Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ»

«Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ»

ՏԻԱՆԱՆ ութսունական տարիքին մէջ է եւ շատ տառապած է վերջին տարիներուն ընթացքին։ Իր ամուսինը Ալցհայմըր հիւանդութիւնը ունէր եւ քանի մը տարի ծերանոցին մէջ ապրելէ ետք մահացաւ։ Իր երկու տղաներն ալ մահացան, իսկ ինք կուրծքի քաղցկեղի դէմ կը պայքարէր։ Բայց քոյրերն ու եղբայրները զինք միշտ ուրախ կը տեսնեն ժողովներուն կամ ծառայութեան ատեն։

Աւելի քան 43 տարի, Ճոն շրջագայող տեսուչ էր։ Ան շա՜տ կը սիրէր այդ ծառայութիւնը եւ իր կեանքը չէր երեւակայեր առանց ատոր։ Բայց ստիպուեցաւ զայն դադրեցնել, որպէսզի հիւանդ ազգականի մը հոգ տանի, եւ հիմա կը ծառայէ տեղական ժողովքի մը մէջ։ Երբ Ճոնը ճանչցողները զինք կը տեսնեն համաժողովներուն, կ’անդրադառնան որ բնա՛ւ չէ փոխուած. տակաւին շատ ուրախ անձ է։

Տիանան եւ Ճոն ինչո՞ւ ուրախ են։ Ինչպէ՞ս կրնայ մէկը, որ զգացապէս եւ ֆիզիքապէս կը տառապի, ուրախ ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնայ անձ մը ուրախ ըլլալ, եթէ ստիպուած է իր սիրած նշանակումը դադրեցնել։ Աստուածաշունչը պատասխանը կու տայ. «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ» (Սաղ. 64։10)։ Այս կարեւոր ճշմարտութիւնը աւելի պիտի հասկնանք, եթէ ըմբռնենք թէ մեզի ի՛նչը ներքին ուրախութիւն կու տայ եւ ի՛նչը չի տար։

ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս գիտես, կարգ մը բաներ գրեթէ միշտ ուրախութիւն կը բերեն։ Օրինակ՝ սիրահարուած զոյգ մը կ’ամուսնանայ, ամուսնացած զոյգ մը պզտիկ կ’ունենայ եւ մէկը աստուածպետական նոր նշանակում մը կը ստանայ։ Ատոնք Եհովայի կողմէ նուէր են եւ շատ կ’ուրախացնեն մեզ։ Եհովա՛ն հաստատած է ամուսնութեան կարգադրութիւնը, զաւակ ունենալու կարողութեամբ մեզ ստեղծած է եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մեզի նշանակումներ կու տայ (Ծն. 2։18, 22. Սաղ. 127։3. Ա. Տիմ. 3։1

Սակայն ուրախութեան պատճառներէն ոմանք կրնան ժամանակաւոր ըլլալ։ Ցաւօք սրտի, մէկու մը կողակիցը կրնայ անհաւատարիմ դառնալ կամ մեռնիլ (Եզեկ. 24։18. Ով. 3։1)։ Կարգ մը զաւակներ իրենց ծնողքին եւ Աստուծոյ անհնազանդ կը գտնուին եւ նոյնիսկ կրնան վտարուիլ։ Սամուէլին որդիները ընդունելի կերպով Եհովային չծառայեցին, իսկ Բերսաբէին հետ Դաւիթին գործած մեղքը մեծ խնդիրներ յառաջ բերաւ իր ընտանիքին մէջ (Ա. Թագ. 8։1-3. Բ. Թագ. 12։11)։ Այսպիսի բաներ անշո՛ւշտ ուրախութիւն չեն պատճառեր, հապա միայն ցաւ եւ տառապանք։

Նմանապէս, երբեմն մեր նշանակումը չենք կրնար շարունակել՝ հիւանդութեան, ընտանեկան պարտականութիւններու կամ աստուածպետական փոփոխութիւններու պատճառով։ Այսպիսի փորձառութիւն ունեցողներէն շատեր կը փնտռեն այն գոհունակութեան զգացումը, որ ատեն մը իրենց նշանակումը կու տար։

Յստակ է որ ուրախութիւն տուող այդ բաները կրնան ժամանակաւոր ըլլալ։ Լաւ, կա՞յ ուրախութեան տեսակ մը, որ մնայուն է նոյնիսկ երբ կեանքը կը դժուարանայ։ Վստահաբար կայ, քանի որ Սամուէլ, Դաւիթ եւ ուրիշներ իրենց ուրախութիւնը չկորսնցուցին, երբ դժուարութիւններէ անցան։

ՄՆԱՅՈՒՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Յիսուս գիտէր թէ ուրախութիւնը իրապէս ի՛նչ է։ Իր մարդկային գոյութենէն առաջ, երբ երկինքի մէջ նպաստաւոր պայմաններու մէջ էր, ‘միշտ Եհովային առջեւ կ’ուրախանար’ (Առ. 8։30)։ Բայց երկրի վրայ, ատեններ ան լուրջ դժուարութիւններ ունեցաւ։ Հակառակ ասոր, ան ուրախութիւն գտաւ իր Հօր կամքը կատարելուն մէջ (Յովհ. 4։34)։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել իր կեանքի տառապալից վերջին ժամերուն մասին։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ» (Եբ. 12։2)։ Ուստի, շատ բան կրնանք սորվիլ իսկական ուրախութեան մասին, նկատի առնելով երկու խօսք Յիսուսին կողմէ։

Անգամ մը, աշակերտները քարոզչութենէն ետք Յիսուսին վերադարձան, ուրախանալով որ հրաշքներ գործած էին եւ նոյնիսկ դեւեր հանած էին։ Ատոր վրայ, Յիսուս իրենց ըսաւ. «Անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են» (Ղուկ. 10։1-9, 17, 20)։ Այո, Եհովայի հաճութիւնը ունենալը շա՜տ աւելի կարեւոր է եւ աւելի մեծ ուրախութիւն կը բերէ, քան՝ որեւէ յատուկ նշանակում։

Ուրիշ առիթով մը, Յիսուս ժողովուրդին կը խօսէր։ Հրեայ կին մը իր սորվեցուցածներով ա՛յնքան տպաւորուեցաւ, որ ըսաւ թէ Յիսուսին մայրը երանելի ըլլալու է այսպիսի զաւակ մը ունենալով։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկ. 11։27, 28)։ Ուրախ կ’ըլլանք, երբ մեր զաւակներով հպարտ ենք, բայց Եհովային հնազանդիլը եւ իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալը մեզ շատ աւելի ուրախ կը դարձնէ։

Անկասկած, զգալը թէ Եհովային հաճութիւնը ունինք, ներքին խոր ուրախութիւն կու տայ մեզի։ Թէեւ փորձութիւնները հաճելի չեն, բայց չեն կրնար այս զգացումը խլել։ Ընդհակառակը, երբ փորձութիւններու ներքեւ հաւատարիմ կը մնանք, մեր ուրախութիւնը ա՛լ աւելի խոր կ’ըլլայ (Հռով. 5։3-5)։ Ասկէ զատ, Եհովան իր սուրբ հոգին կու տայ անոնց, որոնք իրեն կը վստահին, իսկ ուրախութիւնը հոգիին պտուղին մէկ երեսակն է (Գաղ. 5։22)։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ հասկնանք, թէ ինչո՛ւ Սաղմոս 64։10–ը կ’ըսէ. «Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ»։

Ի՞նչ բան Ճոնին օգնած է որ ուրախ մնայ

Այսպիսով, կ’ըմբռնենք թէ ինչո՛ւ յօդուածին սկիզբը նշուած Տիանան եւ Ճոնը կրցան իրենց ուրախութիւնը պահպանել, երբ դժուար պարագաներէ անցան։ Տիանան կ’ըսէ. «Եհովային ապաւինած եմ, ինչպէս երեխան կ’ապաւինի ծնողքին»։ Ան ինչպէ՞ս կը զգայ Աստուծոյ հաճութիւնը։ «Կը զգամ թէ Եհովան զիս օրհնած է՝ ինծի կարողութիւն տալով որ կանոնաւորաբար ծառայեմ՝ ժպիտը երեսիս»։ Ի՞նչը օգնեց Ճոնին որ իր սիրած նշանակումը վերջ գտնելէ ետք ուրախ եւ զբաղած մնայ ծառայութեան մէջ։ Ան կ’ըսէ. «1998–էն ի վեր, երբ նշանակուեցայ Ծառաներու մարզումի դպրոցին մէջ ուսուցանելու, որեւէ ժամանակէ աւելի անձնական ուսումնասիրութիւն ըրած եմ»։ Ան կը բացատրէ թէ, քանի որ ինք եւ իր կինը միշտ պատրաստ էին Եհովայի տուած որեւէ նշանակում կատարելու, աւելի դիւրութեամբ կրցան համակերպիլ այս փոփոխութեան։ Ան կ’աւելցնէ. «Երբ ետեւ նայինք, ուրախ ենք որ այսպիսի կեցուածք ունէինք»։

Ուրիշներ ալ փորձառաբար տեսած են որ Սաղմոս 64։10–ին խօսքերը ճիշդ են։ Նկատի առ զոյգի մը օրինակը, որոնք աւելի քան 30 տարի ծառայեցին Միացեալ Նահանգներու Բեթէլին մէջ։ Ետքը, նշանակուեցան ծառայելու որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ։ Անոնք իրատեսօրէն խոստովանեցան. «Բնական է որ տխուր զգաս երբ սիրած մէկ բանդ կը կորսնցնես», բայց աւելցուցին՝ «Չե՛ս կրնար մինչեւ վերջ տխուր մնալ»։ Անոնք շուտով սկսան ժողովքին հետ ծառայել։ Զոյգը նաեւ ըսաւ. «Շատ մասնայատուկ բաներու մասին աղօթեցինք եւ տեսնելով թէ ինչպէ՛ս մեր աղօթքները պատասխանուեցան, շատ քաջալերուեցանք եւ ուրախացանք։ Մեր գալէն ետք շատ չանցած, ոմանք ռահվիրայութեան սկսան եւ Եհովան երկու յառաջդիմող աշակերտներ տուաւ մեզի»։

‘ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ ՅԱՒԻՏԵՆԻՑ ՈՒՐԱԽ’

Անշուշտ, դիւրին չէ միշտ ուրախ ըլլալ։ Ատեններ տխուր պիտի ըլլանք։ Բայց Եհովան կը մխիթարէ Սաղմոս 64։10–ին խօսքերով։ Նոյնիսկ երբ կը վհատինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ հաւատարիմ մնանք,– ինչերէ ալ անցնինք,– ‘Եհովայով պիտի ուրախանանք’։ Կրնանք նաեւ յոյսով սպասել Եհովայի խոստացած ‘նոր երկնքին ու նոր երկրին’։ Այն ատեն անկատարութիւնը ամբողջովին պիտի վերցուի։ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ուրախանայ եւ ցնծայ’ Իր ընելիք բոլոր գործերով (Եսա. 65։17, 18

Երեւակայէ թէ ինչե՜ր պիտի ըլլան. ունիս կատարեալ առողջութիւն եւ ամէն օր ուժդ նորոգուած կ’արթննաս։ Անցեալին ի՛նչ զգացական վէրք ալ ունեցած ըլլաս, ատոր ցաւալի յիշատակը պիտի չմնայ։ Եհովան մեզ կը վստահեցնէ, որ «առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան»։ Պիտի դիմաւորենք մեր մահացած սիրելիները եւ պիտի զգանք ինչ որ զգացին յարութիւն առած 12 տարեկան աղջիկին ծնողքը։ Անոնք մե՜ծ ցնծութիւն ունեցան (Մար. 5։42)։ Վերջաւորութեան, երկրի վրայ եղող ամէն անհատ բառին բուն իմաստով «արդար» պիտի ըլլայ եւ յաւիտեան «Տէրոջմով պիտի ուրախանայ»։