Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պատանինե՛ր, Աստուած կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաք

Պատանինե՛ր, Աստուած կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաք

«Ա՛ն է որ բարիքներով կը լեցնէ քու կեանքդ» (ՍԱՂ. 103։5, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 89, 4

1, 2. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է Ստեղծիչին մտիկ ընել, երբ կ’որոշես թէ կեանքիդ մէջ ի՛նչ պիտի ընես (տե՛ս բացման նկարները)։

ԵԹԷ պատանի մըն ես, հաւանաբար շատ խրատներ կը ստանաս ապագայիդ նկատմամբ։ Ուսուցիչներ, խրատատուներ կամ ուրիշներ թերեւս քեզ քաջալերեն, որ բարձրագոյն ուսում ստանաս եւ շահաբեր գործ մը աշխատիս։ Բայց Եհովան տարբեր խրատ մը կու տայ։ Անշուշտ, ան կ’ուզէ որ դպրոցը ծանր աշխատիս, որպէսզի կարենաս ապրուստդ ճարել աւարտելէդ ետք (Կող. 3։23)։ Սակայն, երբ պիտի որոշես թէ կեանքիդ մէջ առաջնահերթութիւններդ ի՛նչ են, ան քեզ կը քաջալերէ որ իր սկզբունքներուն հետեւիս, որոնք քեզ կ’առաջնորդեն եւ կ’օգնեն որ կեանքդ իր հաճած կերպով ապրիս այս վերջին օրերուն մէջ (Մատ. 24։14

2 Նաեւ միտքդ պահէ թէ Եհովան ամէն բան գիտէ։ Ան գիտէ թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի եւ վերջը ո՛րչափ մօտ է (Եսա. 46։10. Մատ. 24։3, 36)։ Ան նաեւ քեզ կը ճանչնայ. ի՛նչը իսկապէս կ’ուրախացնէ քեզ եւ ի՛նչը կը տխրեցնէ։ Մարդոց տուած խրատները կրնան լաւ թուիլ, բայց եթէ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած չեն, բնա՛ւ իմաստուն չեն ըլլար (Առ. 19։21

ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ԵՀՈՎԱՅԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅ

3, 4. Սատանային խրատը մտիկ ընելը ինչպէ՞ս ազդեց Ադամին ու Եւային եւ իրենց զաւակներուն։

3 Միշտ եղած են անհատներ, որոնք լաւ խրատ չեն տուած։ Սատանան առաջինն էր որ լաւ խրատ չտուաւ մարդ արարածին։ Ան Եւային ըսաւ որ ինք եւ Ադամ աւելի ուրախ պիտի ըլլան, եթէ անձամբ որոշեն ինչպէ՛ս ապրիլ (Ծն. 3։1-6)։ Բայց իրականութեան մէջ, Սատանային ըրածը անձնասիրութիւն էր։ Ան կ’ուզէր որ Ադամն ու Եւան,– եւ իրենց ապագայ սերունդը,– իրեն հնազանդէին ու պաշտէին, եւ ոչ թէ Եհովային։ Բայց ան ո՛չ մէկ բան ըրած էր անոնց համար։ Եհովա՛ն էր որ ամէն բան տուած էր անոնց. կեանքի ընկեր, դրախտային տուն մը եւ կատարեալ մարմին, որ կրնար յաւիտեան գոյատեւել։

4 Ցաւօք սրտի, Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ այսպիսով ինքզինքնին հեռացուցին իրմէ։ Ինչպէս որ գիտես, արդիւնքը ցաւալի եղաւ։ Անոնք բոյսէ մը կտրուած ծաղիկի պէս կամաց–կամաց թոռմեցան ու մեռան։ Անոնց զաւակներն ալ մեղքին հետեւանքէն տառապեցան (Հռով. 5։12)։ Հակառակ ասոր, մարդոց մեծամասնութիւնը տակաւին Աստուծոյ ըսածը կ’անտեսեն եւ իրե՛նց ուզածը կ’ընեն (Եփ. 2։1-3)։ Արդիւնքը կը ցուցնէ թէ որեւէ խրատ որ Եհովային դէմ է, իմաստուն չէ եւ անարժէք է (Առ. 21։30

5. Աստուած ի՞նչ վստահութիւն ունէր մարդ արարածին հանդէպ։

5 Սակայն Եհովան վստահ էր որ պիտի ըլլային անհատներ, մէջը ըլլալով բազմաթիւ պատանիներ, որոնք պիտի ուզէին զինք ճանչնալ եւ իրեն ծառայել (Սաղ. 103։17, 18. 110։3)։ Անոնք շատ թանկագին են իր աչքին։ Դուն ալ անոնցմէ մէ՞կն ես։ Ուրեմն, անկասկած Եհովային կողմէ շատ մը «բարիքներ» կը վայելես, որոնք ուրախութիւնդ կ’աւելցնեն։ Սաղմոս 103։5–ը (ՆԹ) կ’ըսէ. «Ա՛ն է որ բարիքներով կը լեցնէ քու կեանքդ»։ Հիմա պիտի քննարկենք չորս «բարիքներ». առատ հոգեւոր սնունդ, շատ լաւ բարեկամներ, իմաստալից նպատակակէտեր եւ իսկական ազատութիւն (Առ. 10։22

ԵՀՈՎԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔՆԵՐԴ ԿԸ ԳՈՀԱՑՆԷ

6. Ինչո՞ւ պէտք է հոգեւոր կարիքներուդ հոգ տանիս, եւ Եհովան քեզի ի՞նչ կը հայթայթէ։

6 Անասունները հոգեւոր կարիքներ չունին, այսինքն՝ չեն զգար որ պէտք ունին Ստեղծիչը ճանչնալու։ Բայց դուն հոգեւոր կարիքներ ունիս (Մատ. 4։4)։ Երբ Աստուծոյ մտիկ ընես՝ խորատեսութիւն, իմաստութիւն եւ ուրախութիւն կը ստանաս։ Յիսուս ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Աստուած հոգեւոր կարիքներդ կը գոհացնէ իր Խօսքին միջոցաւ եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հայթայթած հոգեւոր սնունդին միջոցաւ (Մատ. 24։45)։ Այդ սնունդը որքա՜ն այլազան եւ ճոխ է (Եսա. 65։13, 14

7. Աստուծոյ կողմէ տրուած հոգեւոր սնունդը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ։

7 Հոգեւոր սնունդը քեզի իմաստութիւն կու տայ եւ մտածելու կարողութիւնդ կը զօրացնէ, որոնք շատ մը կերպերով քեզ կը պաշտպանեն (կարդա՛ Առակաց 2։10-14)։ Օրինակ, այս յատկութիւնները աչքերդ կը բանան որ սուտ ուսուցումները նկատես, ինչպէս՝ այն սուտը թէ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի, կամ այն սուտը թէ դրամը եւ նիւթական բաները երջանկութեան բանալին են։ Անոնք նաեւ քեզի կ’օգնեն, որ մերժես սխալ ցանկութիւններն ու վնասակար սովորութիւնները։ Ուրեմն, ամէն կարելիդ ըրէ որ իմաստուն ըլլաս եւ մտածելու կարողութիւնդ զօրացնես։ Այսպիսով, անձնական փորձառութեամբ պիտի տեսնես, որ Եհովան քեզ կը սիրէ եւ լաւագոյնը կ’ուզէ քեզի համար (Սաղ. 34։8. Եսա. 48։17, 18

8. Եհովային հի՛մա մօտենալդ ինչպէ՞ս ապագային քեզի պիտի օգնէ։

8 Մօտ ատենէն, Սատանայի ամբողջ աշխարհը պիտի կործանի։ Միայն Եհովան պիտի կարենայ մեզ պաշտպանել, եւ նոյնիսկ մեր իւրաքանչիւր յաջորդ ուտելիքը իրմէ կախեալ պիտի ըլլայ (Ամբ. 3։2, 12-19)։ Ուստի, հի՛մա է ժամանակը որ երկնաւոր Հօրդ մօտենաս եւ իրեն հանդէպ վստահութիւնդ զօրացնես (Բ. Պետ. 2։9)։ Եթէ այդպէս ընես, ի՛նչ ալ պատահի շուրջդ՝ պիտի զգաս Դաւիթին պէս, որ ըսաւ. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ» (Սաղ. 16։8

ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԿՈՒ ՏԱՅ

9. ա) Ըստ Յովհաննէս 6։44–ի, Եհովան ի՞նչ կ’ընէ։ բ) Ուրիշ Վկաներու հանդիպիլը ինչո՞ւ յատուկ փորձառութիւն մըն է։

9 Երբ առաջին անգամ հանդիպիս մէկու մը, որ ճշմարտութեան մէջ չէ, որքա՞ն տեղեկութիւն ունիս անոր մասին։ Գրեթէ բան մը չես գիտեր, անոր անունէն եւ երեւոյթէն զատ։ Պարագան տարբեր է, երբ առաջին անգամ հանդիպիս մէկու մը, որ Եհովան կը ճանչնայ եւ կը սիրէ։ Գիտես որ Եհովան անոր մէջ լաւ բան մը տեսաւ եւ թոյլ տուաւ, որ իր հոգեւոր ընտանիքին մէկ անդամը դառնայ (կարդա՛ Յովհաննէս 6։44)։ Նոյնիսկ եթէ կը պատկանի տարբեր ենթահողի, երկրի, ազգի կամ մշակոյթի, դուն շատ բաներ գիտես իր մասին, եւ ինք շատ բաներ գիտէ քու մասիդ։

Եհովան կ’ուզէ որ լաւագոյն բարեկամները ունենաս եւ հոգեւոր նպատակակէտեր դնես (տե՛ս պարբերութիւն 9-12)

10, 11. Եհովային ծառաները ի՞նչ հասարակաց բաներ ունին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի։

10 Երբ ուրիշ Վկայի մը հանդիպիս, գիտես որ ամէնէն կարեւոր կէտերուն մէջ իրարու պէս էք։ Օրինակ, նոյնիսկ եթէ տարբեր լեզուներ կը խօսիք, երկուքդ ալ ճշմարտութեան նոյն «մաքուր լեզու»ն կը խօսիք (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ երկուքդ ալ Աստուծոյ կը հաւատաք, բարոյական նոյն չափանիշներուն կը հետեւիք եւ ապագային նկատմամբ նոյն յոյսը ունիք։ Այս բաները ձեզի կ’օգնեն որ իրարու վստահիք եւ մնայուն բարեկամութիւն մը հաստատէք։

11 Ուրեմն, եթէ Եհովան կը պաշտես, իրապէս կրնաս ըսել որ լաւագոյն բարեկամները ունիս։ Աշխարհի չորս կողմը բարեկամներ ունիս, նոյնիսկ եթէ տակաւին անոնց չես հանդիպած։ Եհովայի ժողովուրդէն զատ կա՞յ մէկը որ այս թանկագին նուէրը ունի։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴՆԵՍ

12. Ի՞նչ իմաստալից հոգեւոր նպատակակէտեր կրնաս դնել։

12 Կարդա՛ Ժողովող 11։9–12։1։ Որեւէ հոգեւոր նպատակակէտ ունի՞ս, որուն կ’ուզես հասնիլ։ Թերեւս կը ջանաս ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ կամ աւելի լաւ պատասխաններ կամ բաժիններ տալ ժողովին ընթացքին։ Կամ թերեւս կը ջանաս Սուրբ Գիրքը աւելի ազդու կերպով գործածել ծառայութեան մէջ։ Ի՞նչ կը զգաս երբ անդրադառնաս որ կը յառաջդիմես, կամ երբ ուրիշներ յառաջդիմութիւնդ գովեն։ Անկասկած շատ կ’ուրախանաս։ Ի՛րապէս ալ պէտք է ուրախանաս, քանի որ Եհովային կամքը առաջին տեղը կը դնես Յիսուսին պէս (Սաղ. 40։8. Առ. 27։11

13. Աստուծոյ ծառայելը ինչպէ՞ս աւելի լաւ է քան՝ աշխարհային նպատակակէտերու վրայ կեդրոնանալը։

13 Նաեւ, երբ Եհովայի ծառայութեան վրայ կեդրոնանաս, կ’ընես գործ մը որ քեզ իրապէս պիտի ուրախացնէ եւ կեանքդ իմաստալից պիտի դարձնէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով» (Ա. Կոր. 15։58)։ Բայց երբ մարդիկ կեդրոնանան աշխարհային նպատակակէտերու վրայ, իսկական ուրախութիւն չեն ունենար, նոյնիսկ եթէ թուի թէ կը յաջողին (Ղուկ. 9։25)։ Ասիկա կը սորվինք Սողոմոն թագաւորին օրինակէն (Հռով. 15։4

14. Սողոմոնի փորձառութենէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

14 Սողոմոն, որ պատմութեան մէջ ամէնէն հարուստ եւ հեղինակաւոր անհատներէն մէկն էր, փորձ մը ըրաւ։ Ուզեց հաճոյքը փորձել եւ տեսնել թէ ի՛նչ բարիք պիտի վայելէ (Ժող. 2։1-10)։ Ան շքեղ տուներ, պարտէզներ ու մրգաստաններ շինեց եւ իր ամէն ուզածը ըրաւ։ Այս բոլորը ընելէ ետք ի՞նչ զգաց։ Գոհ եւ ուրա՞խ։ Պէտք չունինք մտածելու։ Սողոմոն ի՛ր բերնով ըսաւ. «Ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն. . . նայեցայ եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն. . . էին ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար» (Ժող. 2։11)։ Ի՜նչ զօրաւոր դաս մը։ Զայն ականջի օղ պիտի ընե՞ս։

15. Հաւատքը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ատոր օգուտները ի՞նչ են, ինչպէս որ նշուած են Սաղմոս 32։8–ի մէջ։

15 Ոմանք կեանքի դասեր կը սորվին միայն եթէ սխալներ ընեն եւ ատոնց հետեւանքները քաշեն։ Եհովան չ’ուզեր որ ասիկա քեզի պատահի։ Ան կ’ուզէ որ իրեն մտիկ ընես եւ հնազանդիս։ Ասիկա ընելու համար հաւատքի պէտք ունիս։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաս հաւատքով առած որոշումներուդ համար։ Եւ Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ ‘այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիր’ (Եբ. 6։10)։ Ուրեմն, շատ ջանք թափէ որ զօրաւոր հաւատք ունենաս։ Այսպիսով, կեանքիդ մէջ լաւ ընտրութիւններ պիտի ընես, եւ անձամբ պիտի տեսնես որ երկնաւոր Հայրդ լաւագոյնը կ’ուզէ քեզի համար (կարդա՛ Սաղմոս 32։8

ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

16. Ինչո՞ւ պէտք է ազատութիւնը արժէքաւոր նկատես եւ զայն իմաստութեամբ գործածես։

16 Պօղոս գրեց. «Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ» (Բ. Կոր. 3։17)։ Եհովան ազատութիւնը կը սիրէ եւ քեզ ալ այնպէս մը ստեղծեց, որ ազատութիւնը սիրես։ Բայց ան միեւնոյն ատեն կ’ուզէ, որ ազատութիւնդ իմաստութեամբ գործածես, որպէսզի պաշտպանուիս։ Թերեւս գիտես պատանիներ, որոնք պոռնկագրութիւն կը դիտեն, սեռային անբարոյութիւն կը գործեն, շատ վտանգաւոր մարզանքներու կը մասնակցին, թմրեցուցիչ կը գործածեն կամ չափազանց կը խմեն։ Սկիզբը, այնպէս կը թուի թէ այս բաները հաճելի եւ հետաքրքրական են, բայց ետքը սուղի կը նային։ Հետեւանքը կրնայ ըլլալ հիւանդութիւն, մոլութիւն կամ նոյնիսկ մահ (Գաղ. 6։7, 8)։ Յստակ է թէ անոնց «ազատութիւնը» խաբուսիկ է (Տիտ. 3։3

17, 18. ա) Աստուծոյ հնազանդիլը մեզ ինչպէ՞ս իսկապէս ազատ կ’ընէ։ բ) Ադամն ու Եւան ինչպէ՞ս հիմակուան մարդոցմէ աւելի ազատութիւն ունէին։

17 Անդին, գիտե՞ս անհատներ որոնք հիւանդացան, քանի որ Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հետեւեցան։ Յստակ է թէ Եհովային հնազանդիլը թէ՛ մեր առողջութեան լաւ է եւ թէ մեզ իսկապէս ազատ կ’ընէ (Սաղ. 19։7-11)։ Ասկէ զատ, երբ ազատութիւնդ իմաստութեամբ գործածես,– այսինքն՝ Աստուծոյ կատարեալ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հնազանդիս,– թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ ծնողքիդ կը ցուցնես որ արժանի ես աւելի ազատութիւն ստանալու։ Եւ Եհովան կը խոստանայ որ մօտ ատենէն, իր բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն պիտի տայ կատարեալ ազատութիւն, որ Սուրբ Գիրքը կը կոչէ՝ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» (Հռով. 8։21

18 Ադամն ու Եւան այդ ազատութեան համը առած էին։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Աստուած միայն մէկ պատուէր տուաւ իրենց. որոշ ծառի մը պտուղէն պէտք չէր ուտէին (Ծն. 2։9, 17)։ Կը կարծե՞ս որ այդ պատուէրը խիստ կամ կաշկանդիչ էր։ Անշուշտ ո՛չ։ Մտածէ թէ որքա՛ն մարդակերտ օրէնքներ կան եւ մարդիկ ստիպուած են որ ատոնց հնազանդին։ Անդին, Եհովան միայն մէկ օրէնք տուաւ Ադամին ու Եւային։

19. Եհովան եւ Յիսուս մեզի ի՞նչ կը սորվեցնեն, որպէսզի ազատ ըլլանք։

19 Եհովան շատ իմաստուն կերպով կը վարուի մեզի հետ։ Փոխանակ մեզի բազմաթիւ օրէնքներ տալու, համբերութեամբ կը սորվեցնէ որ սիրոյ օրէնքին հետեւինք։ Կ’ուզէ որ իր սկզբունքներուն հիման վրայ ապրինք եւ չարութիւնը ատենք (Հռով. 12։9)։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս մեզի օգնեց հասկնալու որ չարութեան բուն պատճառները ի՛նչ են (Մատ. 5։27, 28)։ Եւ նոր աշխարհին մէջ, Յիսուս որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի շարունակէ մեզի սորվեցնել, որ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ իր տեսակէտը ունենանք (Եբ. 1։9)։ Ան նաեւ ֆիզիքական եւ մտային կատարելութեան պիտի հասցնէ մեզ։ Երեւակայէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, երբ նոյնիսկ սխալ բան մը ընելու փորձութեան առջեւ պիտի չըլլաս եւ անկատարութեան հետեւանքները պիտի չկրես։ Վերջապէս պիտի վայելես այն «փառաւոր ազատութիւնը», որ Եհովան քեզի խոստացած է։

20. ա) Եհովան իր ազատութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս զինք ընդօրինակել։

20 Անշուշտ, մեր ազատութիւնը բնա՛ւ անսահման պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ սէրը զայն պիտի ղեկավարէ։ Այսպիսով, Եհովան պիտի ընդօրինակենք։ Ինչպէ՞ս։ Ան անսահման ազատութիւն ունի, բայց թոյլ կու տայ որ սէրը առաջնորդէ զինք ամէն բանի մէջ որ կ’ընէ, ներառեալ՝ մեզի հետ իր վարուելակերպը (Ա. Յովհ. 4։7, 8)։ Ուրեմն, տրամաբանական է որ իսկական ազատութիւն կ’ունենանք միայն եթէ սէրը զայն կ’առաջնորդէ։

21. ա) Դաւիթ Եհովային նկատմամբ ի՞նչ զգաց։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Կը գնահատե՞ս այն բազմաթիւ «բարիքները», որ Եհովան քեզի տուած է, ինչպէս՝ առատ հոգեւոր սնունդ, շատ լաւ բարեկամներ, իմաստալից նպատակակէտեր եւ կատարեալ ազատութիւն ունենալու յոյսը (Սաղ. 103։5, ՆԹ)։ Հաւանաբար Դաւիթին պէս կը զգաս, երբ աղօթեց. «Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան» (Սաղ. 16։11)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք 16–րդ սաղմոսէն առնուած ուրիշ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ։ Ատոնք քեզի պիտի օգնեն տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս կրնաս լաւագոյն կեանքը ունենալ։