ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Հոկտեմբեր 2013

Այս թիւը կը քննարկէ թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան Ստեղծիչին զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ըմբռնել, եւ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսի սիրալիր մէկ աղօթքին հետ ներդաշնակ գործել։

Անձնուրաց ծառայողներ. Ֆիլիփիններ

Տե՛ս թէ ինչ բան ոմանք մղեց իրենց գործերը լքելու, ստացուածքները ծախելու եւ պարզ կեանք վարելու Ֆիլիփիններու մէջ։

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ մասին կը յայտնէ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգնել ուրիշներու, որ Ստեղծիչին մասին ճշմարտութիւնը հասկնան, եւ միեւնոյն ժամանակ մե՛ր հաւատքը զօրացնել։

Եհովայի՛ն ծառայենք

Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ Սատանային ծառան դառնալէ։ Որպէս Եհովային ստրուկը հաւատարմօրէն ծառայելով ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանանք։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովային ապաւինիլը վարձահատոյց եղած է

Թէ՛ Մալքոմ Ալէնը եւ թէ իր կինը Եհովային ծառայած են աւելի քան 75 տարի։ Տես թէ ինչպէ՛ս սորված են թէ Եհովան կ’օրհնէ իրեն ապաւինողները։

Լաւ պատրաստուած աղօթքէ մը դասեր քաղե՛նք

Ղեւտացիներուն աղօթքէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքները աւելի իմաստալից դարձնել։

Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործէ

Աղօթած ատեն, Յիսուս Եհովայի կամքը իր անձնական խնդրանքներէն առաջ դասեց։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր աղօթքին հետ ներդաշնակ գործել։

Կրնա՞ս ուրիշները զգուշացնելու մէջ աւելի՛ն ընել

Տե՛ս թէ ոմանք ինչպէ՛ս օրուան ընթացքին ամէն պատեհութիւն կ’օգտագործեն մարդոց վկայելու համար։