրարկել։ Հաւատարիմ առաքեալները կրցա՞ն այս մէկը ընել մինչեւ իրենց երկրային կեանքին աւարտը։ Անշո՛ւշտ։ Ասիկա գիտենք քանի որ նոր Երուսաղէմի 12 հիմերուն իւրաքանչիւրին վրայ առաքեալի մը անունը անջնջելիօրէն գրուած է (Յայտ. 21։14

7. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած ‘ճանչնալ’, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

7 Ըստ յունարէն լեզուի ուսումնականներու, ‘ճանչնալ’ թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նաեւ թարգմանուիլ՝ «պէտք է շարունակել ճանչնալ»։ Երկու իմաստները զիրար կ’ամբողջացնեն եւ երկուքն ալ կարեւոր են։ Ուստի, Աստուածաշունչին մէջ «ճանչնան քեզ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ Աստուծոյ մասին աւելի՛ն սորվելու յարատեւ գործողութեան։ Սակայն տիեզերքի մեծագոյն Անձը ճանչնալը աւելի՛ն կը պարփակէ, քան պարզապէս անոր յատկութիւնները եւ նպատակը գիտնալ։ Ատիկա կ’ընդգրկէ զինք եւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար» (Ա. Յովհ. 4։8)։ Արդ, Աստուած ճանչնալը կը պարփակէ անոր հնազանդ գտնուիլ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։3-5Եհովան ճանչցողներուն շարքին ըլլալը ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում է։ Բայց ինչպէս որ էր Յուդա Իսկարիովտացիի պարագան, կրնայ ըլլալ որ այս թանկարժէք փոխյարաբերութիւնը կորսնցնենք։ Ուստի, ջանանք զայն պահպանել։ Այսպիսով, որակեալ պիտի ըլլանք յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու (Մատ. 24։13

«ՔՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎԴ»

8, 9. ա) Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուսի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ էր։ բ) Յիսուս ո՞ր աւանդութիւնը ատած ըլլալու էր։

8 Մինչ Յովհաննէս 17–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի աղօթքը կը կարդանք, յստակ կը դառնայ Յիսուսի խոր սէրը ոչ միայն իր առաքեալներուն հանդէպ, այլեւ՝ մեզի հանդէպ (Յովհ. 17։20)։ Բայց Յիսուսի գլխաւոր հետաքրքրութիւնը մեր փրկութիւնը չէր։ Իր երկրային ծառայութեան առաջին օրէն իսկ, ան գլխաւորաբար հետաքրքրուած էր իր Հօր անունը սրբացնելով եւ փառաւորելով։ Օրինակ, երբ Նազարէթի ժողովարանին մէջ իր յանձնարարութիւնը կը յայտարարէր, ան Եսայիի մագաղաթէն կարդաց. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու»։ Կասկած չկայ, թէ այս յանձնարարութիւնը կարդալով՝ Յիսուս Աստուծոյ անունը արտասանեց (Ղուկ. 4։16-21) *։

9 Յիսուս երկիր գալէ շատ առաջ, հրեայ կրօնական առաջնորդներ մարդոց սորվեցուցին Աստուծոյ անունը չգործածել։ Վստահաբար Յիսուս հաստատօրէն մերժեց այդ աւանդութիւնը։ Ան իր հակառակորդներուն ըսաւ. «Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր. եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք» (Յովհ. 5։43)։ Ապա, իր մահէն քանի մը օր առաջ, ան իր կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը արտայայտեց՝ աղօթելով. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ» (Յովհ. 12։28)։ Եւ մեր քննարկած աղօթքին մէջ, յստակ է նաեւ որ Յիսուս իր Հօր անունը փառաւորելուն մեծ կարեւորութիւն կու տայ։

10, 11. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօր անունը ճանչցուց։ բ) Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ Աստուծոյ անունը ամէնուրեք կը ճանչցնեն։

10 Յիսուս աղօթեց. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին։ Ես ա՛լ աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Ես քեզի կու գամ, ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք» (Յովհ. 17։6, 11

11 Յիսուս պարզապէս «Եհովա» անունը արտասանելով չէ որ իր Հօր անունը ճանչցուց իր աշակերտներուն։ Ան նաեւ անոնց օգնեց գիտնալու թէ Աստուծոյ անունը ի՛նչ կը ներկայացնէ,– այսինքն՝ Աստուծոյ հոյակապ յատկութիւնները եւ մեզի հետ իր սիրալիր գործառնութիւնները (Ել. 34։5-7)։ Այժմ Յիսուս երկնքի մէջ Թագաւոր է եւ կը շարունակէ իր աշակերտներուն օգնել, որ Եհովայի անունը բոլոր մարդոց ճանչցնեն։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի այս չար աշխարհին վախճանէն առաջ, շատ աւելի մարդիկ Եհովայի մասին սորվին։ Ապա, երբ այդ ժամանակը գայ, Եհովան իր հաւատարիմ վկաները պիտի ազատէ եւ ամէն մարդ Եհովայի վեհ անունը պիտի գիտնայ (Եզեկ. 36։23

‘ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՇԽԱՐՀ ՀԱՒԱՏԱՅ’

12. Մեր փրկաբեր աշխատանքին մէջ յաջողելու համար, հարկ է որ ի՞նչ երեք բան ընենք։

12 Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց, որ իր սկսած աշխատանքը ամբողջացնեն։ Ան կ’աղօթէ. «Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի»։ Բայց Յիսուս գիտէր թէ այս գործը կատարելու համար, անոնք օգնութեան պէտք ունէին։ Մինչ անոնց հետ էր, ան օգնեց որ իրենց տկարութիւնները յաղթահարեն։ Եւ իր աղօթքին մէջ, Եհովայէն կը խնդրէ որ իր աշակերտներուն օգնէ որ կարենան երեք կարեւոր բան ընել։ Առաջին, ան կ’աղօթէ որ իր աշակերտները Սատանայի աշխարհին մէկ մասը չըլլան։ Երկրորդ, ան կ’աղօթէ որ իր աշակերտները Աստուծոյ Խօսքին հնազանդին եւ սուրբ մնան։ Երրորդ, ան կ’աղաչէ որ իր աշակերտները միաբան ըլլան, ճիշդ ինչպէս որ ինք եւ իր Հայրը միաբան են։ Ուստի, հարկ է որ իւրաքանչիւրս հարց տանք. ‘Արդեօք Յիսուսի երեք խնդրանքներուն հետ ներդաշնակ կը գործե՞մ’։ Յիսուս վստահ էր որ եթէ իր աշակերտները այդ երեք բաները ընէին, ‘աշխարհը պիտի հաւատար թէ Աստուած զինք ղրկած էր’ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։15-21

Առաջին դարու քրիստոնեաները սուրբ հոգիին օգնութեամբ միաբանութիւն պահպանեցին (Տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Առաջին դարուն՝ Յիսուսի աղօթքը ինչպէ՞ս պատասխանուեցաւ։

13 Երբ Գործք գիրքը ուսումնասիրենք, կրնանք նկատել թէ Եհովան Յիսուսի աղօթքին պատասխանեց։ Առաջին դարու քրիստոնեաներուն մէջ կային հրեաներ եւ ոչ–հրեաներ, հարուստներ եւ աղքատներ, ծառաներ եւ տէրեր։ Պահ մը երեւակայէ, թէ անոնց միջեւ ի՜նչ բախումներ կրնային տեղի ունենալ։ Բայց անոնք ա՛յնքան միաբան էին, որ Պօղոս զիրենք նմանցուց մարդկային մարմնի անդամներուն, գլուխը՝ Յիսուսը ըլլալով (Եփ. 4։15, 16)։ Սատանային պառակտուած աշխարհին մէջ, Եհովայի զօրեղ սուրբ հոգին է որ կարելի դարձուց որ անոնց միջեւ այս տեսակի միաբանութիւն ըլլայ (Ա. Կոր. 3։5-7

Աշխարհի տարածքին Եհովայի ժողովուրդը միաբան է (Տե՛ս պարբերութիւն 14)

14. Արդի ժամանակներուն, Յիսուսի աղօթքը ինչպէ՞ս պատասխանուած է։

14 Ցաւօք սրտի, առաքեալներուն մահէն ետք պարագան փոխուեցաւ։ Ինչպէս որ կանխագուշակուած էր, հաւատուրացութեան հսկայ ալիք մը ներխուժեց, ինչ որ մէջտեղ բերաւ քրիստոնէական աշխարհի զանազան աղանդները (Գործք 20։29, 30)։ Բայց 1919–ին, Յիսուս իր օծեալ հետեւորդները սուտ կրօնքի գերութենէն ազատագրեց եւ ‘կատարելութեան կապով’ միացուց (Կող. 3։14)։ Անոնց քարոզչութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Այժմ «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» շուրջ ութ միլիոն «ուրիշ ոչխարներ» օծեալներուն հետ Եհովան կը պաշտեն (Յովհ. 10։16. Յայտ. 7։9)։ Ի՜նչ հոյակապ կերպով Յիսուսի աղօթքը պատասխանուեցաւ. «Աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր» (Յովհ. 17։23

ՋԵՐՄ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԹԻՒՆ

15. Յիսուս օծեալ աշակերտներուն համար ի՞նչ մասնայատուկ բան խնդրեց։

15 Նիսան 14–ի գիշերը, Յիսուս իր առաքեալները փառաւորեց կամ պատուեց, ուխտ ընելով որ իր Թագաւորութեան մէջ իրեն հետ իշխեն (Ղուկ. 22։28-30. Յովհ. 17։22)։ Ուստի, իր օծեալ հետեւորդներուն առնչութեամբ ան կ’աղօթէ. «Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ» (Յովհ. 17։24)։ Ասիկա Յիսուսի ուրիշ ոչխարներուն ուրախութի՛ւն կը պատճառէ եւ ոչ թէ նախանձ։ Եւ ասիկա այժմու ճշմարիտ քրիստոնեաներուն միաբանութեան յաւելեալ ապացոյց է։

16, 17. ա) Իր աղօթքին վերջաւորութեան, Յիսուս ըսաւ որ պիտի շարունակէ ի՞նչ ընել։ բ) Պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։

16 Կրօնական առաջնորդներուն սորվեցուցած սուտերուն պատճառաւ, մարդոց մեծամասնութիւնը կ’ընտրէ անտեսել, թէ Եհովան ունի միացած ժողովուրդ մը, որ զինք իրապէս կը ճանչնայ։ Յիսուսի օրերուն ալ պարագան այդպէս էր։ Անոր համար, ան այս խօսքերով իր աղօթքը կ’եզրափակէ. «Ո՛վ արդար Հայր, աշխարհ քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ եւ ասոնք ճանչցան թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր։ Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ» (Յովհ. 17։25, 26

17 Իրապէս Յիսուս իր Հօր անունը ճանչցուց։ Եւ հիմա, որպէս ժողովքին Գլուխը, ան կը շարունակէ մեզի օգնել, որ իր Հօր անունը եւ անոր նպատակը ուրիշներուն ճանչցնենք։ Թող որ Յիսուսի ուղղութեան հնազանդինք եւ նախանձախնդրաբար քարոզենք ու աշակերտենք (Մատ. 28։19, 20. Գործք 10։42)։ Ջանանք միացած մնալ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդը։ Այսպիսով, Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ պիտի գործենք։ Առ ի արդիւնք, Եհովային անունը պիտի փառաւորուի եւ մենք առյաւէտ ուրախ պիտի ըլլանք։

^ պարբ. 8 Ղուկաս 4։18–ի մէջ, Յիսուս մէջբերեց Եսայի 61։1–ը, ուր նշուած է Աստուծոյ անունը՝ Եհովա։