Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուսի ներկայութեան նշանը կը զատորոշե՞ս

Յիսուսի ներկայութեան նշանը կը զատորոշե՞ս

Յիսուսի ներկայութեան նշանը կը զատորոշե՞ս

ՈՉ ՈՔ կ’ուզէ լուրջ հիւանդութեան մը բռնուիլ կամ աղէտի մը հանդիպիլ։ Այսպիսի խնդիրներէ խուսափելու համար, խոհեմ անհատը ուշադրութիւն կ’ընծայէ վտանգը նշող նշաններուն եւ ըստ այնմ գործի կը լծուի։ Յիսուս Քրիստոս մասնայատուկ նշան մը նկարագրեց, որ պէտք է զատորոշենք։ Անիկա ամբողջ երկրագունդը կը պարփակէ եւ բոլոր մարդկութեան կ’ազդէ, ի ներառեալ դուն եւ ընտանիքդ։

Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսեցաւ, որ չարութիւնը պիտի վերցնէ ու երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Իր աշակերտները հետաքրքիր էին եւ ուզեցին գիտնալ թէ այդ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գայ։ Անոնք հարցուցին. «Քու ներկայութեանդ ու իրերու դրութեան վախճանին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—Մատթէոս 24։3, ՆԱ

Յիսուս գիտէր թէ իր սպանութենէն ու յարութենէն ետք դարեր պիտի անցնէին, ապա երկինքի մէջ պիտի գահակալուէր որպէս Մեսիական Թագաւորը, մարդկութեան վրայ իշխելու համար։ Որովհետեւ իր գահակալութիւնը անտեսանելի պիտի ըլլար մարդոց, Յիսուս նշան մը տուաւ, որպէսզի իր հետեւորդները կարենան զատորոշել իր «ներկայութիւնը» եւ «իրերու դրութեան վախճանը»։ Այս նշանը բազմաթիւ երեսակներ ունի, որոնք միասնաբար կը կազմեն մէկ բաղադրեալ նշան, որ կը բնորոշէ Յիսուսի ներկայութիւնը։

Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները ուշադրութեամբ արձանագրեցին Յիսուսի պատասխանը։ (Մատթէոս, գլուխ՝ 24 եւ 25. Մարկոս, գլուխ՝ 13. Ղուկաս, գլուխ՝ 21) Աստուածաշունչի այլ գրողներ նշանին վրայ մանրամասնութիւններ աւելցուցին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Բ. Պետրոս 3։3, 4. Յայտնութիւն 6։1-8. 11։18) Այժմ պիտի կեդրոնանանք հինգ գլխաւոր կէտերու վրայ, որոնք Յիսուսի յիշած նշանին մաս կը կազմեն, եւ պիտի նկատես թէ ասիկա քեզի համար իմաստալից ու կարեւոր է։—Տես շրջանակը, էջ 6։

«Դարաշրջան կազմող խրամատ»

«Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ (Մատթէոս 24։7) Գերմանական պարբերաթերթ մը (Der Spiegel) կը տեղեկագրէ թէ 1914–էն առաջ մարդիկ «փայլուն ապագայ մը կ’ակնկալէին, ուր աւելի ազատութիւն, յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճութիւն պիտի ըլլային»։ Սակայն ամէն բան փոխուեցաւ։ Պարբերաթերթ մը (GEO) կ’ըսէ. «Օգոստոս 1914–ին սկսող եւ Նոյեմբեր 1918–ին վերջ գտնող պատերազմը շշմեցուցիչ դէպք մըն էր։ Անիկա պատմական խրամատ պատճառեց, հին պատմութիւնը նորէն անջատելով»։ Հինգ ցամաքամասերու պատկանող աւելի քան 60 միլիոն զինուորներ վայրագօրէն պատերազմեցան։ Ամէն օր միջին հաշուով շուրջ 6,000 զինուորներ սպաննուեցան։ Անկէ ի վեր, ամէն սերունդի պատկանող եւ ամէն քաղաքական համոզմունքի տէր պատմաբաններ, «1914-1918 տարիները նկատած են դարաշրջան կազմող խրամատ»։

Ա. Համաշխարհային Պատերազմը մարդկային ընկերութեան վրայ անշրջելի փոփոխութիւններ պարտադրեց, եւ մարդկութիւնը իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն մէջ մտաւ։ Ի. դարու մնացեալ մասը յատկանշուեցաւ յաւելեալ պատերազմներով, զինեալ պայքարներով եւ ահաբեկչութեամբ։ Իսկ ներկայիս վիճակները չեն բարելաւուած։ Պատերազմէն զատ, նշանին միւս երեսակներն ալ տեսանելի են։

Սովեր, մահտարաժամներ եւ երկրաշարժներ

‘Սովեր պիտի ըլլան’։ (Մատթէոս 24։7) Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին անօթութիւնը հարուածեց Եւրոպան, եւ անկէ ի վեր սովը մարդկութիւնը կը տառապեցնէ։ Պատմաբան Ալան Պուլոք գրեց թէ 1933–ին, Ռուսաստանի եւ Ուքրանիայի մէջ, «սովահար ամբոխներ կը թափառէին գիւղային շրջանները . . . եւ ճամբաներուն եզերքները դիակներ դիզուած էին»։ 1943–ին, լրագրող Թ. Հ. Հուայթ Չինաստանի Հենան նահանգին մէջ սովի մը ականատես եղաւ։ Ան գրեց. «Սովի ընթացքին, գրեթէ ամէն բան ուտելի կը դառնայ, իսկ մարդկային մարմինը կրնայ զայն մարսել եւ ուժանիւթի վերածել։ Այո, մահուան սարսափը կը մղէ անհատը որ ուտէ ի՛նչ որ ուտելի չէ»։ Ցաւօք սրտի, վերջին տասնամեակներուն Ափրիկէի մէջ սովը սովորական դարձած է։ Թէեւ երկրագունդը բոլորին համար բաւարար ուտելիք կ’արտադրէ, սակայն ՄԱԿ–ի Ուտելիքի եւ Երկրագործութեան Կազմակերպութիւնը կ’ենթադրէ թէ համայն աշխարհի մէջ 840 միլիոն հոգի շատ քիչ ուտելիք ունի։

‘Տեղ տեղ մահտարաժամներ’։ (Ղուկաս 21։11) Գերմանական լրագիր մը (Süddeutsche Zeitung) կը տեղեկագրէ. «Կ’ենթադրուի թէ 1918–ին սպանական ինֆլուէնզան սպաննեց 20-50 միլիոն հոգի, այսինքն՝ Սեւ Մահէն կամ Ա. Աշխարհամարտէն աւելի»։ Անկէ ի վեր անհամար մարդիկ տառապած են ջերմախտէ, ծաղկախտէ, թոքախտէ, մանկական անդամալուծութենէ եւ հնդկախտէ։ Եւ աշխարհը ապշած կը դիտէ թէ ինչպէս ԷՅՏԾ–ը ահռելիօրէն կը տարածուի։ Այսօր, հակառակ բժշկական ապշեցուցիչ յառաջդիմութեան, տակաւին յարատեւող հիւանդութիւններ գոյութիւն ունին։ Մարդկութեան ցարդ անծանօթ եղող այս հակասութիւնը կ’օգնէ մեր բացառիկ ժամանակները բնորոշելու։

«Երկրաշարժներ»։ (Մատթէոս 24։7) Վերջին 100 տարիներուն ընթացքին, երկրաշարժները հարիւր հազարաւորներու կեանքը խլած են։ Աղբիւրի մը համաձայն, 1914–էն ի վեր, շէնքեր քանդելու եւ գետինը ճեղքելու զօրութիւն ունեցող երկրաշարժներուն թիւը միջին հաշուով տարեկան 18 է։ Իսկ շէնքերը գետնի հաւասար ընող մահաբեր երկրաշարժները, ամէն տարի մէկ անգամ տեղի ունեցած են։ Ի հեճուկս արուեստագիտական յառաջդիմութեան, մեռնողներուն թիւը բարձր կը մնայ, քանի որ արագօրէն աճող բազմաթիւ քաղաքներ երկրաշարժի գիծերուն վրայ կը գտնուին։

Բերկրալի լուր

Վերջին օրերուն նշանին շատ մը երեսակները նեղացուցիչ են, բայց Յիսուս նաեւ բերկրալի լուրի մը մասին խօսեցաւ։

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ (Մատթէոս 24։14) Յիսուսի սկսած գործը,– Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը,– վերջին օրերուն գագաթնակէտին պիտի հասնէր։ Եւ ասիկա իրապէս տեղի ունեցած է։ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի պատգամը կը քարոզեն եւ յօժարակամ մարդոց կը սորվեցնեն որ իրենց առած գիտութիւնը գործադրեն ամէնօրեայ կեանքի մէջ։ Ներկայիս, աւելի քան վեց միլիոն Վկաներ կը քարոզեն 235 երկիրներու մէջ, աւելի քան 400 լեզուներով։

Նկատի առ թէ Յիսուս չըսաւ որ աշխարհի նեղացուցիչ վիճակներուն պատճառով առօրեայ գործունէութիւնները կանգ պիտի առնէին։ Ան նաեւ չըսաւ թէ նշանին միայն մէկ երեսակը ամբողջ երկիրը պիտի պատէր։ Բայց ան նախագուշակեց բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին նշան մը, որ երկրագունդի վրայ որեւէ տեղէ կարելի է բնորոշել։

Փոխանակ միայն որոշ դէպքերու վրայ կեդրոնանալու, կը տեսնե՞ս համաշխարհային կարեւորութիւն ունեցող բաղադրեալ նշան մը։ Ի՛նչ որ այժմ տեղի կ’ունենայ, քեզի եւ ընտանիքիդ կ’ազդէ։ Բայց ինչո՞ւ սակաւաթիւ անհատներ ասոր ուշադրութիւն կ’ընծայեն։

Անձնական շահագրգռութիւնները աւելի կարեւոր կը նկատուին

«Լողալը արգիլուած է», «Ելեկտրական հոսանքէն զգուշացի՛ր», «Ինքնաշարժին արագութիւնը թեթեւցո՛ւր»։ Այսպիսի նշաններ ու ազդարարութիւններ կը տեսնենք, բայց յաճախ կ’անտեսենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր անձնական շահերը դիւրաւ առաջին տեղը կը գրաւեն։ Օրինակ, կրնանք զգալ թէ ինքնաշարժը շատ արագ պէ՛տք է քշենք, կամ կրնանք զօրաւոր փափաք ունենալ որ արգիլուած տեղը լողանք։ Բայց նշանները անտեսելը անխոհեմութիւն է։

Օրինակ, Աւստրիայի, Ֆրանսայի, Իտալիայի եւ Զուիցերիայի Ալպեան լեռներուն վրայ տեղի ունեցող ձիւնագլորումները երբեմն զբօսաշրջիկներու կեանքը կը խլեն, քանի որ անոնք կ’անտեսեն այն նշանները, որոնք կը քաջալերեն դահուկել կամ ձիւնամուճակով սահիլ միայն ապահով վայրերու մէջ։ Ըստ գերմանական լրագիրի մը (Süddeutsche Zeitung), այս ազդարարութիւնները անտեսող զբօսաշրջիկներէն շատեր կ’ապրին սա առածին համաձայն. «Ուր վտանգ չկայ, հաճոյք չկայ»։ Դժբախտաբար, ազդարարութիւններ անտեսելը կրնայ աղիտալի հետեւանքներ ունենալ։

Մարդիկ ի՞նչ պատճառներով Յիսուսի նկարագրած նշանը հաշուի չեն առներ։ Թերեւս հարստանալու ցանկութիւնը զիրենք կուրցուցած է, անտարբերութիւնը զիրենք անզգայ դարձուցած է, անվճռականութիւնը զիրենք անդամալուծած է, մեքենայական կեանք վարելը զիրենք ընկճած է, կամ իրենց համբաւը կորսնցնելու վախը զիրենք պատած է։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնցմէ մէկը պատճառ եղած է որ Յիսուսի ներկայութեան նշանը անտեսես։ Աւելի խոհեմութիւն չէ՞ նշանը զատորոշել ու ըստ այնմ գործել։

Դրախտային երկրի վրայ ապրիլ

Հետզհետէ աւելցող թիւով անհատներ ուշադրութիւն կ’ընծայեն Յիսուսի ներկայութեան նշանին։ Գերմանիայէն՝ Քրիսթեան անունով ամուսնացած երիտասարդ մը կը գրէ. «Կ’ապրինք մռայլ ժամանակներու մէջ։ Կասկած չկայ թէ ‘վերջին օրերուն’ մէջ ենք»։ Ան եւ իր կինը շատ ժամանակ կը տրամադրեն որ ուրիշներուն Մեսիական Թագաւորութեան մասին խօսին։ Ֆրանք կ’ապրի նոյն երկրին մէջ։ Ան եւ իր կինը Աստուածաշունչի բարի լուրով ուրիշները կը քաջալերեն։ Ֆրանք կ’ըսէ. «Աշխարհի ներկայ կացութեան պատճառով, շատեր ապագայի նկատմամբ մտահոգ են։ Դրախտային երկրի ակնարկող Աստուածաշունչի մարգարէութիւններով կը փորձենք զիրենք քաջալերել»։ Այսպէս, Քրիսթեան ու Ֆրանք բաժին կը բերեն Յիսուսի տուած նշանին մէկ երեսակին կատարման մէջ,– Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը։—Մատթէոս 24։14

Երբ վերջին օրերը իրենց բարձրակէտին հասնին, Յիսուս այս հին դրութիւնը եւ անոր թիկունք կանգնողները պիտի բնաջնջէ։ Այն ատեն Մեսիական Թագաւորութիւնը երկրի հարցերը ձեռք պիտի առնէ, եւ զայն դրախտի պիտի վերածէ, ինչպէս նախագուշակուած է։ Մարդկութիւնը հիւանդութենէն եւ մահէն պիտի ձերբազատուի, եւ մեռելները պիտի յարուցանուին, երկրի վրայ ապրելու համար։ Ժամանակներուն նշանը զատորոշողները այս բերկրալի հեռանկարները ունին։ Խոհեմութիւն չէ՞ նշանին մասին աւելի սորվիլ եւ գիտնալ թէ ի՛նչ պէտք է ընել այս դրութեան վախճանէն վերապրելու համար։ Ասիկա վստահաբար բոլորին համար շատ ստիպողական հարց մը պէտք է ըլլայ։—Յովհաննու 17։3

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Յիսուս նախագուշակեց բազմաթիւ իրադարձութիւններ, որոնք միասնաբար պիտի կազմէին նշան մը, որ երկրագունդի վրայ որեւէ տեղէ կարելի է բնորոշել

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Համաշխարհային կարեւորութիւն ունեցող բաղադրեալ նշան մը կը տեսնե՞ս

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 6]

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ ԲՆՈՐՈՇՈՂ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ

Աննախընթաց պատերազմներ։—Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։4

Սովեր։—Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։5, 6, 8

Մահտարաժամներ։—Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։8

Լայնատարած անօրէնութիւն։—Մատթէոս 24։12

Երկրաշարժներ։—Մատթէոս 24։7

Դաժան ժամանակներ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

Չափէ դուրս դրամասիրութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։2

Ծնողներու անհնազանդութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։2

Անգթութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Հաճոյասիրութիւն, քան՝ աստուածսիրութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։4

Անժուժկալութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Չարասիրութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Մօտալուտ վտանգին ուշադրութիւն չընծայել։—Մատթէոս 24։39

Վերջին օրերուն ապացոյցները մերժող ծաղրողներ։—Բ. Պետրոս 3։3, 4

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին աշխարհածաւալ քարոզչութիւն։—Մատթէոս 24։14

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 5]

WWI soldiers: From the book The World War—A Pictorial History, 1919; poor family: AP Photo/Aijaz Rahi; polio victim: © WHO/P. Virot