Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կենսագրութիւն

Եհովան ‘շաւիղներս ուղղած է’

Եհովան ‘շաւիղներս ուղղած է’

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ եղբայր մը օր մը ինծի հարցուց. «Ամէնէն շատ ո՞ր համարը կը սիրես»։ Առանց նոյնիսկ մտածելու ըսի. «Առակաց 3։5, 6, որ կ’ըսէ. ‘Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ’»։ Այո՛, Եհովան իրապէս շաւիղներս ուղղած է։ Ինչպէ՞ս։

ԾՆՈՂՔՍ ԶԻՍ ՃԻՇԴ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ ԴՐԻՆ

Ծնողքս ճշմարտութիւնը գիտցան ամուսնանալէ առաջ, 1920–ականներուն։ Ծնայ 1939–ի սկիզբը։ Անգլիոյ մէջ, պզտիկ եղած ատենս, ծնողքիս հետ քրիստոնէական ժողովներու կ’երթայի եւ ժամանակի ընթացքին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ արձանագրուեցայ։ Մինչեւ օրս կը յիշեմ առաջին բաժինս։ Պէտք էր որ տուփի մը վրայ կայնէի, որպէսզի կարենայի բարձրախօսին հասնիլ։ Վեց տարեկան էի եւ շատ ջղագրգիռ էի, նայելով ներկայ եղող բոլոր մեծերուն։

Ծնողքիս հետ փողոցի վկայութիւն կ’ընեմ

Դաշտի ծառայութեան համար, հայրս պարզ ներկայացում մը գրեց քարտի մը վրայ եւ ինծի տուաւ որ ծառայութեան մէջ գործածեմ։ Ութ տարեկանիս առաջին անգամ ըլլալով դուռ մը զարկի առանձին։ Շա՜տ ուրախացայ, երբ տանտէրը քարտս կարդաց եւ անմիջապէս ընդունեց «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ» գիրքը։ Փողոց վազեցի հօրս պատմելու։ Ծառայութիւնը եւ ժողովները ինծի ուրախութիւն տուին եւ օգնեցին որ Եհովային լիաժամ ծառայելու փափաքը զարգացնեմ։

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սկսաւ ա՛լ աւելի սրտիս դպնալ, երբ հայրս կարգադրեց որ կանոնաւորաբար Դիտարան–ը ստանամ։ Հազիւ իւրաքանչիւր պարբերաթերթ հասնէր նամակատուփ, զայն խանդավառութեամբ կը կարդայի։ Եհովային հանդէպ վստահութիւնս աւելցաւ եւ մղուեցայ իրեն նուիրուելու։

1950–ին, ընտանեօք պատուիրակներ էինք «Աստուածպետութեան յաւելում» բնաբանով համաժողովին, Նիւ Եորքի մէջ։ Հինգշաբթի, օգոստոս 3–ին, օրուան բնաբանն էր՝ «Միսիոնարութեան օր»։ Այդ օրը, մկրտութեան դասախօսութիւնը տուաւ եղբայր Գէրի Պարպըր, որ յետագային ծառայեց որպէս Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը։ Երբ դասախօսութեան վերջաւորութեան, մկրտութեան թեկնածուներուն երկու հարցումները հարցուց, ես ոտքի կանգնեցայ եւ ըսի՝ «Այո՛»։ Այն ատեն 11 տարեկան էի, բայց գիտակից էի, որ կարեւոր քայլ մը առած էի։ Կը վախնայի ջուրը մտնելու, քանի որ դեռ լողալ չէի գիտեր։ Հօրեղբայրս զիս աւազան տարաւ եւ վստահեցուց, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլար։ Իրապէս ալ, այդ պահը շատ արագ անցաւ։ Ոտքերս բնա՛ւ չդպան աւազանին յատակին։ Եղբայրները յաջորդաբար շալկեցին զիս. մէկը զիս մկրտեց, իսկ միւսը աւազանէն դուրս հանեց։ Այդ կարեւոր օրէն ի վեր, Եհովան շարունակած է շաւիղներս ուղղել։

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄՍ

Երբ դպրոցը աւարտեցի, ուզեցի ռահվիրայ ըլլալ, բայց ուսուցիչներս պնդեցին որ բարձրագոյն ուսում առնեմ։ Անոնց ճնշումին տեղի տուի եւ համալսարան յաճախեցի, բայց շուտով անդրադարձայ որ չեմ կրնար ճշմարտութեան մէջ հաստատ մնալ եւ միեւնոյն ժամանակ դասերուս վրայ կեդրոնանալ։ Անոր համար որոշեցի համալսարանը ձգել։ Ատոր մասին Եհովային աղօթեցի, եւ նամակ մը գրեցի՝ ուսուցիչներուս ազնուօրէն բացատրելով, թէ կ’ուզէի այդ առաջին տարուան աւարտին համալսարանը ձգել։ Լիովին Եհովային վստահելով, անմիջապէս սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։

Յուլիս 1957–ին, լիաժամ ծառայութեան սկսայ Ուելինկպըրօ գիւղաքաղաքին մէջ։ Լոնտոնի Բեթէլի եղբայրներէն խնդրեցի, որ յանձնարարեն փորձառու ռահվիրայ եղբայր մը, որուն հետ կրնայի ծառայել։ Եղբայր Պըրթ Վէյզին խորհրդատուս դարձաւ եւ իր աշխատասէր ըլլալը ինծի օգնեց, որ դաշտի ծառայութեան լաւ ռութին ունենամ։ Ժողովքին մէջ կային վեց տարեց քոյրեր, եղբայր Վէյզին ու ես։ Բոլոր ժողովները պատրաստելով եւ անոնց մասնակցելով, շատ առիթներ ունեցայ Եհովային աւելի վստահելու եւ հաւատքս արտայայտելու։

Որովհետեւ մերժեցի զինուորութիւն ընել, կարճ ժամանակով բանտարկուեցայ։ Անկէ ետք, ծանօթացայ Պարպրային, որ մասնաւոր ռահվիրայ էր։ 1959–ին ամուսնացանք եւ պատրաստ էինք ծառայելու որեւէ տեղ, որ մեզի նշանակուէր։ Սկիզբը, նշանակուեցանք Լէնգըշիրի մէջ, որ Անգլիոյ հիւսիս–արեւմուտքը կը գտնուի։ Ետքը, յունուար 1961–ին, Լոնտոնի Բեթէլը հրաւիրուեցայ՝ ներկայ գտնուելու Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոցի մէկ ամսուան դասընթացքին։ Զարմացայ երբ դասընթացքին աւարտին շրջագայական գործին նշանակուեցայ։ Փորձառու շրջանային տեսուչ մը երկու շաբաթ ինծի մարզում տուաւ Պիրմինկհէմ քաղաքին մէջ եւ Պարպրային արտօնուեցաւ որ ինծի հետ ըլլայ։ Ետքը, ծառայեցինք Լէնգըշիր եւ Չէշըր շրջաններուն մէջ։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼԸ ՅՈՒՍԱԽԱԲ Չ’ԸՆԵՐ

Օգոստոս 1962–ին արձակուրդի մէջ էինք, երբ նամակ մը ստացանք մասնաճիւղէն։ Նամակին հետ կային Գաղաադի դպրոցի դիմումնագիրներ։ Ատոր շուրջ աղօթելէ ետք, Պարպրան ու ես դիմումնագիրները լեցուցինք եւ արագօրէն ղրկեցինք մասնաճիւղին։ Հինգ ամիս ետք ճամբորդեցինք Պրուքլին, Նիւ Եորք, ներկայ գտնուելու Գաղաադի դպրոցին 38–րդ դասարանին, որպէսզի աստուածպետական կրթութեան տասը ամսուան դասընթացք առնենք։

Գաղաադի դպրոցին մէջ, ոչ միայն սորվեցանք Աստուածաշունչին եւ կազմակերպութեան մասին, հապա նաեւ եղբայրութեան մասին։ Այդ ատեն, միայն 20–ական տարիքի ըլլալով, շատ բան սորվեցանք դասարանին միւս աշակերտներէն։ Ինծի համար առանձնաշնորհում էր ամէն օր ծառայել մեր ուսուցիչներէն մէկուն՝ եղբայր Ֆրէտ Ռըսքի հետ։ Ան կարեւոր դաս մը սորվեցուց. շեշտեց թէ պէտք է միշտ արդարութեամբ խրատել, այսինքն՝ պէտք է վստահ ըլլալ, որ տրուած խրատը հիմնուած է միայն Աստուածաշունչին վրայ։ Դասընթացքին ատեն, դասախօսութիւններ տուողներուն մէջ կային փորձառու եղբայրներ, ինչպէս՝ Նաթան Նոր, Ֆրետերիք Ֆրանզ եւ Քարլ Գլայն։ Եւ շա՜տ բան սորվեցանք եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընի խոնարհ օրինակէն։ Եղբօր դասախօսութիւնը յայտնեց, թէ Եհովան 1914–էն 1919–ի սկիզբը ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին օգնեց դժուար ժամանակներու ընթացքին։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Դասընթացքին վերջաւորութեան, եղբայր Նաթան Նոր ինծի ու Պարպրային ըսաւ որ պիտի նշանակուէինք Պուրունտի, Ափրիկէի մէջ։ Բեթէլի գրադարանը վազեցինք Տարեգիրք–էն տեսնելու, թէ այդ ժամանակ Պուրունտիի մէջ քանի՛ հրատարակիչներ կային։ Զարմացանք, երբ այդ երկրին մասին տեղեկութիւններ չգտանք։ Այո՛, կ’երթայինք վայր մը, ուր դեռ չէր քարոզուած, եւ Ափրիկէի մասին շատ բան չէինք գիտեր։ Ջղագրգիռ եղանք, բայց ջերմեռանդօրէն աղօթելէ ետք, հանդարտեցանք։

Մեր նոր նշանակումին մէջ բոլորովին տարբեր փորձառութիւն մը ունեցանք՝ կլիմայի, մշակոյթի եւ լեզուի կողմանէ։ Այժմ պէտք էր որ ֆրանսերէնը սորվէինք։ Նաեւ պէտք էր բնակարան գտնէինք։ Հասնելէն երկու օր ետք, Գաղաադի դպրոցի մեր դասընկերներէն մէկը՝ Հէրրի Արնըթը, մեզի այցելեց երբ Զամպիոյ մէջ իր նշանակումին կը վերադառնար։ Մեզի օգնեց գտնելու յարկաբաժին մը, որ մեր առաջին միսիոնարական տունը դարձաւ։ Սակայն շատ չանցած, սկսանք հակառակութիւն դիմագրաւել տեղական իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք Եհովայի վկաներուն մասին բա՛ն մը չէին գիտեր։ Հազիւ սկսած էինք մեր նշանակումէն հաճոյք առնել, իշխանութիւնները մեզի ըսին որ չենք կրնար մնալ, եթէ աշխատանքի վաւերական արտօնագիր չունինք։ Ցաւօք սրտի, ստիպուեցանք երկիրը ձգել եւ վարժուիլ նոր երկրի մը, այս անգամ՝ Ուկանտան։

Մտահոգ էինք թէ ինչպէ՛ս Ուկանտա պիտի երթանք առանց վիզայի, բայց Եհովային վստահեցանք։ Քանատացի եղբայր մը, որ Ուկանտայի մէջ կը ծառայէր ուր որ աւելի պէտք կայ, մեր պարագան բացատրեց գաղթելու հարցերով զբաղող պաշտօնեայի մը, եւ մեզի քանի մը ամիս տրուեցաւ, որպէսզի կարենանք օրինաւոր կեցութիւն ձեռք ձգել։ Ատիկա փաստեց, որ Եհովան մեզի կ’օգնէր։

Ուկանտայի պայմանները շատ տարբեր էին Պուրունտիի պայմաններէն։ Օրինակ, Թագաւորութեան գործը արդէն կը կատարուէր, թէեւ ամբողջ երկրին մէջ միայն 28 Վկաներ կային։ Թաղամասին մէջ, շատեր անգլերէն կը խօսէին, սակայն շուտով անդրադարձանք, թէ որպէսզի կարենայինք հետաքրքրուող անհատներուն օգնել որ յառաջդիմեն, պէտք էր որ բնիկ լեզուներէն գոնէ մէկը սորվէինք։ Սկսանք քարոզել Գամբալայի մէջ, ուր մեծաւ մասամբ լուկանտա լեզուն կը խօսուէր, անոր համար որոշեցինք այդ լեզուն սորվիլ։ Քանի մը տարի առաւ մինչեւ որ այդ լեզուն սահուն խօսինք, բայց անիկա մեզի օգնեց որ քարոզելու մէջ աւելի ազդու դառնանք։ Սկսանք մեր աշակերտներուն հոգեւոր պէտքերը աւելի լաւ հասկնալ։ Երբ անոնք տեսան, թէ իրենցմով որքա՜ն հետաքրքրուած էինք, սկսան իրենց սիրտը բանալ մեզի, եւ ըսել թէ իրենց սորվածներուն մասին ի՛նչ կը մտածէին։

ՇԱՏ ՄԸ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ուկանտայի մէջ մեր ճամբորդութեան ընթացքին

Շա՜տ ուրախ էինք, որ կրցանք խոնարհ մարդոց օգնել, որ ճշմարտութիւնը սորվին։ Եւ դեռ աւելի ուրախացանք, երբ մեզմէ խնդրուեցաւ որ երկրին մէջ շրջագայական գործին մասնակցինք։ Քենիայի մասնաճիւղին ուղղութեամբ, երկրին մէջ ճամբորդութիւններ ըրինք, գիտնալու համար թէ ո՛ւր ամէնէն շատ պէտք կար մասնաւոր ռահվիրաներու։ Շա՜տ անգամներ, մեզի հոյակապ հիւրասիրութիւն ցոյց տուին մարդիկ, որոնք ասկէ առաջ Վկաներու չէին հանդիպած։ Մեզ շա՛տ աղուոր կը դիմաւորէին, եւ նոյնիսկ ճաշեր կը պատրաստէին մեզի համար։

Անկէ ետք, տարբեր տեսակի ճամբորդութիւն ունեցանք։ Երկու օր շոգեկառքով Գամբալայէն ճամբորդեցի դէպի Մոմպասա նաւահանգիստը Քենիոյ մէջ, ապա նաւով գացի Սէյշելեան Կղզիներ, որ Հնդկական ովկիանոսին մէջ կղզիներու խումբ է։ Ետքը, 1965-1972, ես եւ Պարպրան կանոնաւորաբար այցելեցինք Սէյշելեան Կղզիներ։ Սկիզբը, հոն միայն երկու հրատարակիչներ կային, բայց ետքը խումբ մը հաստատուեցաւ եւ անկէ ետք ժողովք մը։ Ուրիշ ճամբորդութիւններ ալ ըրի՝ Էրիթրիայի, Եթովպիայի եւ Սուտանի եղբայրներուն այցելելու։

Ուկանտայի քաղաքական վիճակը փոխուեցաւ, երբ զինուորական խումբ մը իշխանութեան գլուխը անցաւ։ Սարսափի տարիները որոնք յաջորդեցին, ինծի յայտնեցին թէ որքա՜ն իմաստութիւն է հնազանդիլ Յիսուսի տուած ուղղութեան՝ «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք» (Մար. 12։17)։ Որոշ մէկ հանգրուանի, բոլոր օտարներէն պահանջուեցաւ արձանագրուիլ իրենց տան մօտ եղող ոստիկանատան մէջ։ Շուտով հնազանդեցանք։ Քանի մը օր ետք, մինչ ես եւ միսիոնար մը Գամբալայի մէջ ինքնաշարժ կը քշէինք, գաղտնի ոստիկաններ մեզ կեցուցին։ Մեր սիրտը սկսաւ զօրաւոր զարնել։ Անոնք մեզի ըսին, որ լրտեսներ ենք, եւ մեզ տարին գլխաւոր ոստիկանատուն, ուր բացատրեցինք որ մենք խաղաղարար միսիոնարներ ենք։ Անոնց ըսինք, որ արդէն ոստիկանութեան տուած ենք մեր անունները։ Բայց անոնք մեր ըսածին կարեւորութիւն չտուին։ Մեզ ձերբակալեցին ու տարին միսիոնարական տան մօտ եղող ոստիկանատունը։ Որքա՜ն հանգստացանք, երբ պատասխանատու պաշտօնեան մեզ ճանչցաւ ու ազատ արձակեց։

Այդ օրերուն, յաճախ ջղագրգիռ կ’ըլլայինք, հանդիպելով զինուորական անցարգելներու, մանաւանդ երբ զինուորները գինով կ’ըլլային։ Սակայն ամէն անգամ կ’աղօթէինք եւ ներքին խաղաղութիւն կ’ունենայինք, երբ մեզի թոյլ կու տային որ անցնէինք։ Ցաւօք սրտի, 1973–ին հրաման ելաւ որ բոլոր օտար միսիոնարները Ուկանտան ձգեն։

Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին օրինակներ կը պատրաստեմ Ապիճանի մէջ, Փղոսկրեայ Ափունքի մասնաճիւղ

Մեր նոր նշանակումն էր երթալ Փղոսկրեայ Ափունք, Արեւմտեան Ափրիկէ։ Ասիկա մեծ փոփոխութիւն էր մեզի համար. վարժուիլ բոլորովին նոր մշակոյթի մը եւ դարձեալ ամբողջ օրը ֆրանսերէն խօսիլ ու տարբեր ենթահող ունեցող միսիոնարներու հետ ապրիլ։ Սակայն, կրկին շօշափեցինք Եհովայի ուղղութիւնը, երբ խոնարհ եւ անկեղծ սրտով մարդիկ շուտով ընդառաջեցին բարի լուրին։ Ես եւ Պարպրան տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Եհովային վստահիլը մեր շաւիղները ուղղեց։

Ետքը, Պարպրան յանկարծ քաղցկեղ ունեցաւ։ Մասնագիտական դարմանումի համար, քանի մը երկիրներ ճամբորդեցինք, բայց 1983–ին յստակ դարձաւ, որ այլեւս չէինք կրնար ծառայել Ափրիկէի մէջ։ Երկուքս ալ շատ յուսախաբ եղանք։

ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Լոնտոնի Բեթէլին մէջ կը ծառայէինք, Պարպրայի հիւանդութիւնը աւելի ծանրացաւ, եւ ի վերջոյ մեռաւ։ Բեթէլի ընտանիքը մեծապէս զիս մխիթարեց։ Մանաւանդ զոյգ մը կար, որ ինծի շա՛տ օգնեց որ համակերպիմ եւ շարունակեմ Եհովային վստահիլ։ Ժամանակ մը ետք, ծանօթացայ Բեթէլին մէջ օգնող քրոջ մը՝ Էնին, որ մասնաւոր ռահվիրայ եղած էր եւ շատ կը սիրէր Եհովան։ Ես եւ Էն ամուսնացանք 1989–ին, եւ անկէ ի վեր Բեթէլին մէջ կը ծառայենք։

Էնին հետ Բրիտանիոյ Բեթէլին նոր շէնքերուն առջեւ

1995-2018, առանձնաշնորհումը ունեցայ ծառայելու որպէս կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչ (նախապէս՝ գօտիի տեսուչ), այցելելով շուրջ 60 երկիրներ։ Իւրաքանչիւր այցելութեան, տեսայ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաները կ’օրհնէ, տարբեր պարագաներու ներքեւ։

2017–ին, մեր այցելութիւններուն բերմամբ, ետ գացի Ափրիկէ։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն էր Էնին ներկայացնել Պուրունտին, եւ երկուքս ալ հիացանք դաշտին մէջ տեղի ունեցած մեծ աճումով։ Այն փողոցին մէջ, ուր 1964–ին տունէ տուն կը քարոզէի, ներկայիս գեղեցիկ Բեթէլ կայ, որ աւելի քան 15,500 հրատարակիչներու հոգ կը տանի։

Շատ ուրախացայ երբ աչքէ կ’անցընէի, թէ 2018–ին ո՛ր երկիրները պիտի այցելէի, եւ անոնց մէջ տեսայ Փղոսկրեայ Ափունքը։ Ապիճան մայրաքաղաքը հասնիլը տուն վերադառնալու պէս էր ինծի համար։ Բեթէլին մէջ, հեռաձայնի թիւերուն ուղեցոյցին մէջ տեսայ, որ մեր քովի սենեակին մէջ ապրող եղբօր մականունը Սօսու էր։ Յիշեցի որ երբ Ապիճանի մէջ էի, ան կը ծառայէր որպէս քաղաքի տեսուչ։ Բայց անակնկալի եկայ, որ ան ուրիշ Սօսու մըն էր՝ անոր որդին։

Եհովան իր խօսքին տէրը եղած է։ Բազմաթիւ փորձանքներու մէջէն անցնելով, ըմբռնած եմ որ երբ Եհովային կը վստահինք, ան իրապէս մեր շաւիղները կ’ուղղէ։ Այժմ կ’ուզեմ շարունակել քալել վերջ չունեցող ճամբուն մէջ, որ ա՛լ աւելի պայծառ պիտի դառնայ նոր աշխարհին մէջ (Առ. 4։18