Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Երեմեայ 7։16–ի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ ուղղութիւնը կը նշանակէ՞ թէ Քրիստոնեաները պէտք չէ աղօթեն մէկու մը մասին, որ քրիստոնէական ժողովքէն վտարուած է, անզեղջ մեղաւոր մը ըլլալուն համար։

Անհաւատարիմ Յուդայի դէմ իր դատաստանը յայտարարելէ ետք, Եհովա Երեմիայի ըսաւ. «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ, քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ»։—Երեմեայ 7։16

Եհովա ինչո՞ւ Երեմիան արգիլեց Իսրայելացիներուն համար աղօթելէ։ Ակներեւաբար, քանի որ անոր Իր Օրէնքը բացայայտօրէն կը բեկանէին։ Բացէ ի բաց եւ անպատկառօրէն, անոնք ‘գողութիւն, մարդասպանութիւն, շնութիւն, եւ սուտ երդում կ’ընէին, եւ Բահաղին խունկ կը ծխէին, իրենց չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով’։ Հետեւաբար, Եհովա անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները, Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի, այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ»։ Վստահաբար, անտեղի պիտի ըլլար որ Երեմիան, կամ ոեւէ անհատ, Եհովայի աղօթէր որ Իր դատաստանը յեղաշրջէր։—Երեմեայ 7։9, 15

Ասոր հետ համաձայն ըլլալով, Յովհաննէս առաքեալ Աստուծոյ մատուցուած պատշաճ աղօթքի մասին գրեց։ Նախ, ան Քրիստոնեաները վստահեցուց, ըսելով. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ (Ա. Յովհաննու 5։14) Ապա, ուրիշներու ի նպաստ աղօթելու նկատմամբ խօսելով, Յովհաննէս նշեց. «Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ»։ (Ա. Յովհաննու 5։16) Յիսուս նաեւ խօսեցաւ մեղքի մը մասին որ «պիտի չներուի», այսինքն՝ սուրբ հոգիին դէմ գործուած մեղքը։—Մատթէոս 12։31, 32

Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ բոլոր անոնք որոնք անզեղջօրէն մեղք գործելնուն համար քրիստոնէական ժողովքէն վտարուած են, «մահացու» մեղքեր գործած են եւ հետեւաբար, պէտք չէ անոնց մասին աղօթք ընել։ Պայման չէ, քանի որ կարգ մը պարագաներու, այսպիսի յանցագործութիւններ մահացու մեղքեր չեն։ Իրականութեան մէջ, դժուար է գիտնալ թէ անոնք մահացու են թէ ոչ։ Տեղին օրինակ մըն է Յուդայի Մանասէ Թագաւորը։ Ան չաստուածներու համար զոհասեղաններ շինեց, իր որդիները զոհ մատուցանեց, ոգեհարցութիւն գործածեց, եւ Եհովայի տաճարին մէջ կուռք մը դրաւ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Մանասէն եւ ժողովուրդը՝ «Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին»։ Այս բոլորին համար, Եհովա պատժեց Մանասէն, զինք Բաբելոն ղրկելով որպէս ոտնակապերով կապուած գերի մը։—Դ. Թագաւորաց 21։1-9. Բ. Մնացորդաց 33։1-11

Թէեւ Մանասէի մեղքերը շատ լուրջ էին, սակայն, անոնք մահացո՞ւ էին։ Ըստ երեւոյթին ո՛չ, քանի որ արձանագրութիւնը կը շարունակէ իր մասին ըսել. «Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։ Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած»։—Բ. Մնացորդաց 33։12, 13

Հետեւաբար, պէտք չէ անմիջապէս եզրակացնենք թէ՝ քանի որ անհատ մը քրիստոնէական ժողովքէն վտարուեցաւ, ուրեմն ան մահացու մեղք մը գործած ըլլալու է։ Ժամանակ կրնայ առնել, մինչեւ որ անհատին սրտին իսկական վիճակը յայտնի ըլլայ։ Իրականութեան մէջ, յաճախ կ’ըսուի թէ վտարումի նպատակներէն մէկն է՝ մղել մեղաւորը որ անդրադառնայ, այն յոյսով որ զղջայ եւ դարձի գայ։

Քանի որ անհատը այլեւս ժողովքին մէջ չէ, սրտի եւ կեցուածքի որեւէ փոփոխութիւն կրնայ նկատուիլ նախ իրեն մօտիկ եղողներուն կողմէ, ինչպէս՝ կողակիցը կամ ընտանիքի անդամները։ Այսպիսի փոփոխութիւններ նկատողները կրնան եզրակացնել թէ յանցագործը մահացու մեղք մը գործած չէ։ Անոնք կրնան մղուիլ աղօթելու որ ան Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքէն զօրութիւն ստանայ, եւ թէ Եհովան մեղաւորին հանդէպ Իր կամքին համաձայն վարուի։—Սաղմոս 44։21. Ժողովողի 12։14

Թէեւ ոմանք ի վիճակի կ’ըլլան բաւարար ապացոյց տեսնելու, որ իրենց մտածել կու տայ թէ մեղաւորը զղջացած է, սակայն ընդհանուր ժողովքին պարագան կրնայ նոյնը չըլլալ։ Անոնք պիտի շփոթէին, նեղանային, նոյնիսկ գայթակղէին, եթէ անհատ մը հանրապէս աղօթէր յանցագործի մը մասին։ Այս պատճառաւ, անոնք որոնք կը մղուին մեղաւորի մը մասին աղօթելու, պէտք է ասիկա առանձնաբար ընեն, այս հարցին շուրջ որեւէ յաւելեալ զարգացում ժողովքի պատասխանատու երէցներուն ձեռքերուն մէջ ձգելով։

[Նկար՝ էջ 31]

Մանասէի լուրջ մեղքերը ներուեցան, երբ ան Եհովայի առջեւ խոնարհեցաւ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 30]

Reproduced from Illustrierte Pracht - Bibel/Heilige Schrift des Alten und Neuen Testaments, nach der deutschen Uebersetzung D. Martin Luther’s