Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նշանները մեկնաբանելը լուրջ հարց է

Նշանները մեկնաբանելը լուրջ հարց է

Նշանները մեկնաբանելը լուրջ հարց է

«Սկիզբը կարծեցի թէ մեր տղան՝ Անտրիաս պարզապէս գլխացաւ ունի։ Բայց ան իր ախորժակը կորսնցուց եւ տենդէ բռնուեցաւ։ Գլխացաւը սաստկացաւ, եւ սկսայ մտահոգուիլ։ Երբ ամուսինս տուն եկաւ, Անտրիասը բժիշկին տարինք։ Ան ախտանշանները ստուգելէ ետք, զինք անմիջապէս հիւանդանոց ղրկեց։ Խնդիրը գլխացաւէն աւելի լուրջ էր։ Անտրիաս խելամզատապի բռնուած էր։ Ան դարմանուեցաւ եւ շուտով իր առողջութիւնը գտաւ»։—Կէրթրուտ անունով մայր մը Գերմանիայի մէջ։

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ծնողներէն շատեր վերոյիշեալին նման փորձառութիւններ ունեցած են։ Անոնք նշաններ կը նկատեն, որոնք ցոյց կու տան թէ իրենց զաւակը կրնայ հիւանդ ըլլալ։ Թէեւ ամէն հիւանդութիւն լուրջ չէ, սակայն ծնողները չեն կրնար իրենց զաւակին վրայ երեւցած ախտանշանները անտեսել։ Նշանները նկատելը եւ հարկ եղած քայլերը առնելը կրնան կացութիւն մը յեղաշրջել։ Անիկա լուրջ հարց է։

Նոյնը կը կիրարկուի այլ պարագաներու ալ։ Օրինակ, ցունամին որ Դեկտեմբեր 2004–ին հարուածեց Հնդկական ովկիանոսի մօտակայ շրջանները։ Աւստրալիայի եւ Հաուայիի գործակալութիւնները նկատեցին Սումադրայի հիւսիսը տեղի ունեցած հսկայ երկրաշարժը, եւ հաւանական վտանգը նախատեսեցին։ Սակայն վտանգուած մարդոց ազդարարութիւն հասցնելու որեւէ միջոց չկար։ Որպէս արդիւնք, աւելի քան 220,000 հոգի մեռաւ։

Աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող նշաններ

Երբ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ էր, նշաններ նկատելու եւ ըստ այնմ քայլեր առնելու մասին դաս մը տուաւ իր ունկնդիրներուն։ Ան մեծ կարեւորութիւն ունեցող բանի մը մասին կը խօսէր։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները իրեն մօտեցան եւ զինք փորձելու համար իրմէ խնդրեցին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ։ Անոնց պատասխան տալով ըսաւ. ‘Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ «Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է»։ Եւ առտուն՝ «Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է»։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանակներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ’»։—Մատթէոս 16։1-3

«Ժամանակներուն նշանները» նշելով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ առաջին դարու իր Հրեայ ունկնդիրները պէտք էր գիտակցէին իրենց ապրած ժամանակներուն ստիպողականութեան։ Իրերու հրէական դրութիւնը աղէտի մը սեմին կը գտնուէր, որ բոլորին պիտի ազդէր։ Իր մահուընէ քանի մը օր առաջ, Յիսուս իր աշակերտներուն խօսեցաւ ուրիշ նշանի մը մասին,– իր ներկայութեան նշանը։ Այդ ատեն ինչ որ ըսաւ, իւրաքանչիւրիս համար մեծ կարեւորութիւն ունի։