Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ոսկեղէն կանոնը. համաշխարհային ուսուցում մը

Ոսկեղէն կանոնը. համաշխարհային ուսուցում մը

Ոսկեղէն կանոնը. համաշխարհային ուսուցում մը

«Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—Մատթէոս 7։12

ԱՅՍ խօսքերը գրեթէ երկու հազար տարի առաջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ ըսուած են, իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ։ Անկէ ի վեր, դարեր շարունակ շատ բան ըսուած եւ գրուած է այս պարզ խօսքին մասին։ Օրինակ, անիկա գովաբանուած է որպէս «Սուրբ Գրութիւններուն բուն ծուծը», «իր դրացիին հանդէպ Քրիստոնեայի մը պարտականութեան ամփոփումը», եւ «բարոյագիտական հիմնական սկզբունք մը»։ Անիկա ա՛յնքան հանրածանօթ դարձած է որ յաճախ անոր կ’ակնարկուի որպէս Ոսկեղէն Կանոն։

Սակայն, Ոսկեղէն Կանոնին գաղափարը այդպէս կոչուած Քրիստոնեայ աշխարհին սահմանափակուած չէ։ Հրէականութիւնը, Պուտտայականութիւնը եւ յունական փիլիսոփայութիւնը, այս բարոյագիտական կանոնը մեկնաբանեցին բազմաթիւ կերպերով։ Յատկապէս Ծայրագոյն Արեւելքի ժողովուրդներուն քաջածանօթ է Կոնփիւկիոսի խօսքը, որ Արեւելքին մէջ կը մեծարուի որպէս մեծագոյն գիտունը եւ ուսուցիչը։ Կոնփիւկիոսական Չորս Գիրքեր–էն երրորդին՝ Հատընտիր–ին մէջ, այս գաղափարը կը գտնենք երեք անգամ։ Աշակերտներուն հարցումներուն պատասխանելով, Կոնփիւկիոս երկու անգամ ըսաւ. «Ինչ որ չէք ուզեր որ ուրիշները ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս մի՛ ընէք»։ Ուրիշ առիթով մը, երբ իր աշակերտը Զեկոնկ յոխորտալով ըսաւ. «Ինչ որ չեմ ուզեր որ ուրիշները ինծի ընեն, ես ալ չեմ ուզեր անոնց այնպէս ընել», ուսուցիչը այս զգաստացուցիչ պատասխանը տալով ըսաւ. «Այո, բայց դուն տակաւին ասիկա ընելու կարող չես»։

Այս խօսքերը կարդալով, անհատ մը կրնայ տեսնել թէ Կոնփիւկիոսի խօսքը հետագային Յիսուսի ըսածին բացասական մէկ տարբերակն է։ Բացայայտ տարբերութիւնը այն է թէ Յիսուսի ըսած Ոսկեղէն Կանոնը կը պահանջէ ուրիշներուն բարօրութեան նպաստող դրական արարքներ։ Ենթադրենք որ մարդիկ Յիսուսի այս դրական խօսքին հետ ներդաշնակ կը վարուին, ուրիշներով հետաքրքրուելով, ուրիշներու օգնելու համար քայլեր առնելով, ամէն օր այս կանոնին համաձայն ապրելով։ Կը խորհի՞ք որ ասիկա ներկայ աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը պիտի ընէր։ Անկասկած։

Կանոնը յիշուած ըլլայ դրական, բացասական թէ այլ կերպով, յատկանշական է որ այլազան ենթահողերէ մարդիկ, տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, Ոսկեղէն Կանոնի գաղափարին հանդէպ հաւատք ընծայած են։ Ասիկա պարզապէս ցոյց կու տայ թէ Լերան Քարոզին մէջ Յիսուսի ըսած խօսքը համաշխարհային ուսուցում մըն է, որ բոլոր դարաշրջաններուն եւ ամէնուրեք մարդոց կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունի։

Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Պիտի ուզէի՞ որ ուրիշներ հետս յարգանքով, իրաւունքով եւ պարկեշտութեամբ վարուին։ Պիտի փափաքէի՞ ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր ցեղային կանխադատութիւն, ոճիր եւ պատերազմ չկան։ Պիտի ուզէի՞ ըլլալ ընտանիքի մը մէջ, ուր ամէն ոք միւսին զգացումներով եւ բարօրութեամբ կը հետաքրքրուի’։ Իրականութեան մէջ, ո՞վ պիտի չուզէր այսպիսի կարելիութիւններ։ Դաժան իրականութիւնը այն է թէ քիչեր կը վայելեն այսպիսի պայմաններ։ Մարդոց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ չի յուսար այսպիսի բաներ։

Ոսկեղէն Կանոնին Փայլքը Կորսուած

Պատմութեան ընթացքին, մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործուած են, որոնց մէջ մարդոց իրաւունքները բոլորովին անտեսուած են։ Անոնք կը պարփակեն՝ Ափրիկեցի գերիներու առեւտուրը, նացիական կեդրոնացման ճամբարները, երախաները բռնի կերպով աշխատցնելը, եւ շատ մը տեղեր կատարուած անողորմ ցեղասպանութիւնները։ Այս ահաւոր ցանկը կրնայ շատ աւելի երկար ըլլալ։

Ներկայիս, գերարուեստագիտական մեր աշխարհը անձնակեդրոն է։ Քիչեր ուրիշներու մասին կը խորհին, երբ իրենց հանգիստը կամ ենթադրեալ իրաւունքները խնդրոյ առարկայ են։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ինչո՞ւ շատեր անձնասէր, անգութ, անկարեկից եւ անձնակեդրոն դարձած են։ Պատճառը այն չէ՞ որ Ոսկեղէն Կանոնը, թէեւ տակաւին հանրածանօթ, մէկ կողմ կը դրուի որպէս անիրապաշտ բան մը, բարոյական մասունք մը։ Դժբախտաբար, նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատալ դաւանողներէն շատերուն պարագան այս է։ Իսկ դատելով ներկայ վիճակներէն, մարդիկ ա՛լ աւելի անձնակեդրոն պիտի դառնան։

Հետեւաբար, նկատի առնուելիք կենսական հարցումները հետեւեալներն են. Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն ապրիլը ի՞նչ կը պարփակէ։ Տակաւին անոր համաձայն ապրող մարդիկ կա՞ն։ Իսկ պիտի գա՞յ ժամանակ մը, երբ ամբողջ մարդկութիւնը Ոսկեղէն Կանոնին համաձայն պիտի ապրի։ Այս հարցումներուն ճշգրիտ պատասխաններ առնելու համար, հաճեցէք կարդալ յաջորդ յօդուածը։

[Նկար՝ էջ 3]

Կոնփիւկիոս եւ ուրիշներ Ոսկեղէն Կանոնին տարբերակները սորվեցուցին