Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առակաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Առակաց գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Առակաց գիրքէն աչքառու կէտեր

ՎԱՂԵՄԻ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը «երեք հազար առակ» խօսեցաւ։ (Գ. Թագաւորաց 4։32) Անոր իմաստուն խօսքերը մատչելի՞ են մեզի։ Արդարեւ, այո՛։ Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը, որ շուրջ Հ.Դ.Ա. 717–ին ամբողջացաւ, կը բովանդակէ Սողոմոնի շատ մը առակները։ Միայն վերջին երկու գլուխները վերագրուած են այլ գրողներու,– Յակէեան Ագուր եւ Լեմուէլ թագաւոր։ Սակայն ոմանք կը խորհին թէ Լեմուէլ, Սողոմոնի տրուած այլ անուն մըն է։

Առակաց գրքին մէջ մէկտեղուած ներշնչեալ խօսքերը երկպատիկ նպատակ ունին,– «իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալ»։ (Առակաց 1։2) Այս խօսքերը մեզի կ’օգնեն իմաստութիւն ձեռք ձգելու, որ հարցերը յստակօրէն տեսնելու եւ խնդիրներ լուծելու համար գիտութիւնը կիրարկելու կարողութիւնն է։ Անոնց միջոցաւ նաեւ խրատ կամ բարոյական մարզում կը ստանանք։ Այս առակներուն ուշադրութիւն ընծայելը եւ անոնց խրատին հետեւիլը կրնայ մեր սրտին ազդել, մեր երջանկութեան նպաստել եւ յաջողութեան առաջնորդել։—Եբրայեցիս 4։12

‘ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԻՐ ԵՒ ԽՐԱՏԸ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԷ’

(Առակաց 1։1–9։18)

«Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ», կ’ըսէ Սողոմոն։ (Առակաց 1։20) Ինչո՞ւ անոր բարձր ու յստակ ձայնը պէտք է մտիկ ընենք։ Գլուխ 2–ը իմաստութիւն ստանալուն օգուտները կը նշէ։ Գլուխ 3–ը կը քննարկէ թէ ի՛նչպէս Եհովայի հետ մտերմութիւն մշակել։ Ապա Սողոմոն կ’ըսէ. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։ Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր»։—Առակաց 4։7, 13

Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ աշխարհի անբարոյ ճամբաներուն ընդդիմանալու։ Գլուխ 5–ը կը պատասխանէ. մտային կարողութիւնդ գործածէ եւ աշխարհի հրապուրիչ կերպերը զատորոշէ։ Նաեւ նկատի առ անբարոյութեան աղիտալի հետեւանքները։ Յաջորդ գլուխը կը զգուշացնէ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգող սովորութիւններէն եւ կեցուածքներէն։ Գլուխ 7–ը անբարոյ անհատի մը գործելակերպը կը նկարագրէ։ Գլուխ 8–ին մէջ, հրապուրիչ կերպով կը ներկայացուի իմաստութեան արժէքն ու գրաւչութիւնը։ Գլուխ 9–ը, որ նախորդ առակները խթանիչ կերպով կ’եզրափակէ, ներկայացուած է որպէս հետաքրքրաշարժ լուսաբանութիւն մը որ մեզ կը մղէ իմաստութեան հետամուտ ըլլալու։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։7, ՆԱ. 9։10—Ի՞նչ առումով Եհովայի վախը ‘գիտութեան սկիզբն է’ եւ ‘իմաստութեան սկիզբն է’։ Առանց Եհովայի վախին՝ կարելի չէ գիտութիւն ըլլալ, քանի որ ան բոլոր բաներուն Ստեղծիչը եւ Սուրբ Գրութիւններուն Հեղինակն է։ (Հռովմայեցիս 1։20. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ան ճշմարիտ գիտութեան բուն Աղբիւրն է։ Ուստի գիտութիւնը կը սկսի՝ Եհովայի հանդէպ յարգալից երկիւղ ունենալով։ Աստուածավախութիւնը նաեւ իմաստութեան սկիզբն է, քանի որ առանց գիտութեան իմաստութիւն չ’ըլլար։ Ասկէ զատ, Եհովայի վախը չունեցող անհատը, իր գիտութիւնը պիտի չգործածէ Ստեղծիչը պատուելու։

5։3—Պոռնիկը ինչո՞ւ ‘օտար կին’ կոչուած է։ Առակաց 2։16, 17–ն ‘օտար կինը’ կը նկարագրէ որպէս մէկը որ «իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ»։ Չաստուածներ պաշտող կամ Մովսիսական Օրէնքը զանց ընող անհատը, ի ներառեալ պոռնիկը, օտար կը կոչուէր։—Երեմեայ 2։25. 3։13

7։1, 2—«Իմ խօսքերս» եւ «իմ պատուիրանքներս» ի՞նչ կը պարփակեն։ Աստուածաշունչի ուսուցումներէն զատ, անոնք կը պարփակեն ընտանեկան օրէնքներ կամ կանոններ, զորս ծնողներ ընտանիքի անդամներուն օգտին համար կը դնեն։ Զաւակները պէտք է կառչին անոնց, ինչպէս նաեւ՝ իրենց ծնողքէն ստացած աստուածաշնչական ուսուցումներուն։

8։30—Ո՞վ է «ճարտարապետ»ը։ Անձնաւորուած իմաստութիւնը ինքզինք ճարտարապետ կը կոչէ։ Իմաստութեան յատկանիշները բացատրելու համար որպէս գրական միջոց գործածուելէ զատ, այս անձնաւորումը այլաբանօրէն կ’ակնարկէ Աստուծոյ անդրանիկ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին։ Երկրի վրայ որպէս մարդ ծնելէն շա՜տ առաջ, ‘Աստուած զինք ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն’։ (Առակաց 8։22) Իբրեւ «ճարտարապետ», ան իր Հօր հետ գործօն կերպով աշխատեցաւ, երբ բոլոր բաները ստեղծուեցան։—Կողոսացիս 1։15-17

9։17—«Գողցուած ջուրերը» ի՞նչ են եւ ինչո՞ւ «անոյշ» են։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը ամուսնութենէն ներս սեռային մտերմութիւն վայելելը կը նմանցնէ ջրհորէ քաշուած թարմացուցիչ ջուր խմելուն, գողցուած ջուրերը կը ներկայացնեն՝ գաղտնօրէն գործուած անբարոյ սեռային յարաբերութիւններ։ (Առակաց 5։15-17) Հարցը ծածուկ մնալու գաղափարը, այս ջուրերուն երեւութապէս անոյշ համ կու տայ։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։10-14. Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ մեղաւորներու չար ճամբաներուն մէջ քալելու չհրապուրուինք, երբ հարստութիւն կը խոստանան։

3։3. Հաւատարիմ սէրն ու ճշմարտութիւնը մեծապէս պէտք է արժեւորենք եւ զանոնք անգին մանեակի մը պէս ցուցադրենք։ Այս յատկութիւնները նաեւ մեր սրտին վրայ պէտք է քանդակենք, զանոնք մեր անձնաւորութեան անբաժան մէկ մասը դարձնելով։

4։18. Հոգեւոր գիտութիւնը յառաջդիմական է։ Լոյսին մէջ մնալու համար, պէտք է շարունակենք խոնարհութիւն ու հեզութիւն ցուցաբերել։

5։8. Բոլոր անբարոյ ազդեցութիւններէն հեռու պէտք է կենանք, որոնց կրնանք ենթարկուիլ երաժշտութեան, ժամանցի, համացանցի, կամ գրքերու եւ պարբերաթերթերու միջոցաւ։

5։21. Եհովան սիրողը քանի մը վայրկեան հաճոյքի համար կը զոհէ՞ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ իր լաւ յարաբերութիւնը։ Անշուշտ ո՛չ։ Բարոյական անարատութիւն պահպանելու ամենազօրաւոր դրդապատճառը այն գիտակցութիւնն է, թէ Եհովա մեր ճամբաները կը տեսնէ եւ մեզ համարատու կը նկատէ։

6։1-5. Այս համարներուն մէջ, ընտիր խրատ կը տրուի որ ուրիշներու համար ‘երաշխաւոր չըլլանք’, կամ՝ ելեւմտական անխոհեմ յանձնառութիւն չընենք։ Իսկ եթէ մանրակրկիտ քննութիւն ընելէ ետք թուի թէ մեր արարքը անխոհեմ է, անյապաղ մեր բարեկամին պէտք է պնդենք ու անդադար աղաչենք, եւ մեր ձեռքէն եկածը ընենք՝ հարցերը սրբագրելու համար։

6։16-19. Հիմնական այս եօթը կէտերը, յանցագործութեան գրեթէ բոլոր տեսակները կ’ընդգրկեն։ Անոնց հանդէպ ատելութիւն պէտք է մշակենք։

6։20-24. Աստուածաշնչական դաստիարակութիւնը կրնայ անհատը պաշտպանել սեռային անբարոյութեան ծուղակին մէջ իյնալէ։ Ծնողները այսպիսի մարզում մը հայթայթելու նկատմամբ զանցառու պէտք չէ ըլլան։

7։4. Իմաստութեան ու հասկացողութեան հանդէպ սէր պէտք է մշակենք։

ԱՌԱԿՆԵՐ՝ ՄԵԶ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ

(Առակաց 10։1–29։27)

Սողոմոնի մնացեալ առակները ամփոփ խօսքեր են։ Անոնք գլխաւորաբար հակադրութիւններ, համեմատութիւններ ու նմանութիւններ են, եւ բարքի, խօսելակերպի ու վերաբերմունքի մասին զօրաւոր դասեր կը հաղորդեն։

Գլուխ 10–էն մինչեւ գլուխ 24–ը, Եհովայի հանդէպ յարգալից վախ ունենալու արժէքը կ’ընդգծուի։ «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին» 25-29–րդ գլուխներուն բովանդակած առակները։ (Առակաց 25։1) Այս առակները կը սորվեցնեն Եհովայի ապաւինիլ եւ այլ կենսական դասեր։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

10։6—Ի՞նչպէս «բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ»։ Ամբարիշտները ուրիշներուն վնասելու իրենց չար միտումները կը ծածկեն քաղցր խօսքերով։ Իսկ քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս ամբարիշտներուն հետ ատելութեամբ կը վարուին, այս թշնամութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ կամ զիրենք կը լռեցնէ։

10։10—«Աչքով ակնարկութիւն ընողը» ի՞նչպէս նեղութիւն կու տայ։ ‘Անօրէն մարդը’ ո՛չ միայն «ծուռ բերան» կը գործածէ, այլ նաեւ՝ կը ջանայ իր շարժառիթները ծածկել մարմնի շարժուձեւով, ինչպէս՝ «իր աչքերովը ակնարկութիւն» ընելով։ (Առակաց 6։12, 13) Այս խաբէութիւնը կրնայ մտային մեծ նեղութիւն պատճառել իր զոհին։

10։29—Ի՞նչ է «Տէրոջը ճամբան»։ Ասիկա կ’ակնարկէ մարդկութեան հետ Եհովայի վարուած կերպին, եւ ո՛չ թէ՝ մեր հետեւելիք ապրելակերպին։ Մարդոց հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները, պարկեշտին համար ապահովութիւն կը նշանակեն, իսկ ամբարիշտին համար՝ կործանում։

11։31—Ինչո՞ւ ամբարիշտը արդարէն աւելի պէտք է հատուցանուի։ Այս համարին մէջ հատուցումը կապ ունի պատիժին չափին հետ։ Երբ արդարը մեղանչէ, իր յանցանքներուն համար որպէս հատուցում՝ կրթութիւն կը ստանայ։ Ամբարիշտը կանխամտածութեամբ կը մեղանչէ եւ կը մերժէ իր ընթացքը փոխել ու շիտակը ընել։ Հետեւաբար ան արժանի է որ խիստ պատիժ կրէ։

12։23—Անհատ մը ի՞նչպէս ‘իր գիտութիւնը կը ծածկէ’։ Իր գիտութիւնը ծածկելը չի նշանակեր թէ ան բոլորովին չի յայտներ զայն։ Այլ, ան իր գիտութիւնը խոհեմութեամբ կը յայտնէ եւ հպարտութեամբ չի ցուցադրեր։

14։17—Ինչո՞ւ ‘իմաստուն մարդը համբերելու’ կարիք ունի։ Իր մտային կարողութիւնները գործածող խորատես մարդը կ’ընտրէ ‘աշխարհի մէկ մասը չըլլալ’։ (Յովհաննու 15։19) Ան համբերատարութեան կարիք կ’ունենայ երբ կը վարուի ուրիշներու հետ, որոնք չեն հասկնար թէ ինչո՛ւ ինք տարբեր է։

18։19, ԱՎ—Ի՞նչպէս «անիրաւուած եղբայր մը ամուր բերդաքաղաքէն անառիկ է»։ Պաշարման ներքեւ եղող ամուր բերդաքաղաքի մը պէս, այս անհատը յամառօրէն կը մերժէ զիջումներ ընել։ Անոր եւ յանցանք գործողին միջեւ եղած բանավէճերը դիւրաւ կրնան «պալատի մը նիգերուն» նման արգելքներ դառնալ։

Դասեր՝ մեզի համար.

10։11-14. Մեր խօսքերը շինիչ ըլլալու համար, մեր միտքը ճշգրիտ գիտութեամբ պէտք է լեցուի, մեր սիրտը սէրէ մղուի եւ իմաստութիւնը ուղղէ մեր ըսածը։

10։19. 12։18. 13։3. 15։28. 17։28. Թող մեր խօսքերը քիչ եւ նկատառու ըլլան։

11։1. 16։11. 20։10, 23. Եհովա կ’ուզէ որ մեր առեւտրական գործառնութեանց մէջ պարկեշտ ըլլանք։

11։4. Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան, ժողովներուն, աղօթքի եւ դաշտի ծառայութեան հաշւոյն նիւթական հարստութեան հետամուտ ըլլալը՝ անմտութիւն է։

13։4. Ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրք ունենալ կամ նոր աշխարհին մէջ ապրիլ ‘ցանկալը’ ինքնին բաւարար չէ։ Աշխատասէր պէտք է ըլլանք եւ ջանանք պահանջներուն գոհացում տալ։

13։24. 29։15, 21. Սիրալիր ծնող մը իր զաւակը չի շփացներ, ո՛չ ալ անոր թերացումները կ’անտեսէ։ Ընդհակառակը, հայրը կամ մայրը սրբագրիչ քայլեր կ’առնէ, այդ թերացումները խորապէս արմատ կապելէ առաջ։

14։10. Որովհետեւ մեր խոր յուզումները ամէն ատեն չենք կրնար ճշգրտօրէն արտայայտել եւ մեր շուրջինները միշտ չեն կրնար զանոնք հասկնալ, ուրիշներու մատուցած մխիթարութիւնը իր սահմանափակումները ունի։ Թերեւս ստիպուինք կարգ մը դժուարութիւններու տոկալ՝ մի՛այն Եհովայի ապաւինելով։

15։7. Ճիշդ ինչպէս երկրագործը իր բոլոր հունտերը մէկ տեղ չի նետեր, նոյնպէս մենք մեր ամէն գիտցածը անմիջապէս անհատի մը պէտք չէ պատմենք։ Իմաստունը իր գիտութիւնը աստիճանաբար կը սփռէ, ի պահանջել հարկին։

15։15. 18։14. Դրական հայեցակէտ պահպանելը մեզի պիտի օգնէ ուրախութիւն գտնելու, նոյնիսկ նեղացուցիչ պարագաներու ներքեւ։

17։24. «Յիմար»էն տարբեր ըլլալով, որուն աչքերն ու միտքը կը թափառին՝ փոխանակ կարեւոր հարցերու վրայ կեդրոնանալու, մենք հասկացողութիւն պէտք է փնտռենք, որպէսզի կարենանք իմաստութեամբ գործել։

23։6-8. Երեսպաշտութեամբ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելէ պէտք է զգուշանանք։

27։21. Գովասանքը կրնայ մեր ի՛նչ ըլլալը երեւան հանել։ Խոնարհութիւնը ի յայտ կու գայ, եթէ գովասանքը մեզ մղէ որ Եհովայի մեր պարտական ըլլալը հաստատենք եւ շարունակենք իրեն ծառայել։ Խոնարհութեան պակասը կը քօղազերծուի, եթէ գովասանքը գերազանցութեան զգացում յառաջացնէ։

27։23-27. Հովուական տեսարան մը գործածելով, այս առակները կ’ընդգծեն ժրաջան աշխատանքի շնորհիւ պարզ կեանք վարելու մէջ գոհունակութիւն գտնելուն արժէքը։ Անոնք յատկապէս մեր մտքին մէջ պէտք է դրոշմեն Աստուծոյ ապաւինելու կարիքը։ *

28։5. Եթէ աղօթելով ու իր Խօսքը ուսումնասիրելով ‘Տէրը փնտռենք’, իրեն ընդունելի կերպով ծառայելու համար հարկ եղող ‘ամէն բան պիտի հասկնանք’։

ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ «ՊԱՏԳԱՄ»ՆԵՐ

(Առակաց 30։1–31։31)

Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը ծանրակշիռ երկու «պատգամ»ով կ’եզրափակուի։ (Առակաց 30։1. 31։1) Միտք գրգռող համեմատութիւններու միջոցաւ, Ագուրի պատգամը կը յայտնէ ագահութեան անյագութիւնը եւ օրիորդ մը հրապուրող տղամարդուն համոզիչ մեթոտներուն աննկատելի ըլլալը։ * Անիկա նաեւ ինքնահաւանութենէ ու պոռթկումէ կը զգուշացնէ։

Իր մօրմէն Լեմուէլի ստացած ծանրակշիռ պատգամը, գինիի ու օղիի գործածութեան, ինչպէս նաեւ արդարութեամբ դատելու շուրջ ողջամիտ խրատներ կը բովանդակէ։ Առաքինի կնոջ նկարագրութիւնը կ’աւարտի սա խօսքով. «Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն ու անոր գործերը . . . պիտի գովեն զանիկա»։—Առակաց 31։31

Իմաստութիւն ձեռք ձգէ, կրթութիւնը ընդունէ, աստուածավախութիւն մշակէ եւ Եհովայի ապաւինէ,– ի՜նչ արժէքաւոր դասեր ներշնչեալ առակները կը սորվեցնեն։ Ամէն գնով թող անոնց խրատները կիրարկենք, եւ ‘Տէրոջմէն վախցող մարդուն’ երանութիւնը վայելենք։—Սաղմոս 112։1

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 12 Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1991, էջ 31։

^ պարբ. 14 Տես՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1992, էջ 31 (Անգլերէն)։

[Նկարներ՝ էջ 28]

Եհովա ճշմարիտ գիտութեան բուն Աղբիւրն է

[Նկար՝ էջ 30]

Ի՞նչ կը նշանակէ ‘գիտութիւն տարածել’