Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ անձնազոհ ըլլալ

Ինչո՞ւ անձնազոհ ըլլալ

Ինչո՞ւ անձնազոհ ըլլալ

Պիլը յիսունական տարիքի մէջ եղող հայր մըն է, որ շինարարական ճարտարարուեստի ուսուցիչ է։ Տարուան ընթացքին, ի՛ր հաշւոյն, բազմաթիւ շաբաթներ կը տրամադրէ Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն համար Թագաւորութեան Սրահներ ծրագրելու եւ շինելու։ Էմման՝ ուսեալ եւ լաւ որակումներ ունեցող 22 տարեկան ամուրի երիտասարդուհի մըն է։ Փոխանակ զուտ անձնական նպատակակէտեր ու հաճոյքներ հետապնդելու, ան ամէն ամիս աւելի քան 70 ժամ կը տրամադրէ որպէս քարոզիչ մը, մարդոց օգնելով որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Մորիսը եւ Պէթին հանգստեան կոչուած զոյգ մըն են։ Փոխանակ հիմա հանգստաւէտ կեանք մը վարելու, անոնք ուրիշ երկիր մը փոխադրուած են, հոն գտնուող մարդոց օգնելու՝ որ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակներուն մասին սորվին։

ԱՅՍ անհատները իրենք զիրենք յատուկ կամ բացառիկ չեն նկատեր։ Անոնք սովորական մարդիկ են. կ’ընեն այն՝ ինչ որ շիտակ կը նկատեն։ Անոնք ինչո՞ւ իրենց ժամանակը, կորովը, կարողութիւնները եւ ստացուածքը ուրիշներու համար կը գործածեն։ Անոնց դրդապատճառը՝ Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ խոր սէրն է։ Այս սէրը անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ իսկական անձնազոհութեան հոգի մը յառաջ բերած է։

Անձնազոհ հոգի արտայայտութեամբ ի՞նչ ըսել կ’ուզենք։ Նախ եւ առաջ, անձնազոհ ըլլալը խստակեաց կամ ճգնաւորի կեանք մը վարել չի նշանակեր։ Անիկա չի նշանակեր ծայրայեղ ինքնամերժում, որ մեր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը կը խլէ։ Ինչպէս որ Օքսֆորտի Անգլերէն Համառօտ Բառարան–ը կ’ըսէ, անձնազոհութիւն պարզապէս կը նշանակէ՝ «անձնական շահերէն, ուրախութենէն եւ ցանկութիւններէն հրաժարիլ, պարտականութեան կամ ուրիշներու բարօրութեան սիրոյն»։

Յիսուս Քրիստոս՝ Գլխաւոր Տիպարը

Աստուծոյ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, անձնազոհութեան հոգի ունեցողի մը գլխաւոր օրինակն է։ Իր նախամարդկային գոյութեան մէջ, իր կեանքը ծայր աստիճան ոգեւորիչ եւ գոհացուցիչ ըլլալու էր։ Ան սերտ, մտերիմ ընկերակցութիւն ունէր իր Հօր եւ հոգեղէն արարածներուն հետ։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Որդին որպէս «ճարտարապետ» իր կարողութիւնները գործածեց սքանչելի եւ ոգեւորիչ գործունէութիւններու մէջ։ (Առակաց 8։30, 31) Վստահաբար, ան շատ աւելի գերադաս պայմաններու ներքեւ ապրեցաւ, քան՝ երկրի վրայ ապրող ամենահարուստ անհատը։ Եհովա Աստուծմէ ետք, ան երկինքի մէջ բարձր ու առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունէր։

Այսուհանդերձ, Աստուծոյ Որդին իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով»։ (Փիլիպպեցիս 2։7) Ան իր բոլոր շահերէն յօժարակամօրէն հրաժարեցաւ, մարդ արարած մը ըլլալով եւ իր կեանքը որպէս փրկանք զոհելով՝ Սատանայի պատճառած վնասը խափանելու համար։ (Ծննդոց 3։1-7. Մարկոս 10։45) Ասիկա նշանակեց՝ մեղաւոր մարդոց մէջ ապրիլ, Բանսարկու Սատանայի իշխանութեան ներքեւ եղող աշխարհի մը մէջ։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Ասիկա նաեւ նշանակեց անհանգստութեան եւ անյարմարութեան տոկալ։ Սակայն, Յիսուս Քրիստոս ամէն գնով՝ վճռած էր իր Հօր կամքը կատարել։ (Մատթէոս 26։39. Յովհաննու 5։30. 6։38) Ասիկա Յիսուսի սէրն ու հաւատարմութիւնը ծայր աստիճան փորձի ենթարկեց։ Ան ո՞ր տարողութեամբ զոհուելու պատրաստ էր։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։—Փիլիպպեցիս 2։8

Նոյն Միտքը Ունեցէք’

Մեզի քաջալերութիւն կը տրուի Յիսուսի օրինակին հետեւելու։ Պօղոս յորդորեց. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր»։ (Փիլիպպեցիս 2։5) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Կերպերէն մէկն է՝ ‘միայն ձեր անձերուն շահը չփնտռել, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’։ (Փիլիպպեցիս 2։4) Հարազատ սէրը «իրենը չի փնտռեր»։—Ա. Կորնթացիս 13։5

Հոգածու անհատներ յաճախ անձնուրաց նուիրում ցոյց տուած են՝ ուրիշներու ծառայելով։ Սակայն, ներկայիս շատեր հակամէտ են անձնակեդրոն ըլլալու։ Աշխարհը առաջ–«ես»ի կեցուածք մը ունի։ Պէտք է աշխարհի հոգիէն զգուշանանք, քանի որ եթէ անիկա յաջողի մեր հայեցակէտը եւ կեցուածքը կաղապարելու, հաւանաբար առաջնակարգ կարեւորութիւնը մեր ցանկութիւններուն տանք։ Այն ատեն, մեր բոլոր ըրածները՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ ստացուածքը գործածելու կերպը՝ պիտի ղեկավարուին ինքնակեդրոն հետաքրքրութիւններով։ Հետեւաբար, այս ազդեցութեան դէմ դնելու համար ծանր պայքար պէտք է մղենք։

Նոյնիսկ լաւ միտումով տրուած խրատն անգամ, երբեմն կրնայ մեր անձնազոհութեան հոգին մարել։ Ըմբռնելով թէ Յիսուսի անձնազոհ ընթացքը դէպի ուր կ’առաջնորդէր, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Դուն քեզի հետ մեղմութեամբ վարուիր, Տէ՛ր»։ (Մատթէոս 16։22, ՆԱ) Ակներեւաբար, Պետրոսին համար դժուար էր ընդունիլ, թէ Յիսուս նոյնիսկ մինչեւ մահ պատրաստ էր իր անձը զոհելու, իր Հօր գերիշխանութեան եւ մարդկութեան փրկութեան շահերուն ի նպաստ։ Ուստի ան փորձեց Յիսուսը տարհամոզել, այսպիսի ընթացք մը հետապնդելէ։

‘Ձեր Անձը Ուրացէք’

Ի՞նչ եղաւ Յիսուսի հակազդեցութիւնը։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. ‘Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները’։ Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. ‘Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ’»։—Մարկոս 8։33, 34

Յիսուսի տուած իր խրատէն շուրջ 30 տարի ետք, Պետրոս ցոյց տուաւ թէ այն ատեն հասկցած էր անձնազոհութեան իմաստը։ Ան իր հաւատակիցները չքաջալերեց որ իրենց ջանքերը նուազեցնեն եւ իրենց անձերուն հետ մեղմութեամբ վարուին։ Ընդհակառակը, Պետրոս զանոնք յորդորեց որ իրենց միտքը գործունէութեան համար գօտեպնդեն եւ իրենց տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելէ դադրին։ Հակառակ փորձութիւններու, անոնք Աստուծոյ կամքը կատարելը իրենց կեանքին մէջ առաջնակարգ տեղը պէտք էր դնէին։—Ա. Պետրոս 1։6, 13, 14. 4։1, 2

Ամենէն վարձահատոյց ընթացքը որ մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ հետապնդել, այն է՝ որ մեր բոլոր ունեցածը Եհովայի տանք, Յիսուս Քրիստոսի հաւատարմօրէն հետեւինք եւ թոյլ տանք որ Աստուած ուղղէ մեր գործունէութիւնները։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս լաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Ստիպողականութեան իր ըմբռնումը եւ Եհովայի հանդէպ իր երախտապարտութիւնը մղեցին զինք որ աշխարհային փառասիրութիւններէ կամ հեռանկարներէ հրաժարի, որոնք կրնային զինք Աստուծոյ կամքը կատարելէն շեղեցնել։ Ան ըսաւ. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ» ուրիշներու շահերուն ծառայելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 12։15) Պօղոս իր կարողութիւնները գործածեց աստուածային շահերը, եւ ո՛չ թէ իր անձնական շահերը, յառաջ տանելու համար։—Գործք 20։24. Փիլիպպեցիս 3։8

Ի՞նչպէս կրնանք մեր անձերը քննել, տեսնելու համար թէ Պօղոս առաքեալի նման տեսակէտ մը ունի՞նք։ Կրնանք մենք մեզի հետեւեալին նման հարցումներ ուղղել. Ժամանակս, կորովս, կարողութիւններս եւ ստացուածքս ի՞նչպէս կը գործածեմ։ Ասոնք եւ այլ թանկարժէք պարգեւներ կը գործածեմ ի՞մ շահերս յառաջ տանելու համար, թէ ոչ՝ ուրիշներուն օգնելու համար։ Բարի լուրը ծանուցանելու կենարար գործին մէջ աւելի մեծ բաժին բերելու մասին խորհա՞ծ եմ, թերեւս՝ որպէս Թագաւորութեան լիաժամ ծանուցանող մը։ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու կամ անոնց հոգ տանելու նման գործունէութիւններու մէջ աւելի լման մասնակցութիւն մը կրնա՞մ բերել։ Կարօտեալներուն օգնելու պատեհութիւնները կ’օգտագործե՞մ։ Եհովայի լաւագոյնս կու տա՞մ։—Առակաց 3։9

«Աւելի Երանելի Է Տա՛լը»

Այսուհանդերձ, անձնազոհ ըլլալը իմաստութի՞ւն է։ Արդարեւ, այո՛։ Պօղոս փորձառաբար գիտէր թէ այսպիսի հոգի մը ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Անիկա իրեն մեծ ուրախութիւն եւ անհուն գոհունակութիւն պատճառեց։ Ան ասիկա բացատրեց Եփեսոսի երէցներուն, երբ անոնց հետ հանդիպում մը ունեցաւ Մելիտոսի մէջ։ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս [անձնազոհութեամբ] պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։ (Գործք 20։35) Միլիոնաւոր անհատներ գտած են, թէ այսպիսի հոգի մը ցուցաբերելը հիմա իսկ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։ Անիկա նաեւ ուրախութիւն պիտի պատճառէ ապագային, երբ Եհովա վարձատրէ՝ իր շահերը եւ ուրիշներու շահերը իրենց անձնական շահերէն առաջ դնող անհատները։—Ա. Տիմոթէոս 4։8-10

Երբ իրեն հարցուեցաւ թէ ինչո՛ւ զոհողութիւններ կ’ընէր, ուրիշներու օգնելու համար որ Թագաւորութեան Սրահներ շինեն, Պիլ ըսաւ. «Ընդհանրապէս փոքր նկատուած ժողովքներուն այս կերպով օգնելը, անձնական մեծ գոհունակութիւն կու տայ ինծի։ Ունեցած հմտութիւններս եւ ատակութիւններս ուրիշներու օգտին համար գործածելը ինծի հաճոյք կը պատճառէ»։ Ինչո՞ւ Էմման ընտրած է իր կորովն ու կարողութիւնները տրամադրել, ուրիշներու օգնելու որ սուրբ գրային ճշմարտութիւնը սորվին։ «Չեմ կրնար երեւակայել թէ ուրիշ բան կ’ընեմ։ Մինչ տակաւին երիտասարդ եմ եւ կարողութիւն ունիմ ասիկա ընելու, կ’ուզեմ կրցածիս չափ ընել՝ Եհովան հաճեցնելու եւ ուրիշներու օգնելու համար։ Կարգ մը նիւթական առաւելութիւններ զոհելը մեծ բան մը չէ։ Կ’ընեմ այն՝ ինչ որ պէ՛տք է ընեմ, ի նպաստ ինծի Եհովայի ըրած բաներուն համար»։

Մորիսը եւ Պէթին երբեք չեն զղջար որ զբօսանքով լեցուն կեանք մը չեն որդեգրած, երկար տարիներ ծանր աշխատելով իրենց զաւակները մեծցնելէ եւ անոնց հոգալէ ետք։ Հիմա որ հանգստեան կոչուած են, անոնք կ’ուզեն շարունակել իրենց կեանքը պիտանի եւ իմաստալից բանի մը համար գործածել։ Անոնք կ’ըսեն. «Չենք փափաքիր պարզապէս հանգստաւէտ եւ դիւրին կեանք մը վարել։ Օտար երկրի մը մէջ ուրիշներուն Եհովայի մասին սորվեցնելը, մեզի պատեհութիւն կու տայ որ շարունակենք նպատակալից բան մը ընել»։

Վճռա՞ծ էք անձնազոհ ըլլալ։ Ասիկա դիւրին պիտի չըլլայ։ Յարատեւ պայքար մը կայ մեր մարդկային անկատար ցանկութիւններուն եւ Աստուած հաճեցնելու մեր սրտանց փափաքին միջեւ։ (Հռովմայեցիս 7։21-23) Սակայն կարելի է այս պայքարէն յաղթական դուրս գալ, եթէ թոյլ տանք որ Եհովա մեր կեանքը ուղղէ։ (Գաղատացիս 5։16, 17) Ան վստահաբար պիտի յիշէ իր ծառայութեան մէջ մեր տարած անձնուրաց աշխատանքը եւ մեզ առատապէս պիտի օրհնէ։ Արդարեւ, Եհովա Աստուած ‘երկնքի պատուհանները պիտի բանայ ու մեզի օրհնութիւն թափէ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ’։—Մաղաքեայ 3։10. Եբրայեցիս 6։10

[Նկար՝ էջ 23]

Յիսուս անձնազոհ հոգի մը ունէր։ Դուք ալ ունի՞ք

[Նկարներ՝ էջ 24]

Պօղոս իր ջանքերը կեդրոնացուց Թագաւորութեան քարոզչութեան վրայ